Լիբանան դարձեալ կը գտնուի ճգնաժամային իրավիճակի մէջ: Սեպտեմբեր 2024-ին հանգրուանային ու մագլցողական ձեւով զարգացաւ Հըզպալլայի եւ Իսրայէլի միջեւ լարուածութիւնը եւ, հակառակ քաղաքական վերլուծաբաններու մեծամասնութեան կարծիքին, Թել Աւիւ դիմեց պատերազմական խիստ քայլերու: Այսօր Իսրայէլի պատերազմը Հըզպալլայի դէմ չէ, այլ նաեւ` Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան: Լիբանան ամէնօրեայ դրութեամբ կ՛ենթարկուի ռմբակոծումներու, որոնց պատճառով ցարդ նահատակուած են աւելի քան 2000 քաղաքացիներ ու վիրաւորուած` շուրջ 10.000 ուրիշներ: Հետեւաբար պէտք չէ մոռնալ, որ Հըզպալլան պետութիւն չէ, կամ անոր զանգուածը այլ պետութեան մը քաղաքացիները չեն: Իսրայէլի պատերազմը Լիբանանի դէմ կը գտնուի:
Դժբախտաբար հայ ժողովուրդը եւս բազմաթիւ մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կը գտնուի: Լիբանանահայը այսօր իր մորթին վրայ կը զգայ իրավիճակը Արցախի ժողովուրդին, որ պաշարումի եւ ամէնօրեայ զինանադադարի խախտումներու ենթակայ էր ամբողջ տարուան մը ընթացքին: Բազմաթիւ նմանութիւններ կարելի է գտնել Արցախ-Ազրպէյճան եւ Իսրայէլ-Հըզպալլա պատերազմներուն միջեւ: Ի վերջոյ, Իսրայէլ, Ազրպէյճան եւ Թուրքիա նոյն դաշինքին մաս կը կազմեն եւ Միջին Արեւելքի ու հայութեան մեծագոյն չարիքներն են:
Վերադառնալով Լիբանան` ցնցիչ էր Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի նահատակութիւնը: Իրապէս քաղաքական եւ ռազմավարական ցնցում էր: Յատկանշական է, որ Դիմադրութեան սէյիտին զօրակիցները եւ համակիրները տակաւին յուսահատած չեն եւ անտարբերութեան ու պարտութեան դրօշը պարզած չեն: Կարելի է ըսել, որ իբրեւ երիտասարդութիւն` այս երեւոյթէն դասեր պէտք է քաղենք եւ անդրադառնանք, որ մենք եւս յուսահատութեան եւ անտարբերութեան մատնուելու իրաւունք չունինք:
Լիբանանահայ երիտասարդը այսօր ներկայ իրավիճակին մասին բնականաբար իր մօտեցումները եւ ըսելիքները ունի: Այս իմաստով, հրամայական է, որ երիտասարդութիւնը մօտէն հետեւի բոլոր զարգացումներուն` ոչ պարզապէս տեղեկանալու նպատակով, այլ իր մտքին մէջ ստեղծելու որոշ պաշար մը, որուն հիման վրայ կրնայ գծել այս երկրի ապագան:
Երիտասարդութիւնը պէտք է գիտակցի, որ ի՛նքն է այս երկրի ապագան, ի՛նքն է ընտրողը, ի՛նքն է պաշտպանողը եւ ի՛նքն է տէրն ու տիրականը: Իբրեւ ՀՅԴ ԼԵՄ, մենք մեր պատասխանատուութիւնները լաւապէս գիտնալով, մեր լիբանանահայ երիտասարդութիւնը կը հրաւիրենք քաղաքականացումէն անդին` որդեգրելու քննական միտք եւ հարցերուն մօտենալու առարկայական ձեւով, որովհետեւ այդ է պետականաշինութեան միակ ուղին:
Բնականաբար մեր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնենք մեր երկիր Լիբանանին ու կը դատապարտենք Իսրայէլի գործած միջազգային օրէնքներու խախտումները ու ծաւալապաշտական յառաջխաղացքները: Կը մաղթենք, որ Լիբանան շուտով վերագտնէ իր խաղաղութիւնը, եւ քաղաքական համակարգը լծուի պետականաշինութեան աշխատանքներու` առաջին հերթին ընտրելով նոր նախագահ:
ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ


