Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յոյսի Եւ Իրապաշտութեան Միջեւ

September 30, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՐՈՒՇ ԵՐԱՄԵԱՆ

Այսօր կարճ է գիրս, որովհետեւ մեծ է ցաւը, որ կ՛ապրիմ ամէն օր, երբեմն` աւելի ուժգնօրէն:

Երբեւէ ունեցա՞ծ ենք դէպքերը զգաստ նայուածքով դիտելու սովորութիւն, թէ՞ ատիկա յատկանիշ մըն է, որ սակաւ տրուած է մեզի` որպէս հաւաքականութեան:

Ընդհանրապէս արագ կը խանդավառուինք դէպքերէն, նոյնքան արագ կը տարուինք խօսքերէն` յետոյ յուսախաբութեան մէջ իյնալու համար: Եւ այս` յաճախ, դժբախտաբար:

Պէ՞տք է զգաստ նայուածք ունենանք որպէս հաւաքականութիւն: Չէ՞ որ հաւաքականութիւններն ալ անհատներու պէս երբեմն երազելու եւ յուսալու կարիք ունին, որպէսզի կարելի ըլլայ տանիլ առօրեային դառնութիւնը, որուն չափաբաժինը յաճախ մեր կրելու կարողութենէն վեր եղած է:

«Երազներու մեծ հաւատ կ՛ընծայէինք. արդէն ո՞ր լլկուած ազգը երազով չ՛ապրիր», գրեր է Բարսեղ Իսպէչէրեան` իր ջարդի յուշագրութեան մէջ:

Կը յիշէ՞ք «Յաղթելու ենք»-ին խանդավառութիւնը, որ կը ծնէր հայրենիքին հանդէպ մեր ունեցած հաւատքէն, ինչպէս նաեւ` հոնկէ եկած իւրաքանչիւր խապրիկի հանդէպ մեր ունեցած վստահութենէն:

Յետո՞յ: «Յետոյ»-ն շատ ծանր էր, շատ ծանր նստաւ ե՛ւ հայրենիքին ե՛ւ մեր` սփիւռքահայերուս վրայ:

Յուսախաբութիւնը անձնական կեանքին մէջ դժուար յաղթահարելի է եւ անպայմա՛ն իր հետեւանքները կ՛ունենայ: Իսկ մտածե՞ր ենք, թէ հաւաքական կեանքին մէջ ի՛նչ կը նշանակէ նման վիճակ:

Մեծ եւ ցնցող օրինակ մը կարելի է համարել Եգիպտոսի ապրածը 1967 թուականին, Եգիպտոս-Իսրայէլ հակամարտութեան ընթացքին:

Այդ օրերուն «Արաբներու Ձայնը» (Սաութ ուլ-Արապ) ձայնասփիւռը մեծ դեր ունէր ժողովուրդին մէջ եռանդ եւ յաղթանակի հպարտութիւն ներշնչելու: Նշանաւոր խօսնակ Ահմատ Սայիտի խօսքը խանդավառութեան ալիք կը բարձրացնէր ժողովուրդին մէջ ամէն օր` պատերազմի մասին տեղեկատուութեամբ. «Իսրայէլեան տասը օդանաւ վար առինք, քսանէն աւելի զրահաւոր խորտակեցինք…»:

Բանաստեղծ Սալահ Ճահին, որ նաեւ նշանաւոր հանդէսին` «Ռոզ ալ-Իւսեֆի» տնօրէնն էր, մօտալուտ յաղթանակին նուիրուած իր քերթուածներով այդ խանդավառութիւնը զենիթի վրայ կը պահէր:

Եւ յանկարծ… իսրայէլեան բանակը արդէն Սուէզի ջրանցքի ափին է…

Անասելի յուսալքում, որ կը հասցնէ ընկճախտի, որուն պատճառով շատեր կը մահանան, անոնցմէ ամէնէն նշանաւորը` Սալահ Ճահին, նոյն ինքը` «յաղթանակի բանաստեղծը»:

Անշուշտ օրուան նախագահը` Ապտել Նասեր հրաժարական կու տայ, բայց ժողովուրդը կը ստիպէ իրեն վերադառնալ եւ վերցնել պատասխանատուութիւնը այդ պարտութեան…

Այս բոլորը կը յիշեմ, որովհետեւ վերջերս յարգելի գրագէտ մը «Ըսէ՛ք» խորագրուած քերթուածիս տակ հետեւեալը գրեր էր.

«Ինչո՞ւ այս ճենճերումը, թէեւ սքանչելի լեզուացայտքով տրուած, երբ տակաւին վերականգնումի յոյսը չէ դադրած շողալէ: Ողբասացութեամբ բան չենք կրնար փոխել. գոնէ խղճա՛ տաղանդիդ, որով կրնաս յոյսի՛ ջահեր վառել»:

Այս խօսքը, հազիւ քանի մը տողերով ըսուած այս «խրատ»-ը երկար մտածել տուաւ ինծի` բազմաթիւ հարցադրումներ ստեղծելով:

Իրապէ՞ս ողբասացութիւն է գրածս, թէ՞ բարկութեան` ժայթք. բարկութիւն` մեր պետութեան դէմ, որ օգտագործեց ժողովուրդին վստահութիւնը, բարկութիւն` ժողովուրդին դէմ, որ կը լռէ, բարկութիւն` մե՛ր դէմ, որ թերեւս կրնայինք բան մը ընել …

Իսկ իրապաշտութի՞ւնը:

Մեր պարագային իրապաշտութիւնը այն է, որ գիտենք, թէ սքանչելի մշակոյթ ունինք, բայց գիտենք նաեւ, թէ նոյնքան «սքանչելի» դիւանագիտութիւն չենք ունեցած, չունի՛նք:

Մշակոյթը երկիր կը պահէ, բայց չի կրնար գրաւուած հողերը ետ բերել:

Երբ այսքանը բացայայտօրէն կ’ըսեմ ու կը գրեմ, ողբասա՞ց կը դառնամ արդեօք:

Աւելի լաւ պիտի չըլլա՞յ, որ մեր ճշգրիտ վիճակը իմանանք եւ ըստ այդ լարենք մեր ուժերը, հաւաքենք մեր ամբողջ կարելիութիւնները եւ դէմ դնենք բոլոր այն երեւոյթներուն ու անձերուն, որոնք դէմ են հայրենիք հասկացողութեան, քան յոյսի օրօրներով մրափենք` տարտղնելով մեր ուժերը, ու յետոյ, երբ ցնցումը արթնցնէ մեզ բոլորս, տեսնենք, թէ ո՛չ միջոց ունինք, ո՛չ ալ ժամանակ` բան մը փրկելու:

Ուրեմն այսօր մենք, մեր գրագէտներով միասին, կը նախընտրենք «յոյսի ջահեր վառել» աւելի, քան` բաց աչքերով դիտել կացութիւնը, իրականութիւնը, մենք մեզ: Այդպէ՞ս է:

Եթէ գրագէտները, մանաւա՛նդ բանաստեղծները ճշմարտութեան երգիչներն են, սպասելի չէ՞, որ ճշմարիտ ցաւը երգեն, քան սին յոյսեր սնուցանեն: Եթէ Սիամանթոն իր «Կարմիր լուրեր»-ը փոխանցեց, ողբասա՞ց էր, կամ Վարուժան, որուն «Դիակի սայլը» մինչեւ այսօր իսկ արթուն կը պահէ Ցեղասպանութեան ճենճերող, չմարող ցաւը:

Ե՞րբ հաւաքաբար պիտի ընդունինք ժխտականը, որպէսզի կարենանք դէպի «վարդագոյն այգաբաց» դրական քայլ առնել:

Կարելի՞ է յոյսն ու զգաստ նայուածքը, կամ իրապաշտութիւնը հաւասարակշռել եւ անոնցմով խթանուիլ: Թերեւս: Բայց մենք, որ ծայրայեղութիւններու ժողովուրդ ենք, տակաւին հոն չենք հասած: Եւ այս` ըսուած թափանցիկ իրապաշտութեամբ եւ խորունկ ցաւով:

 

 

 

 

Նախորդը

Պայքար Յաւերժութեան

Յաջորդը

Ֆորմիւլա 1. Լոսըն Փոխարինեց Ռիքիարտոն

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Նորացուած Համայնավարութեան Կեղծիքը

October 16, 2026
Քառասուն Տարի. Ձայն Մը, Որ Երբեք Չլռեց
Անդրադարձ

Քառասուն Տարի. Ձայն Մը, Որ Երբեք Չլռեց

October 16, 2026
Հայագիտութիւն Մագիստրոսական Ծրագիր` Հայագիտական Համակողմանի Գիտելիքի Կարելիութիւն
Անդրադարձ

«Մեղու»-ն Ծնած Է Սէրէն»

October 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.