Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օրուան Հրամայականը

Սեպտեմբեր 30, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Լիբանանի դէմ շղթայազերծուած պատերազմը արդէն մտած է վտանգաւոր փուլ: Լիբանանցի քաղաքացին, պատերազմի արհաւիրքին մէջ, կ՛ապրի անորոշութեան ճնշող ուրուականին տակ եւ բնականաբար հարցականներու նոր շղթայ մը կլանած է իր առօրեան:

   Ա.-Սէյիտ Նասրալլայի նահատակութենէն ետք ի՞նչ ուղղութիւն պիտի ստանայ Հըզպալլայի դերակատարութիւնը՝ լիբանանեան եւ շրջանային առումներով:

   Բ.-Իսրայէլի կողմէ արդեօք ցամաքային ներխուժման սպառնալիքը եւ պատերազմի կանոնները փոխելու ու զայն շատ աւելի լայնածաւալ դարձնելու հաւանականութիւնները որքա՞ն իրատեսական են:

Գ.-Մէկ միլիոն հաշուող գաղթականութեան նախատեսութիւնը, որ աննախընթաց է, մարդկային ի՞նչ աղէտներու դիմաց պիտի կանգնեցնէ երկիրը:

Դ.-Շրջանային պատերազմի վտանգի հաւանականութեան առկայութիւնը Լիբանանի ճակատագիրին վրայ ի՞նչ օրհասական ազդեցութիւն կրնայ ունենալ:

Ե.-Պատերազմի դադրեցման համար միջազգային ընտանիքին կողմէ տարուող խաբուսիկ ճիգերը ցարդ ոչ մէկ յուսալից տեղաշարժի նշոյլ ցոյց տուած են: Այս ծիրին մէջ ցարդ բացակայ են նաեւ պետութիւններու մեծամասնութեան դատապարտանքն ու նոյնիսկ մարդասիրական կեցուածքը:

Զ.-Ներքին հարթութեան վրայ լիբանանեան կողմերու հնչեցուցած կոչերը՝ ներկայ գերզգայուն փուլին միասնակամութեան անհրաժեշտութեան մասին, որքանո՞վ կրնան երաշխաւորել ներքին կայունութիւնը:

Է.-Պետութիւնը եւ պետական համակարգն ու ապահովական կառոյցները իրենց սահմանափակ կարելիութիւններով ինչպէ՞ս պիտի կրնան ստեղծուած աղէտի հետեւանքները շրջանցել:

Այս եւ այլ հարցականներու շղթային տակ կքած է ամբողջ Լիբանանի ժողովուրդը, որուն դիմադրականութիւնը արդէն տկարացած է՝ երկիրը հարուածած իրերայաջորդ աղէտներուն պատճառով:

Տագնապալի այս կացութենէն անմասն չէ նաեւ լիբանանահայ համայնքը, որ դաձեալ պարտաւորութեան տակ է հաւաքական ճիգով եւ արթնամտութեամբ ստեղծուած նոր մարտահրաւէրը դիմակալելու:

Հայաշխարհը ամբողջ կը տագնապի ու մտահոգ է սփիւռքի այս կարեւոր միջավայրի ապրած օրհասական կացութեամբ եւ վստահաբար պատրաստ է, խօսքէ ու զգացմունքային արտայայտութիւններէ անդին, ինչպէս անցեալին, այսօր եւս իր գործնական զօրակցութիւնը դրսեւորելու:

ՅԳ.- Այս զգայուն փուլին հայրենիքէն եւ սփիւռքէն, պարզապէս հետաքրքրական դառնալու շուտիկութեամբ, կարգ մը անհատներու լիբանանահայ համայնքի մասին կատարած մակերեսային վերլուծութիւնները եւ երեւակայական յորդորները օգտակար չեն, այլ ընդհակառակն՝ ստեղծուած կացութիւնը աւելի ծանրակշիռ կը դարձնեն:

Պէտք է մտածել միայն լիբանանահայ համայնքի ներդնելիք հաւաքական ճիգին օգտակար դառնալու մասին: Այս է օրուան հրամայականը:

 

 

 

Նախորդը

Հըզպալլա Գուժեց Սէյիտ Նասրալլայի Նահատակութիւնը

Յաջորդը

Ստացուած Գիրքեր. «Սիրան Սեզա. Նամականի» (Ա. Հատոր)

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Յանձնառու ՀՕՄ-ականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Յանձնառու ՀՕՄ-ականը

Հոկտեմբեր 27, 2025
Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում
Անդրադարձ

Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին
Անդրադարձ

Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?