Թուրքիոյ իշխանութիւնները եւ, այսպէս կոչուած, ուսումնասիրական կեդրոնները մինչեւ այսօր Հայոց ցեղասպանութեան պատճառը կը նկատեն, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնն ու ազատագրական շարժումներն են, որոնք դիմեցին ազատագրական պայքարի, եւ որոնց արարքներուն պատճառով թուրքերը դիմեցին ինքնապաշտպանութեան, եւ այս կռիւներու ընթացքին երկու կողմերը զոհեր տուին… Մէկը կա՞յ հաւատացող, որ եթէ ազատագրական պայքար չըլլար, ապա Հայոց ցեղասպանութիւն տեղի պիտի չունենար, եւ Թուրքիա պիտի հրաժարէր իր կայսերապաշտական եւ ծաւալապաշտական գաղափարներէն: Կը կասկածիմ, որ շուտով հայերուն մէջ ալ կասկածողներ պիտի ըլլան, եթէ չկան…
– Հըզպալլան սկսաւ… Թո՛ղ չկանգներ Կազայի կողքին… Պէտք չէ կապել Կազայի ճակատագիրը Լիբանանի ճակատագիրին հետ:
Դժբախտաբար արաբները հեռու են ազգութեան եւ մէկութեան գաղափարէն եւ օրէ օր աւելի կը հեռանան, մինչ մենք ալ անցնող չորս տարիներուն բաւական պարպուեցանք մեր ազգային պատկանելիութենէն, եւ մեր ընթացքն ալ յուսատու չէ… Յիշեցէ՛ք Հայաստանի չիշխանութիւններուն յայտարարութիւնները, որոնց մէջ յստակ կ՛երեւէր, թէ Արցախի ճակատագիրը կարելի չէ կապել Հայաստանի ճակատագիրին… Այո՛, զուգահեռներ կարելի է արձանագրել Լիբանանի Դիմադրութեան շարժումին հետ:
Հարցը հոն է, որ Լիբանանի ժողովուրդին համար հայրենիքի սահմանները միեւնոյնը չեն: Մէկ հատուածը կը հաւատայ, որ Պաղեստինը արաբներու հայրենիքին կարեւոր մէկ մասնիկն է, մինչ այլ հատուած մը համոզուած է, որ լիբանանցիներուն հայրենիքը Լիբանանի 10.452 քառակուսի քիլոմեթրի սահմաններուն մէջ է: Հոս է հիմնախնդիրը, որ անլուծելի է: Մենք ալ միեւնոյն խնդիրը ունինք այսօր, որովհետեւ ներկայիս Հայաստանի իշխանութիւնները կը փորձեն հայրենիք-երկիր նոյնացնել եւ կապել այսօրուան պետութեան սահմաններուն հետ` հրաժարելով մեր դարաւոր հողերէն, Արցախէն: Դատի հաւատացող հաւաքականութիւնը չի կրնար իր ազգի մէկ հատուածի տագնապին ու ցաւին մէջ ձեռնածալ մնալ, դիտողի վիճակի մէջ ըլլալ:
Մէկ բան յստակ պէտք է ըլլայ, որ Լիբանանի Դիմադրութեամբ կամ առանց Դիմադրութեան թշնամին իր սեւ գործը պիտի կատարէ, մինչ Դիմադրութիւնը կրնայ կանխել, ջնջել եւ երբեմն նուազագոյնը` յետաձգել… Մեծ ուժերը կամայ-ակամայ պատերազմ կը պարտադրեն, եւ այսօր Լիբանանը կամազուրկ ենթակայ է Իսրայէլի ծաւալապաշտական ծրագիրներու ու շրջանային մեծ խաղերու գործընթացին, որուն սկիզբը յայտնի է, բայց աւարտը` անորոշ:
10 հոկտեմբեր 2024



