Իսրայէլ ամիսներէ ի վեր կը սպառնար ուժեղ հակահարուածով մը վերջ տալ լիբանանեան Հըզպալլայի (Ալլահի կուսակցութեան) զօրակցութեան` Կազայի պաղեստինցիներուն: Այդ զօրակցութիւնը, ինչպէս կը յայտնէին Հըզպալլայի պատասխանատուները, նպատակ ունէր մեղմել Կազայի վրայ զինական ճնշումը` զօրագունդ մը զբաղեցնելով Իսրայէլի հիւսիսային շրջանին մէջ: Իսրայէլ հիւսիսային շրջանին մէջ պարտաւոր էր ճակատ մը բանալ եւ հաւանական յարձակումներէ ու զինուորական գործողութիւններէ պաշտպանելու համար բնակիչները, զանոնք տեղափոխած էր հարաւ` աւելի ապահով վայրեր: Տեղահան ժողովուրդը կը պահանջէր վերադառնալ իր բնակավայրը. Իսրայէլ կը պահանջէր Հըզպալլայէն` վերջ տալ լիբանանեան հարաւէն հրթիռակոծումներուն: Իսրայէլեան պահանջը զինական էր, այսինքն կը կայանար Հըզպալլայի ենթադրաբար պատկանող թիրախներու ռմբակոծման մէջ: Հըզպալլայի պատասխան ռմբակոծումները միշտ եղած են զինուորական թիրախներու: Անզէն ժողովուրդը վտանգի չէր ենթարկուած. տեղահան ժողովուրդը վերադարձնելու համար շղթայազերծուած համապարփակ յարձակումը` իբրեւ պատրուակ, ունէր ժողովուրդի ապահովութիւնը… երբ այդ ապահովութիւնը չէր վտանգուած:
Ի՞նչ էր ուրեմն շղթայազերծուած գործողութեան շարժառիթը: Համասի վտանգը չէզոքացնելէ ետք, Իսրայէլ որոշեց չէզոքացնել իր սահմաններուն մօտ գտնուող այլ վտանգ մը` Հըզպալլայի զինական ուժը: Այլապէս, ինչպէ՞ս բացատրել իր սահմաններէն հեռու գտնուող տարածքներու վրայ կատարուած ռմբակոծումները եւ քանդումները: Պէյրութի հարաւային արուարձանէն սկսեալ մինչեւ Պեքայի դաշտը, Պաալպեքն ու Հերմելը, ու ամէն տեղ ուր Հըզպալլայի, որ կուսակցութիւն է, միաւոր մը կը գտնուի, թիրախ դարձան բուռն ռմբակոծութիւններու: Հարիւրաւոր շէնքեր փուլ եկան, եւ մինչեւ մէկ միլիոնի հասնող բնակիչներ իրենց երկրին մէջ գաղթական դարձան:
Մարդ արարածի կեանքը բարելաւելու, տնտեսութիւնը զարգացնելու ու յարաբերութիւնները դիւրացնելու կոչուած գիտական նորարարութիւնները կը ծառայեցուին սպաննելու եւ քանդելու առաջընթացին: Իսրայէլ յաջողեցաւ ոչ միայն շէնքեր ու շինութիւններ փլատակի վերածել, այլ նաեւ Հըզպալլայի ամբողջ մարտական ղեկավարութիւնը վերացնել` մէկը միւսին ետեւէն թիրախային յարձակումներով: Այս ահաբեկումներուն պսակը հանդիսացաւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարին` Հասան Նասրալլայի սպանութիւնը:
Այս տողերը գրուած ժամանակ ծրագրուած ցամաքային գործողութիւնը չէ սկսած տակաւին: Իսրայէլ, Միացեալ Նահանգներու հաւանութիւնը ստանալու համար, խոստացած է գոհանալ սահմանափակ գործողութեամբ մը ու Լիբանանի հարաւը «մաքրագործելէ» ետք նահանջել դէպի իր սահմանները: Դժուար է, չըսելու համար` անկարելի, հաւատալ իսրայէլեան խոստումներուն. սպասենք ու յուսանք, որ լիբանանցի ժողովուրդին տառապանքը շուտով կ՛աւարտի:
Կատարուող յարձակումները արժանացան անսպասելի արձագանգի մը լիբանանեան քաղաքական ուժերուն կողմէ: Տարիներէ ի վեր տարակարծիք ուժեր, որոնք նոյնիսկ երկու տարի հանրապետութեան նախագահ մը չէին կրցած ընտրել ու կը հանդուրժէին, որ տնտեսական ու ընկերային ահաւոր տագնապի մատնուած երկիրը կառավարուի պաշտօնակատար վարչապետով եւ նախարարներով, կարծէք սթափեցան: Այժմ բոլորը միաձայն կը դատապարտեն իսրայէլեան յարձակումը, ազգային միութեան կոչեր կ՛ուղղեն, Միացեալ ազգերու կազմակերպոււթեան որոշումներուն անշեղ գործադրութիւնը կը պահանջեն, հանրապետութեան միաւորող, համաձայնական նախագահ կ՛ուզեն ընտրել անմիջապէս, ազգային միութեան կառավարութիւն կ՛ուզեն կազմել: Օտարէն եկող վտանգին դէմ հաւաքաբար թումբ կանգնելու պատրաստակամութիւնը Լիբանանը կրնայ փրկել իր ներկայ գահավիժումէն, երբ վէճերն ու անհաշտ անհամաձայնութիւնը հետզհետէ քանդեցին պետական հիմնարկութիւնները, վտանգեցին նոյնինքն պետութեան գոյութիւնը:
Լիբանան կը գտնուի իբրեւ պետութիւն գոյութիւն ունենալու եւ իր աշխարհաքաղաքական դիմագիծը պայծառացնելու բացառիկ կարելիութեան մը յանդիման: Վտանգը շրջանցելէ ետք լիբանանցիները պէտք չէ վերադառնան յիսնամեակէ մը ի վեր տիրապետող ջլատիչ վէճերուն: Եթէ իսկապէս կը հաւատան, որ Հըզպալլալի դէմ կատարուող յարձակումը յարձակում է ամբողջ Լիբանանի դէմ, նաեւ պիտի հաւատան, որ այս կամ այն հատուածը չէզոքացնելու կոչուած գործողութիւնները գործողութիւն են ամբողջ Լիբանանի դէմ:
Երկար ատենէ սպասուած ազգային միութիւնը, որ տարբեր մտածողութիւններու համադրութեամբ եւ միջինի գիւտով կ՛իրագործուի, պիտի փրկէ Լիբանանը եւ դառնայ նոր բարգաւաճման մը յայտարարը: