Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Որպէսզի Փշրենք Մղձաւանջին Փակ Օղակը

September 28, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Մեր ազգը, Հայաստանի մէջ եւ սփիւռքի տարածքին, ինկած է մղձաւանջային վիճակի մը մէջ, որմէ դուրս գալու հնարքը, բանալին կը թուին կորսուած ըլլալ:

Մասնաւորապէս 44-օրեայ պատերազմէն ասդին` այս սարսափազդու վիճակը նստած է մեր առօրեային մէջ, արտայայտութիւն կը գտնէ տարբեր ձեւերով: Անիկա «ողողած» է հայ կեանքի բոլոր բնագաւառները` սկսելով ապահովութենէն, հայրենի հողին տիրութենէն, անցնելով տնտեսական-ընկերային ոլորտներէն ու հասնելով քաղաքական-դիւանագիտական դաշտ ու մշակոյթի ոլորտներ:

Բոլոր անոնք, որոնք չեն տեսներ այս վիճակը, կա՛մ կամաւոր ու ակամայ կոյրեր են, տարուած` Երեւանի իշխանախումբին «ամէն բան լաւ է»-ի անհիմն քարոզչութենէն, կամ ալ անոնց կամաւոր գործակիցներն են, պատրաստ` փոր մը հացի դիմաց հրաժարելու մեր պատմութենէն, իրագործումներէն, հայրենիքէն ու ամէն տեսակի ժառանգութենէ: Համայնավար քարոզչութիւնն ալ ատենին ամէն բան կը ներկայացնէ գունաւոր դիմակով, կը հռչակէր` «Տնկում ենք ծառեր, շինում ենք գործարաններ» (հիմա ծառատնկումը Երեւանի փողոցներէն հասած է սահման` իբրեւ պատուար ազերիական սպառնալիքներու դէմ…):

Մղձաւանջային վիճակը ներկայ է ամէն օր, սակայն մերթ ընթ մերթ աւելի՛ կը շեշտուի, ակներեւ կը դառնայ, երբ կը կտրենք յիշատակելի հանգրուաններ: Այդ հանգրուաններուն շարքին են 28 մայիսն ու 21 սեպտեմբերը, արցախեան Պայքարի պանծալի յիշատակները, Արցախի մաս առ մաս կորուստի արհաւրալի դրուագներն ու աւելի «մանր» հարցեր, ինչպէս` բանակին կազմաքանդումը, սահմաններու անապահովութեան նուիրականացումը, դէպքեր, որոնք ատենը մէյ մը տագնապի կը մատնեն քաղաքաբնակ եւ գիւղաբնակ ժողովուրդը` անդոհանքով վարակելով հայկական աշխարհը: Ազգն ամբողջ, բացի «Ապագայ կայ»-ին հաւատացող միամիտներէն (տկարամիտ եզրը վիրաւորակա՞ն է), կը սպասէ, որ այս մղձաւանջը օր առաջ վերջ գտնէ, հաւաքաբար արթննանք եւ տեսնենք, որ եղածները իրական չէին, սարսափազդու երազներ` մղձաւանջեր էին: Արեւածագն ու մայրամուտը կը խաբեն մեզ:

Ընթերցողս ալ հաւանաբար երբեմն կը մատնուի անձնական մղձաւանջի, երազին մէջ կ՛իյնայ մահաբեր վտանգի մէջ եւ սակայն, արթննալէ պահիկ մը առաջ իսկ, կը զգայ, թէ տեսածը ահաւոր երազ մըն էր, եւ մինչեւ իսկ ինքզինք կը մղէ… արթննալու եւ փրկուելու վտանգաւոր կացութենէն: Ահա ա՛յս տեսակի ինքնագիտակցութեան, ինքզինք արթննալու մղելու զգացումին սպասումն է, որ կը բանի դանդաղ, հաւաքական արթնացումն ու մղձաւանջին թօթափումը կը յետաձգուի ներքին ու արտաքին հազար եւ մէկ ազդակի բերումով:

***

Նպատակ չունինք այս սիւնակին մէջ ցանկագրելու բոլոր այն ԻՐԱԿԱՆ ՈՒ ՓԱՍՏԱՑԻ քայլերը, որոնք առնուեցան եւ կը շարունակուին այս իշխանաւորներուն կողմէ. կ՛արժէ միայն ձայնակցիլ բոլոր անոնց, որոնք վերջին քանի մը տարիներու կործանարար ու կորստաբեր «իրագործումները» կը տեսնեն (եւ կը փորձեն ցոյց տալ)` իբրեւ թուրք ազերիական թշնամիին ծրագիրներուն ծառայութիւն, թշնամիին գործակատարը ըլլալու իրականութիւն: Կը նախընտրենք աւելի՛ կեդրոնանալ այն ճիգերուն վրայ, որոնք նոյն ժամանակամիջոցին ալիք-ալիք կը բարձրանան հայրենադաւ «քաղաքականութեան» դէմ, եւ սակայն, կրկնենք, մղձաւանջը վերջ չի գտներ:

Հպանցիկ արձանագրենք միայն, որ «թաւշեայ յեղափոխութենէն» ետք ալ ունէին յաղթանակող բանակ, «Արցախը Հայաստա՛ն էր ու վերջ», 44-օրեային «Յաղթելու ենք», աշխարհին հետ` դաշնակիցին ու բարեկամին` կը վերաբերէինք խօսակից-գործակիցի դիրքերէ: Այդ բոլորը «ջուրը ձգուեցան» (ո՛չ, իրենք իրենց չինկան, այլ ձգուեցա՛ն), ու մղձաւանջային վիճակը մնաց տիրական:

Այսօր իշխանաւորներուն ձախաւերութիւններուն դէմ պայքարը կը գտնուի նոր փուլի մէջ, որուն խորագիրն է «Տաւուշեան շարժում»: Ստեղծուած է հոգեվիճակ, որ սա նոր շարժում է, արդէն իսկ կերտած է իր «ներքին հանգրուաններ»-ը:  Նման բնորոշում առնուազն թերի է, որովհետեւ տաւուշեան շարժումը չտեսնել աւելի լայն բովանդակութեան եւ տարածքի մէջ` պիտի նշանակէ ակամայ նսեմացնել բողոքի բոլոր այն ալիքները, որոնք կանխեցին այս շարժումը ու հող պատրաստեցին անոր:

Խորքին մէջ իշխանաւորներու խոտորումներուն դէմ բողոքի ձայն ու ալիքներ բարձրացան «յեղափոխութենէն» կարճ ատեն ետք, երբ իմաստակներու խումբը որոշեց կրճատումի ենթարկել բարձրագոյն ուսումնարաններ մուտքի քննութիւններէն հայերէն նիւթերը: Այդ օրերուն առաւելաբար ուսանողներն ու երիտասարդական միաւորներն էին բողոքի ձայն բարձրացնողները, նստացոյցի դիմողները: Յաջորդեցին սեռային այլանդակ հակումներու` իշխանաւորներու պաշտպանողականին դէմ բողոքի ձայները (չշարունակենք): 44-օրեայէն ետք բողոքողներուն միացան որդեկորոյս ընտանիքները, գաղթական դարձած արցախցիներ, բանակայիններու որոշ փաղանգ մը, երբ իշխանաւորները արհամարհանքով վարուեցան նահատակներու ընտանիքներուն հետ, իսկ բանակայիններ դասեցին դասալիք, մինչեւ իսկ թշնամիին հետ գործակցող: Արցախէն ընդարձակ հողերու յանձնումին եւ ժառանգութեանց, իրաւունքներու կորուստին դէմ բողոքի հաւաքական շարժումները բիւրեղացան պատերազմէն քանի մը ամիս ետք իսկ, իրենց կարգին կտրեցին բազում հանգրուաններ, նոր բարձրակէտէ անցան Արցախի վերջին բաժինին կորուստէն եւ ամբողջական հայաթափումէն ետք (տարի մը առաջ էր), մինչեւ որ երկիրն ու ազգը հասան «սահմանազատում-սահմանագծում» խաբեպատիր արարին, խեղկատակութեա՛ն: Մինչ այդ բաց աչքերով տեսած էինք (չտեսնողներ միշտ ալ կան), թէ ինչպէ՛ս իշխանաւորները նախ ստորագրեցին «Արցախը Ազրպէյճանի կը պատկանի» փաստաթուղթը` իբր թէ մոռացութեան տոպրակին մէջ նետելով Սիւնիքէն ու Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանային այլ շրջաններէ հողերու յանձնումը, եւ ահա` իբրեւ նորագոյն «աննախադէպ սխրանք-իրագործում», Տաւուշէն ալ տարածքներ նուիրեցին Ազրպէյճանին, առանց յստակացնելու, թէ իրաւական ի՛նչ հիմամբ կամ տրամաբանութեամբ կատարած են «սահմանագծումը»: Չէ՛, արդար ըլլալու համար ընդունինք, որ իշխանաւորները յենեցան անհիմն…հիմի մը` Ալմա Աթայի հռչակագիրին, որ ո՛չ մէկ աղերս ունի զայն ստորագրող երկիրներու միջեւ սահմաններու ճշդորոշման հարցին հետ: Սուտի «վարդապետութիւնը» մնաց գերիշխող:

Եւ ճի՛շդ այդ կէտէն էր, որ մօտաւորապէս չորս ու կէս ամիս առաջ պայթեցաւ տաւուշեան շարժումը` իբրեւ բողոք իշխանաւորներուն ՆՈՐԱԳՈՅՆ վնասարարութեան դէմ, եւ իբրեւ արդար պահանջատիրութեան արտայայտութիւն: Անմիջապէս նշենք, որ սա մեր համապարփակ պահանջատիրութեան մէկ մասնիկն է: Անկէ ասդին` այս շարժումը արդէն կերտած է իր սեղմ պատմութիւնը, որ շարունակութիւնն է 2021-էն ալ առաջ, շա՜տ առաջ բարձրացած պահանջատիրութեան: Եւ ինչպէս նախընթացները, այս շարժումն ալ ենթակայ կը մնայ իշխանաւորներու դաւադիր մեքենայութիւններուն, «ժողովրդավարութեան պասթիոն»-ին մէջ բռնատիրութիւն եւ ստալինականութիւն ցուցահանող ճնշումներու:

***

Հայաստանի մէջ կան բանիմաց, իմաստուն մասնագէտներ, անոնք ըլլան զինուորականներ, դիւանագէտներ, քաղաքականութենէ հասկցողներ, տնտեսագէտներ եւ, մէկ խօսքով, երկիրը աւելի՛ լաւ կառավարելու ատակ մարդիկ: Անոնց շարքին ստուար թիւ կը կազմեն երիտասարդները:

Հայաստանը առանձինն չէ իր այս արժանիքին մէջ: Ան իր շարքերուն ունի Արցախէն բռնագաղթուած փորձառու մասնագէտներ (չմոռնանք, որ փոքրաթիւ մաս մը գերի բռնուած է Ազրպէյճանի կողմէ), իսկ իր կողքին կը կանգնի ամբողջ սփիւռքը, ա՛յն սփիւռքը, որ իրազեկ է այս իշխանաւորներուն վնասարար քայլերուն, ստրկամիտ ընթացքին: Ա՛յն սփիւռքը, որ տարբեր երկիրներու մէջ քաղաքական-դիւանագիտական (լոպիինկի) պատկառելի փորձառութիւն կուտակած է, եւ ինչպէս Ցեղասպանութեան 50-ամեակէն առաջ եւ ետք, նոյնպէս ալ այսօր պատրաստ է գործելու, արդէն կը գործէ՛ ի նպաստ Հայաստանի ու Արցախի, ի խնդիր մեր բոլոր իրաւունքներուն վերականգնումին: Գլխաւոր մտահոգութիւնը այն է, որ այս իշխանաւորները ո՛չ միայն կը թերանան իրենց պարտաւորութիւններուն մէջ, այլ նաեւ մերթ ընդ մերթ կը կացինահարեն արդար պահանջատիրութեան ծառերը: Եւ սա զարմանալի չէ. վստահաբար չէ մոռցուած, թէ ՔՊ-ապետը տարի մը առաջ կացինի ինչպիսի՛ հարուած մը տուաւ ի՛ր իսկ արտաքին գործոց նախարար կոչեցեալին, որ հազուդէպօրէն խարանող յայտարարութիւններ կը կատարէր ՄԱԿ-ի ամպիոնէն` բացայայտելով Արցախի դէմ ցեղասպանութիւն գործելու եւ Արցախը վերջնականապէս հայաթափելու ոճրային ծրագիրը: Փաշինեանն էր, եւ ո՛չ թէ` «նախկիններ»-էն սա կամ նա, որ ստախօս հռչակեց Արարատ Միրզոյեանը` ըսելով, որ արցախցիներուն որեւէ վտանգ չի սպառնար: Նաեւ ա՛ն էր, եւ ո՛չ թէ` նախկիններէն մէկն ու մէկը, որ Արցախը հռչակեց ազերիապատկան: Ու Ազրպէյճան նորագոյն «կանաչ լոյս»-ը տեսնելով` հայաթափեց Արցախը:

***

Վերադառնանք մղձաւանջին վերջ տալու հրամայականին:

Սա ամէն բանէ առաջ կը հարկադրէ ԲՈԼՈՐ ՀԱՅՐԵՆԱՊԱՇՏՊԱՆ եւ արդարութեան հետամուտ կուսակցութեանց եւ խմբաւորումներուն ձեռքերուն միացումը: Նորութիւն չենք ըսեր: Այս պահանջը քանիցս կրկնուած է եւ ղօղանջած` 44-օրեայ պատերազմէն ասդին, Անկախութեան տօնին, անկախութեան վերականգնումի յիշատակման օրերուն, նահատակներուն եւ պատանդ-գերիներուն յիշատակումի առիթներով: Այս կոչն ալ նորութիւն չէ, այլ կու գայ հեռաւոր ու մօտիկ անցեալի բազում պատգամներէ: Բոլորն ալ պատրաստ են միացնելու ձեռքերը, եւ սակայն… մղձաւանջը կը շարունակէ տիրապետել ու արգելակել ԻՐԱԿԱՆԱՑՈՒՄԸ:

Կայ նաեւ արեւու լոյսին պէս յստակ պահանջ մը, որ ձեռքերու միացման անմիջապէս հետեւող քայլ է, քայլե՛րը: Յստակ է, որ այս իշխանութիւնը ո՛չ միայն ինքզինք անկարողութեան մատնած է` մեր արդար պահանջներու հետապնդումը իրականացնելու իմաստով, այլ չկամ է, առ նուազն ինքզինք պատանդ դարձուցած է թուրք-ազերիական պահանջներուն եւ ծրագիրներուն: Ուրեմն ընդիմադիրներուն, ԲՈԼՈՐ ԱԶՆԻՒ ԸՆԴԴԻՄԱԴԻՐՆԵՐՈՒՆ ճիտին պարտքն է ընել այն, ինչ որ չ՛ըներ իշխանաւորն ու իր խմբակը:

Կրկին ու կրկին յայտարարուած է (եւ այլեւս կասկածէ վեր է) որ իշխանափոխութիւնը, այսինքն թշնամիին ծրագիրներուն լծակից այս կամ որեւէ նման յաւակնորդ խումբի իշխանութեան ղեկէն հեռու մնալը նախաքայլն է ցանկալի վերականգնումին, ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ, եւ չմոռնանք, որ 44-օրեայէն ետք ա՛յս էր ընդվզումի շարժումին նշանախօսքը: Այս հրամայականը կրկնուած է իւրաքանչիւր ալիքի բարձրացման եւ մեղմացման հետ (ո՛չ մէկ ատեն մարած է): Կայ, սակայն, փակ օղակ մը, որ պէտք է փշրուէր քանի մը տարի առաջ, պէտք էր փշրուէր տաւուշեան շարժումին սկսումէն ետք, պէտք էր փշրուի այսօր, որովհետեւ առանց այդ օղակին փշրուելուն, իշխանախումբը, ինչպէս ինք կը յայտարարէ ճակատաբաց, պիտի շարունակէ թշնամիին պահանջներուն դիմաց նահանջը (սահմանադրութիւն, Արցախէն հրաժարում, Հայաստանէն հողերու յանձնում, դիւանագիտութեան եւ զինուժի, նաեւ տնտեսութեան քայքայում, ՄԻնսքի խումբի լուծարք, Հայաստանի` ազերիներով ողողում…). քանի մը օր առաջ չէ՞ր, երբ նոյնինք Փաշինեան ներողութիւն կը հայցէր կատարուած եւ ԿԱՏԱՐՈՒԵԼԻՔ սխալներուն համար, երբ առանց բառերը գործածելու` խոստովանեցաւ, որ սխալները, այսինքն Հայաստանը կորուստի մատնելու քայլերը պիտի շարունակէ:

Իշխանափոխութեան իրականացման համար կարեւոր յենարան մը (ո՛չ միակը) պիտի ըլլայ նոր, ազգային շահերու եւ Հայաստանի համար ԲՈԼՈՐ ՈԼՈՐՏՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ՆՊԱՍՏԱՒՈՐ քաղաքականութիւն մշակող վարչախումբի մը կազմաւորումը` տարբեր ոլորտներու մասնագէտներէ: Այլ խօսքով, մէկդի ձգել ամէն տեսակի տարակարծութիւն եւ իրականացնել «համակեցութեան վարչախումբ» մը, այնպէս` ինչպէս կ՛ընեն սուր տագնապի մատնուած երկիրներու մէջ իրարու հակադիր կուսակցութիւններ եւ խմբաւորումներ: Այս է, որ ընդդիմադիր շարժումէն կը սպասուի: Նոյնքան հրամայական է, որ թերեւս «անծանօթ մասնագէտներ»-ու վարչախումբ մը իր կողքին ունենայ բոլոր հայրենասէրներուն աջակցութիւնը, որովհետեւ բոլորն ալ գիտեն, որ ստեղծուած ահաւոր վիճակէն դուրս գալը մէկուն կամ միւսին գործը չէ, վեր է իւրաքանչիւրի կարողութիւններէն: Այս ճշմարտութիւնն ալ կրկին ու կրկին, խոստովանանքի պէս, յայտարարուած է բոլորին կողմէ:

Սպասումին ետին կը կանգնին հայրենաբնակ եւ սփիւռքեան օճախներու զաւակները: Կասկած չկայ, որ նման քայլի կը սպասեն նաեւ այն բարեկամներն ու բնական դաշնակիցները, որոնց շահերը շատ ալ տարբեր չեն Հայաստանի եւ մեր ժողովուրդի շահերէն, հետեւաբար, հրամայական է շահերու ներդաշնակումի գործընթացին վերականգնումը: Եթէ պահ մը մեր ականջները բանանք մօտէն ու հեռուներէն հնչող կեցուածքներու, պիտի տեսնենք, որ բացի Հայաստանի (եւ Թուրքիոյ ու Ազրպէյճանի) իշխանաւորներէն` կան բազմաթիւ երկիրներ, պատկառելի ուժեր, որոնք Արցախի հարցը փակուած չեն սեպեր, իսկ զանոնք խօսքի սահմանէն դէպի գործի տանողը պիտի ըլլայ ԶՕՐԱԿԻՑՆԵՐՈՒ ՀԵՏ տրամաբանական եւ աւելի շահաբեր էջեր բանալու ատակ իշխանախումբի մը ձեւաւորումը:

Մղձաւանջին փակ օղակը փշրելու համար, այսօր ալ պէտք է կրկնել ՓՈԽԸՆՏՐԱՆՔ ԻՇԽԱՆԱԽՈՒՄԲի մը բիւրեղացման ու ծանուցման հրամայականը, որովհետեւ դատապարտանքներուն եւ բողոքի արտայայտութիւններուն հոսանքները մեզ հասցուցած են տեղ մը, ուր կարելի է կրկնել աստուածաշնչական այն խօսքը, թէ` «Բոլոր այն բաները, որոնք եղած են, պիտի ըլլան,(…) արեւուն տակ նոր բան պիտի չըլլայ»:

Հայրենապաշտպան ՀԱՅԸ կարողութիւնը ունի՛ փշրելու փակ օղակը: Փշրած ենք անցեալին, պիտի փշրենք նաեւ այսօր: Հայաստանը անմիջականօրէն «պաշարող» գօտիին, Միջին Արեւելքի, Եւրոպայի մէջ եւ այլուր կա՞ն նոյնքան մղձաւանջային վիճակներ: Անկասկած որ: Անոնք խորապատկերը կը կազմեն մեր «մղձաւանջին», սակայն իւրաքանչիւրը պարտաւոր է (եւ իրաւունք ունի) իր գլուխը սեփական եղունգով քերելու, ինքզինք դուրս բերելու ի՛ր մղձաւանջէն: Դժուար, բայց` ո՛չ յետաձգելի:

Սեպտեմբեր, 2024

Նախորդը

Ո՞ւր Կը Գտնուի Այժմ Իջեցուած Նշաձողը

Յաջորդը

Կորեցքա Հաւանաբար Մեկնի «Փրեմիեր Լիկ»

RelatedPosts

Անհնար Է Առանց Յուզուելու Նայել Այս Երեխաների Ապրումներին, Յոյզերին Եւ Թաց Աչքերին, Երբ Հպարտութեամբ Հնչեցնում Են Արցախի Օրհներգը
Անդրադարձ

Անհնար Է Առանց Յուզուելու Նայել Այս Երեխաների Ապրումներին, Յոյզերին Եւ Թաց Աչքերին, Երբ Հպարտութեամբ Հնչեցնում Են Արցախի Օրհներգը

September 17, 2026
Լիբանանահայ Սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան`  Հայաստանի Պետական Սենեկային Նուագախումբի  Չինաստանի Եւ Հնդկաստանի Ելոյթներու Մենակատար
Անդրադարձ

Լիբանանահայ Սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան` Հայաստանի Պետական Սենեկային Նուագախումբի Չինաստանի Եւ Հնդկաստանի Ելոյթներու Մենակատար

September 17, 2026
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

Վերամուտ

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.