ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
Ժողովուրդներ, իրենց պատմութեան մէջ գաղափարներ, արժէքներ, մարդկային տիպարներ առանձնացնելով, ստեղծած են զանազան տօներ` Մայրերու օր, Աշխատաւորներու օր, Անկախութեան օր, Նահատակաց օր, Մշակոյթի օր եւ այլն:
Ղարաբաղ ծնած, Սարդարապատի հերոսամարտին մասնակցած, բարձրագոյն ուսումը Եւրոպայի մէջ ստացած մեր երանաշնորհ Գարեգին Ա. Յովսէփեանց կաթողիկոսը յատուկ կոնդակով մը հոկտեմբեր ամիսը յայտարարած է «Մշակոյթի ամիս»:
Հայ ժողովուրդը Թարգմանչաց տօնը կը յիշատակէ հոկտեմբեր ամսուան երկրորդ շաբաթ օրը:
Թարգմանչաց տօնը իր մէջ ոչ միայն կը խտացնէ հայ գիրերու գիւտը, թարգմանական աշխատանքները, այլ նաեւ` հայկական դպրոցներու հիմնադրութիւնը, հայ մշակոյթի եւ ազգային ինքնուրոյն գաղափարախօսութեան ծնունդը:
Թարգմանչացը հայկական մշակոյթի ընդհանուր տօնն է: Գիրերու գիւտի, հայերէնի թարգմանութիւններու, հայերէն ստեղծագործութիւններու, հայ դպրոցներու ընդհանուր տօնն է:
Հայ գիրն ու գրականութիւնը ստեղծուեցան պատմական այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ օրակարգի վրայ դրուած էին հայկական պետականութեան ինքնուրոյնութիւնը եւ անկախութիւնը:
Մայրենի լեզուի ինքնուրոյն գիրի եւ գրականութեան ստեղծումը մեծ նշանակութիւն ունեցաւ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի ճակատագիրին վրայ: Թարգմանչաց շարժումին շնորհիւ` ազգային ինքնագիտակցութեան հասաւ մեր ժողովուրդը եւ ինքնութեան պայքար սկսաւ մղել Բիւզանդիոնի եւ Տիզբոնի դէմ:
Գիրերու գիւտով եւ հայ գրաւոր գրականութեան սկզբնաւորութեամբ մեծ յեղաշրջում յառաջացաւ հայ կեանքի եւ աշխարհայեացքի մէջ: Վաղարշապատը դարձաւ մեր ուսումնական կեդրոնը: Հայաստանի տարբեր շրջաններէ երիտասարդութիւն սկսաւ հաւաքուիլ Վաղարշապատ` հայոց լեզուով ուսում ստանալու:
Սուրբ Սահակը եւ Սուրբ Մեսրոպը հիմքը դրին մշակութային-պատմական այնպիսի շարժումի մը, որ բացառիկ կարեւորութիւն ունեցող իրադարձութիւն հանդիսացաւ հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ:
Գիրերու գիւտը եւ հայ ինքնուրոյն գրականութեան սկզբնաւորութիւնը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ ունեցան ոչ միայն մշակութային-պատմական նշանակութիւն, այլեւ հանդիսացան անոր ֆիզիքական գոյութեան, ազգային միասնութեան ամենակարեւոր ազդակը: Այս է Թարգմանչաց շարժումին պատմական արժեւորումը:
Գիրէն ծնաւ առաջին հայերէն գիրքը` Աստուածաշունչը: Գիրքով բարձրացաւ հայ մարդը: Մեր վանքերը դարձան դպրոց, գիրքը` աւետարան, վարդապետը` վարժապետ, վանատունը` մատենադարան: Հեզասահ չընթացաւ այս բարեշրջումը:
Ղազար Փարպեցին իր «Թուղթ առ Վահան Մամիկոնեան» աշխատութեան մէջ կը նկարագրէ, թէ խաւարամիտները ինչպէ՛ս կը հալածէին Ոսկեդարու սերունդը եւ չի բաւեր հալածանքը, կ՛արհամարհէին զանոնք «լուսաւորիչ» անուանելով:
Այո՛, գիրքը կը լուսաւորէ, սիրելի՛ ընթերցող:
Հայ մարդը, հայ անհատը հաւատաց գիրին ու մշակոյթին: Կիւթենպերկեան հրաշքէն ետք մեր ժողովուրդը նոր թափ տուաւ գիրի պաշտամունքին: Մագաղաթէն անցանք տպագիրին: Վենետիկ, Պոլիս, Վան, Կալկաթա, Վիեննա, Էջմիածին, Թիֆլիս, Թաւրիզ, Հալէպ, Պէյրութ, Պոսթըն եւ այլուր հաստատուեցան հրատարակչատուներ:
Սակայն չի բաւեր գիրք հեղինակել, գիրք հրատարակել: Չի բաւեր գիրքերը դիզել գրատուներու մէջ: Գիրքը եղած չէ գրադարաններու կամ շտեմարաններու համար: Գիրքին վախճանական տեղը գրատունը չէ, ոչ ալ` մատենադարանը: Գիրքին իսկական տեղը հայ տունն է: Գիրքին տէրը հայ մարդն է: Գիրքը կարդալու համար է, որովհետեւ գիրքը լոյս է, գիրքը աղբիւր է:
Մեր անմոռանալի լուսաւորիչ- թարգմանիչներու անմահ գործին յիշատակը լաւագոյնս պահելու միջոցն է` սիրել ու տարածել հայոց լեզուն, հայ գիրն ու մշակոյթը, պայքարիլ հայ լեզուի աղաւաղումներուն դէմ: Գուրգուրալ ու աչքի լոյսի նման պահել մեր մշակութային արժէքները, սիրել եւ տարածել, ընդհանրացնել մեր մեծասքանչ լեզուով գրուած հոյակապ ու հարուստ գրականութիւնը, մեր դարաւոր նուիրական աւանդները, որոնք ձեռք բերուած են մեր նախնիներու արիւնով, քրտինքով եւ կեանքով:
Թարգմանչաց տօնը վառ պահելու լաւագոյն միջոցը հայոց լեզուն պահպանելն է:
Մայրենիի հանդէպ անտարբերութիւնը եւ հայ մշակոյթի աւանդութիւններէն հրաժարումը ճակատագրական պիտի դառնան սփիւռքահայութեան համար: Ուծացում..
Ի՞նչ է Ոսկեդարը յաւերժացնելու, անոր յիշատակը փառաբանելու լաւագոյն եղանակը, եթէ ոչ` լուսաւորիչներու աշխատութիւններուն եւ հայոց լեզուի հանդէպ ցուցաբերուող հետաքրքրութիւնը:
Մեր ժողովուրդը իր գոյութեան ամենածանր պահերուն անապատը դպրոցի վերածեց Տէր Զօրի աւազներուն մէջ… Հայ գիր եւ լեզու սորվեցուց իր վաղուան սերունդին:
Սուրբ թարգմանիչներու յիշատակի մեծարումը եւ ոգեկոչումը այսօր, աւելի քան մէկ այլ ժամանակ, համատարած զգաստութեան ահազանգ մը պարտի դառնալ հայ մարդու եւ համայն սփիւռքին համար: Բոլորիս պարտականութիւնն է աչքի լոյսի պէս պահել հայոց մեծասքանչ լեզուն, մեր ընտանիքներուն, ակումբներուն, դպրոցներուն մէջ պայքարիլ օտար լեզուներու ու դպրոցներու ապազգայնացնող ազդեցութիւններու դէմ, նոր սերունդը դաստիարակել Թարգմանչաց ոգիով ու շունչով:
Սփիւռքի կարգ մը երկիրներու մէջ կը մոռնան հայերէնը, տեղ-տեղ կարիք կը զգացուի նոյնիսկ անգլերէն թարգմանել սուրբ պատարագը, այլ լեզուներով պատգամել քարոզները… Լիբանանի եւ սփիւռքի կարգ մը գաղութներու մէջ ընտանիքներ օտար լեզուով կը խօսին իրենց բնակարաններուն մէջ:
Երբեք չեմ հաշտուած հայ մանուկը, պատանին օտար վարժարաններ ղրկելու գաղափարին հետ: Մեսրոպ Մաշտոցը եւ անոր զինակիցները` Ոսկեդարու սերունդը կեանքի գնով հիմը դրին հայ գիրին, գրականութեան, մշակոյթին եւ ազգային ինքնուրոյնութեան զէնքով օժտեցին մեզ, բայց` ոչ, որպէսզի դարեր ետք յաճախենք օտար վարժարաններ, օտար անուններով կնքենք մեր զաւակները… Պատճառաբանութիւնները մերժելի են: Առարկութիւնները` անտրամաբանական:
Ամօ՜թ մեզի, հազա՛ր ամօթ… Եկէ՛ք, հպարտանանք մեր երեսուն եւ վեց զինուորներէ բաղկացած անխորտակելի բանակով: Եկէ՛ք, գուրգուրանք եւ տարածենք կեանքի եւ արեան գնով մեզի հասած հայ մշակոյթը: Պահպանենք մեր լեզուն:
Հայ մշակոյթը պատի՛ւն է հայուն: Զայն պահպանենք, ինչպէս պիտի պահպանէինք մեր կեանքն ու արժանապատուութիւնը:
Մշակոյթի շունչն է մեզ ազգ եւ հայ պահողը: