Յօդուածներ

Դաշնակցութիւնը Երանի՜ Սխալած Ըլլար

Պնակ Մը «Տաք Ճաշ»

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ Մեր կեանքին մէջ կան երեւոյթներ, որոնց կը հանդիպինք ամէնօրեայ դրութեամբ, եւ որոնց բարիքները կը վայելենք, բայց արժէքին ու խորքային նշանակութեան չենք անդրադառնար, որովհետեւ կը վերածուին առօրեայի անբաժան ու բնական մէկ մասնիկի: Քսան տարիներէ ի վեր, հետեւողական դրութեամբ մեր համայնքին մէջ կը գործէ ԼՕԽ-ի «Վարդուհի Տեկիրմէնճեան» խոհանոցի «Տաք ճաշ»-ի ծրագիրը: Լիբանանահայ օգնութեան խաչի բարեսիրական, առողջապահական, ընկերային դաստիարակչական եւ այլ...

Լիլիթ Գալստեան Ընտրուեցաւ ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական Վեհաժողովի Ընկերվարականներու Եւ Ընկերվար-Ժողովրդավարներու Խմբակցութեան Փոխնախագահ

Լիլիթ Գալստեան Ընտրուեցաւ ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական Վեհաժողովի Ընկերվարականներու Եւ Ընկերվար-Ժողովրդավարներու Խմբակցութեան Փոխնախագահ

Տապլինի մէջ տեղի ունեցող ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի աշնանային նստաշրջանին, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ, Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեան ընտրուեցաւ վեհաժողովի երկրորդ մեծ խմբակցութեան` Ընկերվարականներու եւ ընկերվար-ժողովրդավարներու խմբակցութեան (SDSP) փոխնախագահ: Այս մասին տեղեկացուց Գալստեան` գրելով հետեւեալը. «Շատ պարտաւորեցնող է. շարունակելու եմ միջազգային հարթակներում եւ յատկապէս ընկերվարականներու մեծ ընտանիքում ներկայացնել ու պաշտպանել Հայաստան-Արցախի շահը»: Գալստեանի վերոյիշեալ  աշնանային նստաշրջանին...

Ազրպէյճան Մտադիր Է Գրաւել Հայաստանը Եւ Ստեղծել «Արեւմտեան Ազրպէյճան»

Թուրք Դիւանագէտները Ուաշինկթընի Դատարանին Մէջ Կը Մեղադրուին Ամերիկեան Օրէնքները Խախտելու Մէջ

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ Թուրք հետաքննող լրագրող Ապտուլլա Պոզքուրթ «Նորտիք Մոնիթըր»-ի մէջ գրած է յօդուած մը` «Ուաշինկթընի դատարանին մէջ թուրք բարձրաստիճան դիւանագէտները կը մեղադրուին մարդոց առեւտուր-օգտագործման եւ խարդախութեան մէջ» խորագիրով: Պոզքուրթ կ՛արձանագրէ, որ Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան երկրորդ բարձրաստիճան դիւանագէտ, առաքելութեան ղեկավարի նախկին տեղակալ Հուսնու Սինան Էրթայն ու անոր կինը` դեսպանատան դիւանագիտական խորհրդական Անիլ Օզկէ Էրթայը, «մեղադրուած են մարդոց առեւտուր-օգտագործման, խարդախութեան, անհիմն...

Մտորում` Դիպուածէն, Տեղեկութենէն  Եւ Յուզումէն Տարբեր Ալիքներու Վրայ.  Այս Է Մեր Ճակատագիրը: Դիմանալ Է Պէտք: Յետո՞յ…

Սփիւռքի Մարդահամար

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Ինքնախօսութեան հանդէս. կ՛ըսենք եւ կը գրենք սփիւռք: Ո՞վ կրնայ ըսել, թէ մարդկային,  թուական, ընկերաքաղաքական եւ այլ կարողականութիւններու ի՞նչ կշիռ կայ այդ կրկնուող յղացքի ետին: Հեռաւոր կամ մօտաւոր ո՞ր ճշգրտութեամբ կը խօսուի եւ կը գրուի ՍՓԻՒՌՔ-ի ենթադրական միլիոններու մասին: Ի՞նչ հիմնաւորումներով կ՛ըլլայ համրանքի գնահատումը: Այլ հարց է ազգային որակի հարցը: Եթէ սփիւռքը հայրենահանուածներու յետնորդներու աշխարհագրական բանաձեւում չունեցող անորոշ  սահմաններու...

Ոտնակոխ Տունը

Ամրութիւններ Թափանցող Հրթիռներու Բնագիտութիւնը

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ Պատմական.-  Վերի մանրանկարը ցոյց կու տայ Crécy-ի ճակատամարտը (1346), ուր Էտուարտ Բ. յաջողած էր գերազանց ֆրանսական ծանր հեծելազօրը չէզոքացնել` գործածելով լայն աղեղներ եւ նետի սեպաձեւ սլաքներ: Պատկերը ցոյց կու տայ, որ ֆրանսացիք կը գործածէին խաչաձեւ աղեղներ (crossbow) եւ ուսաւոր սլաքներ: Լայն աղեղները շատ աւելի արագահարուած են (ձախին` ֆրանսացի զինուորը, որ կը տքնի լծակաւոր պտուտակով լարելու համար իր...

Յակոբ Ս. Տէր Կարապետեանի «Բանտէ Բանտ»-ը`  Տառապանքի Ճանապարհը 100 Տարի Առաջ

Պատմաբան Նիքըլաս Տենֆըրթ Կ՛ուսումնասիրէ Թուրքիոյ Արեւմտականացումը Քեմալիզմի Եւ Էրտողանի Ձեւերով

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԻՍԿԱՀԱՏԵԱՆ Միջին Արեւելքի մասին Արեւմուտքի պատմաբաններու ուսումնասիրութիւնները, Թուրքիոյ արեւմտականացման տեսակէտով, Էրտողանի օգտակար դարձած ու ամրապնդած են անոր մենատիրական իշխանութիւնը, կը հաստատէ վերլուծաբան Նիքըլաս Տենֆըրթ (համացանցային կայքէջ.- http://cambridgelog.org/2021/08/the-misreading-of-mid-century-turkey/):  Ասոր  պատճառը այն է, որ միջազգային եւ թրքական հանրային կարծիքը մեծ համարում ունի ամերիկեան եւ եւրոպական պատմաբանական ու վերլուծական ուսումնասիրութիւններու վրայ` հակառակ այն իրողութեան, որ այդ ուսումնասիրութիւններուն դրդապատճառները ընդհանրապէս հիմնուած են սուտերու...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Հարեւանիս Շան Հաջոցը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Թունաւոր Օձեր

ՍԻՄՈՆ ԿՈՍՏԱՆԴԻՆԵԱՆ Սարգիսը մեր շատ կը սիրէ Գիւղի տունը, պարտէզը շէն, Ան հպարտ է իր վարդերով` Բոսոր, դեղին, վառ գոյներով. Այդ օր ուրախ սովորական Կ՛իջնէ պարտէզ անզուգական Հոգ տանելու իր վարդերուն, Հողին խնամք շնորհելու: Ուրախ էին այդ օր վարդեր, Բուրմունքներով յոյժ գինովցեր, Կը շոյէին մեր Սարգիսին, Անոր վրայ կը հակէին: Յանկարծ Սարգիս պոռչտուքներով Կը խանգարէ վլվլուկով Անդաստանը չնաշխարհիկ, Թունաւորուած կ՛իյնայ...

Ի՞նչ Կը Կատարուի Այնտեղ` Մութին … ( Ազգային Ժողովի Ամպիոնէն` Պրաթիսլաւա )

«Հայաստան-Թուրքիա Սիրաբանութիւնը Վերջում Վտանգ Է Բերելու Հայաստանին Եւ Հայ Ժողովրդին». Հրաչ Վարժապետեան

Սեպտեմբեր 29-ին Ֆրանսայի մէջ դանակներով զինուած թուրք համակիրները յարձակեցան հայ ֆութպոլիստներուն վրայ: «Նուվել տ՛Արմենի»-ի հաղորդմամբ, շրջանային ախոյեանութեան ծիրին մէջ հայ համայնքի ներկայացուցիչներէ բաղկացած ՀՄԸՄ-ի Վալանսի մասնաճիւղի հերթական հանդիպումը կայացաւ տեղւոյն թրքական համայնքը ներկայացնող «FC Turquoise»-ի հետ: Առաջին կիսախաղէն ետք ՀՄԸՄ-ի Վալանսի մասնաճիւղը կը յաղթէր 2-0 հաշուով, թուրք համակիրները ներխուժեցին խաղադաշտ եւ յարձակեցան հայ ֆութպոլիստներուն, նաեւ` համակիրներուն վրայ: Ֆրանսական հեղինակաւոր «Լը...

Առաջնորդներու Սպանութիւնները Լուծո՞ւմ Են

Առաջնորդներու Սպանութիւնները Լուծո՞ւմ Են

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Հետաքրքրական զուգադիպութեամբ մը անցեալ ամիս «Տը Քոնվըրզէյշըն»-ը եւ «Թեհրան Թայմզ»-ը  յօդուածներ հրապարակած էին քաղաքական եւ դիմադրութեան  ղեկավարներու սպանութիւններու մասին: Երբ կը պատրաստէինք այդ նիւթերը, պատահեցաւ այն, որուն աշխարհը ականատես եղաւ անցեալ շաբաթ եւ, ըստ սովորութեան, լռեց... Կը ներկայացնենք առաջին յօդուածը: Ն. Քաղաքական սպանութիւնները միայն ամերիկեան խնդիր չեն, անոնք չափազանց յաճախակի եղած են պատմութեան ընթացքին: Երբ  Յուլիոս Կեսար...

Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ

Տեսակէտ. Լիբանանեան Այժմու Միասնութեան Ենթահողը

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ «Ազդակ»-ի 3 հոկտեմբեր 2024-ի հետեւեալ լրատուութիւնը` «Պըրրիի եւ ժոմպլաթի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Միքաթի ըսաւ. «Կոչ կ՛ուղղենք զինադադար հաստատելու եւ թիւ 1701 որոշումը գործադրելու», իրականութեան մէջ ասիկա իսլամ երեք համայնքներուն` սիւննի, շիի եւ տիւրզի, միասնական կեցուածքին փաստն է: Դժբախտաբար 2006-ի Լիբանանի վրայ իսրայէլեան նմանօրինակ յարձակումներուն ընթացքին վարչապետ Սինիորայի օրօք այս իսլամ միասնականութիւնը չկար, եւ լիբանանեան հզօր դիմադրութեան...

Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ

Մեր Դատումներով Ու Դիտարկումներով. Լիբանան Եւ Պաղեստին Այլընտրանք Ունի՞ն Բացի Ինքնապաշտպանութենէն, Ինչ Որ Զլացուեցաւ Հայութեան

ՊԱՐՈՅՐ Յ. ԱՂՊԱՇԵԱՆ Ամէն անգամ կամ առիթով, երբ իրազեկ կը դառնամ հոս ու հոն տեղի ունեցող պատերազմներուն եւ առճակատումներուն, անոնք արդարացի ու տեղին ըլլան թէ ոչ, ակամայ կը մտածեմ, թէ ինչո՞ւ կը բռնկին եւ ո՞վ է մեղաւորը (կամ զոհը): Անշուշտ տրամաբանական ու համոզիչ պատասխանները միշտ գտնելը դիւրին չ՛ըլլար, որքան ալ, կարգ մը պարագաներու, անոնց ետին գտնուող պատճառները, առաւել կամ նուազ...

Դեղորայքի Մատակարարումը Առաջնահերթ Է

Դեղորայքի Մատակարարումը Առաջնահերթ Է

ԱՆԱՀԻՏ ՊՈՒԼՏՈՒՔԵԱՆ-ՏԱՆՁԻԿԵԱՆ 2023 փետրուարէն սկսեալ  «Գլարա Մարկոսեան» հիմնադրամը, որ կը գտնուի Միացեալ Նահանգներու Ֆրեզնօ քաղաքին մէջ, աւելի քան մէկուկէս տարիէ ի վեր օգնութիւն կը տրամադրէ Լիբանանի կարիքաւորներուն: Անոր նպատակն է  անհրաժեշտ սննդամթերք եւ բժշկական աջակցութիւն տրամադրել անապահով համայնքներուն: Կարեկցանքի եւ նուիրուածութեան միջոցով հիմնադրամը կը ձգտի մեղմել սովը եւ բարելաւել խոցելի բնակչութեան բարեկեցութիւնը: «Գլարա Մարկոսեան» հիմնադրամի տնօրէն տոքթ. Վարուժ Ալթըպարմաքեանը նպատակ...

Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ

Տարիքս

ՄԱՐԻ ՌՈԶ ԱԲՈՒՍԷՖԵԱՆ Ա՜խ, այս տարիքս... տարիքս... անհաշտ եմ իր հետ: Որտեղի՞ց եկաւ եւ որքան արագ առանց հարցումի տիրոջ իրաւունք ստացաւ մէկից: Ինչպէ՞ս հաշտուեմ, երբ այն զրկել է արագ գործելու, արագ շարժուելու, արագ խորհելու ու մտածելու, նոր վերելքների հնարաւորութիւնից: Որը սանձել է հոգուս ու մտքիս թռիչքներն անսանձ: Ինչպէ՞ս հաշտուեմ, երբ ստիպում է իղձերս սանձել, երազանքներիս անկատար մասը մոռացութեան տալ, նոր...

«Եկեղեցին Ո՛չ Վայր Է Եւ Ո՛չ Ալ Կառոյց, Այլ՝ Հոգեւոր Ու Բարոյական Արժէքներու Կենսագործման Առաքելութիւն» Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Եկեղեցին Ո՛չ Վայր Է Եւ Ո՛չ Ալ Կառոյց, Այլ՝ Հոգեւոր Ու Բարոյական Արժէքներու Կենսագործման Առաքելութիւն» Արամ Ա. Կաթողիկոս

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Հայոց Թեմին տալիք հովուապետական այցելութեան նախօրէին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Cilicia TV-ին հետ ունեցաւ հետեւեալ հարցազրոյցը։ * * *  Հարցում.- Վեհափառ Տէր, զանազան առիթներով հովուապետական այցելութիւն շնորհած էք հիւսիսային Ամերիկայի արեւելեան հայոց թեմին։ Ի՞նչ է Ձեր այս հովուապետական այցելութեան հիմնական նպատակը։ Պատասխան.- Բնականաբար, հովուապետական այցելութեան նպատակը հովուապետ-ժողովուրդ հանդիպումն է։ Հովուապետը առիթներ հարկ է...

Հովուապետական Այցելութեամբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ Ժամանեց ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետը

Հովուապետական Այցելութեամբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ Ժամանեց ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետը

Չորեքշաբթի, 2 Հոկտեմբեր 2024-ին, Նորին Սուրբ Օծութիւն Տէր Տէր Արամ Առաջին Կաթողիկոս հովուապետական շնորհաբաշխ այցելութեամբ ժամանեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ (Արեւելեան հայոց թեմ)։ Նիւ Եորքի օդակայանին մէջ Վեհափառ Հայրապետը դիմաւորուեցաւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեանի, Ազգային Իշխանութեան ատենապետ Արամ Սարաֆեանի եւ թեմի խումբ մը հոգեւոր հայրերուն կողմէ։ Յիշենք, որ անցեալ տարի (2023) Վեհափառ Հայրապետը այցելած...

Կեանքին Հրաժեշտ Տուաւ Սփիւռքահայ Կարկառուն Մտաւորական Յարութիւն Քիւրքճեան

Յարութիւն Քիւրքճեանի Յիշատակին. Մտաւորական Հսկայ Մը

ՌԱԶՄԻԿ ՓԱՆՈՍԵԱՆ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքի տնօրէն Այս ամառ հայկական սփիւռքը կորսնցուց իր մեծագոյն մտաւորականներէն մէկը: 8 Օգոստոսին, Աթէնքի մէջ, 81 տարեկան հասակին կեանքէն հեռացաւ Յարութիւն Քիւրքճեանը:Թէեւ անոր անունը կրնայ լայնօրէն ճանչցուած չըլլալ Միացեալ Նահանգներու եւ անգլիախօս այլ երկիրներու մէջ, (ան երբեք չէ ձգտած անգլերէն գրելու), Քիւրքճեան մեծ ազդեցութիւն ունեցած է սփիւռքեան մտածողութեան վրայ: Այսօր, կայացած սփիւռքը ինքզինք...

Ս․ Ծնունդի Խթումը Եւ Ղըդդասի Խիթամը

Հայերէնը Միայն Քերականութիւն Եւ Գրականութիւն Չէ

ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ 1987-ին Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանի մէջ աշակերտական ուժերով սուրիահայ դպրոցի պատմութեան նուիրուած ցուցահանդէսի մը աշխատանքին վրայ էի: Պատրաստուած ուղեցոյց-հարցարանի մը առաջնորդութեամբ աշակերտ-աշակերտուհիները անսպասելի առատութեամբ նիւթեր կը դնէին խմբագիրներու սեղանին վրայ: Ինծի մօտեցաւ Արոյեանը,_ անունդ ինչպէս մոռցեր եմ, տղա՛յ,_ ու մեծ կապոց մը ինծի մեկնելով ըսաւ. _ Ասոնց նայեցէ՛ք, պարո՛ն: Թերահաւատութեամբ բացի կապոցը, որովհետեւ իմ բազմամեայ ուսուցչական կեանքիս մէջ...

Յարութիւն Քիւրքճեանի Յիշատակին. Մտաւորական Հսկայ Մը

Երազահանները

ՄԱՐՈՒՇ ԵՐԱՄԵԱՆ Փոխուող ժամանակներուն հետ շատ երեւոյթներ եւս  փոխուած են, ինչպէս աշխատանքները, կամ գործի ասպարէզը: Ժամանակին գիրքերու տպագրութիւնը մեծ ծաւալ ունէր, այսօր սակայն տպարաններ իրենք զիրենք կը փոխեն, որովհետեւ գիրքի փոխարէն սկսեր են ծրարաւորումներ արտադրել (packaging): Կամ օրինակ քարտուղարուհիները, որոնք անպայմանօրէն պէտք էր shorthand գիտնային, այսօր պէտք է համակարգչային հմտութիւններ ունենան եւ այլն: Նոյն օրինաչափին հետեւելով հրատարակուող «իսկական» գիրքերուն տպագրութիւնը...

Ուսանողութիւնը Եւ Մենք

Որբանալու Զգացումը

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ Լիբանանցիները իրենց վերջին տասնամեակներու պատմութեան  ընթացքին համայնքային իրենց դրուածքով յաջորդական ղեկավարներու սպանութիւններով որբանալու զգացում ապրած են: 70-ական թուականներուն Քամալ Ժոմպլաթի սպանութեամբ տիւրզի համայնքի զաւակները որբացած զգացին: 80-ական թուականներուն Պաշիր Ժեմայելի սպանութեամբ մասնաւորապէս մարոնի համայնքի եւ ընդհանրապէս քրիստոնեաները որբացած զգացին: 2005-ին Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեամբ սիւննի համայնքը գլխիկոր ցնցուեցաւ եւ որբացած զգաց: Այսօր Հըզպալլայի ղեկավար սէյիտ Նասրալլայի սպանութեամբ շիի համայնքի...

Page 159 of 1110 1 … 158 159 160 … 1,110

Արխիւներ