Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
«Չեմ Մոռանալու Յանուն Հայաստանի Եւ Չեմ Ներելու Յանուն Արցախի». Բագրատ Սրբազան
Պիտի չմոռնամ յանուն Հայաստանի եւ պիտի չներեմ յանուն Արցախի:
Այս յայտարարութիւնը կատարեց Սրբազան պայքարի առաջնորդ Բագրատ սրբազանը 44-օրեայ պատերազմի տարելիցին առիթով` ուղերձին մէջ ըսելով հետեւեալը.
«4 տարի առաջ այսօրը` սեպտեմբերի 27-ին, Ազրպէյճանը, Թուրքիայի հովանաւորութեամբ ու աջակցութեամբ, սանձազերծեց հերթական պատերազմը:
Այս պահին ես աղօթում եմ մեր նահատակ որդիների ու դուստրերի հոգիների խաղաղութեան համար եւ խոնարհումս` նրանց ու նրանց ընտանիքների առջեւ:
2020 թուականին հայրենական մեծ պատերազմում մարտի ելան հայոց քաջարի գնդերը` առանց կասկած ունենալու, որ պատերազմի ելքն արդէն իսկ կանխորոշուած էր, քանզի պատերազմի առաջին օրն իսկ Հայաստանի վարչապետի աթոռը զբաղեցնողը յայտարարեց` եկէք պայմանաւորուենք, որ ինչ էլ լինի, մենք մեզ պարտուած չենք համարելու: Ասաց եւ արեց: Պետութիւնը պարտութեան մատնելով` ինքն իրեն անպարտ կարգելով: Միջազգային իրաւունքով արգելուած զէնքերի կիրառմամբ, ահաբեկիչների ներգրաւումով, անմարդկային գազանութիւններով եւ մարդասիրական իրաւունքի հանրաճանաչ չափանիշները խախտելով` Պաքուին յաջողուեց գրաւել Արցախի զգալի մասը:
«Միջազգային հանրութիւնը, չհաշուած առանձին բացառութիւններ, լուռ հետեւում էր կատարուողին: 44-օրեայ պատերազմի պայմանական աւարտով եւ ստորագրուած նոյեմբերի 9-ի ամօթի եւ խայտառակութեան յայտարարութեամբ, ցաւօք, իրական պատերազմը չի դադարել: Մենք դրա շարունակութեան դրսեւորումները տեսանք Հայաստանի ինքնիշխան տարածքների նկատմամբ զաւթիչ գործողութիւններով, Արցախի շրջափակմամբ, 2023 թուականի սեպտեմբերի 19-ի պատերազմով ու դրան յաջորդած Արցախի հայաթափմամբ:
«Դժբախտաբար հայութեան դէմ սանձազերծուած թուրք-ազրպէյճանական յարձակումը, օգտուելով անպատժելիութեան եւ ամենաթողութեան մթնոլորտից, իր ամենատարբեր դրսեւորումներով շարունակւում է նաեւ այսօր` չնայած խաղաղութեան մասին պարբերաբար հնչող թեզերին ու խօսքերին:
«Առայսօր Ազրպէյճանը հրաժարւում է վերադարձնել մեր գերիներին եւ Արցախի պատանդառուած ռազմաքաղաքական ղեկավարութեանը: 44 օր տեւած պատերազմի, դրան նախորդող փուլի, պատերազմի ընթացքում, ապա նաեւ յաջորդող շրջանում Հայաստանի իշխանութիւնների արած քայլերի, ընդունուած որոշումների, ձեռք բերած պայմանաւորուածութիւնների ու դրանց հետեւանքների իրական գնահատականը կը տայ վաղուայ Հայաստանը` խորը եւ անաչառ իրաւական քննութեան արդիւնքում, բոլոր մեղաւորներին օրէնքի ողջ խստութեամբ պատժելու ճանապարհով: Սակայն այսօր իսկ արդէն միանշանակ եւ առաւել քան հիմնաւոր կարելի է փաստել, որ այս իշխանութիւնը չի իրականացրել անվտանգութեան ապահովման իր գործառոյթը` ո՛չ պատերազմից առաջ, ո՛չ պատերազմի ընթացքում եւ ո՛չ էլ դրանից յետոյ: Ամբողջութեամբ ձախողել է ե՛ւ անվտանգային ե՛ւ արտաքին քաղաքականութիւնը:
«Վաղուայ Հայաստանը կը տայ նաեւ իրական խաղաղութեան օրակարգը, որը որեւէ կերպ այսօրուայ պարտուած իշխանութիւնների քարոզած ամէն գնով մուրացիկ խաղաղութիւնը չէ, այլ հաւասարակշռութեան վրայ կառուցուած խաղաղութիւն է, որը կը լինի արդար, կայուն եւ երկարաժամկէտ:
«Հետեւաբար, քանի դեռ Հայաստանում շարունակում են իշխանութեան մնալ ամէն ինչ զիջելու պատրաստ, պարտուած ու անգամ մարդասիրական խնդիրները, գերիների վերադարձի հարցը բարձրաձայնելու, լուծելու կարողութիւն չունեցող իշխանութիւնները, քանի դեռ իշխանութիւնը զաւթել են Հայաստանի ազգային, պետական շահերի հետ ոչ մի առնչութիւն չունեցողները, 2020 թուականի սեպտեմբերի 27-ին սկսուած աղէտը շարունակւում եւ շարունակուելու է իր տարաբնոյթ դրսեւորումներով:
«Մենք կոչուած ենք փոփոխութեան, մենք կոչուած ենք ապաքինման եւ վերականգնման, մենք կոչուած ենք հայրենիք եւ յաղթանակ վերադարձնելու մեր բազմահազար զաւակներին, որոնք մեկնեցին` մահն արհամարհելով, հայրենիքն ու յաղթանակն իրենց սրտերում եւ աչքերում:
«Վերստին խոնարհումս` հայրենիքի պաշտպանութեան համար նահատակուած մեր հայորդիներին, եղբայրներին ու քոյրերին, խոնարհումս` նրանց մայրերի, հայրերի ու ընտանիքների առաջ:
«Չեմ մոռանալու յանուն Հայաստանի, չեմ ներելու յանուն Արցախի: Տէ՛ր, ուղղիր մեր ընթացքը դէպի արդարութիւն եւ դէպի յաղթանակներ»:
«Արցախի Կանչը» Յուշակոթողը` Նուիրուած Ազատագրական Պայքարի Բոլոր Նուիրեալներուն
«Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնին մէջ, 24 սեպտեմբերին, Արցախի նախագահին նախաձեռնութեամբ, հանրութեան լայն շերտերու հետ քննարկումներու իբրեւ արդիւնք եւ Հայաստանի կառավարութեան հետ ձեռք բերուած համաձայնութեամբ տեղի ունեցաւ «Արցախի կանչը» յուշակոթողի հիմնարկէքի արարողութիւնը:
Անիկա նուիրուած է Արցախի բոլոր պատերազմներուն նահատակուած եւ Արցախի մէջ 2023-ի պայթումին զոհերու յիշատակին:
Հիմնարկէքի արարողութեան ներկայ էին` Արցախի նախագահը, օրէնսդիր եւ գործադիր մարմիններու, քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներ, զոհուած ազատամարտիկներու, պայթիւնին պատճառով զոհուած արցախցիներու հարազատներ ու հայրենակիցներ:
Արցախի տեղահանումէն մէկ տարի ետք Արցախի հողին մէջ ննջող մեր պայքարի նուիրեալներու հարազատներուն համար ասիկա պիտի ըլլայ մխիթարութեան վայր մը, ուր կարելի պիտի ըլլայ ծաղիկներ զետեղել ու խնկարկել հարազատներու յիշատակը:
Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպս. Աբրահամեան կատարեց օրհնութեան կարգ եւ հոգեհանգստեան պաշտօն. ան աղօթք բարձրացուց 25 սեպտեմբեր 2023-ի պայթումին պատճառով զոհուած հայրենակիցներուն յիշատակին:
«Քրիստոնէութիւնը մեր արժանապատուութիւնն է. մեր արժանապատուութիւնը, համայն հայութեան խաչը Արցախն է, որ գերեվարուած է այսօր: Քրիստոնեայ աշխարհը պէտք է կրկին զգայ, որ գերեվարուած է իր արժանապատուութիւնը, որպէսզի նորէն վերականգնի հայուն, քրիստոնեային արժանապատուութիւնը:
«Մօտս երկու դրօշ կայ` Հայաստանի եւ Արցախի, մենք ամէն ինչ պէտք է ընենք, որպէսզի Արցախի Հանրապետութիւնը ոչ միայն գոյութիւն ունենայ, այլ կարողանայ իր առաքելութիւնը իրականացնել, տեսանելի ըլլալ` իբրեւ միակ երաշխաւոր Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներուն: Ուստի ամէն ինչ պէտք է ընենք, որ Արցախի Հանրապետութիւնը Հայաստանի մէջ ըլլայ լիարժէք` իր օրէնսդիր ու գործադիր բոլոր կանոններով: Արցախը պէտք է տեսանելի ըլլայ ե՛ւ սփիւռքի ե՛ւ միջազգային հանրութեան համար», ըսաւ առաջնորդը, ապա օրհնութեան կարգ կատարեց:
Արցախեան պատերազմի նահատակ ազատամարտիկներ Նորայր եւ Երուանդ Հաճեաններուն հայրը` Միքայէլ Հաճեան, իր խօսքին մէջ նշեց, որ որդիներուն յիշատակի օրերուն կ՛այցելեն Երեւանի երրորդ մասին մէջ գտնուող յուշաղբիւրը, ուր Նորայրին անունն ալ գրուած է 2016-ի ապրիլեան պատերազմի միւս նահատակներուն անուններուն կողքին: Ան նշեց, որ պիտի շարունակէ հոն այցելել, բայց «Եռաբլուր»-ի մէջ բացուած յուշակոթողը պիտի համախմբէ բոլորը, եւ ծաղիկ զետեղելու, յիշատակը խնկարկելու կարելիութիւն է:
«Մենք անպայման կը վերադառնանք տուն ու կը վերականգնենք մեր անկախ, ինքնիշխան Արցախի Հանրապետութիւնը: Այդ վերածնունդը հեռու չէ: Ես կը դիմեմ մեր բոլոր այն տղաներուն, որոնք մնացած են Ստեփանակերտի` մայր հողին մէջ, ուր անոնց հոգիները կը սաւառնին Արցախի երկնքին մէջ` սպասումով լի, վստահութեամբ, որ մենք բոլորս անպայման պիտի վերադառնանք ու տէր կանգնինք մեր հայրենի հողին, տէր կանգնինք արցախեան քաղաքակրթական արժէքներուն: Ես կը վստահեցնեմ տղաները, տղե՛րք ջան, մենք ձեզի հետ ենք, մենք անպայման պիտի վերադառնանք: Ես կը վստահեցնեմ ձեզ, այդ երազ չէ, այլ նպատակ է, նպատակ, որ պարտադիր իրականացման ենթակայ է: Ես կը դիմեմ այստեղ հաւաքուածներուն, ժողովո՛ւրդ ջան, եկէք, անկախ իւրաքանչիւրիս կուսակցական եւ այլ պատկանելիութենէ, համախմբուած ըլլանք, եկէք` ընկերային ցանցերը չլեցնենք պառակտող նիւթերով, եկէք` իմանանք, որ միասնաբար միայն կրնանք իրագործել մեր գլխաւոր գերագոյն նպատակը` Արցախի ազատագրումը եւ Արցախ մեր արժանապատիւ վերադարձը», ըսաւ ան:
Տեղահանուած ու որդիներուն գերեզմանները Արցախի մէջ ձգած հայրը չի դադրիր պայքարելէ` այս անգամ իրաւական դաշտին մէջ: Ան յայտնեց, որ իր իրաւունքներու ոտնահարման դիմումնագրով դիմած է Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին:
Զոհուած զինուորներէն մէկուն մայրը այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ նշեց, որ հայրենիքի հանդէպ սէրը կ՛արտայայտուի վտանգի պահուն, երբ պէտք է զոհաբերել սեփական կեանքը Արցախի համար:
«Արցախի կանչ» յուշակոթողը կարելի եղածին չափ պիտի նմանի Ստեփանակերտի յուշահամալիրին: Յուշակոթողի ճարտարապետներէն Միքայէլ Սարգսեան յայտնեց, որ կոթողին տարածքը շուրջ 500 քառակուսի մեթր է: Բուն կոթողը պիտի ունենայ 6 մեթր բարձրութիւն: «Ճարտարապետական նուազապաշտական ոճով պիտի պատրաստուի, որպէսզի մեր ժողովուրդի պարզութիւնը արտացոլացնէ: Պիտի ունենայ բաց խորան, որուն վրայ պրոնզէ տառերով պիտի գրուի յուշակոթողին անուանումը, պիտի ըլլան ծաղիկներու խոնարհման, մոմավառութեան, խունկ ծխելու տեղեր», ըսաւ ան:
«Մեր ժողովուրդի մեծ մասին հանգրուանը դարձած է մայր Հայաստանը, ժամանակաւոր հանգրուանը, որովհետեւ ոչ մէկ արցախցի երբեք չէ կորսնցուցած ու չի կորսնցներ տուն վերադառնալու յոյսն ու նպատակը: Այս մէկ տարուան ընթացքին շատ լսած ենք մեր հայրենակիցներէն` լալու տեղ անգամ չունինք: Հայրենիքի մէջ մնացած են մեր պապերն ու տատերը, քոյրերն ու եղբայրները, ամուսինները, զաւակները: Այդ մեծ ցաւը քիչ մը մեղմելու նպատակով հասարակութեան տարբեր շերտերու հետ պարբերական քննարկումներու իբրեւ արդիւնք եւ ըստ Հայաստանի կառավարութեան հետ ձեռք բերուած համաձայնութեան` նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանի նախաձեռնութեամբ «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնին մէջ կը կառուցուի «Արցախի կանչը» յուշակոթողը, յայտնեց նախաձեռնութեան համակարգող Յունան Թադէոսեան:
Նուպար Աֆէեան Կոչ Ուղղեց Ազրպէյճանի Իշխանութիւններուն Ռուբէն Վարդանեանը Եւ Ապօրինաբար Պաքուի Մէջ Պահուող Հայերը Ազատ Արձակելու
Ականաւոր գիտնական, գործարար եւ բարերար Նուպար Աֆէեան կոչ ուղղեց Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն` Ռուբէն Վարդանեանը եւ միւս բոլոր հայ գերիները ազատ արձակելու:
Ան գրած է «Էքս»-ի իր էջին վրայ, որ լրացաւ մէկ տարին, երբ իր ընկերը եւ գործընկերը` Ռուբէն Վարդանեան, բռնի եւ ապօրինի կերպով ձերբակալուեցաւ Ազրպէյճանի կողմէ: Բազմաթիւ այլ հայերու հետ ան կը շարունակէ ապօրինաբար պահուիլ Պաքուի մէջ, ուր բացայայտօրէն կը խախտին անոնց հիմնարար իրաւունքները:
«Աշխարհը պէտք չէ անարդարութիւնը տեսնէ ու ոչինչ ընէ: Ժամանակն է գործելու, յատկապէս երբ Ազրպէյճան կը պատրաստուի ընդունելու COP29-ը` ծաղրելով զայն, ինչ որ պէտք է առանցքային կլիմայական իրադարձութիւն ըլլայ աշխարհին համար, որ մարդու իրաւունքները կը նկատէ իր օրակարգին առանցքը: Ես կոչ կ՛ուղղեմ Ազրպէյճանի կառավարութեան` Ռուբէնը եւ Պաքուի մէջ ապօրինի կերպով պահուող բոլոր հայ գերիները անյապաղ ազատ արձակելու», գրած է Աֆէեան:
Ռուբէն Վարդանեանի որդին` Դաւիթ Վարդանեան եւս յայտարարութիւն մը կատարելով` գրած է հետեւեալը. «Այսօր լրանում է մէկ տարին` ինչ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները կամայականօրէն կալանաւորեցին յայտնի գործարար եւ մարդասէր Ռուբէն Վարդանեանը: Նրա ձերբակալութեանը յաջորդեցին արցախցի միւս գործիչների` Արցախի Հանրապետութեան նախկին նախագահներ Արկադի Ղուկասեանի, Բակօ Սահակեանի, Արայիկ Յարութիւնեանի, Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեանի, նախկին արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեանի, Արցախի պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար Լեւոն Մնացականեանի, հրամանատարի նախկին տեղակալ Դաւիթ Մանուկեանի ձերբակալութիւնները:
«Հօրս կամայական ազատազրկումը` առանց որեւէ ապացոյցի կամ արդար դատաքննութեան, միջազգային բոլոր չափանիշների եւ օրէնքների բացայայտ խախտում է: Մենք կոչ ենք անում միջազգային հանրութեանն աշխուժացնել ջանքերը` ապահովելու նրա անյապաղ եւ անվերապահ ազատ արձակումը` Ազրպէյճանում անօրինաբար կալանաւորուած միւս հայ ղեկավարների հետ միասին»:
«Մէկ տարի բանտարկուած պահելը` առանց դատավարութեան կամ յստակ ապացոյցներու, կը վկայէ այս գործի քաղաքական բնոյթին մասին», նկատել տուաւ Վարդանեան ընտանիքի միջազգային իրաւապաշտպան Ճերըտ Կենսըր` աւելցնելով. «Ազրպէյճան պէտք է յարգէ Քաղաքացիական եւ քաղաքական իրաւունքներու միջազգային դաշնագիրով ստանձնած պարտաւորութիւնները եւ անյապաղ ազատ արձակէ Ռուբէն Վարդանեանը»:
Հայաստանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը «Եռաբլուր» Այցելեց
27 սեպտեմբերին Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Քրիսթինա Քվիըն այցելեց «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն եւ զօրակցեցաւ ու իր յարգանքի տուրքը մատուցեց Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ տասնամեակներ տեւող հակամարտութեան պատճառով իրենց կեանքը զոհած հայերուն:
Այս մասին կը յայտնեն ամերիկեան դեսպանատունէն:
«Միացեալ Նահանգները յանձնառու են աշխատելու Հայաստանի կառավարութեան հետ` օգնելու իրենց տունը եւ ապրուստը կորսնցուցած անձերուն: Մենք կը վերահաստատենք մեր հաստատուն աջակցութիւնը տարածաշրջանին մէջ տեւական եւ արժանապատիւ խաղաղութեան հաստատման, որ պիտի երաշխաւորէ կայունութիւն եւ ապահովութիւն», նշուած է դեսպանատան տարածած հաղորդագրութեան մէջ:
«Մեր Միտքերը Մարտի Դաշտին Մէջ Ինկած Զինուորներուն Հետ Են». Հայաստանի Մէջ Ֆրանսայի Դեսպան
«Մեր միտքերը մարտի դաշտին մէջ ինկած զինուորներուն, անոնց ընտանիքներուն եւ ընկերներուն հետ են», «Էքս»-ի իր էջին վրայ գրած է Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինըյի:
Ան նաեւ անդրադարձած է, որ չորս տարի առաջ` 27 սեպտեմբեր 2020-ին, սկսաւ 44-օրեայ պատերազմը:
Տըքոթինըյի նաեւ իր գրութեան կից «Եռաբլուր»-էն լուսանկար մը հրապարակած է:
Միացեալ Նահանգներ 20 Միլիոն 6 Հարիւր Հազար Տոլարի Աջակցութիւն Պիտի Տրամադրեն Հայաստանին
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն եւ Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան ղեկավար Սամանթա Փաուըր անդրադառնալով Հայաստանի ժողովրդավարական յառաջընթացին` յայտարարեցին հետագայ զարգացումները խթանելու նպատակով Միացեալ Նահանգներու կողմէ 20 միլիոն 6 հարիւր հազար տոլար տրամադրելու մասին:
Այս մասին Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուած է, որ նոր նիւթական յանձնառութիւնները, որոնց մասին յայտարարուեցաւ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին, պիտի ուղղուին կառավարութեան բարեփոխումներուն եւ պիտի նպաստեն հանրային ծառայութիւններու բարելաւման, Միջազգային զարգացման գործակալութեան «Ժողովրդավարութիւնը արդիւնաւէտ է» նախաձեռնութեան շրջագիծին մէջ:
ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ տեղի ունեցած վերոյիշեալ նախաձեռնութեամբ Պլինքըն եւ Փաուըր, «Ֆորտ հիմնարկ»-ին հետ համագործակցելով, մէկ յարկի տակ հաւաքեցին գործընկեր պետութիւններու ղեկավարներ, բարեսիրական գործընկերներ եւ քաղաքացիական հանրութիւնը` քննելու օժանդակութեան յաւելումի Հայաստանին եւ աշխարհի այլ երկիրներու, ուր ժողովրդավարական հեռանկարներ ու կարելիութիւններ պիտի բացուին:
Յայտարարուեցաւ արհեստագիտութեան սահմանային եւ ուժանիւթի ապահովութեան մեծացման եւ սպառնալիքներու ու մարտահրաւէրներու նկատմամբ դիմակայունութեան ամրապնդման հարցերուն մէջ Հայաստանին աջակցելու նպատակով 20 միլիոն տոլար տրամադրելու մասին:
Բացի այդ, Միջազգային զարգացման գործակալութիւնը յայտարարեց նաեւ 6 հարիւր հազար տոլարի նիւթական յատկացումի մասին, որ «Տեղեկատուական բարեվարքութեան եւ դիմադրականութեան բարելաւման նախաձեռնութեան» (ProInfo) ծիրին մէջ պիտի ուղղուի` ազդեցիկ եւ հանրային հետաքրքրութիւններէ բխող լրագրութիւն ապահովելու նպատակով անկախ լրատուամիջոցներու արհեստագիտական արդիականացման, լրատուական եւ տեղեկատուական գրագիտութեան հարցերուն մէջ նորարարութիւններու խթանման եւ Հայաստանի մէջ լրատուական ոլորտի առանցքային բարեփոխումներու ջատագովման աշխատանքներուն: