Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վազգէն Տէր Գալուստեանի Յիշատակին Համազգայինի Դամբանական

October 1, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ստորեւ կը հրապարակենք Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան խօսքը` կարդացուած Վրէժ-Արմէն Արթինեանի կողմէ` բժ. Վազգէն Տէր Գալուստեանի տան կարգին, Մոնրէալի Սուրբ Յակոբ առաջնորդանիստ մայր եկեղեցւոյ մէջ, 2024 սեպտեմբեր 15-ին:

Նախ թոյլ տուէք, որ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան անունով` ատենապետ Զաքար Քէշիշեանի ու բոլոր վարչականներուն կողմէ Համազգայինի համայն ընտանիքի խորազգաց ցաւակցութիւնները յայտնեմ նոյն այդ Կեդրոնական վարչութեան բազմիցս անդամ ու ատենապետ եղած Վազգէն Տէր Գալուստեանի կնոջ` սիրելի Լենային, դուստրերուն` Սարինին ու Տարիային եւ իրենց ամուսիններուն, զաւակներուն, ինչպէս նաեւ` մօտաւոր թէ հեռաւոր ազգականներուն, որոնց համար անկասկած կորուստը շատ է ծանր:

Բայց կորուստը ծանր է բոլորի՛ն համար, բոլորը` ընդգրկելով իր ընկերները, ծանօթները, գործակիցները, բուժառուները, նոյնիսկ` բոլոր անոնք, որոնք այս կամ այն ձեւով վայելած են իր հասարակական գործունէութեան թէ մասնագիտական փորձառութեան բարիքները` առանց երբեք իրեն հանդիպած, ճանչցած կամ որեւէ պատճառով անունն անգամ լսած ըլլալու:

Իր կուսակցական թէ համազգայնական ընկերներուն համար Վազգէն տիպար անձնաւորութիւն մըն էր ամէնէն առաջ իր վարուելակերպո՛վ: Հակառակ իր բոլոր կարողութիւններուն եւ հմտութիւններուն, ան ոչ մէկ յաւակնութիւն կը ցուցաբերէր ուրիշներէ գերադաս ըլլալու կամ ամէն բան գիտնալու: Իրեն հետ ոեւէ մէկը կրնար խօսիլ հարազատի նման, հաւասարէ հաւասար, ամէնէն առտնին հարցերուն մասին անգամ, ու միաժամանակ զգալ ջերմութիւն մը, առնչութի՛ւն մը. ինք մի՛շտ վայելուչ` արտաքինով թէ ներքինով:

Իր մտքերն ու համոզումները գիտէր ուժեղ կերպով արտայայտել` առանց երբեք վարկաբեկելու տարբեր մտածող դիմացինը, նսեմացնելու անոր կարծիքը, եւ եթէ որեւէ պատճառով ձայնը բարձրացուցած ու զայն անհանգստացուցած ըլլար, գիտէր անյապաղ ներողութիւն խնդրել ու «հաշտուիլ»: Եւ եթէ տակաւին յամառէիր նեղուած զգալ, իր վարակիչ ժպիտը կ՛անհետացնէր ամէն բացասական զգացում:

Աւելի՛ն. Վազգէն գիտէր հետեւողականօրէն հետապնդել իր առաջադրանքները եւ հակառակ իր բազմազբաղ վիճակին (իր օրատետր-յուշատետրը միշտ ձեռքը)` պատրաստ էր անձնապէս մասնակցելու անոնց իրագործման աշխատանքներուն. հակառակ պարագային` պիտի չսրտնեղէր երբեք, եթէ անոնք մերժուէին ընդհանուրին կողմէ: Ունէր համբերութիւնը յաջորդ առիթին, յաջորդ բոլոր հնարաւոր առիթներուն վերստին առաջարկելու` աւելի համոզի՛չ շեշտով: Իր առաջարկները պիտի ունենային հեռահար ազդեցութիւն: Եւ այո՛, ինք հաւատացողն էր նաեւ հաւաքակա՛ն աշխատանքին, հաւաքակա՛ն ուժին:

Իրաւա՛մբ ան արժանացած էր Համազգայինի շքանշանին, ինչպէս նաեւ` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիոյ իշխան» շքանշանին:

Վազգէն Տէր Գալուստեան մեծ հաւատք ունէր նաեւ մեր ներուժի՛ն վրայ, ուստի մեծապէս կ՛ուրախանար` ի տես նոր հասնող մեր երիտասարդ ուժերուն, կը խրախուսէր ու կը ջանար ամէն կերպ նպաստել անոնց զարգացման ու յառաջացման: Կը զգայիր, որ հայրական զգացում մը կը տածէր անոնց հանդէպ: Մանաւանդ ան կը պահանջէր, որ հաւաքականութիւնն ալ գնահատէր անոնց յաջողութիւնները: Իսկ մեր ներուժը ըսելով` ան կը հասկնար ամբողջ հայութեան կարողութիւնները, ոչ միայն մէկ կողմի կամ մէկ հատուածի:

Մեր մշակոյթն ու մեր լեզուն եւ մեր կրթարանները կիզակէտն էին իր ուշադրութեան, եւ ասոր վկայութիւնը կը հանդիսանան Համազգայինի մէջ երկարամեայ իր յանձնառութիւնները թէ այդ յանձնառութիւններու աւարտէն ետք ալ տակաւին իր հետապնդած ծրագիրները:

Առ այդ, ան կը մնայ մեզի եւ մեր յաջորդներուն համար տիպար կերպարը համազգայնականի, դաշնակցականի ու մարդու, որուն օրինակով ապրիլն ու գործելը մեր ձգտումը պէտք է հանդիսանայ:

Վարձքը կատար մեր վաստակաւոր ընկերոջ:

Ամփոփ Կենսագրական

Բժիշկ Վազգէն Տէր Գալուստեան ծնած է 27 հոկտեմբեր 1937-ին, Անտիոք: Ան զաւակն է տէր եւ տիկին Մովսէս եւ Անահիտ Տէր Գալուստեաններուն: Ծանօթ իրադարձութիւններու ի հետեւանք` ընտանիքը 1939-ին հարկադրաբար կը հեռանայ Մուսա Լեռէն ու կը հաստատուի Լիբանան: Ազգային ուսումը ստացած է Պէյրութի Նշան Փալանճեան ճեմարանէն:

Բժշկական հիմնական ու մասնագիտական (մանկաբուժութեան եւ ծինաբանութեան) վկայականները ստացած է` Պէյրութի ամերիկեան համալսարանէն (AUB) (1963, 1966), ԱՄՆ-ի Պոսթըն քաղաքի Հարվըրտ համալսարանի (մանուկներու հիւանդանոցի) բժշկութեան բաժանմումքէն (1966), Պալթիմոր քաղաքի Ճոն Հոփքինզ համալսարանէն (1968), այլեւ օգտուած է այլ հաստատութիւններու ընծայած յայտագրերէն` զարգացնելու համար իր հմտութիւնները:

Բժիշկ Տէր Գալուստեան ամուսնացած է 21 յունիս 1970-ին, Լենա Սէթեանին հետ: Անոնք բախտաւորուած են երկու դուստրերով` Սարին-Վանիա եւ Տարիա:

1986-ին ընտանիքին հետ փոխադրուած է Մոնրէալ:

Իբրեւ մանկաբուժ եւ ծինաբան, ի շարս իր այլ յանձնառութիւններուն, Վազգէն Տէր Գալուստեան` մնայուն թէ այցելու փրոֆեսէօր, դասաւանդած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին (AUB) եւ Մոնրէալի ՄքԿիլ համալսարանին մէջ: Առաջինի պարագային նաեւ հիմնադիր տնօրէնն է եղած Մարդկային ծինաբանութեան ազգային միաւորին, իսկ երկրորդի պարագային վարիչ տնօրէնն է հանդիսացած անոր Մոնրէալի մանուկներու հիւանդանոցի ժառանգական հիւանդութիւններու բաժանմունքին, ինչպէս նաեւ` նոյն համալսարանի բժշկական ծինաբանութեան վարժողական յայտագրին:

Համահեղինակն է երեք մասնագիտական հատորներու` Genetic diseases of the skin (1979), The kidney in genetic disease (1986) եւ Congenital Anomalies of the Ear, Nose and Throat, (1997):

Ան առանձնաբար կամ համահեղինակութեամբ հրատարակած է նաեւ շատ մեծ թիւով գիտական յօդուածներ եւ ուսումնասիրութիւններ` զանազան թերթերու, հատորներու կամ տեղեկագրերու մէջ:

Հրաւիրուած է դասախօսելու միջազգային բժշկական բազմաթիւ համագումարներու, մաս կազմած է մասնագիտական զանազան միջազգային մարմիններու, անոնց կարգին նաեւ` ՄԱԿ-ի բժշկական կազմակերպութեան յանձնախումբերու:

Արժանացած է մեծ թիւով բժշկական շքանշաններու, մրցանակներու եւ մեծարումներու, այլեւ` ՄքԿիլ համալսարանի «Պատուոյ փրոֆեսէօր» տիտղոսին:

Վազգէն Տէր Գալուստեան ՀՅԴ շարքերը մտած է 18 տարեկան հասակին ու ամբողջ կեանքը եղած է անոր նուիրեալ զինուորեալը: Եղած է բազմիցս անդամ, այլ նաեւ ատենապետ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան, ինչպէս նաեւ անդամ` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Կեդրոնական վարչութեան:

Ազգային գետնի վրայ ալ արժանացած է Համազգայինի շքանշանին` 2008-ին եւ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիոյ իշխան» շքանշանին` 2010-ին:

Ան մահացաւ Մոնրէալ, 2024 սեպտեմբեր 4-ին:

(Առաւելաբար քաղուած` բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանի «Բժիշկին Է. խօսքը» հատորէն)

 

Նախորդը

Մեծ Բժշկապետ, Հայ Մշակոյթի Հաւատաւոր Ծառան Եւ Ազգային Գործիչ Վազգէն Տէր Գալուստեանի Յուշերով

Յաջորդը

Անդեդեւ

RelatedPosts

Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
Հաղորդագրութիւն
Անդրադարձ

ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութիւնը` Հայ Դպրոցականին Եւ Համալսարանականին Կողքին

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.