ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Բժիշկներ Վազգէն Տէր Գալուստեան եւ Կարպիս Հարպոյեան
իրենց մտերմիկ առանձնութեան մէջ, 2011
2024-ի օգոստոսին հրատարակուեցաւ « Բժիշկին Է. խօսքը» գիրքս եւ անոր լոյս աշխարհ գալը հայ մամուլին մէջ յիշատակուեցաւ նոյն ամսուն մէջ:
«Բժիշկին Է. խօսքը» հատորը կազմուած է եօթը գլուխներէ: Վեցերորդ գլուխին մէջ գրուած է հին դարերէն մինչեւ մեր օրերը 43 երախտաւոր հայ բժիշկներու, ատամնաբուժներու, դեղագործներու եւ գիտնականներու հետաքրքրական կենսագրութիւնները: Այս երախտաւորներու հետաքրքրական կենսագրութիւններուն մէջ տեղ գտած էր նաեւ բժիշկ Վազգէն Տէր Գալուստեանի մասին գրութիւնս: Գրած էի իր մասին 10 նոյեմբեր 2023-ին, երբ արդէն ան կը ծառայէր անկողնի եւ կը տառապէր տարեցութեան ախտանշաններէն ու վատթարացած առողջութենէն:
Դժբախտաբար բժիշկ Վազգէն Տէր Գալուստեան բախտը չունեցաւ տեսնելու «Բժիշկին Է. խօսքը» գիրքը եւ կարդալու վկայութիւններս իր մասին, որ տեղադրուած էր այս հատորին մէջ:
Յետմահու «Բժիշկին Է. խօսքը» համեստ աշխատասիրութենէս օրինակ մը մակագրուած կը նուիրեմ բժիշկ Վազգէն Տէր Գալուստեանի կողակիցին` ազնուափայլ տիկին Լենա Սէթեան-Տէր Գալուստեանին:
-
Բժիշկներ Վազգէն Տէր Գալուստեան եւ Կարպիս Հարպոյեան հերթաբար կը վարեն Ազգային Ընդհանուր ժողովը, 2016
2. Բժիշկներ Վազգէն Տէր Գալուստեան եւ Կարպիս Հարպոյեան 2008-ին միասնաբար կ՛արժանանան Համազգայինի
Կեդրոնական վարչութեան շքանշանին` ձեռամբ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեանի:
Վազգէն Տէր Գալուստեանը եղաւ իմ կեանքի երկարամեայ գործակիցը, անկեղծ բարեկամը եւ սիրելի ընկերը ու մանաւանդ` խորհրդատու հայ ՄԵԾ ՄԱՐԴԸ: Ան եղաւ հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներուն պաշտպանը եւ Հայ դատի գաղափարախօսութեան զինուորագրեալ մէկ համեստ անհատը:
Սիրելի բժիշկ Վազգէն Տէր Գալուստեան, կեանքիս մնացեալ տարիները պիտի ապրիմ քու յիշատակներով, շարունակ պիտի յիշեմ` քու օրինակելի ազնուութիւնը, հայ ազգի եւ Հայ դատի անխոնջ ծառայութիւնները, կազմակերպուած աշխատելաձեւը, աշխատանքի կարգապահութիւնը, ՄՏԿ կաթողիկոսութեան անսասանութեան պահապանը:
Սիրելի՛ Վազգէն, երէկ Դիմատետրի էջիս մէջ քեզի նուիրեցի Յասմիկ Պաղտասարեան-Տուլուխանեանի «Տարօնի օրօրը» եւ իր շատ սիրելի մեծ երաժիշտին` Բարսեղ Կանաչեանի «Օրօրը», որպէսզի այս հայաշունչ օրօրներով հանգչէիր խաղաղութեան մէջ: Նուիրեցի նաեւ Արամ Խաչատուրեանի «Գայեանէ» պալէէն «Ուզունտարա» պարային երաժշտութիւնը, որպէսզի քու յաւիտենական հանգստավայրիդ մէջ հոգիդ հրճուէր առյաւէտ հայկական մաքրամաքուր պարային երաժշտութեամբ:
Սիրելի՛ Վազգէն, վստահ եմ, որ դուն ալ այսուհետեւ քու յաւիտենական հանգստավայրէդ պիտի դիտես մեզ եւ հետեւիս մեր քայլերուն, մատնանշես մեր սխալները եւ ուղղես մեզ այնպէս, ինչպէս կ՛ուղղէիր քու կենդանութեանդ:
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի:
Մոնրէալ, 11 սեպտեմբեր 2024