ՃՈՐՃ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղ
Արդէն իսկ մէկ տարին անցաւ Կազայի պատերազմի սկիզբին: Կազան հաւասարեցաւ գետնի, դարձաւ փլատակ, տուաւ աւելի քան 40.000 զոհ: Եւ այդ իրավիճակը սկսաւ ներթափանցել նաեւ Լիբանան: Իսրայէլեան բանակը շաբաթներ առաջ սկսաւ ռմբակոծել Լիբանանի հարաւն ու ի վերջոյ օդային հարուածները հասան Պէյրութ: Թիրախաւորուած շրջաններուն բնակիչները տեղահանուեցան եւ գաղթեցին դէպի համեմատաբար ապահով շրջաններ` ապաստանելով հիմնականօրէն պետական դպրոցներու մէջ: Իսրայէլեան բանակը օգտագործեց նաեւ միջազգային օրէնքով արգիլուած ու քիմիական նիւթեր պարունակող ռումբեր: Այս մէկը կը հանդիսանայ մարդկային իրաւունքներու խախտում:
Այսօր Իսրայէլ կը փորձէ բոլոր ձեւերով տկարացնել Հըզպալլան, սակայն իր դիմաց ունի դժուարութիւններ: Այս հարցին արմատները Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու համար Իրանի հզօր ներկայութիւնն է Միջին Արեւելքի կարգ մը երկիրներու եւ քաղաքական շարժումներու մէջ:
Լիբանանի մէջ Իսրայէլի նպատակն է բոլորովին վերացնել Հըզպալլան, որ Իրանի աջակցութիւնը կը վայելէ, եւ հասնիլ Լիթանի գետ: Իսրայէլեան բանակը արդէն իսկ ահաբեկած է Հըզպալլայի ղեկավարութեան մեծամասնութիւնը: Օրական դրութեամբ կը ռմբակոծէ շիի մեծամասնութեամբ բնակուած շրջաններ` փլատակ դարձնելով քաղաքներ ու սպաննելով տասնեակ քաղաքացիներ: Կը պայթեցնէ գործարաններ, տուներ եւ գործատեղեր: Գաղթականներուն թիւը կը հասնի աւելի քան մէկ միլիոնի: Եւ ահա տնտեսական ու հոգեբանական պատերազմ կը մղուի բոլոր ճակատներուն վրայ: Սակայն այս բոլորին ընդդէմ կայ ժողովուրդ մը` լեցուած վրէժխնդրութեամբ եւ ոխով, կորսնցուցած` տուն, բարեկամ, ընտանիք եւ ղեկավար, ունենալով սկզբունքային նպատակ եւ խոր հաւատք, որուն համար մինչեւ արեան վերջին կաթիլ պատրաստ է պայքարելու: Արդեօք պիտի կարենա՞յ թշնամի երկիրը այս մարտավարական յաղթանակները երկար ժամանակի ընթացքին վերածել ի նպաստ իր ռազմավարական տեսլականին, այսինքն` տկարացնել եւ ոչնչացնել Հըզպալլան:
Նկատի ունենալով, որ Իրան աջակից է Հըզպալլային, զայն տկարացնելու Իսրայէլի ջանքերը խորքին մէջ աւելի մեծ նպատակի մը կը ծառայեն` Իրանի տկարացումը Միջին Արեւելքի մէջ, մանաւանդ, Լիբանանի, որ իր հիւսիսային շրջաններուն համար սպառնալիք կը նկատէ: Իսրայէլ, իր կարգին օգնութիւն կը ստանայ Միացեալ Նահանգներէն, որոնք Իրանի հիւլէական ծրագիրը կ՛որակեն իբրեւ մեծ սպառնալիք:
Իսրայէլ կը շարունակէ սիոնական իր քաղաքականութիւնը` այս անգամ հարուածելով Լիբանանը: Հարաւէն ներխուժելու բոլոր փորձերը ներկայիս ձախողած են, որովհետեւ դիմադրող Հըզպալլան որեւէ տարածք զիջելու մտադրութիւնը չունի: Այս պատերազմէն անդին` արդեօք փոփոխութիւն պիտի կրէ՞ Միջին Արեւելքի քարտէսը: Ա՛յս է հիմնական հարցումը ներկայիս եւ գալիք շաբաթներուն, ամիսներուն եւ տարիներուն:


