Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զրոյց Մը Ապագայի Մասին. Հաւասարում Նորոգ` Հայկական Սփիւռքի Արտացոլում Մը

Հոկտեմբեր 12, 2024
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքը յուլիսին Լիզպոնի մէջ հիւրընկալեց շրջադարձային ձեռնարկ մը` մէկտեղելով հայկական սփիւռքի մէջ մեծ յարգանք վայելող կարգ մը մտաւորականներ: «Հաւասարում նորոգ. սերունդներու զրոյց մը» վերնագիրով եռօրեայ հանդիպումը վերարժեւորեց սփիւռքի մտաւորական հարուստ ժառանգութիւնը` միաժամանակ խթանելով աշխուժ զրոյց մը սերունդներու միջեւ:

15-17 յուլիս 2024-ին հիմնարկութեան կեդրոնական շէնքին մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկը լրումն էր երկու տարուան բծախնդիր ծրագրումի: Իր տեսակին մէջ աննախընթաց հանդիպումը ընդգրկեց 14 երկիրներէ 36 մասնակիցներ, որոնք կը ներկայացնէին սփիւռքահայ մտաւորականութեան երեք տարբեր սերունդներ: Վերնագիրը կ՛ակնարկէր Յարութիւն Քիւրքճեանի (1943-2024) «Երկրորդ հաւասարում բազմաթիւ անյայտներով» 1968-ի հիմնարար փորձագրութեան, որմէ ներշնչուած էր:

Համախմբումը հազուադէպ առիթ մը ընձեռեց քննելու այսօր հայութեան դիմաց ծառացած կարգ մը գլխաւոր հարցեր` սփիւռքը դնելով առաջնային գիծի վրայ: Հանդիպումը նաեւ այն վայրն էր, ուր մտածումի եւ արտայայտութեան միջոցը հայերէնն էր: Վեթերան դէմքերու եւ միջին սերունդի ազդեցիկ մտաւորականներու առընթեր` խոստմնալից եւ կայացած երիտասարդներու ուժեղ խմբաւորում մը իր նպաստը բերաւ հանդիպումին:

Ձեռնարկը կը բաղկանար քանի մը մասերէ: Նախ` լուսարձակները կեդրոնացան եօթը հարցազրոյցներու վրայ, որոնց ընթացքին երիտասարդ եւ միջին սերունդի մասնակիցներ համադրուած զրոյցներ ունեցան Սփիւռքի առաջատար տեսաբաններու հետ, ինչպէս` Գրիգոր Պըլըտեան, Ժիրայր Լիպարիտեան, Խաչիկ Թէօլօլեան, Մարկ Նշանեան, Յարութիւն Քիւրքճեան, Սիլվա Գույումճեան եւ Վեհանոյշ Թէքեան: Զրոյցները լուսաբանեցին այս վաստակաւոր գործիչներուն կտրած անձնական ճանապարհը եւ մտաւորական ներդրումները` խորաթափանց դիտարկումներ առաջադրելով 1960-ականներէն սկսեալ սփիւռքի փորձառութեան զարգացումին վերաբերեալ:

Աշխարհի տարածքին հայ գաղութներու մտաւորական հիւսուածքը ձեւաւորած անհատներու յարգանքի տուրք մը մատուցելու կողքին,  «Հաւասարում նորոգ»-ը կլոր սեղանի շուրջ վեց խորքային քննարկումներով ծառայեց իբրեւ կենսական հարթակ սերունդներու մէջ եւ սերունդներու միջեւ խօսակցութեան: Իւրաքանչիւր քննարկում կեդրոնացաւ առանցքային բնաբանի մը վրայ. մշակոյթ-գրականութիւն, կրթութիւն, սփիւռքի քաղաքականութիւն, սփիւռքի գոյավիճակ, սփիւռքը` երիտասարդներու աչքով եւ սփիւռք` ժառանգութիւն եւ փոխանցում: Նաեւ ներկայացուեցաւ «Հայկական սփիւռքի հարցախոյզ» ծրագիրը: Ամբողջ ձեռնարկը միաժամանակ խորհրդածութիւն մը եղաւ անցեալի մասին եւ զրոյց մը` ապագայի համար:

Շուտով հանրութեան տրամադրելի պիտի ըլլայ տեսագրութիւններու շարք մը` Արա Մածունեանի հեղինակութեամբ, որ պիտի ընդգրկէ «Լուսարձակ» հարցազրոյցները եւ այս իւրայատուկ համախմբումին էութիւնը արտացոլող վաւերագրական ժապաւէն մը: Նաեւ պիտի հրատարակուի վերլուծական զեկոյց մը Վիգէն Չեթերեանի կողմէ, որ պիտի ընդգծէ քննարկումներուն բանալի կէտերը:

«Հաւասարում նորոգ»-ը գիտաժողովէ մը աւելին էր. անիկա առիթ մըն էր ուսումնասիրելու հայկական սփիւռքի ներուժը եւ իւրայատուկ կարելիութիւնները: Մասնակիցները Լիզպոնէն մեկնեցան բաժնելով այն համոզումը, որ նման համախմբումներ կենսական են` իբրեւ ինքնուրոյն միաւորում հայկական սփիւռքի մտաւորական զարգացումին եւ երկարաժամկէտ ինքնագոյատեւումին համար:

Այուամենայնիւ, բազմաթիւ ներկաներ նշեցին բացակայութիւնը խորքային քննարկումներ ծաւալող հարթակներու, որոնք պիտի խրախուսէին սերունդներու միջեւ իմաստալից կապերը եւ գիտելիքներու փոխանցումը: Յստակ էր, որ հայկական գաղութներու մէջ աւելի մեծ թիւով անհատներ կամ կազմակերպութիւններ պէտք է պատասխանատուութիւն ստանձնեն եւ նախաձեռնեն այս կենսական կապերու ամրապնդումին եւ զարկ տան ներսփիւռքեան զրոյցներու:

«Հաւասարում նորոգ. սերունդներու զրոյց մը» ծրագիրին մասնակիցներն էին`

Անահիտ Տօնապետեան, Ծաւի Պիլալեան, Շուշան Քէշիշեան, Արա Վասիլեան, Կարէն Ջալլաթեան, Ռուբէն Ճանպազեան, Արմէն Իւրնէշլեան, Հայկ Օշական, Սալբի Ղազարեան, Գառնիկ Գոյունեան, Հուրի Պէրպէրեան, Սեսիլ Արթուչ, Գէորգ Լազարեան, Հրաչ Չիլինկիրեան, Սիլվա Գույումճեան, Գրիգոր Պըլըտեան, Մարկ Նշանեան, Սոնիա Սանան Քիլեճեան, Դալար Շահինեան, Մարտիկ Չոլաքեան, Վահագն Քէշիշեան, Թալին Սուճեան, Մովսէս Տէր Գէորգեան, Վահէ Պէրպէրեան, Ժիրայր Լիպարիտեան, Յակոբ Կիւլլիւճեան, Վարագ Գեթսեմանեան, Լիսա Կիւլեսերեան, Յարութիւն Քիւրքճեան, Վեհանոյշ Թէքեան, Խաչիկ Թէօլօլեան, Շուշան Կարապետեան, Րաֆֆի Աճեմեան, Խաչիկ Տէր Ղուկասեան, Շուշան Ղազարեան, Քրիստիան Բատիկեան:

Հայկական համայնքներու բաժանմունքէն մասնակցեցան` Ռազմիկ Փանոսեան, Շողեր Մարկոսեան, Գայիանէ Մածունեան, Անի Կարմիրեան:

Ձեռնարկին ծրագիրը կարելի է տեսնել https://gulbenkian.pt/armenian-communities/wp-content/uploads/sites/23/2024/09/Arm-program-for-website.pdf

Նախորդը

Խմբագրական «Ալիք»-ի. Եւ Այր Մի Յաւերժ

Յաջորդը

ԼՕԽ-ի «Ա. Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն. Այցելութիւն Եւ Օժանդակութիւն Հարաւի Գաղթականներուն

RelatedPosts

Հայ Դատի Համակարգի Ներկայացուցիչները Մասնակցեցան Վարշաւայի Մէջ ԵԱՀԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Խորհրդաժողովին
Գաղութէ Գաղութ

Հայ Դատի Համակարգի Ներկայացուցիչները Մասնակցեցան Վարշաւայի Մէջ ԵԱՀԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Խորհրդաժողովին

Հոկտեմբեր 22, 2025
Մխիթարեան Միաբանութեան 325-Ամեակի  Նշումը Կը Մեկնարկէ Մէկամսեայ Կրօնական Եւ Մշակութային Ձեռնարկներով
Գաղութէ Գաղութ

Մխիթարեան Միաբանութեան 325-Ամեակի Նշումը Կը Մեկնարկէ Մէկամսեայ Կրօնական Եւ Մշակութային Ձեռնարկներով

Հոկտեմբեր 21, 2025
Վեհափառ Հայրապետը Ժամանեց Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Մայր Եկեղեցի
Գաղութէ Գաղութ

Վեհափառ Հայրապետը Ժամանեց Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Մայր Եկեղեցի

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?