ՇՈՒՇԻ
(ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ)
Այդ գիշեր ահաւոր երազ տեսայ, իսկական մղձաւանջ, անհաւատալի ու անբացատրելի կերպով ցնցիչ ու վախազդու: Ջերմութեան մէջ կը տապլտկէի, քրտնաթոր վիճակէս դուրս գալու հսկայ ճիգ կ՛ընէի, փակ աչքերս ամէն գնով, թէկուզ` կոպերս պատռելով, կը ճգնէի բանալ, որպէսզի աւարտէր այդ գէշ երազը, սակայն` ի զուր: Կարծէք ապարդիւն փորձ էր շատ խոր ու մութ հորէ մը դուրս գալու` պատերը ճանկռտելով, սակայն հազիւ քիչ մը բարձրացած, հազիւ յոյսին հետ ընկերացած` կրկին կ՛իյնայի վար, վար, ուր մութ էր ու ճահիճ, ուր թանձր էր վիշտը, չորցած` արցունքները, սրտախոց` վիճակը…
Գիտեմ պիտի չհաւատաք, բայց պատմեմ երազս:
27 սեպտեմբեր 2020:
Պայծառ օր մըն էր, կապոյտ երկինքին վրայ շքեղօրէն բազմած արեւը կը շողար թագուհիի մը նման` իր սպիտակ ու բիւրեղ շղարշը փռելով փողոցներուս, տուներուս, թանգարաններուս, դպրոցներուս, պանդոկներուս, մշակութային կեդրոններուս, յատկապէս Ս. Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց մայր տաճարիս վերեւ: Ի՜նչ գեղեցիկ էր պահը, որքա՜ն տպաւորիչ, խաղաղ էր ամէն ինչ եւ ուրախ: Եռուզեռը անպակաս էր փողոցներէս, մանուկներուն ճիչն ու հրճուալի բացագանչութիւնները կը լեցնէին մթնոլորտը, քիչ անդին` քով քովի եկած ու իրենց ինքնաշարժները ամենայն կանոնաւորութեամբ կողք կողքի կանգնեցուցած` յաճախորդի սպասող վարորդներուն շաղակրատութիւնն ու քաղաքական վերլուծումներ կատարելու փորձերը, երբեմն վէճերը կը խզէին վաղ առաւօտեան լռութիւնը, դպրոցներուն զանգերը սրբազան ղօղանջի կը նմանէին` մաքուր ու կոկիկ համազգեստով, իրենց մօր կամ հօր ձեռքը սեղմած, փողոցներէս դէպի լոյսի օճախ փութացող աշակերտներուն աճապարելու հրաւէր ուղղելով: Տակաւին լոյսը չբացուած իրենց աշխատաքին գլուխն անցած հացագործներուն մօտէն անցնողը չէր կրնար չգրաւուիլ այդ բոյրէն` զինք անպայման ներս հրաւիրող, իսկ քիչ անդին արդէն ժենգեալով հացի պատրաստութեան աշխատանքները ընթացք առած էին, նպարավաճառները թէ՛ կը վաճառէին եւ թէ՛ նոր ապրանքներ ստանձնելով` կը լեցնէին խանութները: Պանդոկներուն պատշգամներէն զբօսաշրջիկները, մեծամասնութիւնը` սփիւռքահայ զաւակներս, կը հիանային իմ բնութեամբս, ուրիշներ արդէն փողոցներովս կը պտըտէին, հոս ու հոն կ՛այցելէին, առանց մոռնալու Ս. Ամենափրկիչ Ղազանչեցոցը, որուն մուտքէն մոմեր ու յուշանուէրներ գնելով, կ՛ուղղուէին եկեղեցի` իրենց աղօթքը բարձրացնելու առ Աստուած, անպայման պնդելով, որ պէտք է նաեւ իջնել խորանին ներքեւի մաս, ուր ձայնային այնպիսի աստուածային իւրայատկութիւն կայ, որ անկարելի է չվայելել:
Եռացող ու յուսատու կեանքով լի էր ամբողջ էութիւնս:
Ու յանկարծ…………………………………………………
Գլուխս ահաւոր կերպով ծանրացաւ, տարօրինակ ցաւը դարձաւ անտանելի, այս ի՞նչ կրակոցներ են, ի՞նչ ռմբակոծումներ, պայթում եւ սոսկում…
Արեւը իր շղարշը հաւաքելով` ամբողջովին անհետացաւ, մութը իր թանձր խաւին տակ առաւ փողոցներս, տուներս, թանգարաններս, դպրոցներս, պանդոկներս, մշակութային կեդրոններս, նոյնիսկ` Ս. Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց մայր տաճարս: Ի՜նչ ահաւոր էր պահը, որքա՜ն սոսկալի, տակնուվրայ էր ամէն ինչ եւ շատ տխուր, շա՜տ: Հանդարտ եռուզեռը իր տեղը զիջած էր խուճապին, բնակիչները իրենց տուները կը փութային մտահոգ, ծնողները դպրոցներէն իրենց զաւակները կը քաշքշէին տուն` ձախողելով պատասխանել տիրող վիճակին մասին փոքրիկներուն ուղղած հարցումներուն, զբօսաշրջիկները իրենց պայուսակներուն կողքին կանգնած` շփոթահար էին, բոլոր խանութները կը փակէին իրենց դռները` կարելի եղածին չափ ուտելիք լեցնելով տոպրակներուն մէջ` իբրեւ պաշար, հիւանդատարները կը փորձէին կեանքեր փրկել, իսկ նահատակներուն հարազատները կու լային իրենց կորուստը…
Ռմբակոծումները մերթ կը մեղմանային, մերթ կը սաստկանային, ռումբերը կը տեղային ու կը քանդէին, կը վիրաւորէին ու կը սպաննէին: Բայց ի՞նչ եղաւ, ինչո՞ւ եղաւ, երկար տարիներէ մոռցած էի այդ ձայները, պայթումները, գոռոցները, ինչո՞ւ կրկին: Վախն ու մտահոգութիւնը բոյն դրին մէջս, կրկի՞ն զաւակներուս արեամբ պիտի ողողուէին փողոցներս, կրկի՞ն քարուքանդ պիտի ըլլային տուներս, դատարկուէին դպրոցներս, ամայանային պանդոկներս, կողոպտուէին թանգարաններս, մշակութային կեդրոններս ու խանութներս, կրկի՞ն հացի բոյրին տեղ վառօդի հոտը պիտի լեցնէր թոքերս, կրկի՞ն Ս. Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ գմբէթէն վրէժ պիտի լուծէին, կրկի՞ն…
Ո՛չ, անշուշտ` ո՛չ, անցողակի բան մը ըլլալու է, քանի մը ռումբ, կրակոց եւ` վերջ, պիտի դադրի այս հռնդիւնը, պիտի լռէ վայնասունը, տղաքս` որդիներս քաջարի, անպայման պիտի կասեցնեն այս բոլորը, անպայմա՛ն, անշո՛ւշտ…
Քիչ մը համբերեմ` առանց յուսահատելու, տոկամ` առանց ընկրկելու, հաւատամ` առանց սասանելու: Բայց… բայց ռմբակոծումը միայն իմ ուղղութեամբս չէ, եղբայրներս ու քոյրերս եւս ենթակայ են յարձակումի ահաւոր, մայրաքաղաքը` համայն հայութեան գոհար Ստեփանակերտը եւս կրակի տակ է, միայն ես չեմ, երանի՜ միայն ես ըլլայի, թերեւս աւարտի յոյսը աւելի բոցավառ կ՛ըլլար… Աստուա՜ծ իմ, ի՞նչ կը պատահի, չեմ ուզեր վկայել այս բոլորը, երանի՛ կուրանամ, խլանամ, զգայազուրկ դառնամ ու անէանամ…
***
8-9 նոյեմբեր 2020:
Սեւն ու թախիծը ծածկած են ամէնուրեք: Ծանր ու դաժան օրերու պայքարէ, կռիւներէ, զոհողութիւններէ, նուիրեալ որդիներուս նահատակութեան ականատես ըլլալէ, բոլոր գեղեցկութիւններուս պղծումին վկայելէ, սակայն յոյսին ու լոյսին կառչած տոկալէ ետք, արդէն անհաւատալի անընդունելիին դէմ յանդիման եմ:
Լռեց ամէն ինչ, ամայացաւ ամէն բան, չկայ լոյսի նշոյլ մը իսկ, սակայն ուժգին գրկած եմ յոյսը: Օրեր շարունակ եղածին ժամանակաւոր ու անցողակի ըլլալով ես զիս համոզելէ ետք արդէն գիտակցեցայ, որ ներաշխարհիս մէջ ունեցած վախս իրականութիւն կը դառնար քիչ քիչ, որքան ալ փորձէի հերքել ու ծածկել զայն, կրկին թշնամին էր` իր անմարդկային բնազդով եւ ձգտումներով:
Անշարժութիւնը, ամայութիւնն ու յուսալքութիւնը լեցուցած են ամբողջ էութիւնս:
Բռնագաղթեցին զաւակներս սիրասուն, եւ ես միայն դիտեցի…
Համայն հայութեան գիրկէն ինծի օգնութեան հասած որդիներս թնդանօթներու միս դարձան, եւ ես լռեցի…
Քարուքանդ եղան տուներս, դպրոցներս, պանդոկներս, թանգարաններս, մշակութային կեդրոններս ու խանութներս, խոր ու մեծ վէրքերով ծակծկեցաւ Ս. Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցիս, անոր աղօթքին տեղ լսուեցաւ նամազը, եւ ես անզօրութեամբ լացի, ողբացի, ճչացի, աղաչեցի, բայց…
Ո՞ւր էք, որդինե՛րս, ինչո՞ւ իմ փողոցներս ձեր կեանքով լեցնելու տեղ ողողեցիք ձեր արեամբ, ո՞ւր էք, մանուկնե՛րս, ինչո՞ւ չեմ լսեր ձեր ճիչերն ու չարաճճի խաղերուն արձագանգները, ո՞ւր էք, դպրոցականնե՛րս, ինչո՞ւ ձեր գրատախտակներուն այբուբենի տեղ թշնամիին լեզուն կը գրուի, ո՞ւր էք, փռապաննե՛ր, ինչո՞ւ հացի բոյրին տեղ արեան ու վառօդի բոյրը կը զզուեցնեն ռունգերս, ո՞ւր էք, զբօսաշրջիկնե՛ր, սփիւռքահայե՜ր, ինչո՞ւ ուժգին չսեղմեցիք ափերս, ո՞ւր էք, քաղաքական վերլուծումներ ընող վարորդնե՛ր, չէ՞ որ ձեր վէճերը միշտ լաւատեսութեամբ ու յաղթանակով կ՛աւարտէին, ո՞ւր էք խանութպաններ, ինչո՞ւ ուշացած էք աշխատանքի, ինչո՞ւ իրարու չէք այցելեր գաւաթ մը սուրճի, ո՞ւր էք, ո՞ւր….
Հաւատա՞մ, որ իրաւ բոլորդ գացիք, առյաւէտ հեռացաք, հաւատա՞մ, որ իրապէս չէք կրնար գիրկս գալ, թէկուզ շատ փափաքիք, սրտանց աղօթէք եւ կեանքի գնով պայքարիք… Հաւատա՞մ, որ առանձին եմ այլեւս, եւ որ կողքիս մնացին շիրիմները նահատակ որդիներուս ու յիշատակները` յաղթանակի ու կեանքի: Անկարելի է, նման բան չի տեղաւորուիր մտքիս, հոգիիս ու էութեանս մէջ, դուք անպայման, ձեւով մը, հնարքով մը, հրաշքով մը… պիտի գաք, այո՛, անպայման ու անշուշտ պիտի գաք, զիս հոս առանձին ու մելամաղձոտ չէք կրնար ձգել… Իսկ դուն` Ամենափրկիչ եկեղեցիս սպիտակ, ինչո՞ւ արտօնեցիր, որ լռեցնեն ղօղանջներդ, քանդեն սրբութիւններդ, ինչպէ՞ս արտօնեցիր, որ հաւատացեալներդ հեռանան այդպէս, ինչպէ՞ս…
Հաւատացէ՛ք, որդինե՛րս, զաւակնե՛րս աշխարհի չորս ծագերէն, հաւատացէ՛ք, որ անտարբեր չէի, փորձեցի գրկել ձեզ այնպէս, որ ապահով ըլլաք, ոչ մէկ փամփուշտ խոցէ ձեզ, ոչ մէկ ռումբ քանդէ ձեր տուները, ոչ մէկուդ արեան կաթիլն իսկ հոսի, փորձեցի, շա՜տ փորձեցի, տքնեցայ, տառապեցայ, լայնօրէն բանալու բազուկներս ու ձեզ բոլորդ առնելու ծոցս, գրկելու այնքան հարազատ ու ուժգին, որ ոչ մէկ վտանգի, ցաւի, տառապանքի, դաւի ենթակայ ըլլաք, բայց չյաջողեցայ, որովհետեւ չհաւատացի, որ եղածը իրական էր, չհաւատացի, որ կը գտնուի իմ արժէքս անգիտացող եւ զիս դիւրաւ յանձնող մը, չհաւատացի այս աւարտին, անկարելի էր…
Կը պաղատիմ աղերսագին, մէկը թող սթափեցնէ զիս այս գէշ երազէն, մէկը թող ուժգին ապտակ մը տայ ինծի, որպէսզի խոր հորէն դուրս գամ ու տեսնեմ ձեզ` դպրոցականներս, փողոցներս, թանգարաններս, եկեղեցիս հայկական…
Բայց գիտցէ՛ք, լա՛ւ գիտցէք, ձեր մտքերուն, հոգիներուն ու խղճին մէջ փորագրեցէք, որ պիտի սպասեմ ձեզի, որ` պիտի չյանձնեմ գիրկս սեղմած յոյսի դոյզն նշոյլն իսկ, պիտի չընկրկիմ, թէկուզ անհանդուրժելի դէպքեր պատահին հողերուս վրայ, եւ թշնամին այցելէ ինծի, որովհետեւ գիտեմ` անոնք գնայուն են, իսկ դուք` զաւակնե՛րս սիրելի, որդիները հայկեան ցեղին, դուք մնայուն էք, պիտի չմոռնաք զիս, պիտի չընդունիք հեռացումս ու պիտի պայքարիք կրկին ծոցս գալու, ձեր խինդով ու ծիծաղով լեցնելու էութիւնս համակ:
Պիտի սպասեմ` անհամբեր ու հաւատաւոր, տխուր ու արցունքոտ սրտով, բայց` տեսութեան ակնկալութեամբ…
Պիտի սպասեմ` չմոռնաք… Չհրաժարիք ծով սէրէս ու անբիծ գիրկէս:


