Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պայքար Յաւերժութեան

Սեպտեմբեր 30, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԷՔԵԱՆ

Կը մխայ Երկիրը ճարճատող հրդեհի մէջ
Երկիրը` պատմութեան շոգի,
Պատմութեան կառաշար, որուն անիւը
Հասեր է վիհի բերնին:

Այստեղ հացն է անբորբոս ու բազմադարեան
Քրտնաթաթախ շնչող, արեւելում Բանի,
Երկիրը տրտում է, անքուն է Երկիրը
Երկիրը կ՛երգէ իր նոր Անտունին:

Ճշդուած են սահմանները` ատամնաշար գայլի
Խօլ պատմութեան մութէն նոր ոռնոց է հիմա:
Գերճնշուած աչք` ադամամութի ճեղքուած արգանդին
Կաթնագոյն երազի խոշտանգումը կարմիր
Կը ցցուի կրկին:

Կանգնած բարձրաճակատ` շոգիին մէջ Երկրի
Գիտէ՛ թէ արեւը պիտի գոյատեւէ.
Ո՛չ զոհ է, ո՛չ հերոս, ո՛չ նահատակ, ո՛չ քուրմ,
Միայն պատարագիչը ազատութեան տօնի:

Հեռուն լեռնաշղթայ ու միտք խանձող գիշեր
Քովը` Մասիս լեռը իբրեւ ռազմատորմիղ,
Խրթին հարցերուն դէմ ` պատասխանն է միակ
Օ գերագոյն սինիզմ:

Եւ ինչպէ՛ս բռնել
Ո՞վ պիտի նկարագրէ անկախութեան հիւլէն,
Կիսաբաց դարպասներուն ցնցումներով լարուած
Ճանկռտելով ներկան, խտացնելով այդտեղ
Լուսարձակո՛ւմը նայուածքի,
Երբ շեշտակի նայուածքի մէջ դահիճը զոհ կը դառնայ
Կը փռուի գետնին` ռումբերը ձեռքին:

Ո՞վ էր դասալիք, ուրիշ ո՞վ էր յուսահատ անցեալ ամիս…

Ծաղկեալ ծիրանին իր հայեացքը սրեց
Հրապարակը լարեց պատմութիւնը խրթին
Եղիցի լո՜յս
Եռաբլուրի եռագոյններու տակ
Դողահար ոսկորներ արցունք ծորեցին:

Տեղ մը հացթուխը իր թոնիրը մարեց
Եւ ծիրանին` խոշոր իր կարմրած աչքով
Խեթ խեթ նայեցաւ դաւադիր գահին:

Շինականը պատռեց հողի կուրծքը ծաւի
Եւ երկինքը դիտեց, եւ նայեցաւ հողի՛ն,
եւ նայեցաւ իր տան` տրուած թշնամիին,
որուն սեւ ծուխն անգամ իր հրճուանքն էր ոսկի:

Կանգնած են բազմաճակատ` տքնանքին մէջ հողի,
Կանգնած են միաճակատ` այդ երկունքի կողքին:
Կանգնած է գերհզօր` հազար անգամ դրուած
Շիկացնող մահուան սալ ու կռանի միջեւ
Կանգնած է բարձրաճակատ, աներեր ու խռով
Պայքարը բարեբեր:

Ոչ ոք չի կրնար այստեղէն դուրս գալ երբ ամենահեռաւոր
սահմանները կ՛անջատուին: Անյայտ շղթաները որ պատերազմը
դրաւ` պիտի խշրտան, պիտի հոգիդ վառի ուզես կամ չուզես, շքեղ ծիրանին միականի դառնայ, խաղողի ճղիկը ճչայ հնձանի մէջ,
ու ցորենին մարմինը իր գլուխէն բաժնուի:

Հոս է անխորտակելին, Ոգին Նայիրեան:
Ան պիտի անջատէ ցորենը` որոմէն,
Պիտի Արցախի արեւը ծագի,
Պիտի Հայաստանը շողշողայ նորէն
Միայն թէ ջնջուի՜ մրուրը` ճակտէն,
Միայն թէ անցնի մահացու թաթը կակուղ մրուրին:

Եւ պիտի ըլլայ որ դարձեալ ու նորէն
քարի պէս կանգնած ցուլերու ականջին ինը զանգակներ
բա՜րձր ղօղանջեն:

Զանգե՜ր, ղօղանջեցէ՜ք,
Նահատակներու թարմ արիւններէն
Վշտահալած ընտանիքներէն
խորախոցուած գերիներէն
խոշտանգուած եկեղեցիներէն
Խորտակուող յուշակոթողներէն
Խողխողուող սահմաններէն
Սուգէն, բռնագաղթէն
Արհաւիրքէն ու զուլումէն ետք`
Կը հասնին իմաստուն Արդարութիւնը
Կենսաբեր Պատիւն ու լաւատես Յաւերժութիւնը
Կը փրկուի Երկիրը բռնաբարուող
Կը մարի հրդեհը լափլիզող:

Արի արիւն եւ թարմ մոխիր խառնուած են
Հողին ու մեր հոգիին,
Այս հո՛ղն է որ շող կ՛արձակէ արեգնային:

Սեպտեմբեր, 2024

 

Նախորդը

Ֆրեզնոյի Հայ Բժշկական Առաքելութիւնը ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Կեդրոնին Եւ Այնճարի Մէջ Դարձեալ Կատարեց Իր Մարդասիրական Մասնագիտական Ծառայութիւնը

Յաջորդը

Յոյսի Եւ Իրապաշտութեան Միջեւ

RelatedPosts

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» Կոմիտէին` Գարեգին Նժդեհի Կիսանդրիի Բացում
Անդրադարձ

Մենք Պէտք Է Յաջողինք Վերստին Հրապարակ Բերել Հայու Նժդեհի Հաւատացած Տեսակը*

Յուլիս 15, 2025
Ընդդիմութիւնը Պէտք Է Նուազագոյն Ազգային Համաձայնութիւնը Ձեւակերպէ
Անդրադարձ

Ընդդիմութիւնը Պէտք Է Նուազագոյն Ազգային Համաձայնութիւնը Ձեւակերպէ

Յուլիս 14, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Լուրջ… Երգիծանք. Ուղեղի Բորբոսը Դարմանելու Ձեւ Կա՞յ

Յուլիս 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?