Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանին Պարտադրուած Պատերազմի Առօրեայէն (3). Մեծերուն Խաղերը Եւ Երեխաներուն Ցաւերը

October 12, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՐԱՖՖԻ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ

– Պա՛պ, լսեցի՞ր: Պայթո՞ւմ էր, թէ ժիտար:

Առաջին օրերուն կ՛ըսէինք, որ հրավառութեան ձայն էր, երբեմն ալ` ինքնաշարժի անիւի պայթիւնի ձայն… Բայց արդէն 5 տարեկան տղաս այլեւս գիտէ, թէ «զարկաւ»-ը ի՛նչ կը նշանակէ: Դժբախտաբար հազարաւոր անմեղ երեխաներ ամէն օր այս մթնոլորտին մէջ կը մեծնան` բնականոն ապրելակերպէ ու պայմաններէ հեռու, միջավայրէն մասամբ անջատուած եւ մանուկներու շարք մը իրաւունքներէ զրկուած:

– Չէ՜, չեմ երթար առանձին: Կը վախնամ:

Այսօր որո՞ւ զաւակը սարսափի մէջ չէ եւ պատերազմին յառաջացուցած ճնշուածութիւնը չ՛ապրիր: Ո՞ր երեխան սենեակէ սենեակ երթալու համար չ՛ուզեր ընկերակցող: Տակաւին, այս տագնապալի օրերուն ո՞ր երեխան մութէն չի վախնար:

– Ե՞րբ այս ձայները պիտի կենան, որպէսզի քնանանք:

Ուշ գիշեր է, ժամը 1:30 է, եւ տասը տարեկան աղջիկս առջեւս քարացած` կանգնած է, չի կրնար քնանալ եւ կ՛ուզէ գիտնալ, թէ անկոչ անօդաչու սարքերը ե՞րբ պիտի հեռանան, կորսուին, անհետանան, հրթիռներուն ձայները ե՞րբ պիտի դադրին:

– Աս պզտիկները ինչո՞ւ փողոցներն են, տուն չունի՞ն, վաղը ձմրան ինչպէ՞ս պիտի դիմանան, չե՞ն մսիր…

Այս բոլորէն անդին` ի՞նչ կարելի է գրել ա՛յն երեխաներուն մասին, որոնք տնազուրկ են, վերմակ չունին, ծնողք կորսնցուցած են, խաղալիքները փճացած են, հրթիռներու տակ են, մինչ շատեր ալ դժբախտաբար անշնչացած են` զոհ երթալով անմարդկային ոճիրներու:

Ո՞ւր են` մանուկներու իրաւունքներու պահապանները, Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը, միջազգային ընտանիքը, արդարութեան ու խաղաղութեան ջատագովները: Երեխաներուն փոխարէն` բոլոր «փրկարար»-ները քնացած են, խո՜ր քունի մէջ են, աչքերնին փակած են:

Դժբախտաբար պատերազմներուն մեծերը կը խաղան ու փոքրերը զոհ կ՛երթան, եւ այդ փոքրերուն մէջ երեխաները հոգեպէս ամէնէն շատ կ՛ազդուին, կը ցաւին եւ կը զրկուին իրենց նուազագոյն իրաւունքներէն ու մանկութեան ամենապարզ վայելքներէն:

11 Հոկտեմբեր 2024

Նախորդը

Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար. Երուանդ Փամպուքեան (1933)

Յաջորդը

Նոր Մարտահրաւէր, Նոր Կամք

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.