Յօդուածներ

Մեր Խօսքը

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

Լիբանան դարձեալ կը գտնուի ճգնաժամային իրավիճակի մէջ: Սեպտեմբեր 2024-ին  հանգրուանային ու մագլցողական ձեւով զարգացաւ Հըզպալլայի եւ Իսրայէլի միջեւ լարուածութիւնը եւ, հակառակ քաղաքական վերլուծաբաններու մեծամասնութեան կարծիքին, Թել Աւիւ դիմեց պատերազմական խիստ քայլերու: Այսօր Իսրայէլի պատերազմը Հըզպալլայի դէմ չէ, այլ նաեւ` Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան: Լիբանան ամէնօրեայ դրութեամբ կ՛ենթարկուի ռմբակոծումներու, որոնց պատճառով ցարդ նահատակուած են աւելի քան 2000 քաղաքացիներ ու վիրաւորուած` շուրջ 10.000...

Լիբանանի Մասին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդին Որդեգրած Ութ Բանաձեւերը

Լիբանանի Մասին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդին Որդեգրած Ութ Բանաձեւերը

«ՌԱԶՄԻԿ» ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ սկիզբէն ի վեր անդադար կրկնելու սկսաւ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան Ապահովական խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի մասին հաստատումներ` իբրեւ լուծում ներկայ տագնապին: Սակայն լիբանանցիներէն շատերու համար թիւ 1701 բանաձեւի մասին նշումները կրնան անծանօթ կամ անհասկնալի ըլլալ: «Ազդակ»-ի 8 հոկտեմբեր 2024-ի խմբագրականը անդրադարձաւ այն մասին, որ 1701 բանաձեւը ինքնին Լիբանանի համար որդեգրուած հիմնական բանաձեւերու շարքին 8-րդն է: ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Ռազմիկ» յանձնախումբը...

Լիբանանը` Իսրայէլեան Ծաւալապաշտութեան Թիրախ

Լիբանանը` Իսրայէլեան Ծաւալապաշտութեան Թիրախ

ՆԵՐՍԷՍ ԱՊՐԻԼԵԱՆ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Ա. Շիրակեան» մասնաճիւղ Լիբանան այսօր կ’ապրի աննախընթաց եւ ճգնաժամային պայմաններու մէջ: 10.452 քառ. քմ տարածքի վրայ ապրող լիբանանցիներ տարբեր տեսակի մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կը գտնուին: Անոնք ազդուելով երկրին այս վատ իրադարձութիւններէն` կ’ապրին անորոշութեան,  ոմանք յուսալքումի մէջ` չգիտնալով, թէ ի՛նչ նորութիւն մը կը սպասէ իրենց ապագային: Սեպտեմբեր ամսուան յայտարարուած այս պատերազմը կարծես թէ գագաթն էր 2019-էն ի...

Մեր Խօսքը

Իսրայէլի Հարուածը Եւ Լիբանանի Դիմադրութիւնը

ՃՈՐՃ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղ Արդէն իսկ մէկ տարին անցաւ Կազայի պատերազմի սկիզբին: Կազան հաւասարեցաւ գետնի, դարձաւ փլատակ, տուաւ աւելի քան 40.000 զոհ:  Եւ այդ իրավիճակը սկսաւ ներթափանցել նաեւ Լիբանան: Իսրայէլեան բանակը շաբաթներ առաջ սկսաւ ռմբակոծել Լիբանանի հարաւն ու ի վերջոյ օդային հարուածները հասան Պէյրութ: Թիրախաւորուած շրջաններուն բնակիչները տեղահանուեցան եւ գաղթեցին դէպի համեմատաբար ապահով շրջաններ` ապաստանելով հիմնականօրէն պետական դպրոցներու...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ժամանեց Պոսթըն

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ժամանեց Պոսթըն

Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Հայոց Թեմին շնորհած իր հովուապետական այցելութեան ծիրէն ներս, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ժամանեց Պոսթըն: Յայտնենք, որ Պոսթընը Ամերիկայի արեւելեան թեմի կարեւորագոյն շրջաններէն մէկն է՝ ըլլալով հայահոծ քաղաք մը։ Եկեղեցւոյ կողքին կը գործեն կրթական, մշակութային, կուսակցական եւ այլ կառոյցներ: Ուայթընզվիլ այցելութենէն ետք, նոյն օրը, Նորին Սրբութիւնը եւ իր շքախումբը հասան Պոսթըն։ Վեհափառ Հայրապետը դիմաւորուեցաւ Պոսթընի Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Նորթ Էնտովր

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Նորթ Էնտովր

Ուրբաթ, 11 Հոկտեմբեր 2024-ին, նախագահութեամբ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Լօուըլ շրջանի քաղաքապետարանի մուտքին Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած նոր յուշակոթող-խաչքարի մը բացումը կատարուեցաւ: Հանդիսութեան հերթաբար խօսք առին կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամները եւ Լօուըլի նախկին ու ներկայ քաղաքապետերը: Համայնքի ներկայացուցիչներու կողքին ներկայ էր յուշակոթող-խաչխարի արուեստագէտ Դանիէլ Վարուժան Հեճինեան։ Ներկայ քաղաքապետը ողջունելով Վեհափառ Հայրապետին օրհնաբեր այցելութիւնը՝ անոր յանձնեց քաղաքի բանալին: Խօսք առնելով նաեւ Վեհափառ Հայրապետը՝...

Հիւսիսային Ամերիկայի Երեք Առաջնորդները Հանդիպում Ունեցան Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հետ

Հիւսիսային Ամերիկայի Երեք Առաջնորդները Հանդիպում Ունեցան Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հետ

Հինգշաբթի, 10 Հոկտեմբեր 2024-ի երեկոյեան, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Պոսթընի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ  Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեանի, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեանի եւ Գանատայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի հետ: Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Սուրիոյ եւ Լիբանանի հայ վարժարաններուն օգնութեան, Նորին Սրբութեան գահակալութեան...

Թրանսիլվանիա, Հայկական Անցեալի Հետքերով

Թրանսիլվանիա, Հայկական Անցեալի Հետքերով

ՎԱՀԷ ԹԱՇՃԵԱՆ Կերլա, Սամոշույվար, Նէօյըշլոս… կամ Հայաքաղաք (Արմենոփոլիս): Միեւնոյն Կերլա քաղաքին անուններն են հոն ապրած տարբեր ժողովուրդներու լեզուներով: Այս քաղաքն էր, որ վերջերս այցելեցի խումբ մը ընկերներով եւ գործընկերներով: Անիկա կը գտնուի Ռումանիոյ տարածքին` պատմական Թրանսիլվանիոյ մէջ: Հաւանաբար մեզմէ շատեր լսած են Թրանսիլվանիոյ տարածքին հայկական ներկայութեան մասին: Հայկական աղբիւրներու մէջ շատ բան կարելի է գտնել այստեղի երբեմնի հայկական կեանքին մասին:...

Առանց Սիրոյ Զգացումին Կարելի Չէ Ճանչնալ Զաստուած

Մեր Ուշադրութիւնը Դէպի Հայ Դպրոց Ուղղենք, Որպէսզի Հայ Դպրոցով Կարենանք Դէպի Վեր Մղել Վայրէջք Ապրող Մեր Կեանքին Ընթացքը

Այսօր Սրբոց Թարգմանչաց տօնն է: Աւանդաբար այս օրը հայ դպրոցին համար մեծ համախմբումի ու ոգեւորութեան առիթ է: Արդարեւ, այսօր նուիրումի ուխտով քով քովի կը հաւաքուին դաստիարակ ու աշակերտ, որպէսզի հայ դպրոցի երդիքին տակ իրագործեն 5-րդ դարուն սկիզբ առած մեր ազգի լուսաւորութեան սրբազան այն աշխատանքը, որուն հեղինակները հանդիսացան Ս. Մեսրոպ Մաշտոց, Սահակ Պարթեւ հայրապետ ու իրենց աշակերտները: Այս առթիւ գէթ մեր...

Ուսանողութիւնը Եւ Մենք

Նոր Մարտահրաւէր, Նոր Կամք

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ Լիբանանահայութիւնը միշտ ալ անցուցած է ծանր օրեր: Կան պահեր, երբ բոլորս ալ կը յուսահատինք: Համբերութիւն, յոյս, հորիզոն, ապագայ եւ շատ մը ծրագիրներ անիմաստ եւ ապարդիւն կը տեսնենք: Այսօր ալ` բոլոր ժամանակներու պէս, բաւական ծանր ու անորոշ վիճակի մէջ կը գտնուինք: Պատերազմը եւ անորոշութիւնը իշխող եւ ճնշող դեր կը խաղան ժողովուրդի հոգեվիճակին մէջ: Սակայն կայ հիմնական սկզբունք մը: Կայ...

Լիբանանի Երեսփոխանական  Ընտրութիւններէն 161 Օրեր Առաջ.  Համախմբուելու, Նեղ Անհատական Հաշիւները  Անտեսելու Եւ Ազգային Միասնական  Ճակատ Ունենալու Այժմէականութիւնը

Լիբանանին Պարտադրուած Պատերազմի Առօրեայէն (3). Մեծերուն Խաղերը Եւ Երեխաներուն Ցաւերը

ՐԱՖՖԻ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ - Պա՛պ, լսեցի՞ր: Պայթո՞ւմ էր, թէ ժիտար: Առաջին օրերուն կ՛ըսէինք, որ հրավառութեան ձայն էր, երբեմն ալ` ինքնաշարժի անիւի պայթիւնի ձայն... Բայց արդէն 5 տարեկան տղաս այլեւս գիտէ, թէ «զարկաւ»-ը ի՛նչ կը նշանակէ: Դժբախտաբար հազարաւոր անմեղ երեխաներ ամէն օր այս մթնոլորտին մէջ կը մեծնան` բնականոն ապրելակերպէ ու պայմաններէ հեռու, միջավայրէն մասամբ անջատուած եւ մանուկներու շարք մը իրաւունքներէ զրկուած: -...

«Նամակները Շատ Հարազատ Եւ Անմիջական Են, Նաեւ Յստակ Կերպով Գաղափար Ալ Կու Տան, Որ Յեղափոխական Գործիչները, Մարտիկները Իրենց Աշխատանքները Ի՛նչ Պայմաններու Մէջ Կը Տանէին», «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Պատմաբան Երուանդ Փամպուքեան

Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար. Երուանդ Փամպուքեան (1933)

ԱՐԹՈՒՐ ԱՆԴՐԱՆԻԿԵԱՆ  «Նամակները շատ հարազատ եւ անմիջական են, նաեւ յստակ կերպով գաղափար ալ կու տան, որ յեղափոխական գործիչները, մարտիկները իրենց աշխատանքները ի՛նչ պայմաններու մէջ կը տանէին» Ե. ՓԱՄՊՈՒՔԵԱՆ Առաջին անգամ Երուանդ Փամպուքեանին  հանդիպած եմ «Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ (2016 թուականին), երկրորդ անգամ` իր հիւրընկալ յարկին տակ (2022 թուականին): Մեծ էր ոգեւորութիւնս, երբ զիս հրաւիրած էր. սկզբնապէս զարմանք մը ապրեցայ, որ ան...

Զրոյց Մը Ապագայի Մասին.  Հաւասարում Նորոգ` Հայկական Սփիւռքի Արտացոլում Մը

Զրոյց Մը Ապագայի Մասին. Հաւասարում Նորոգ` Հայկական Սփիւռքի Արտացոլում Մը

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքը յուլիսին Լիզպոնի մէջ հիւրընկալեց շրջադարձային ձեռնարկ մը` մէկտեղելով հայկական սփիւռքի մէջ մեծ յարգանք վայելող կարգ մը մտաւորականներ: «Հաւասարում նորոգ. սերունդներու զրոյց մը» վերնագիրով եռօրեայ հանդիպումը վերարժեւորեց սփիւռքի մտաւորական հարուստ ժառանգութիւնը` միաժամանակ խթանելով աշխուժ զրոյց մը սերունդներու միջեւ: 15-17 յուլիս 2024-ին հիմնարկութեան կեդրոնական շէնքին մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկը լրումն էր երկու տարուան բծախնդիր ծրագրումի: Իր...

Խմբագրական «Ալիք»-ի.  Եւ Այր Մի Յաւերժ

Խմբագրական «Ալիք»-ի. Եւ Այր Մի Յաւերժ

«Ճանաչելու իմաստութիւնն ու խրատը, հասկանալու խօսքերը հանճարեղ, ընկալելու խօսքի դարձուածքները, ուսանելու ճշմարիտ արդարութիւնը եւ ուղղուելու դէպի իրաւունքը, անուսումներին տալու խորագիտութիւն, երիտասարդներին` գիտելիք եւ կողմնորոշում: Քանզի դրանք լսելով` իմաստունն աւելի կ՛իմաստնանայ, կրթեալը կը ստանայ կեանքի ուղեցոյց: Սրանով մարդ կը հասկանայ իմաստունների խօսքերը` նրանց իմաստուն խօսքերը, նրանց առակները, նրանց այլաբանութիւններն ու հանելուկները: Իմաստութեան սկիզբը երկիւղն է Տիրոջից, իմաստութիւնը բարիք է նրանով առաջնորդւողների...

Ուշացած   Շնորհակալութիւն

Մշակոյթի Շունչն Է Մեզ Ազգ Եւ Հայ Պահողը

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ Ժողովուրդներ, իրենց պատմութեան մէջ գաղափարներ, արժէքներ, մարդկային տիպարներ առանձնացնելով, ստեղծած են զանազան տօներ` Մայրերու օր, Աշխատաւորներու օր, Անկախութեան օր, Նահատակաց օր, Մշակոյթի օր եւ այլն: Ղարաբաղ ծնած, Սարդարապատի հերոսամարտին մասնակցած, բարձրագոյն ուսումը Եւրոպայի  մէջ ստացած մեր երանաշնորհ Գարեգին Ա.  Յովսէփեանց կաթողիկոսը յատուկ կոնդակով  մը հոկտեմբեր ամիսը յայտարարած է «Մշակոյթի  ամիս»: Հայ ժողովուրդը  Թարգմանչաց տօնը կը յիշատակէ  հոկտեմբեր ամսուան...

Մեր Ինքնութեան Խորհրդանիշ Սրբոց Թարգմանչաց Տօնը

Մեր Ինքնութեան Խորհրդանիշ Սրբոց Թարգմանչաց Տօնը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Սուրբ Թարգմանչաց կամ տօն Սրբոց Թարգմանչաց վարդապետացն մերոց, կը նշուի Խաչվերացի տօնի չորրորդ կիրակիին յաջորդող շաբաթ օրը: Հայ ազգը 301-ին քրիստոնէութիւնը ընդունած էր իբրեւ պետական կրօն: Առաջին քայլերը առնուած էին զԱստուած լսելու, ճանչնալու եւ հասկնալու համար: Անցած էր մօտաւորապէս մէկ դար: Վանքերուն եւ եկեղեցներուն մէջ կանոնաւոր արարողութիւններ կը կատարուէին եւ Սուրբ Գիրքը կ՛ընթերցուէր: Սակայն արարողութիւնները կը կատարուէին եւ...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Ուայթընզվիլ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Ուայթընզվիլ

Ընկերակցութեամբ իր շքախումբին, որուն մաս կը կազմեն Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան եւ Արեւելեան թեմի ազգային վարչութեան ատենապետ գնդապետ Արամ Սարաֆեան, Կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեան եւ Միջին Արեւելքի միջ-եկեղեցական եւ քրիստոնեայ-իսլամ յարաբերութեանց վարիչ Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան,...

Լիբանանէն Դուրս Ապրող Հայրենակիցներուն Համար

Լիբանանէն Դուրս Ապրող Հայրենակիցներուն Համար

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ Հայաշխարհը ամբողջ մտահոգութեամբ կը հետեւի Լիբանանի դէմ շղթայազերծած պատերազմին եւ անշուշտ` լիբանանահայ համայնքի պարզած կացութեան: Լրատուամիջոցներու, հարազատներու եւ բարեկամներու հիմնական եւ առօրեայ հեռաձայնային խօսակցութեան կամ կապի ընթացքին հարցադրումը լիբանանահայութեան սպառնացող վտանգի եւ անոր տարողութեան մասին է: Լիբանանահայ մամուլի եւ համայնքի պատասխանատուներու տեղեկագրութիւնները եւ յայտարարութիւնները նկատի ունենալով եւ ընդհանուր պատկեր մը փոխանցելու համար բոլորին, այսօրուան դրութեամբ կացութիւնը կարելի է...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կ՛ընդունի  Հայաստանի Եւ Վատիկանի Դեսպանները

Դպրեվանքի Վերամուտին Առիթով. «Խորհէ՛ Եւ Ղրկէ՛». Հայ Ծնողներուն

ՄԱՐԱԼ ՂԱՐԻՊԵԱՆ «Խորհէ՛ եւ մտի՛ր» նշանաբանը արձանագրուած է Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի մուտքին: «Եթէ կորսնցուցած ենք նիւթական Կիլիկիան, կորսուած չե՛ն եւ մե՛ր ձեռքն են հոգեւոր Կիլիկիոյ վերակենդանութեան եւ բարգաւաճման կարելիութիւնները: Մենք կ՛ուզենք, որ ան (դպրեվանքը) դառնայ, կրօնական-եկեղեցական կեդրոնի զուգահեռ, գիտութիւն, արուեստ եւ մշակոյթ, մեզի մատչելի սահմաններուն մէջ դաշնակցին իրարու հետ` բարձրացնելու այս ժողովուրդին հոգեւոր եւ մտաւոր կեանքի մակարդակը... Մեր դպրեվանքը պիտի...

Լիբանանի Երեսփոխանական  Ընտրութիւններէն 161 Օրեր Առաջ.  Համախմբուելու, Նեղ Անհատական Հաշիւները  Անտեսելու Եւ Ազգային Միասնական  Ճակատ Ունենալու Այժմէականութիւնը

Լիբանանին Պարտադրուած Պատերազմի Առօրեայէն (2). Ինչո՞ւ Պարտադրուած

ՐԱՖՖԻ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ Թուրքիոյ իշխանութիւնները եւ, այսպէս կոչուած, ուսումնասիրական կեդրոնները մինչեւ այսօր Հայոց ցեղասպանութեան պատճառը կը նկատեն, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնն ու ազատագրական շարժումներն են, որոնք դիմեցին ազատագրական պայքարի, եւ որոնց արարքներուն պատճառով թուրքերը դիմեցին ինքնապաշտպանութեան, եւ այս կռիւներու ընթացքին երկու կողմերը զոհեր տուին... Մէկը կա՞յ հաւատացող, որ եթէ ազատագրական պայքար չըլլար, ապա Հայոց ցեղասպանութիւն տեղի պիտի չունենար, եւ Թուրքիա պիտի...

Page 156 of 1110 1 … 155 156 157 … 1,110

Արխիւներ