Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նոր Մարտահրաւէր, Նոր Կամք

Հոկտեմբեր 12, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Լիբանանահայութիւնը միշտ ալ անցուցած է ծանր օրեր: Կան պահեր, երբ բոլորս ալ կը յուսահատինք: Համբերութիւն, յոյս, հորիզոն, ապագայ եւ շատ մը ծրագիրներ անիմաստ եւ ապարդիւն կը տեսնենք:

Այսօր ալ` բոլոր ժամանակներու պէս, բաւական ծանր ու անորոշ վիճակի մէջ կը գտնուինք: Պատերազմը եւ անորոշութիւնը իշխող եւ ճնշող դեր կը խաղան ժողովուրդի հոգեվիճակին մէջ:

Սակայն կայ հիմնական սկզբունք մը: Կայ հիմնական համոզում, որ մեզի համար Լիբանանը կարեւոր, չըսելու համար` կարեւորագոյն օճախն է սփիւռքահայութեան: Ասկէ մեկնած է, որ պէտք է կառչած մնանք ապրելու եւ վերապրելու մեր կամքին ու զօրացնենք զայն` հակառակ ժխտական բոլոր պայմաններուն:

Միջկուսակցական, միջբարեսիրական, քաղաքական եւ յարանուանական հանդիպումներն ու ծրագրաւորումները փաստօրէն զօրաշարժի երեւոյթներ են: Մենք գիտենք, որ այսօր պէտք է մեր ժողովուրդին կրթական, կրօնական, կենցաղային, առողջապահական, ապահովական եւ առօրեայ այլ հոգերը բաժնեկցինք եւ ամէն գնով սփիւռքահայ գաղութներու նեցուկով շարունակենք ոտքի մնալ:

Լիբանանահայութիւնը միշտ ալ յաղթահարած է դժուարութիւնները, կրցած է թիավարել բոլոր ալիքներուն դիմաց: Այս անգամ ալ դժուար, մտահոգիչ եւ անյստակ հորիզոնի դիմաց կը գտնուինք, սակայն վստահ ենք, որ դարձեալ պիտի գտնենք ձեւը` ոտքի մնալու, տոկալու եւ յաղթահարելու:

Կարեւոր է սփիւռքահայութեան նեցուկը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի պետութեան` ի հարկին: Վերջապէս, այս գաղութը ինքնիրեն ապրող գաղութ չէ եղած եւ չի կրնար ըլլալ, հայրենիքին, Արցախին եւ սփիւռքի բոլոր գաղութներուն հասած է միշտ եւ կը հասնի նոյնիսկ այս պայմաններուն մէջ, եթէ կարիքը զգայ:

Լիբանանահայութիւնը, մեր էութեան եւ մեր գոյութեան հարցէն աւելի, սփիւռքին մարդուժ պատրաստող պարարտ հող եղած է եւ է՛ տակաւին: Այս իմաստով պէտք է հոգ տանիլ, ուշադրութիւն դարձնել եւ ոտքի պահել այս առանցքային գաղութը:

Կը հաւատամ, որ այս ամպերն ալ պիտի անցնին, եւ մեր ժողովուրդին զաւակները` շնորհիւ մեր շուրջ գտնուող կազմակերպութիւններուն եւ միութիւններուն, իրենց ճակատը բարձր պիտի  պահեն եւ մեր լիբանանեան փայլուն ու պայծառ օրերը վայելեն:

 

 

Նախորդը

Լիբանանին Պարտադրուած Պատերազմի Առօրեայէն (3). Մեծերուն Խաղերը Եւ Երեխաներուն Ցաւերը

Յաջորդը

Մեր Ուշադրութիւնը Դէպի Հայ Դպրոց Ուղղենք, Որպէսզի Հայ Դպրոցով Կարենանք Դէպի Վեր Մղել Վայրէջք Ապրող Մեր Կեանքին Ընթացքը

RelatedPosts

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մեծապէս Կը Սխալին
Անդրադարձ

Մեծապէս Կը Սխալին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Տոմս. «Մեր Ժողովուրդը Ո՞ւր Է…»

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?