ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Խօսիլ Վազգէն Տէր Գալուստեանի մասին` կը նշանակէ խօսիլ հարազատ եղբօր մը մասին, եղբօր մը, որուն հետ փոխադարձ ծանօթութիւնը կ՛երթայ մեր երկուքին ալ ծնելէն առաջ, քանի որ մեր մայրերը` երկու Անահիտները, մտերիմ դասընկերուհիներ էին եղած` Աղեքսանդրիա, Պօղոսեան ազգային վարժարանին մէջ:
Կայ նաեւ ուրիշ առնչութիւն մը, այս անգամ` Համազգայինի ճամբով, առնչութիւն մը, որ նոյնպէս գոյութիւն ունեցած է նախքան մեր աշխարհ գալը: Վազգէնին մայրը դուստրն էր մեր միութեան հիմնադիրներէն համարուած Մինաս Խաչատուրեանի, իսկ իմս` դուստրը նոյն այդ միութեան գաղափարի գոյառման իր անմիջական մասնակցութիւնը բերած, բայց պարագաներու բերմամբ այդ հիմնադիրներէն մէկը չհանդիսացած Մեսրոպ Նորատունկեանի:
Դէպքերը այնպէս բերած էին, որ մօրս ընկերուհին իրմէ քանի մը տարի առաջ արդէն ամուսնացած էր Մուսա Լերան հերոսամարտի ղեկավար-հերոս Մովսէս Տէր Գալուստեանին հետ ու փոխադրուած` Անտիոքի շրջանը, այն ատեն` ֆրանսական հոգատարութեան տակ:
Ուրեմն մեր մայրերուն միջեւ առկայ եւ հեռուէ հեռու ալ շարունակուած մտերմութիւնը ժառանգաբար անցած էր մեզի ալ…
Այդ մտերմութեան շնորհիւ է, որ առաջին լուսանկարը, որ կրցայ գտնել մօրս ալպոմներուն մէջ, շատ երիտասարդ ու գեղադէմ Անահիտ Տէր Գալուստեանին մէկ նկարն է, երբ հաւանաբար հազիւ 21 տարեկան էր ան, եւ ոտքի` գրկած քանի մը ամսական երեխայ մը, որ գլուխը դարձուցած է եւ ուշադիր իր նայուածքը յարած է լուսանկարիչին: Այդ երեխան Վազգէնն է:
Երկրորդ լուսանկարը, որ կը կարծէի գտնել, բայց գուցէ միայն մտքիս մէջ դրոշմուած պատկեր մըն է, Խաչատուրեաններու պատշգամն է, ուր նստած` կը զրուցէինք մեծերն ու փոքրիկներս` դիտելով ծովը եւ ներշնչելով անկէ մեզի հասնող հարբեցնող զեփիւռը:
Աւա՜ղ, ոչ մէկ լուսանկար մնացեր է 1952-ին Այնճար մեր այցելութենէն` բացի պատմական նկարէ մը, ուր Կոստան Զարեան իր թեւերուն մէջ առած է մայրս: Մեծ գրողը այն ատեն Լիբանան էր, եւ անկասկած Տէր Գալուստեանները պատիւ զգացած էին Մուսա Լերան օրուան առթիւ զինք իրենց տան մէջ հիւրընկալելով: Եւ մենք ալ հոն էինք:
Երրորդ լուսանկարը Լիբանան է, շատ հաւանական է` Այն Նաաս, ուր արձակուրդի էինք գացեր նոյն այդ տարին: Մենք երեքս ենք` ինձմէ երեք տարի մեծ Վազգէնը, ինձմէ երեք տարի փոքր եղբայրս Համոն ու ես: Շատ յատկանշական նկար մըն է, ուր Վազգէն իրապէս աւագ եղբօր մը դիրքով կեցած է մեր ետեւ, եւ ուր անկասկած կը զգացուի մէկ ընտանիքի պատկանելիութիւնը:
Ահա այդ պատկանելիութեան զգացումն է, որ պիտի գոյատեւէր (հակառակ անոր որ երկար տարիներ իրարմէ այնքա՜ն հեռու պիտի ապրէինք), ապա պիտի ամրակայուէր մեր գաղափարական ու միութենական պատկանելիութիւններով ու մնայուն գործակցութեամբ: Այդպէս, պիտի դառնայինք խոհակից ու սրտակից գործակիցներ` պաշտօններու վրայ գտնուելու ատեն թէ ատկէ ալ անդին, մինչեւ` անողոք հիւանդութեան կողմէ Վազգէնի ուժերուն հետզհետէ ջլատումը:
Դեռ ուրիշ բազմաթիւ հետաքրքրական լուսանկարներ ալ կան պատկերատետրերուս մէջ: Կ՛արժէ անդրադառնալ անոնցմէ ոմանց եւս:
Անոնցմէ ամէնէն հինը 1973 թուականէն է, Պէյրութ, Տէր Գալուստեաններու յարկաբաժինը, Վազգէնն ու ես` պեխ-մօրուքով, իրարու շատ նման` «քաղաքակիրթ» չափերով (արդեօք նորո՞յթն էր այն ատեն…), Վազգէնին կողակիցը` Լենան (Սէթեան) եւ իրենց առաջին աղջիկը` Սարինը, մեծ հայրիկին` ընկ. Մովսէսին գիրկը: Տօնածառին առջեւ: Քանի մը մօտիկ, բայց հեռաբնակ ընկերներ ու ազգականներ տեսնելու համար էր, որ անցեր էի Լիբանանէն` Ռուանտայէն վերադարձիս, ուր Քանատայէն գործով էի գացեր: Ի՜նչ հպարտութիւն էր ինծի համար լուսանկարուիլ այդ հերոսական դէմքին հետ:
Այդ նկարին մասին խօսելու ատեն չեմ կրնար անտեսել ուրիշ լուսանկար մը` նոյն օրերէն, ուր Վազգէնը կը բացակայի, քանի որ ի՛նքն էր լուսանկարիչը այդ պահուն: Վաստակաւոր մտաւորական ընկ. Կարօ Գէորգեանի հետն եմ, իր տունը, ուր զիս տարաւ Վազգէն` մե՛ծ գոհունակութիւն զգալով, որ տարիքը առած, հիւանդ ու մինակ մնացած մեր այդ ընկերոջ այցելելու ցանկութիւն էի յայտներ:
Միւս նկարներուն մէջ կան Համազգայինի առաջին Պատգամաւորական ժողովի խմբանկարը, 1990-ին, Աթենքի մէկ արուարձանի պանդոկին առջեւ: Այս ալ պատմական լուսանկար մը պէտք է նկատենք: 1928-էն մինչեւ այդ թուականը այս միութիւնը նման ժողով չէր ունեցած ու չէր ընտրած իր Կեդրոնական վարչութիւնը: Այդ մէկը կը նշանակուէր ՀՅԴ Բիւրոյին կողմէ: Վազգէն հանդիսացաւ մէկ ձեւէն միւսին փոխանցման ալ կամուրջներէն մէկը: Ան մաս կազմած էր նշանակեալ վերջին վարչութեան եւ մաս կազմեց ընտրեալ առաջին վարչութեան:
Վերջապէս, յիշեմ նաեւ քանի մը նկար ալ 1994-էն` Համազգայինի Բ. Պատգամաւորական ժողովին առթիւ առնուած: Անոնցմէ մէկը «Յառաջ»-ի խմբագրատան մէջ է, Արփիկ Միսաքեանի ու Արփի Թոթոյեանի հետ: Երկուքս ալ մեր պարտաւորութիւնը կը նկատէինք անպայման անցնիլ այդ խմբագրատունէն ամէն անգամ, որ Փարիզ գտնուէինք:
Միւսը քաշուած է Ռոտենի թանգարանի պարտէզին մէջ, Վազգէնն ու ես` «Մտածողը» արձանին շուքին. խորհրդանշական նկար մը… Ամբողջ օր միասին պտտեր, թանգարաններէն անցեր, Լիւքսամպուրկի պարտէզն ալ վայելեր էինք:
Վերջապէս, լուսանկար մըն ալ` Հայաստան, ժողովի աւարտին. նախքան Ծաղկաձորը ձգելը` մեզմէ մեծ խումբ մը որոշեց քալելով իջնել դէպի Հրազդան, որուն ճամբուն վրայ պիտի տեսնէինք Մաքրավանքը, ուր ընկերներէն մէկը` Թորիկեան Զոհրապը, աւելի արագ հասեր էր ու ներսէն հոգեպարար շարականներ երգելով կը դիմաւորէր մեզ: Անմոռանալի պահ մը, անմոռանալի վայրի մը մէջ:
Յիշատակնե՜ր…
Այս կցկտուր տողերը աւարտեմ` աւելցնելով, որ մեր գործակցութեան ընթացքին մենք հետապնդեցինք նաեւ երկու մեծ ծրագրեր` հայագիտական հիմնարկի մը հիմնադրութիւնը Քանատայի մէջ, ի Մոնրէալ, որ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան առաջադրանքն էր եւ հայերէնի ժամանակակից բացատրական առցանց բառարանի մը պատրաստութիւնը` գաղափար մը, որ յղացուեր էր «Գաւաթ մը բանի շուրջ» հաւաքուող մեր եռանդամ խմբակին կողմէ: Երրորդը` Մկրտիչեան Ժանը: Ամբողջ ոդիսական մը կայ այս ծրագրին հետապնդման տարեգրութեան մէջ: Երկուքն ալ կը մնան ցարդ չիրագործուած: Անոնց իրականացման պարտաւորութիւնը թող Վազգէնին ու մեր աւանդը ըլլայ նորերուն: