ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Արցախի Հանրապետութեան աւելի քան 30-ամեայ պատմութեան մէջ առաձնայատուկ տեղ կը գրաւեն վերաբնակեցման եւ հանրապետութեան տնտեսական կեանքը բարգաւաճեցնելու ճիգերը, որոնք յատկապէս 2010-էն ետք իրագործուեցան Արցախը Հայաստանի Հանրապետութեան միացնող Քաշաթաղի եւ Քարվաճառի (Նոր Շահումեան) վարչական շրջաններուն մէջ: Մանաւանդ Քաշաթաղի շրջանին մէջ յայտնի իրականութիւն դարձաւ, որ աշխարհագրական բարենպաստ դիրքին եւ բարեխառն կլիմային շնորհիւ` բացառիկ կարելիութիւններ կան գիւղատնտեսութիւնը եւ գիւղատնտեսական արտադրութիւնները զարգացնելու իմաստով:
Վերաբնակեցման, ազատագրուած տարածքներուն մէջ ներդրումներ կատարելու, տնտեսութեան եւ գիւղատնտեսութեան զանազան ոլորտները զարգացնելու, ինչպէս նաեւ ներդրումային համապատասխան դաշտ ստեղծելու առումով, հսկայական կարելիութիւններով օժտուած էին Արցախի ազատագրուած տարածքները: Այդ կարելիութիւնները կը սկսէին երկրագործական պարզ գործունէութենէն եւ այգեգործութենէն` հասնելով մինչեւ անասնապահութիւն, գիւղատնտեսական արտադրանքի ճարտարարուեստ, ջրելեկտրակայաններու կառուցում եւ հանքարդիւնաբերութիւն: Բնականաբար ալ, իւրաքանչիւր ոլորտի զարգացման հետ մէկտեղ, համապատասխան աշխատատեղեր եւ ապրելու կարելիութիւններ պիտի ստեղծուէին հայ մարդոց համար` նշեալ լայնածաւալ տարածքներուն մէջ:
Այս աշխատանքները աւելի ամուր հիմերու վրայ զետեղելու համար 2010 թուականին լիբանանահայ կարգ մը գործարարներու կողմէ ստեղծուեցաւ «Արցախ ռուց ինվեսթմընթ» (ԱՌԻ) հիմնադրամը, որ, ինչպէս անունը ցոյց կու տայ, բարեգործական կազմակերպութիւն չէր, այլ` ներդրումային հիմնադրամ: Անոր հիմնական նպատակն էր սփիւռքէն ներդրումներ ապահովել` Քաշաթաղի եւ Նոր Շահումեանի շրջաններուն մէջ վերաբնակեցման թափ տալու եւ տնտեսութիւնը զարգացնելու համար: ԱՌԻ-ն իր գործունէութեան սկսաւ 16 գործարարով, բայց աւելի ուշ հիմնադրամին մաս կազմեցին շուրջ 180 գործարարներ, որոնք բացի Լիբանանէն` կը ներկայացնէին սփիւռքի զանազան գաղութները եւս` Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Քուէյթ, եւրոպական երկիրներ, Աւստրալիա եւ այլն: Հիմնադրամը կը վայելէր Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Արցախի գիւղի եւ գիւղատնտեսութեան հիմնադրամին համագործակցութիւնը` Արցախի կառավարութեան հետ կնքուած յատուկ համաձայնագիրով:
Վեց տարուան կտրուածքով ԱՌԻ հիմնադրամին տրամադրած վարկերէն օգտուեցան աւելի քան հազար ընտանիքներ, հիմնադրամը նաեւ նախաձեռնեց բնակարանաշինութեան համապարփակ ծրագիրի մը, որուն աւարտին 150 բնակարաններ պիտի տրամադրուէին վերաբնակող ընտանիքներու: Այս ծրագիրին փուլերէն մէկը իրականացաւ, երբ 3 սեպտեմբեր 2016-ին բացումը կատարուեցաւ Քաշաթաղի շրջանի Աղաւնոյ գիւղի Արիաւան թաղամասին` իր գեղատեսիլ բնակարաններով: Նմանօրինակ ծրագիր մը պիտի իրագործուէր նաեւ Քարվաճառի շրջանին մէջ, ուր աւստրալահայ գործարարներու ներդրումով կը ծրագրուէր կառուցել Սիտնի թաղամասը: Բայց 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմէն ետք ստորագրուած 9 նոյեմբեր 2020-ի յանձնուողական յայտարարութեամբ, շուտով Քարվաճառի շրջանը, առանց որեւէ փամփուշտի արձակման, յանձնուեցաւ Ազրպէյճանին, իսկ 25 օգոստոս 2022-ին Աղաւնոյ ու Ներքին Սուս գիւղերը եւ Բերձոր քաղաքը յանձնուեցան թշնամիին` Գորիս-Ստեփանակերտ այլընտրանքային նոր ճամբուն գործարկման հետ զուգահեռ: Այս պատճառով ալ այդ շրջաններու հայութիւնը եւս տեղահան դարձաւ, այդ շրջաններու կորուստը մաս կը կազմէր 2020 թուականի պատերազմէն ետք հայութեան կրած տարածքային կորուստներու շղթային:
Արցախի Հանրապետութեան կորուստի միամեակին առիթով եւ վեր հանելու համար Արցախի վերաբնակեցման երբեմնի ծրագիրներուն բարոյական նշանակութիւնը, մենք կարճ զրոյց մը ունեցանք «Արցախ ռուց ինվեսթմընթ» հիմնադրամի նախկին պատասխանատուներէն մէկուն հետ: «Երբ Արցախը ազատագրուեցաւ, անոր գոյատեւման գրաւականն էր այն, որ նախ պիտի կարենաս զսպիչ ուժ դառնալ թշնամիիդ, որպէսզի ան չհամարձակի քեզի հարուածել եւ միշտ այն վախը ունենայ, որ պիտի չկարենայ տեղ հասնիլ, եւ փաստօրէն 30 տարուան ընթացքին մենք այդ փաստը տուած ենք: Մեր դիմադրողականութեամբ, բանակով եւ կամաւորներով մենք կրցած ենք զսպիչ ուժ դառնալ: Թշնամիին հետ ռազմավարական հաւասարակշռութիւն պէտք է, որպէսզի ան չկարողանայ յարձակիլ:
Այդ ռազմավարական հաւասարակշռութիւնը քանի մը նախադրեալներ ունի. առաջինը զինուորականն է անշուշտ, երկրորդը տնտեսութիւնն է, երրորդը` ժողովուրդին բարեկեցութիւնը, ժողովրդագրական պատկերը», ըսաւ ԱՌԻ հիմնադրամի նախկին պատասխանատուն` աւելցնելով, որ խորքին մէջ Հայաստանի իշխանութիւնները եւ սփիւռքը պէտք էր այս երեք օրակարգերուն` զինուժի, տնտեսութեան եւ ժողովրդագրական պատկերի մասին լրջօրէն մտածէին, որովհետեւ ասիկա համահայկական հարց էր: Սա մեր հողն է եւ հազարամեակներու հող է, պատմական Հայաստանի միակ տարածքն է, որուն բնիկները հազարամեակներով հոն ապրած են, իրենց պապերու պապերուն գերեզմանը հոն է:
ԱՌԻ հիմնադրամի նախկին պատասխանատուն ընդգծեց, որ հիմնադրամը վերոնշեալ երեք մարզերէն մէկուն` վերաբնակեցումին վրայ իր ուժը դրաւ: «Աւելի ճիշդը` փորձեցինք, որովհետեւ սա պետական, համահայկական ծրագիր է: Պետական աջակցութիւն կ՛ուզէ այս ծրագիրը` այդտեղ ծրագրաւորուած ձեւով մարդ վերաբնակեցնելու համար: Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան առաջին տարիներուն որոշ ծրագիրներ իրականացուած են, օրինակ` պետութիւնը որոշ դիւրութիւններ տուած է Քաշաթաղի շրջանը հաստատուողներուն, տասը տարի տուրքէ զերծ կացուցած է զանոնք, ձրի ելեկտրականութիւն տրամադրած, հողատարածք յատկացուցած: Ասիկա` առաջին տասը տարուան ընթացքին: Քաշաթաղը հսկայ տարածք էր, միակը` 4000 քառ. քմ տարածութեամբ: Արցախի Հանրապետութեան ամէնէն բերրի շրջանն էր: Արաքսի ափին բարձրութիւնը 300 մեթր է ծովու մակերեսէն: Կլիման շատ նպաստաւոր է, ջրառատ, հողը` բերրի: Այդ տարածքներուն մէջ հսկայական այգիներ կային», ըսաւ նախկին պատասխանատուն` աւելցնելով. «Մեր դերակատարութիւնը եղաւ այն, որ փորձած էինք այն մարդոց, որոնք այդտեղ հաստատուած էին ըլլայ Գամիշլիէն, Հալէպէն կամ այլ վայրերէ, օգնել, որ իրենց օրինակով եւ աշխատունակութեամբ կարողանան այդ շրջանները բերքատու դաշտերու վերածել»:
ԱՌԻ հիմնադրամի նախկին պատասխանատուն յայտնեց, որ վերաբնակողներէն մէկը, որ Քաշաթաղի շրջանին մէջ 2009-2010 թուականներուն հաստատուած էր, պետութեան կողմէ մէկ հեկտար տարածք կրցած էր վարձակալութեամբ վերցնել, 2020 թուականին 100 հեկտար ցանք ունէր` ցորեն, ոսպ, սիսեռ եւ այլն: Այդ տարածքը եղած էր ոչ միայն Արցախի, այլեւ Հայաստանի Հանրապետութեան ցորենի շտեմարանը: Արցախը ցորենի երկու տարուան ռազմավարական պահեստ ունէր 44-օրեայ պատերազմի ժամանակ: «Սա կատակ չէր: Այդ ամբողջ տարածքները մենք ձեռքէ տուինք», ըսաւ նախկին պատասխանատուն ափսոսանքով:
«Ճիշդ է, որ ԱՌԻ-ի ճիգը համահայկական էր, ճիշդ է նաեւ, որ տարբեր գաղութներէ զօրակցութիւն կար: Մարդիկ, որոնք բացարձակապէս գաղափար չունէին, թէ Արցախը ի՛նչ է եւ ի՛նչ կը ներկայացնէ, միացած էին, եւ կամաց-կամաց այցելելով, տեսնելով` համոզուած էին, որ կարիքը կար այդ տարածքները վերաբնակեցնելու: Անոնք նոյնիսկ մղիչ ուժ դարձած էին, որ մեր ծրագիրները աւելի մեծցնենք: Այո՛, Արցախի պետութենէն օժանդակութիւն կար, բայց չէր բաւեր: Այսպիսի ծրագիրներու իրագործումը նոյնիսկ միութեան մը, կազմակերպութեան մը կամ կուսակցութեան մը գործը չէ: Ասիկա պետական մակարդակի գործ է», շեշտեց ան:
Ան նկատել տուաւ, որ լիբանանահայ եւ ընդհանրապէս սփիւռքահայ գործարարները ժամանակի ընթացքին կամաց-կամաց գիտակցեցան մեզի համար Արցախի ներկայացուցած կարեւորութեան: Անոնք տեսան, թէ ի՛նչ հսկայական կարելիութիւններ կան այդտեղ` հանքեր, ցանք, ջրելեկտրակայաններ: «Մենք միլիառներու գումարներ կորսնցուցած ենք այդտեղ: Ոսկիի հանքերը հոն էին: Սնդիկի հանք, պղինձ, մոլիպտեն: 2020 թուականին Արցախը ոչ միայն իր ելեկտրականութիւնը կ՛արտադրէր, այլ նաեւ Իրանին կը ծախէր` փոխարէնը կազ ստանալով: Այդքա՛ն ինքնաբաւ դարձած էր Արցախը: Շատ մեծ հնարաւորութիւններ մենք կորսնցուցինք այդտեղ, իսկ այդ գործարարները այդ հնարաւորութիւնները տեսան: Գործարարներ, որոնք կը զբաղին ուտելիքի կամ պտուղներու հիւթի աշխատանքով, գացին եւ տեսան, թէ ի՛նչ կարելիութիւններ կան այդտեղի նուռի այգիներէն նուռի հիւթ պատրաստելու եւ արտածելու, թէ` թարմ պտուղները ինչպէ՛ս կարելի է չորցնել եւ արտածել: Անոնք այս բոլոր կարելիութիւնները տեսան եւ խանդավառուեցան: Եւ տեսան նաեւ, թէ Արցախի իշխանութիւնները որքանո՛վ կը գործակցէին եւ լուրջ կը մօտենային այս կարելիութիւններուն: Ասիկա շատ կարեւոր էր վստահութիւնը ամրապնդելու տեսանկիւնէն», ըսաւ ԱՌԻ-ի նախկին պատասխանատուն, որ ներկայացուց նաեւ գործարար Վարդան Սրմաքեշի օրինակը: Վերջինս նոյնիսկ ձկնկիթ արտադրելու համար Քաշաթաղի շրջանին մէջ որոշ ձկնարաններ պատրաստեց, Կովսականի շրջանին մէջ ոսկիի հանքի մէջ ներդրում կատարեց, ջրելեկտրակայանի սարքումը նախաձեռնեց: Մեծ եւ հսկայ ներդրումներ եղած են:
«Այս բոլորը ցաւ են միայն: Այս բոլոր հնարաւորութիւնները մենք ի՞նչ ըրինք: Այսքան դիւրի՞ն է երկիր յանձնելը», ափսոսանքով եւ ցաւով հարց տուաւ ԱՌԻ հիմնադրամի նախկին պատասխանատուն: