Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

Հոկտեմբեր 3, 2024
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Սուրիա

Դամասկոսի Մէջ Մեծ Շուքով Յիշատակուեցաւ Խաչվերացի Տօնը

Հովանաւորութեամբ եւ հանդիսապետութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանի, 20 սեպտեմբերին «Զաւարեան» համալիրի շրջափակէն ներս մեծ շուքով յիշատակուեցաւ Խաչվերացի տօնը:

«Ահարոնեան» կեդրոնի վարչութեան եւ միութիւններուն  անունով Սոնա Անտրեան երախտագիտութիւն յայտնեց սրբազան հօր` անոր  հայրական հոգատարութեան համար, շեշտելով, որ անոր ներկայութիւնը առաւել եւս կը գօտեպնդէ զիրենք, նաեւ կորով եւ յոյս կը ներշնչէ իւրաքանչիւրին` կեանքի դժուարին պայմաններուն մէջ:

«Ահարոնեան» կեդրոնի վարչութեան ներկայացուցիչ Պօղոս Խաճարեան արաբերէն եւ հայերէն լեզուներով արտասանած իր խօսքին մէջ երախտագիտութիւն յայտնեց երկրի նախագահ տոքթ. Պաշշար Ասատին` անոր մաղթելով ուժ եւ կորով, նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահին եւ Առաջին տիկնոջ Ասմա Ասատին, զինեալ խմբաւորումներու կողմէ աւերուած կրթական սոյն հաստատութեան վերականգնումին համար:

Ան բարձր գնահատեց ներկաները, որոնք վստահութիւն կը ցուցաբերեն միութիւններու գործունէութեանց եւ իրենց նիւթաբարոյական ներդրումով նեցուկ կը կանգնին անոնց:

Անդրադառնալով Հայաստանի ներկայ ճգնաժամին` ան հաստատեց, որ հակառակ գործող իշխանութեան ապազգային քաղաքականութեան` մենք կը մնանք յանձնառու եւ պահանջատէր Արցախի անկախութեան եւ Արեւմտահայաստանի մէջ մեր պատմական իրաւունքներու տիրացման եւ այս գաղափարներով պիտի դաստիարակենք  նոր սերունդները:

Այնուհետեւ Մակար արք. Աշգարեան կատարեց մատաղօրհնէք եւ  իր հայրական պատգամը յղեց ներկաներուն: Ան բարձր գնահատեց ձեռնարկի կազմակերպիչները` սոյն հաւաքը կազմակերպելնուն համար, ապա անդրադարձաւ Խաչվերացի տօնի կարեւորութեան` որպէս Հայ եկեղեցւոյ հինգ տաղաւար տօներուն վերջինն ու մեծագոյնը, եւ վեր առաւ անոր  աստուածային խորհուրդը` կարեւորութեամբ շեշտելով խաչին ներքին զօրութեան ազդեցութիւնը քրիստոնեայ հաւատացեալի կեանքին մէջ:

Եզրափակելով իր խօսքը` սրբազան հայրը երախտագիտութեան խօսք ուղղեց երկրի նախագահին եւ սուրիական բանակին, որոնք քաջութեամբ կը պաշտպանեն երկրի սահմանները, եւ յորդորեց ներկաները` որպէս քաղաքացիներ, խօսքով եւ գործով, աշխատանքով եւ ստեղծագործութեամբ իրենց բաժինը բերելու Սուրիոյ զարգացման եւ յառաջխաղացքին:

Գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցաւ երգչուհի Մարիա Չիչեան` երգեհոնի ընկերակցութեամբ Ներսէս Թոփճեանի:

Վենետիկ

«Փրկենք Հայկական Ժառանգութիւնը, Արցախը» Բնաբանով Յուշ–Երեկոյթ` Սուրբ Ղազար Կղզիի Մխիթարեան Մայրավանքին Մէջ

Սեպտեմբեր 22-ի երեկոյեան Սուրբ Ղազար կղզիի Մխիթարեան մայրավանքին մէջ տեղի ունեցած է «Փրկենք հայկական ժառանգութիւնը, Արցախը» բնաբանով յուշ-երեկոյթ մը, որ կ՛եզրափակէր Եւրոպայի զանազան երկիրներու մէջ Արցախին նուիրուած  ձեռնարկները` կազմակերպութեամբ եւ համագործակցութեամբ Մխիթարեան միաբանութեան, Արցախի թեմին, յանձին` Վրթանէս եպս. Աբրահամեանի, ինչպէս նաեւ` Գերմանիոյ «Մունք» կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Այլին Մելքոմեանցի:

Յայտագիրը սկիզբ առած է արմատներով արցախցի Լուիզա Օհանէսեանի հայկական նազպարով, որմէ ետք ներկաները ուղղուած են եկեղեցի, ուր Համազասպ վրդ. Քէշիշեան բարի գալուստ մաղթած է մասնակիցներուն եւ հակիրճ կերպով ներկայացուցած` ոգեկոչման շարժառիթը. «Ազրպէյճանի վերջին 4 տարիներուն գործած յարձակումներուն եւ սանձազերծած պատերազմներուն պատճառով Արցախ հայրենիքի կորուստը ու անոր հայաթափումը, հազարաւոր հայ երիտասարդներու նահատակութիւնը, հոգեւոր եւ մշակութային սրբատեղիներու եւ յուշակոթողներու անհետացման սպառնալիքը եւ ոմանց հիմնայատակ կործանումը` այս բոլորը կատարուած են քաղաքակիրթ սեպուած եւ մարդկային իրաւանց «պաշտպան հանդիսացող» երկիրներու աչքին առջեւ: Խաղաղութիւն չենք կրնար ունենալ, եթէ արդարութիւն գոյութիւն չունենայ:

«Պատմութեան մէջ առաջին անգամը չէ, որ մենք անարդարութեան զոհ կը դառնանք: Ժամը հասած է, որ պատմութենէն դաս քաղենք եւ մեր յոյսը չդնենք այլ երկիրներու կամ պետութիւններու վրայ, այլ վստահինք Աստուծոյ եւ մեր հաւաքական ուժին», ընդգծած է ան:

Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպս. Աբրահամեան ներկայացուցած է Արցախի աղէտը եւ յոյս յայտնած է, որ ձեռնարկներու այս շարքը առիթ կ՛ընծայէ քրիստոնէական աշխարհին` անգամ մը եւս իրազեկ դառնալու Ազրպէյճանի իրականացուցած ցեղային զտման եւ մշակութային ցեղասպանութեան մասին:

Այլին Մելքոմեանց շնորհակալութիւն յայտնած է ներկաներուն իրենց մասնակցութեան եւ Մխիթարեան միաբանութեան` այս կարեւոր ձեռնարկը հիւրընկալելուն համար: Ան նշած է, որ արցախահայութեան ցեղային զտման եւ Արցախի հայաթափման առաջին տարելիցին ձեռնարկները ծրագրելու ընթացքին խորհուրդներով ու աջակցութեամբ իրեն հետ կապ հաստատած են բազմաթիւ հին ու նոր ընկերներ, ներառեալ`  նախկին դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփօ, որ երկու բաց նամակներով հայերուն ընդհանուր կոչ ըրած է` Ազրպէյճանի մէջ կայանալիք ՔՈՓ-29 համաժողովի ծիրին մէջ յստակ ձայն բարձրացնելու Արցախի հայոց ցեղասպանութեան մասին:

Քանատայէն Վենետիկ ժամանած Մխիթարեան նախկին սան Յարութիւն Մարտիրոսեան իր սրտի խօսքը արտասանած է` իբրեւ ցեղասպանութիւն ապրած ընտանիքի շառաւիղ:

Հանդիսութիւնը ընդգրկած է նաեւ գեղարուեստական յայտագիր. հանրայայտ երաժիշտ, տուտուկահար Գէորգ Տաբաղեանի նուագակցութեամբ հնչած են հոգեւոր եւ ժողովրդական մեղեդիներ, իսկ մեներգող Մարիա Ապաժան-Շապեր տուտուկի եւ երգեհոնի ընկերակցութեամբ հանդէս եկած է Կոմիտասի «Ծիրանի ծառ» եւ «Կանչէ կռունկ» երգերով:

Յուշ-երեկոյթը իր աւարտին հասած է Արմաւիրի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ առաջնորդ Սիոն եպս.  Ադամեանի եզրափակիչ խօսքով ու Պահպանիչ աղօթքով:

Աւստրալիա

Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի «Հայկական Ազգագրական Պատկերներ – Տեսիլք, Կամք Եւ Յոյս» Գիրքին Շնորհահանդէսը

Հովանաւորութեամբ Աւստրալիոյ թեմի առաջնորդին, կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանի  վերջերս Սիտնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ «Էտկարեան» սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ Արաբական ծոցի Աստուածաշունչի ընկերակցութեան ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի «Հայկական ազգագրական պատկերներ – տեսիլք, կամք եւ յոյս» գիրքին շնորհահանդէսը:

Օրուան հանդիսավար Նորա Սեւակեան բարի գալուստի իր խօսքին մէջ դիտել տուաւ, թէ դոկտ. Ճէպէճեանի հեղինակած գիրքերուն երկրորդ շնորհահանդէսն է, որ սռաջնորդարանը կը կազմակերպէ, ապա ան հրաւիրեց դիւանապետ Նշան Պասմաճեանը` ներկայացնելու հատորը:

Նշան Պասմաճեան ըսաւ, որ գրական տաղանդաւոր ճաշակով օժտուած հեղինակը կը նկարագրէ այն ազդեցութիւնները, զորս կրած է հայ վարժարանէն, համալսարանի մէջ` Հայկական ակումբէն: Ան գիրքը որակեց «մշակոյթի ճամբով հայապահպանման ճամբու քարտէս», դիտել տուաւ, թէ հատորին մէջ դէպի համամարդկային հարցեր ուղղուած ակնարկ կայ, աւելցնելով, որ Հրայր Ճէպէճեան սփիւռքը ներկայացնող պահանջատէր հայն  է:  Շարունակելով իր վերլուծումը` բանախօսը նկատել տուաւ, որ Աստուածաշունչի փիլիսոփայութեանց վերլուծումը հայացած կը հրամցուի հեղինակին կողմէ, իսկ իւրաքանչիւր յօդուածի աւարտին հինին վրայ  նորը կառուցելու վճռականութիւնը կը շեշտուի, ինչ որ նոր մարտահրաւէրներ կը ստեղծէ ընթերցողին համար, բայց միեւնոյն ատեն նոր թափ ու կորով կու տայ անոր դիմակայելու այդ մարտահրաւէրները: Ան հաստատեց, որ հատորը կամքի զօրութի՛ւն  դրսեւորելու, անով կեանքին իմա՛ստ տալու, զայն գործո՛ւն դարձնելու տեղեկագիրք է:

Պասմաճեան բազում օրինակներով հանդէս եկաւ` ցոյց տալու, որ հեղինակը իր յօդուածներով կը հաստատէ, որ սփիւռքը մնայուն իրականութիւն է եւ ո՛չ անցողակի, շեշտելով, որ ան խիստ կարեւոր կը գտնէ դաստիարակութեան ամբողջական իմաստի ըմբռնումին անհրաժեշտութիւնը:

Բանախօսը վեր առաւ նաեւ հեղինակին անուղղակի քննադատութիւններ կատարելու արուեստը եւ մտարուեստութեան ջատագովութիւնը:

Պասմաճեան հատորը որակեց «Առաքինութիւններու ջատագովութեան ծաղկեփունջ»` աւելցնելով, որ Հրայր Ճէպէճեան սքանչացողն է առաքինութեանց:

Բանախօսը պատահական չնկատեց տոքթ. Յարութիւն Ճէպէճեանի մեկենասութիւնը եւ վստահեցուց, որ  ան որոշեց մեկենաս դառնալ` վերլուծելէ եւ հաստատելէ ետք, որ այս գիրքը  հայրենաշինութեան, ազգակերտման, մարդակերտման, պատասխանատուութեան եւ իմաստութեան ուղեցոյց էր, նաեւ ան տեսաւ այն խոր համոզումը, որ հեղինակը ունի Հայ եկեղեցւոյ կարեւոր դերին նկատմամբ, յատկապէս` սփիւռքի մէջ:

Պասմաճեան եզրակացնելով իր ներկայացումը` յայտնեց, որ գիրքին մէջ հարստութիւն ամբարուած է: Հոն կը նկատենք, որ հեղինակին համար մարդու ինքնութիւնը, հայու ինքնութեան կերտումը, մշակութային վերածնունդը, պատկանելիութեան գիտակցութիւնը, սփիւռքի հզօրացումը, մարդկային արժէքներու գնահատանքը, մարդու իրաւունքներու հաստատումը, պահանջատիրութիւնը, հայապահպանումը, մտահոգութեան առարկաներ չեն միայն, այլ ուղղակի տագնա՛պ են, միեւնոյն ատեն` ներշնչման աղբիւր եւ գործելու հրամայական:

Այնուհետեւ խօսք առաւ գիրքի մեկենաս, հոգեբուժ տոքթ. Յարութիւն Ճէպէճեանը, որ նկատել տուաւ, թէ  կարելի չէ ամփոփ ձեւով եւ հակիրճ տողերու մէջ ներկայացնել դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանը եւ Աստուածաշունչէն, լոզունգներէ եւ անոր խոհերուն ընդմէջէն մէջբերումներ կատարելով` բնութագրեց զինք:

Հատորի խմբագիր դոկտ. Արտա Ճէպէճեան իր ելոյթին մէջ շեշտեց, որ իրեն եւ Հրայրին համար էական են հայ մշակոյթի, հայ լեզուի եւ հայու ինքնութեան պահպանումը, որոնք կ՛արտացոլան գիրքին մէջ:

Սիտնիի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ վեր. Յակոբ Սարգիսեան գիրքը որակեց «Յիշատակարան սփիւռքեան կեանքին», որ ունի ազգային եւ հոգեւոր բովանդակութիւն, ուր կ՛արտացոլան` հայրենասիրութիւն, քրիստոնէական ոգի, լաւատեսութիւն եւ յոյս: Ան ըսաւ, թէ գիրքը կը վկայէ, որ Հրայր պայքարող է ձուլման եւ այլասերումի դէմ` պահպանելով մեր ազգային-քրիստոնէական ինքնութիւնը, սիրելով հայ գիրն ու մշակոյթը:

Աւարտին ելոյթ ունեցաւ հեղինակը, որ խօսեցաւ ազգային ինքնութեան ամրապնդման մէջ Հայաստանի` որպէս հայրենիքի խաղացած դրական դերին մասին, անկախ թէ քաղաքական ինչ հոսանքներ կ՛իշխէին այնտեղ, նաեւ` քաղաքական ինքնութեան մասին, որուն միջոցով այսօր սերունդը կը հակազդէ համաշխարհայնացումի գործած աւերին:

Ձեռնարկին եզրափակիչ խօսքը արտասանեց թեմի առաջնորդ Հայկազուն արքեպիսկոպոս, որ պատմական օրինակով հաստատեց, թէ ինչո՛ւ հայերէն գրելը անհրաժեշտ է, աւելցնելով, որ Մեսրոպ Մաշտոց եւ հայ մատենագիրները նախընտրեցին հայերէն գրել եւ յաջողեցան պահել մշակոյթ ու լեզու: Ան շեշտեց, որ անոնք կրցան փոխանցել մշակոյթը, իսկ այսօր նոյն պարտականութիւնը ունինք մենք: Ան հաստատեց, որ Ճէպէճեան յուսահատութիւն չգիտցող հայն է, որ կորով կը ստանայ բոլոր դէպքերէ եւ  հայկական ու աստուածաշնչային մօտեցումով կը բնորոշէ զանոնք:

Յունաստան

Յունաստանի Առաջնորդը Այցելեց Հայաստանի Դեսպանատուն

26 սեպտեմբերին Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Սահակ ծ. վրդ. Եմիշեան, ընկերակցութեամբ Ազգային վարչութեան ատենապետ Թագւոր Յովակիմեանի եւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Պարետ քհնյ. Խաչերեանի, պաշտօնական այցելութիւն տուաւ Յունաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւն եւ հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Մկրտչեանին հետ:

Հանդիպման ընթացքին Մկրտչեան ջերմօրէն շնորհաւորեց հայր սուրբին առաջնորդական պաշտօնին ընտրութիւնը` մաղթելով անոր քաջառողջութիւն ու բեղուն ծառայութիւն: Ան յայտնեց, որ Հայաստանի դեսպանութիւնը պիտի շարունակէ իր յարգալիր գործակցութիւնը Ազգային առաջնորդարանին հետ` ի սպաս յունահայ գաղութին ու հայրենիքին:

Իր կարգին, Սահակ ծ. վրդ. Եմիշեան շնորհակալութիւն յայտնեց դեսպանին` ջերմ ընդունելութեան ու բարեմաղթութիւններուն համար նկատել տալով, որ առաջնորդական իր նոր պաշտօնի սեմին սրտի պարտք կը նկատէ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 33-րդ տարեդարձին առիթով այցելել դեսպանին: Ան նաեւ շեշտեց, որ յունահայ գաղութը եւ Հայաստանի դեսպանութիւնը պիտի շարունակեն իրենց կարեւոր առաքելութիւնը` ի սպաս ժողովուրդին:

Ապա ներկաները անդրադարձան Հայաստանի շուրջ ներկայ քաղաքական իրավիճակին եւ դիմագրաւած տագնապներուն: Յատուկ ակնարկութիւն եղաւ նաեւ յունահայ գաղութի իրավիճակին ու մարտահրաւէրներուն շուրջ:

Ռուսիա

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրածներու Ժառանգներու Կողմէ Կառուցուած Հայկական Եկեղեցւոյ Օծում

Վերջերս Ռուսիոյ Դաշնութեան Ռոստովի մարզի Եգորլիկսկի շրջանի Շահումեան համայնքին մէջ տեղի ունեցաւ  նորակառոյց հայկական եկեղեցւոյ օծման եւ բացման հանդիսաւոր արարողութիւն եւ մատաղօրհնէք` հանդիսապետութեամբ Ռուսիոյ եւ Նոր Նախիջեւանի թեմի առաջնորդ Եզրաս արք. Ներսիսեանի, ներկայութեամբ  Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Լեւոն Մինասեանի, Ռոստովի մարզի նահանգապետ Վասիլի Կոլուպեւի, մարզային եւ քաղաքային իշխանութիւններու ներկայացուցիչներու:

Եկեղեցին կառուցուած է Մուշէն Ռոստովի մարզ բռնագաղթած հայերու ժառանգներու նախաձեռնութեամբ, որոնք հիմնականին մէջ հաստատուած են Շահումեան համայնքին մէջ:

Իր խօսքին մէջ առաջնորդ սրբազանը շեշտեց, որ աւելի քան 100 տարի առաջ Մուշի Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրածներու ժառանգները այսօր դարձած են Ռուսիոյ օրինապահ եւ ազնիւ քաղաքացիներ եւ եկեղեցի կառուցելով` կը վկայեն, որ հաւատարիմ են իրենց նախնիներու` հաւատքին, սրբութիւններուն, ինքնութեան եւ հայրենիքին:

Նահանգապետ Կոլուպեւ շնորհաւորեց հայ համայնքը եկեղեցւոյ օծման առիթով` նշելով, որ պատմական յիշողութեան պահպանումը, սրբավայրերու վերականգնումը եւ կառուցումը հասարակութեան համախմբման ընդհանուր, կարեւոր խնդիր է:

Յայտնենք, որ Շահումեանի 30 մեթր բարձրութեամբ նորակառոյց հայկական եկեղեցին կառուցուած է Հայաստանէն բերուած վարդագոյն տուֆով, եւ հիմնարկէքը կատարուած էր 2017 թուականին:

Միացեալ Նահանգներ

Դաւիթ Ղահրամանեանի Լուսանկարներու Ցուցահանդէսներ

Նախաձեռնութեամբ Հայ դատի կեդրոնական գրասենեակին եւ կազմակերպութեամբ  Համազգայինի, վերջերս ամերիկահայ տարբեր քաղաքներու մէջ կը ցուցադրուին 44-օրեայ պատերազմին լուսանկարչական ոսպնեակով մասնակցած  եւ ահաւոր կացութիւններ ապրած լուսանկարիչ Դաւիթ Ղահրամանեանի լուսանկարները: Ցուցահանդէսները տեղի կ՛ունենան` Ֆիլատելֆիոյ, Նիւ Եորք-Նիւ Ճըրզիի, Պոսթընի, Տիթրոյթի եւ Շիքակոյի մէջ: Համազգայինի Արցախի գրասենեակի պատասխանատու Հերմինէ Աւագեան յայտնեց, որ 2020-ին Արցախի դէմ պատերազմի ժամանակ Ազրպէյճանը կիրարկեց մարդկութեան դէմ արգիլուած տարբեր զինատեսակներ, որուն պատճառով հազարաւոր զոհեր եղան: Ան ըսաւ, որ այդ ոճիրը մնաց անպատիժ, որուն պատճառով եղան նոր ոճիրներ: 2022 դեկտեմբերին Ազրպէյճանը փակեց Արցախը Հայաստանին կապող Լաչինի/Բերձոր/ միջանցքը, որուն յաջորդեցին այլ անօրինական գործողութիւններ: Այս արարքը ստեղծեց այնպիսի ճգնաժամ, որուն ընթացքին խախտեցան մարդկային բազմաթիւ հիմնարար իրաւունքներ, ունեցանք  կորուստներ եւ այլ իրաւունքներէ զրկուած քաղաքացիներ, եւ որպէս հետեւանք` արցախահայութիւնը զրկուեցաւ իր hայրենի հողին վրայ ապրելու իրաւունքէն: Ան շեշտեց, թէ ասիկա նոր ցեղասպանութեան օրինակ է, որ պիտի հաշուի առնեն մարդու  իրաւունքներու գերակայութեամբ առաջնորդուող եւ ազատութեան սկզբունքներ որդեգրած երկիրները, ինչպէս` Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, աւելցնելով, որ լռութիւնը այս պարագային հաւասար է մեղսակից ըլլալուն:

Աւագեան ըսաւ, որ Ազրպէյճանի վայրագութիւններուն մասին կը  փաստեն Արցախէն տեղահանուած լուսանկարիչ Դաւիթ Ղահրամանեանին լուսանկարները, որոնք առնուած են Արցախի դէմ սանձազերծուած քառասունչորսօրեայ պատերազմի, Արցախի շրջափակման, ապա` բնակչութեան բռնի տեղահանութեան օրերուն: Անոնք անհերքելի փաստեր են, որոնք պիտի խօսին աշխարհին հետ եւ աշխարհին աչքերը պիտի բացուին իրականութեան դիմաց, արդարութիւնը պիտի վերականգնի` թոյլ տալով, որ հայրենազուրկ ժողովուրդը վերադառնայ իր հայրենի տունը` ապրելով անվտանգ ու կեանքին չսպառնացող պայմաններու մէջ:

Աւագեան աւելցուց, որ Արցախի մէջ մնացած մեր հոգեւոր ու մշակութային կոթողները եւս կ՛ենթարկուին ցեղասպանութեան, կը քանդուին եւ կ՛ոչնչացուին, իսկ մնացեալին ինքնութիւնը աղաւաղելով` փորձ կը տարուի ներկայացնել, թէ անոնք այլ ժողովուրդներու կը պատկանին եւ  հայկական ծագում չունին: Ան հաստատեց, որ միայն հաւաքական վերադարձը եւ մայր հողի վրայ նոր համախմբումը կրնայ կանխել 21-րդ դարուն տեղի ունեցող այս  նոր ցեղասպանութիւնը:

Եզրափակելով իր խօսքը` Հերմինէ Աւագեան ըսաւ, որ այս ցուցահանդէսը  սթափութեան կոչ է: Մենք պիտի չդադրինք պայքարիլ յանուն արդարութեան եւ մեր իրաւունքներու վերականգնման:

Իր կարգին Դաւիթ Ղահրամանեան յայտնեց, թէ տարօրինակ բան կը պատահէր իրեն հետ  պատերազմի առաջին օրերուն, եւ չէր հասկցած, թէ ինչպէ՛ս նկարած է պատերազմի հետքերը: Բայց յետոյ, երբ սկսած է հասկնալ, թէ ի՛նչ կը կատարուի, ահաւոր զգացում ունեցած է: Ան դիտել տուաւ, որ դժուար էր տեսնել զոհուած համաքաղաքացիներ` քու հարազատ քաղաքիդ մէջ, քու հարազատ վայրիդ մէջ, աւելցնելով, որ ապրած է պահեր, երբ քիչ մնացած է, որ ուշաթափուէր, բայց կրցած էր կացութեան տիրապետել: Ան շեշտեց, որ երբ կողքիդ արտասահմանէն լրագրողներ, նկարողներ կանգնած են, կը փորձես` որպէս տեղացի, արցախցի, ինքզինքդ ամուր պահել:

Նոր Ջուղա

Թեմական Խորհուրդը Գնահատուեցաւ Սպահան Նահանգի Մշակութային Ժառանգութեան,  Զբօսաշրջութեան Եւ Արուեստի Գերատեսչութեան Կողմէ

Նախաձեռնութեամբ Սպահան նահանգի Մշակութային ժառանգութեան, զբօսաշրջութեան եւ արուեստի գերատեսչութեան, ներկայութեամբ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան ձեռային աշխատանքներու արուեստի եւ ձեռագործ գորգերու, պատմական եւ մշակութային վայրերու վերականգնման ու շահագործման զարգացման հիմնադրամի գլխաւոր տնօրէն դոկտ. Շահապ Թալայի Շեքարի, 11 սեպտեմբերին տեղի ունեցած համաժողովի ընթացքին Թեմական խորհուրդը իրեն ենթակայ պատմական շինութիւններու նորոգման ու վերականգնման եւ զբօսաշրջութեան զարգացման նպաստելու ուղղութեամբ ծաւալած գործունէութեան եւ արձանագրած բարձր արդիւնաւէտութեան համար արժանացաւ գերատեսչութեան գնահատագիրին:

Սոյն համաժողովին զեկոյցներով հանդէս եկան Ազգային առաջնորդարանի Հանրային կապի եւ զբօսաշրջութեան բաժնի պատասխանատուներ` Վերգինէ Միրզախանեանն ու Արգին Աբնուսեանը, որոնք ներկայացուցին թեմի պատկան պատմական կառոյցներու ամրակայման ու վերականգնման շրջագիծին մէջ Թեմական խորհուրդին ծրագիրներն  ու իրագործած աշխատանքները եւ այդ ծիրին մէջ համայնքի անդամներու համար ստեղծուած աշխատանքային հնարաւորութիւնները, ինչպէս նաեւ` զբօսաշրջային բնագաւառին առնչուող ձեռքբերումները, որոնք բարձր գնահատուեցան ներկաներուն կողմէ:

 

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

Հոգեբանին Կարծիքով. Ինչո՞ւ Կարեւոր Է Երեխայէն Ներողութիւն Խնդրելը

Յաջորդը

Վտանգին Դիմաց` Ազգային Միութիւն

RelatedPosts

Պաթոն Ռուժի Հայութիւնը Նշեց Հաճնոյ Հերոսամարտի 105-Ամեակը
Գաղութէ Գաղութ

Պաթոն Ռուժի Հայութիւնը Նշեց Հաճնոյ Հերոսամարտի 105-Ամեակը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Հանդիպեցաւ Քանատայի Վարչապետ Մարք Քառնիի Հետ
Գաղութէ Գաղութ

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Հանդիպեցաւ Քանատայի Վարչապետ Մարք Քառնիի Հետ

Հոկտեմբեր 23, 2025
Գաղութէ – Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ – Գաղութ

Հոկտեմբեր 23, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?