Յօդուածներ

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)

Ցաւոտ Թուականներու Հէնքին` Խառն Մտածումներ…

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ     Պիտի ըսուի, հաւանաբար, որ այս ինչ օրերու պատկեր մըն է, որ մեր դիմաց կը ներկայացուի, այսպէս ըսած, յիշելու նաեւ տխուր առիթները, թուականներն ու սիրտն ու հոգին մաշեցնող դիպաշարերը: Նաեւ կրնայ ընդգծուիլ ու մեր ուշադրութեան յանձնուիլ արդար մտածում մը, հարցադրում մը անկեղծ, թէ ինչո՞ւ մենք` ազգովին, գերին ենք դարձեր ողբին ու ցաւին, փոխանակ վանելու այդ հոգեբանութիւնը եւ ձերբազատելու նման...

Արցախի Վրայ Ազրպէյճանական Յարձակում,  Ցեղային Զտում Եւ Հանրապետութիւնը Լուծարքի Ենթարկելու Հրամանագիր

Արցախի Վրայ Ազրպէյճանական Յարձակում, Ցեղային Զտում Եւ Հանրապետութիւնը Լուծարքի Ենթարկելու Հրամանագիր

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Արցախի վրայ ազրպէյճանական բանակի ներխուժումի եւ ուժի սպառնալիքի պայմաններուն տակ, տարի մը առաջ` այսօր, 28 սեպտեմբեր 2023-ին Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան հրամանագիր ստորագրեց, որուն համաձայն մինչեւ 1 յունուար 2024 լուծարքի պիտի ենթարկուէին Արցախի պետական բոլոր հիմնարկները եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը պիտի դադրէր գոյութիւն ունենալէ: Սակայն հրամանագիրը անօրինական էր եւ այլեւս գոյութիւն չունի: Արցախի նախագահն ու պետական դէմքերը...

Հարցազրոյց Պօղոս Սնապեանին Հետ. 1979

Սեպտեմբերեան Յուշեր Եւ Ապրումներ

ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Երբ սեպտեմբեր ամիս կը հասնինք, մտքիս մէջ պատմական թուականներ իրենց էութեամբ կը վերականգնին ու զիրար կը հրմշտկեն` մերթ հպարտանք ու ուրախութիւն բուրելով, ապա նաեւ մռայլ ու ցաւալի ապրումներ կը վերազարթնեցնեն: Սեպտեմբեր 21-ը Հայաստանի վերանկախացման թուականն է. այդ օրը Հայաստանը դուրս եկաւ Խորհրդային Միութեան կազմէն: 2018-ի իշխանափոխութենէն առաջ` «նախկիններուն» օրերուն, որոշ շրջանակներ, պետական թէ արտապետական, մեծ ճիգ կը...

Մեր Խօսքը

ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

Դաշնակցական երիտասարդութիւնը յուսախաբ չէ: Տասնամեակներ շարունակ Արցախի յաղթանակներով դաստիարակուած տղաքն ու աղջիկները այսօր հիասթափութիւն կ՛ապրին` տեսնելով Հայաստանի տնտեսական, ընկերային եւ քաղաքական ներկսյ իրավիճակը: Իբրեւ մանուկներ կամ պատանիներ` դժուար էր պատկերացնել, որ Հայաստանի մէջ կարելի պիտի ըլլայ տեսնել իշխանութիւն եւ ընդդիմութիւն, յատկապէս` ազգային նիւթերու եւ շահերու շուրջ: Դժբախտաբար 2018-ի իշխանափոխութիւնը մեր ազգին պարտադրեց քաղաքական նոր վերնախաւ մը, որուն նպատակը դարձաւ տկարացնել...

Վերականգնինք Սեպտեմբերեան Արժէքներով

Վերականգնինք Սեպտեմբերեան Արժէքներով

ՅԱՐՈՒԹ ՄԱՎԵԱՆ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Մեղրեան» մասնաճիւղ Անցնող երեք տասնամեակներուն սեպտեմբերը եղած է ազգային ապրումներով եւ յաղթանակի հպարտութիւններով յատկանշուած ամիս մը, որուն ընթացքին գերագոյն արժէքներ հանդիսացող տօներ կը նշուէին, հիմնականօրէն` Հայաստանի վերանկախացումը եւ Արցախի անկախութիւնը: Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնները իրենց վարած հակահայ քարոզչութեամբ պատճառեցին Արցախի անկախութեան կորուստը եւ արժեզրկեցին Հայաստանի վերանկախացման ազգային տօնը: Իրականութեան մէջ անոնք ուզեցին նոյնիսկ խեղդել հայու պայքարունակ...

Մեր Խօսքը

Մերժո՛ւմ

ԱՐԵՒԻԿ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արաբօ» մասնաճիւղ Կ՛ապրինք օրեր, որոնց մասին եթէ 20 տարիներ առաջ մէկը պատմէր, կամ նման գուշակութիւն կատարէր, ոչ մէկ ձեւով պիտի հաւատայինք իրենց անհաւատալի, անընդունելի ըլլալուն պատճառով: Մէկ տարի է Արցախի ժողովուրդը տեղահան եղած է, ձգած է իր բնակարանը, արտը, ագարակը, անասունները, քաշած` տան դուռը, եւ ինչ որ կրնայ ֆիզիքապես կրել հետը, տարած է: 100 եւ աւելի...

Սթափեցէք Տղա՛ք

Սթափեցէք Տղա՛ք

ՌԻԹԱ ՍԱԼԼՈՒՄ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղ Չեմ գիտեր` անցեա՞լը փառաբանեմ, ներկա՞ն ողբամ, թէ՞ ապագաի մասին մտածեմ... Անցան չորս տարիներ, եւ ահա՛ հասանք այս տարուան սեպտեմբեր ամիսը. այն ամիսը, երբ պէտք էր զուարճանայինք եւ տօնէինք Արցախի անկախութեան օրը: Իսկ այսօր ձեզի կը թուի, թէ արցախցին ազա՞տ է. ա՛լ չէ՞ք կարծեր, թէ դանակը հասած է ոսկորին. փաստօրէն` ո՛չ, քանզի յայտնի է մեր...

Արցախի Հանրապետութեան  Ազգային Ժողովի Յայտարարութիւն

Երիտասարդութեան Պարտքը

ՄԻՐԷՅ ԺԸՄՄՕ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Ա. Շիրակեան» մասնաճիւղ 2020-ի Արցախ-Ազրպէյճան պատերազմի սկիզբի չորրորդ տարելիցն է: 9 նոյեմբեր 2020-ին հայ ժողովուրդը կորսնցուց իր սրտէն կտոր մը, որ դարձաւ պատմականօրէն հայ ժողովուրդի ամէնէն ցաւալի հանգրուաններէն մէկը: Արցախը միշտ եղած է հայրենիքէն անբաժանելի մաս մը, իսկ անոր կորուստին հետ հաշտուիլը անկարելի է` նկատի ունենալով, որ ազգ մը չի կրնար ստորագրութեամբ մը ջնջել 3000 տարուան...

Վերադա՛րձ

Վերադա՛րձ

ԿԱԼԻ ԹԱԳՒՈՐԵԱՆ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղ Հայաստանի եւ Արցախի ճակատագիրը ամէն օր քիչ մը աւելի կը վտանգուի: Այսօրուան Հայաստանի իշխանութիւնները մեր ժողովուրդի լինելու եւ չլինելու օրակարգով մտահոգ չեն: Քաղաքական բանտարկեալներուն ազատ արձակումը, Արցախի ժողովուրդի վերադարձը մեր հիմնական հարցերէն պէտք է ըլլան: Այսօր, բոլոր ժամանակներէ աւելի, անհրաժեշտ է միասնակամ ըլլալ` դիմագրաւելու համար բոլոր մարտահրաւէրները: Արցախի դէմ գործուած ոճիրները, բռնի տեղահանումը, քաղաքական...

Պայքար` Բազմաճակատ Պատրաստութեամբ

Պայքար` Բազմաճակատ Պատրաստութեամբ

ԳԷՈՐԳ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Ա. Շիրակեան» մասնաճիւղ Արցախի 2020-ի պատերազմին մենք մեծ կորուստի մատնուեցանք: Արցախը, որ Հայոց պատմութեան անբաժան մաս մըն է, դժբախտաբար յանձնուեցաւ: Մեր նահատակները իրենց կեանքերը տուին մեր հայրենիքը պաշտպանելու համար, բայց քաղաքական եւ ռազմական տարբեր խնդիրներու պատճառով այդ կռիւը մեր յաղթանակով չաւարտեցաւ: Բայց այդ չի նշանակեր, որ մեր պայքարը վերջացած է: Մենք կարեւոր դեր ունինք Արցախի պաշտպանութեան...

Ազրպէյճան Մտադիր Է Գրաւել Հայաստանը Եւ Ստեղծել «Արեւմտեան Ազրպէյճան»

Փաշինեանի Մատնանշումները Սփիւռքի Վեհաժողովին` Սխալ Գաղափարներ` Սխալ Ժամանակի Եւ Սխալ Վայրի Մէջ

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ Կ՛ուզեմ մեկնաբանել վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ցնցիչ յայտարարութիւնները, զորս ան կատարեց 18 սեպտեմբեր 2024-ին Երեւանի մէջ կայացած Համաշխարհային հայկական երկրորդ վեհաժողովին: Փաշինեան մէկուկէս ժամ պատասխանեց հաղորդավարին հարցումներուն` աշխարհի տարբեր երկիրներէ համախմբուած հարիւրաւոր սփիւռքահայերու առջեւ: Նախքան Փաշինեանի պատասխաններու էութեան մէջ խորանալը` նշեմ, թէ անոր հիմնական հարցը այն է, որ յաճախ կ՛ըսէ այն, ինչ որ միտքը կու գայ տուեալ պահուն, առանց...

Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը

Ներկայէն Բացակայ Չեմ

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Օրերէ ի վեր դարձեալ անտրամադիր, քիչ մը յոգնածութիւն, քիչ մըն ալ ծուլութիւն` զիս նետած էին տանս մէկ անկիւնը, առանձնացած` սենեակէս ներս: Այս ա՛յն սենեակն է, որ Ամերիկան եւ ուրիշ շատ բաներ օրին արդէն դուրս ձգած էի: Սենեակս` այդ չորս պատերով, երկու պատուհաններով եւ երկար-նիհար գրադարանով զարդարուած, նոյնիսկ դրացի իսկ չունի: Շատ կը սիրեմ հոն առանձնանալ: Հաստատապէս կը սիրեմ...

Պուտափեշտի Մէջ Ցուցահանդէս` Երուսաղէմի Հայկական Լուսանկարչութիւնը 19-րդ Եւ 20-րդ Դարերուն

Պուտափեշտի Մէջ Ցուցահանդէս` Երուսաղէմի Հայկական Լուսանկարչութիւնը 19-րդ Եւ 20-րդ Դարերուն

Պատրիարք Եսայի Կարապետեան (1873, Photo by Charles Bierstadt. Courtesy: Project Save Photograph Archive, Boston) Պուտափեշտի «Փազմանի Փիթըր» կաթողիկէ համալսարանի (Pázmány Péter Katolikus Egyetem) հայագիտական բաժինը տեղւոյն Գեղարուեստի համալսարանի հետ համատեղ կազմակերպած է ցուցահանդէս եւ գիտաժողով` Երուսաղէմի հայերու հարուստ լուսանկարչական ժառանգութեան վերաբերեալ: Պաղեստինի հայերու պատմութիւնը սկսած է չորրորդ դարուն` քրիստոնէական Սուրբ Վայրերու յայտնաբերումէն ետք հայ ուխտաւորներու Երուսաղէմ ժամանումով: Թէեւ 7-րդ դարուն...

«Ծերութիւնը Ինծի Համար Խնդիր Չէ: Ես Դեռ Հարիւր Տարեկան Չեմ, Չէ՞».  Սոֆիա Լորեն` 90 Տարեկան

«Ծերութիւնը Ինծի Համար Խնդիր Չէ: Ես Դեռ Հարիւր Տարեկան Չեմ, Չէ՞». Սոֆիա Լորեն` 90 Տարեկան

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Սոֆիա Լորեն, որ երկու անգամ արժանացած է լաւագոյն դերասանուհիի Օսքար մրցանակին, 20 սեպտեմբերին Հռոմի  մէջ նշեց իր ծննդեան 90-ամեակը: Այս առիթով միջազգային հեղինակաւոր թերթեր գովասանական յօդուածներ հրապարակեցին: Կը ներկայացնենք հատուածներ Vogue, Il Corriere della Sera եւ La Repubblica  թերթերէն: Ն. Սոֆիա Լորեն չի դանդաղիր «90-ի շեմին երբեք չեմ հասկցած, որ տարիքը հոգեվիճակ է», կ՛ըսէ Սոֆիա Լորեն: Տարիներու...

Անդրադարձ.  Քիչ Մը Գիտութիւն՝ «Անհրաժեշտ Բայց Ոչ Բաւարար»-ի եւ «Ներազդող»-ի Մասին, Որ Հաւանաբար Կը Լուսաբանէ Հայաստանի Ներկայ Իրավիճակը

«Սասունցի Դաւիթ» Հայկական Հրասայլային Զօրասիւնը Բ. Աշխարհամարտին Սփիւռքահայութեան Դրամահաւաքով Իրականացած Էր Եւ` Յաղթանակներ Ապահոված

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Երբ համայնավար հակակրօն վարչակարգը կը փորձէր Հայոց եկեղեցին հիմնովին վերացնել, նոյնիսկ ֆիզիքապէս քանդելով եկեղեցիներ, ինչպէս` Երեւանի Ս. Գէորգ մայր եկեղեցին քանդած է 1939-ին, 1930-էն 1932, եւ 1938-էն 1945 տարիներուն, Խորէն Ա. Կաթողիկոս Մուրատբէկեանի պետական գործակալներու կողմէ դաժան սպանութենէն ետք, Էջմիածինի մէջ կաթողիկոս չկար: 16-22 յունիս 1945-ին Էջմիածինի մէջ ազգային-եկեղեցական ժողով կը գումարուի, ուր կաթողիկոս կ՛ընտրուի Գէորգ արք. Չորեքճեանը:...

Առաքինի Մայրը (Մայրերու Օրուան Առիթով)

Երբ Կը Քննադատենք

ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ Ամէնքս ալ երբեմն կը քննադատենք եւ երբեմն ալ կը քննադատուինք: Կարգ մը քննադատութիւններ շինիչ են, ուրիշներ` քանդիչ: Ընդհանրապէս, մարդիկ չեն սիրեր քննադատուիլ, մանաւանդ երբ քննադատութիւնները ոչ միայն անտեղի են, այլ նաեւ` անարդար: Քննադատութիւնները աւելի ցաւ կը պատճառեն, երբ անոնք կու գան հարազատներէ, ընտանեկան պարագաներէ եւ բարեկամներէ: Քննադատութիւններ կան, որ արդար եւ տեղին են: Կան նաեւ...

«Հպարտութիւն Եւ Յարգանք»` Միսաք Մանուշեանի Նուիրուած Համերգի Մը Պահերուն

«Հպարտութիւն Եւ Յարգանք»` Միսաք Մանուշեանի Նուիրուած Համերգի Մը Պահերուն

ՆԱՅԻՐԻ ՔԷՇԻՇԵԱՆ-ԽԱՉԵՐԵԱՆ Դաշնակահար Սէրուժ Գրաճեան Լուսանկարները` Studio Deux Mil Huit Կը գտնուիմ Ֆրանսայի Ռոման Սիւր Իզեր գողտրիկ քաղաքի կօշիկի թանգարանի պարտէզներուն մէջ, այս երեկոյ` 23 օգոստոսին, ունկնդրեցի աննախընթաց  յուշ-երեկոյ համերգ մը: Հպարտանքի եւ յարգանքի առիթը ընծայեցին աշխարհահռչակ տաղանդաւոր երաժիշտներ Սէրուժ Գրաճեանն ու Աստղիկ Սիրանոսեանը: Այս համերգը, նուիրուած` Միսաք եւ Մելինէ Մանուշեաններուն, արտասովոր էր եւ բացառիկ: Ասմունք եւ երաժշտութիւն ընդելուզուած կը...

Ռազմիկ  Դաւոյեան

Չարիքի Դէմ Ժպիտ

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ Դիտեցէ՛ք Նիկոլ Փաշինեանի եւ իր կնոջ ժպրհելի ժպիտը ամէնուրեք: Ակներեւ չէ՞, որ իրենց հոգին հաղորդուած չէ չորս տարիէ ի վեր անդուլ սադրանքներով գործադրուած աղէտին: Հայը զոհուած ու զոհուող, հողը թշնամիին յանձնուած ու յանձնուող, բազմախաւ պարտութիւն, բազմամակարդակ յուսահատութիւն, ուռճացող Եռաբլուր, հայու հպարտութեան հոգեվարք: Անդադրում սուգ ու բռնաբարում, կոհակ-կոհակ կեանք ընկլուզող արշաւանք, աւազախրում` հայկական խորհրդանշաններու, հերոսական պայքարներու, Հայ եկեղեցիի սրբազնութեան:...

Գաղութէ – Գաղութ

Գաղութէ – Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Միացեալ Նահանգներ Քոնկրեսի Շէնքին Մէջ Պահանջուեցաւ Արցախի Հայութեան Վերադարձը Երաշխաւորել Եւ Պաքուն Պատասխանատուութեան Ենթարկել Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, որ նշելու համար անցեալ տարի կատարուած Արցախի դէմ Ազրպէյճանի վերջին յարձակումին տարելիցը, 19 սեպտեմբերի երեկոյեան Քոնկրեսի շէնքին մէջ տեղի ունեցաւ Արցախի ցեղասպանութեան եւ հայաթափման առաջնորդած Պաքուի իշխանութիւնները պատասխանատուութեան ենթարկելու նպատակով հաւաք մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին` խումբ մը...

«Մեր Կատարածը Ո՛չ Պարտականութիւն Է, Ո՛չ Ալ Պարտաւորութիւն, Այլ Միայն` Ծառայութիւն»

«Մեր Կատարածը Ո՛չ Պարտականութիւն Է, Ո՛չ Ալ Պարտաւորութիւն, Այլ Միայն` Ծառայութիւն»

«Ազդակ»-ին Հաստատեց Ֆրեզնոյի Բժշկական Առաքելութեան Նախագահ Պերճ Աբգարեան «Ազդակ»-ի խմբագրութիւնը իր յարկին տակ ընդունեց Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս, Ֆրեզնոյի բժշկական առաքելութեան նախագահ Պերճ Աբգարեանը, որուն հետ ունեցաւ զրոյց մը` առաքելութեան աշխատանքներուն եւ ծրագիրներուն մասին: Նախքան առաքելութեան գործունէութեան անդրադառնալը` Պերճ Աբգարեան իր երախտիքի խօսքը ուղղեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, որ իր հայրական օրհնութիւնն ու հովանաւորութիւնը շնորհած է արդէն երրորդ...

Page 161 of 1110 1 … 160 161 162 … 1,110

Արխիւներ