Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դպրեվանքի Վերամուտին Առիթով. «Խորհէ՛ Եւ Ղրկէ՛». Հայ Ծնողներուն

October 11, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՐԱԼ ՂԱՐԻՊԵԱՆ

«Խորհէ՛ եւ մտի՛ր» նշանաբանը արձանագրուած է Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի մուտքին:

«Եթէ կորսնցուցած ենք նիւթական Կիլիկիան, կորսուած չե՛ն եւ մե՛ր ձեռքն են հոգեւոր Կիլիկիոյ վերակենդանութեան եւ բարգաւաճման կարելիութիւնները: Մենք կ՛ուզենք, որ ան (դպրեվանքը) դառնայ, կրօնական-եկեղեցական կեդրոնի զուգահեռ, գիտութիւն, արուեստ եւ մշակոյթ, մեզի մատչելի սահմաններուն մէջ դաշնակցին իրարու հետ` բարձրացնելու այս ժողովուրդին հոգեւոր եւ մտաւոր կեանքի մակարդակը… Մեր դպրեվանքը պիտի ըլլայ կեդրոնական հաստատութիւն»:

Գարեգին Ա. կաթողիկոս

Մեր երջանկայիշատակ հայրապետներէն Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց կաթողիկոս այսպէս տեսած է դպրեվանքը տասնամեակներ առաջ: Մեծ հաւատքով խօսած է այն մասին, որ հոն, եկեղեցական եւ հոգեւոր ուսուցման զուգահեռ պիտի ընթանայ գիտութեան, արուեստի եւ մշակոյթի ուսուցումը: Այսօր, երբ դրամատիրական աշխարհակարգը սկսած է գործել սանձարձակութեամբ եւ աշխարհը դարձուցած` նիւթական-դրամական արժէքային կառոյցի մը, երբ այս համակարգը կը ժխտէ հոգեմտաւոր արժէքներու գոյութիւնը եւ կը դաւանի միայն ու միայն ուժի արժէքը, դպրեվանքը տակաւին կը հաւատայ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ սկզբունքներուն` ազգային ու կրօնական, ինչպէս նաեւ մշակութային առանձնայատկութիւնները յարգելով:

Դպրեվանքը իր տեսուչ հայր սուրբով եւ տեսչական կազմով կը հաւատայ ու կը գործէ կրօն եւ ազգ կապակցութեամբ` վեր առնելով «Մարդ պատրաստելու» սրբազան հրամայականն ու անհրաժեշտութիւնը:

Մեր օրերուն յաճախ կը լսենք Մեծ Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը, որ մտահոգ է եւ իր կիզակէտը սեւեռած է «Մարդ պատրաստելու» կարեւորութեան, եւ կ՛ըսենք, որ վեհափառին անմիջական հոգատարութեան տակ գտնուող դպրեվանքը ի վիճակի է առաջնորդելու եւ լեցնելու հայ կեանքը այնպիսի գործունէութիւններով եւ արժէքներով, որոնք հայ ժողովուրդը յառաջ կը տանին արդի մարդկային ընկերութեան եւ քաղաքակրթութեան տուեալներու համընթաց` միաժամանակ զօրացնելով «հայակերտումի» կենսընթացը:

Այո՛, Դպրեվանք, գլխագիր Դպրեվանք: Դպրեվանքի սիրտը կը բաբախէ միշտ թարմ աւիշ ներարկելով յաջորդական սերունդներուն:

Դպրեվանեցիք կը փառաբանեն զԱստուած` պայծառացնելով մեր եկեղեցին եւ ծառայելով հայ ազգի բարօրութեան: ՄԱՐԴ-ը կը պատրաստուի դպրեվանքին մէջ, բառին իսկական իմաստով: Մարդը` այս սուրբ գործին նուիրուած տեսուչով եւ տեսչական կազմով, նաեւ` իրենց առաքելութեան խորապէս հաւատացող ուսուցչական կազմով, դպրեվանքը երկրորդ տուն մը կը դառնայ իր սաներուն համար: Պիքֆայայի բարձունքներուն մեր սաները կ՛աճին, կը բարգաւաճին մեր ժողովուրդի բարօրութեան եւ գոյատեւման ի խնդիր:

Ուրեմն, յարգելի՛ ծնողներ, ձեր լաւագոյն տղաքը ղրկեցէք այս հոյակապ փարոսը, որովհետեւ այս հնոցէն անցնելով` անոնք կը զինուին հոգեկան ուժով ու կորովով, ապա կ՛առաքուին եկեղեցիին եւ ժողովուրդին ծառայելու սրբազան գործին: Անձնազոհութեամբ կը նուիրուին իրենց ազգին` հա՛յ ազգին եւ լոյս կը սփռեն եկեղեցիներէն ներս` թեմական իրենց ծառայութեան ճամբով:

«Խորհէ՛ եւ ղրկէ՛», սիրելի՛ ծնողք, որպէսզի անոնք լոյս եւ գիտութիւն, մշակոյթ եւ արուեստ սորվին ու դառնան իրենք լոյս` ծառայելով մեր ազգին:

1 հոկտեմբեր 2024
Պիքֆայա

Նախորդը

Լիբանանին Պարտադրուած Պատերազմի Առօրեայէն (2). Ինչո՞ւ Պարտադրուած

Յաջորդը

Լիբանանէն Դուրս Ապրող Հայրենակիցներուն Համար

RelatedPosts

Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Եւրոպան Քաղաքական Վերիվայրումներու Եւ Ժողովրդավարական Օրինականութեան Ճգնաժամին Միջեւ

October 31, 2026
Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ.  Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները
Անդրադարձ

Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ. Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները

October 31, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութեան Փորձաքարը

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.