Լիբանանին Պարտադրուած Պատերազմի Առօրեայէն (7). Անհատներով Չպայմանաւորուած Գործը Կանգ Չ՛առներ
ՐԱՖՖԻ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի դէմ իսրայէլեան ահաբեկչական գործողութիւնը, ինչպէս նաեւ կուսակցութեան մարտական թեւի շարք մը ներկայացուցիչներու ահաբեկումները շատերու համար Դիմադրութեան մահազդն էր: Իսրայէլի բնակչութեան հրճուանքը գագաթնակէտին հասած էր, Նեթանիահուն համոզուած էր, որ վերջապէս «բան մը ըրաւ», իսկ Լիբանանի մէջ շատեր ցնծութիւն կ՛ապրէին, եւ եթէ չվախնային, անպայման հրավառութիւն ալ կը կատարէին: Լիբանանի թշնամիներուն ունեցած ծովային, ցամաքային, օդային-արբանեակային...


















