ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Արցախցիներուն օգնութեան հասնելու առաջադրանքով Գորիսէն ճամբայ ելած Անդրանիկ յաղթական արշաւով ծանր հարուած հասցուց թաթարական ուժերուն: Հայկական ուժերուն առջեւ այլեւս բացուած էր դէպի Շուշի ճանապարհը, երբ Անդրանիկի ուղարկուեցաւ Պաքու հաստատուած անգլիական զինուորական իշխանութեան ներկայացուցիչ զօրավար Ուիլիըմ Մոնթկոմըրի Թոմսընի անստորագիր հեռագիրը, ուր անոր կը հրահանգուէր գրոհի չանցնիլ թրքական կամ ազրպէյճանական զօրքերուն դէմ:
Ազրպէյճանի մուսաւաթական կառավարութիւնը եւ Պաքու հաստատուած անգլիական զինուորական իշխանութիւնները ուշի ուշով կը հետեւէին Անդրանիկի շարժումներուն եւ երբ տեսան, որ իրադարձութիւնները կը զարգանան յօգուտ հայերուն, վճռեցին կտրուկ միջոցներու դիմելու:
Պաքուի մուսաւաթական կառավարութիւնը 1 դեկտեմբեր 1918-ին մէկը միւսին ետեւէն Շուշիէն հեռագիրներ կը ստանար: Շուշիի թաթարները օգնութեան հասնելու եւ հայկական զօրքի յառաջխաղացքը կասեցնելու կոչեր կը յղէին կառավարութեան:
Ազրպէյճանի կառավարութիւնը փութով պաշտօնապէս դիմեց Պաքու հաստատուած անգլիական սպայակոյտին:
Վարչապետ Ֆաթալի խան Խոյսկի հանդիպումներ ունեցաւ զօրավար Թոմսընի, ազրպէյճանական բանակի հրամանատար զօրավար Ալի աղա Շիխլինսկիի, պատերազմական նախարարի տեղակալ զօրավար Մամէտբէկ Մեհմանդարովի, հեծելազօրքի հրամանատար զօրավար Հիւսէյն խան Նախիջեւանսկիի եւ զինուորական ու պետական այլ գործիչներու հետ:
Անդրանիկի ուղղուած զօրավար Թոմսընի անստորագիր հեռագիրէն քիչ ետք Շուշի հասաւ նաեւ վարչապետ Ֆաթալի խան Խոյսկիի հեռագիրը` հասցէագրուած Շուշիի գաւառապետին, քաղաքապետին, հայոց Ազգային խորհուրդին եւ հայկական զինուորական հրամանատարին` անգլիացի զօրավարին հեռագիրը անյապաղ Անդրանիկի հասցնելու հրահանգով:
Զօրավար Թոմսընի եւ վարչապետ խան Խոյսկիի հեռագիրները առաջինը ստացան Շուշիի հայկական կառավարութեան նախկին անդամները եւ Վարանդայի հրամանատար Սոկրատ բէկ: Անոնք, առանց վայրկեան մը կորսնցնելու, հեռագիրները Անդրանիկի ուղարկեցին:
* * *
Անդրանիկ Զաբուղի կամուրջին մօտ վրան լարած էր եւ իր քարտուղար Եղիշէ Քաջունիի եւ թարգմանիչ Յարութիւնի հետ կը զրուցէր, երբ Կոռնիձորէն հասնող ձիաւոր մը ներկայացաւ զօրավարին եւ անոր յանձնեց հեռագիրները: Ան նաեւ հաղորդեց, որ այդ հեռագիրները Հարար գիւղէն Կոռնիձոր հասցուցած է ծեր գիւղացի մը եւ հոն ալ կը սպասէ, պատասխանը տանելու համար:
Թոմսընի հեռագիրին ծանօթանալէ ետք Անդրանիկ տարակուսանքի մատնուեցաւ եւ կասկածի տակ առաւ բովանդակութիւնը` նկատի ունենալով որ անգլիացի զօրավարին ստորագրութիւնը չկար: Տարակուսանք յայտնեցին նաեւ հեռագիրին ծանօթացած սպայակոյտի անդամները: «Հաւանաբար թուրքերուն հերթական խաղն է», մտածեցին անոնք:
Անդրանիկ, այնուամենայնիւ, որոշեց պատասխան ուղարկել թէ՛ Թոմսընի եւ թէ խան Խոյսկիի:
Թոմսընի ուղարկած պատասխանին մէջ Անդրանիկ կասկած կը յայտնէր, թէ հեռագիրին տակ անոր ստորագրութիւնն է: Նոյնը ան հաղորդեց խան Խոյսկիի հասցէագրուած հետեւեալ պատասխանին մէջ:
«Ազրպէյճանի վարչապետ Խոյսկիին, չորս պատճէնը` Շուշի` իսլամական զօրքերու Շուշիի հրամանատարին, Շուշիի իսլամական Ազգային կոմիտէին, Շուշիի հայկական Ազգային կոմիտէին եւ Ղարաբաղի հայկական թեմի առաջնորդին:
Պաքուի հրամանատարի` անգլիացի զօրավարի թիւ 501 հրահանգը ստացած եմ այսօր: Այդ կարգադրութիւնը մէջս որոշ կասկած յարուցեց անոր իսկութեան վերաբերեալ:
Նախ անոր մէջ չի յիշատակուիր անգլիական զօրավարի, նոյն ինքն` Պաքուի մէջ դաշնակիցներու ներկայացուցիչին ազգանունը, երկրորդ, եթէ անիկա պաշտօնական բնոյթ կը կրէ, կը թուի, ինծի պէտք է յանձնուէր Շուշի քաղաքի հայ եւ իսլամ բնակչութեան ընտրովի ներկայացուցիչներէ կամ ոեւէ պաշտօնական անձի կողմէ, բայց, յամենայն դէպս, ոչ Հարար գիւղի կոյր ծերունիիի կողմէ:
Ինչ կը վերաբերի Զանգեզուրէն դէպի Շուշի իմ շարժելուն, ատոր համար ես բազմաթիւ ծանրակշիռ պատճառներ ունիմ: Ահա մէկ տարի է, ինչ թաթարները կտրած են ամէն տեսակի հաղորդակցութիւն Զանգեզուրի եւ Ղարաբաղի հայերու միջեւ:

Զաբուղ եւ Հագարի գետերու խորխորատներուն մէջ ինկած են քանի մը հարիւրի հասնող դիակները այն զինուորներուն, որոնք ռազմաճակատէն Զանգեզուրի վրայով կը վերադառնային Ղարաբաղ: Յուլիսին եւ օգոստոսին բարբարոսաբար սպաննուած են հազարաւոր թրքահայ գաղթականներ, որոնց ցանկութիւնը եղած էր բնակութիւն հաստատել Ղարաբաղի մէջ: Կալադարասի հայկական գիւղի լիակատար ոչնչացումը, թաթարներու կողմէ Զանգեզուրի հայերուն վրայ յարձակումները, կողոպուտներն ու ասպատակութիւնները, իրենց երկրամաս վերադառնալու հնարաւորութենէն զրկուած ղարաբաղցիներու կուտակումները Զանգեզուրի մէջ եւ, վերջապէս, իսլամներու թշնամական վերաբերումը Ղարաբաղի հայ բնակչութեան նկատմամբ, այս բոլորը զիս կը պարտադրեն իրարու կապել այդ երկու երկրամասերը»:
Հեռագիրներուն պատասխանները ուղարկուեցան նոյն ճամբով` հարարցի ծերունիին միջոցով:
Պաքուէն հասած հեռագիր-հրահանգը չկանգնեցուց Անդրանիկը: Սպաներն ու զինուորները պատրաստութիւններ կը տեսնէին: Բոլորը կը սպասէին յաջորդ օրուան առաւօտուն ճամբայ ելլելու դէպի Ղարաղշլաղ եւ հոնկէ` Շուշի:
* * *
Դեկտեմբեր 2-ի առաւօտուն զօրքը կազմ ու պատրաստ կը սպասէր Անդրանիկի հրամանին:

Յանկարծ լուր բերին որ խճուղիին վրայէն դէպի Աւ դալար կու գայ ինքնաշարժ մը` սպիտակ դրօշակ պարզած: Կամուրջը հսկող մարտիկներուն հրահանգուեցաւ ինքնաշարժին թոյլ չտալ անցնելու եւ ընկերակցիլ եկողներուն: Հետեւակ եւ ձիաւոր մէկական վաշտեր զինուորական պատիւ բռնեցին:
Ինքնաշարժը կանգ առաւ եւ մէջէն դուրս ելան երկու սպաներ` անգլիացի գնդապետ Սքուէր եւ ֆրանսացի գնդապետ Կասֆիլտ:
Ընդունելով վաշտերուն ողջոյնը, անոնք խնդրեցին զիրենք առաջնորդել Անդրանիկի մօտ:
Սպաներուն հետ եկած էին հայ թարգմանիչ մը եւ թաթար յայտնի աւազակապետ մը` Շիրին:
Այդ պահուն Անդրանիկ գետին եզերքն էր, այգիներուն մէջ: Անոր յայտնեցին Պաքուէն ժամանած պատուիրակներու մասին, եւ ան վերադարձաւ իր վրանը: Քիչ անց հասան պատուիրակները:
Անդրանիկ «հաշտարար» պատուիրակները ընդունեց զուսպ զայրոյթով եւ շատ սառն կերպով:
Ողջունելով հայոց զօրավարը եւ արտայայտելով իրենց գոհունակութիւնը գերմանական եւ թրքական զինակցութեան նկատմամբ դաշնակից պետութիւններուն տարած յաղթանակին առիթով, անոնք ներկայացուցին նամակը` հրահանգելով կասեցնել յառաջխաղացքը եւ սպառնալով, որ նման քայլ մը կը վնասէ հայոց ազգային դատի նպաստաւոր լուծումին, եւ որ զինադադարի խախտումը դաշնակիցներուն դէմ թշնամական քայլ կը նկատուի:
Անդրանիկ զարմանք յայտնեց, որ իրեն կը ստիպեն կրկին վերադառնալ Գորիս, մինչդեռ ինք Հայաստանի հողին վրայ կը գտնուի եւ հետեւաբար ազատ է շարժելու ուր որ կ՛ուզէ: Ան նաեւ իր վիշտը յայտնեց որ իրեն վերադառնալ ստիպողները հայերուն «դաշնակից» նկատուած անգլիացիներն են:
Սպաները իրենք իրենց իրաւունք չտուին, աւելի ճիշդ` չհամարձակեցան պատասխանել Անդրանիկին, տեսնելով անոր զայրոյթը եւ սպառնալից աչքերը, այլ կեղծ ակնածանքով յանձնեցին Թոմսընի նամակը:
Թոմսըն իր ստորագրած, բայց անթուակիր նամակին մէջ կը գրէր.
«Անդրանիկին կամ Շուշի քաղաքի շրջակայքը գտնուող հայկական միւս հրամանատարներուն:
Ես տեղեկութիւններ ունիմ, որ դուք մտադիր էք յարձակում գործելու Շուշի քաղաքին վրայ, ուրկէ այժմ հեռացած է հոն գտնուող թրքական զօրքը` դաշնակիցներու կարգադրութեան համաձայն:
Ազրպէյճանական զօրքերուն դաշնակիցներուն կողմէ հրամայուած է թշնամական գործողութիւններ չձեռնարկել հայերու դէմ եւ այժմ ես, իբրեւ դաշնակիցներու ներկայացուցիչ, ձեզի կ՛առաջարկեմ ձեռնպահ մնալ թշնամական որեւէ գործողութենէ ուղղուած թրքական եւ ազրպէյճանական զօրքերուն դէմ:
Ես ձեզի կը նախազգուշացնեմ, որ եթէ դուք չկատարէք ինձմէ ստացած այս հրահանգը, անձամբ պատասխանատու կ՛ըլլաք` ձեր գործողութիւններու հետեւանքով յառաջացած արիւնահեղութեան համար:
Ես ձեզի այդ կապակցութեամբ երէկ հեռագիր ուղարկած եմ: Դուք չէք կրնար չիմանալ, որ իմ հրահանգներու կատարումէն ձեր ամէն մէկ խուսափումը անպայման լրջօրէն կ՛ազդէ հայերու հարցին վրայ, երբ անիկա քննարկուի խաղաղութեան վեհաժողովին:
Ես ձեզի սոյն նամակը կ՛ուղարկեմ դաշնակիցներու ներկայացուցիչներէն կազմուած պատուիրակութեան միջոցով եւ կը խնդրեմ անոնց ստորագրութիւն տալ նամակը ստացած ըլլալուն մասին»:
* * *
Անգլիացի զօրավարին սպառնական եւ աննրբանկատ ոճով գրած նամակէն Անդրանիկ եզրակացուց, որ Մեծն Բրիտանիա Ազրպէյճանի շահերը պիտի պաշտպանէ:
«Հաշտարար» պատուիրակներուն հետ եկած հայ թարգմանիչը նոյն պահուն Անդրանիկին յանձնեց Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Ապառաժի կեդրոնական կոմիտէին նամակը:
Նամակին մէջ կը շեշտուէր, որ անգլիացիները մտադիր են Ղարաբաղը Զանգեզուրի հետ Ազրպէյճանին կցելու, հետեւաբար բոլոր միջոցներով պէտք է խափանել այդ ծրագիրը: Անդրանիկէն կը խնդրուէր կանգ չառնել կէս ճամբուն վրայ, անպայման մտնել Շուշի եւ կատարուած փաստի առջեւ դնել դաշնակիցներն ու մուսաւաթը:
Անդրանիկ տանջալից մտորումներու մէջ ինկաւ: Ան իր մերձաւորներուն ըսաւ.
– Եթէ արհամարհեմ անգլիացիներու հրահանգը, կրնամ վնասել գործին: Շուշի մտնելով ես պէտք է բնականաբար ընդհարում ունենամ ոչ միայն Ազրպէյճանի թուրքերուն, այլեւ անգլիացիներուն հետ: Թուրքերը ճիշդ ատոր կը ձգտին:
Վրանին մէջ զրոյցը երկար տեւեց: Կողմերը վերջնական համաձայնութեան չեկան, բայց երկուստեք պայմանաւորուեցան, որ յառաջիկային դաշնակիցներու ներկայացուցիչները Գորիս կը ժամանեն եւ բանակցութիւնները կը շարունակեն Անդրանիկի հետ:
«Հաշտարար» պատուիրակութիւնը հասաւ իր նպատակին` ստանալով հրացանաձգութիւնը դադրեցնելու եւ զօրքը Գորիս վերադարձնելու մասին Անդրանիկի համաձայնութիւնը:
Մութը տակաւին չէր կոխած, երբ Անդրանիկ զօրքին հրամայեց դադրեցնել հրացանաձգութիւնը եւ այլեւս առաջ չշարժիլ:
Կողմերը համաձայնեցան նաեւ, որ Հագարի գետը սահման պիտի դառնայ Զանգեզուրի եւ Ազրպէյճանի միջեւ: