Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Նորթ Էնտովր

October 13, 2024
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրբաթ, 11 Հոկտեմբեր 2024-ին, նախագահութեամբ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Լօուըլ շրջանի քաղաքապետարանի մուտքին Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած նոր յուշակոթող-խաչքարի մը բացումը կատարուեցաւ: Հանդիսութեան հերթաբար խօսք առին կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամները եւ Լօուըլի նախկին ու ներկայ քաղաքապետերը: Համայնքի ներկայացուցիչներու կողքին ներկայ էր յուշակոթող-խաչխարի արուեստագէտ Դանիէլ Վարուժան Հեճինեան։ Ներկայ քաղաքապետը ողջունելով Վեհափառ Հայրապետին օրհնաբեր այցելութիւնը՝ անոր յանձնեց քաղաքի բանալին:

Խօսք առնելով նաեւ Վեհափառ Հայրապետը՝ շեշտեց, թէ հայ ազգը իր յիշողութեան մէջ վառ կը պահէ իր նախնիներուն կրած տառապանգն ու դաժան չարչարանքները: Յիշել կը նշանակէ կառչած մնալ արմատներուն ու պատմութեան: Հարկ է յիշել, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնն է։ Մահուան ենթարկուած հայ ժողովուրդը Ամերիկայի այս ափերուն վրայ վերածնաւ ու վերակազմակերպուեցաւ, կառուցեց իր եկեղեցին ու համայնքի կառոյցները եւ համայնքի կեանքը ծաղկեցուց: Հետեւաբար, այս յուշակոթողը, թէ՛ ներկայ եւ թ՛է ապագայ սերունդներուն համար, մեր պատմութեան յուշարարը պիտի ըլլայ, ինչպէս նաեւ կոչ՝ յանուն արդարութեան պայքարի։

Նոյն օրը երեկոյեան, Վեհափառ Հայրապետը այցելեց Նորթ Էնտովրի մէջ հաստատուած Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին, ուր դիմաւորուեցաւ եկեղեցւոյ ծխայիններուն, քահանայ հօր՝ Արժ. Տ. Ստեփան Քհնյ. Պալճեանի, թեմի ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներուն ու եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան եւ օտար եկեղեցականներու կողմէ:

«Հրաշափառ»ի արարողութենէն ետք, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան ողջունեց Հայրապետին օրհնաբեր ներկայութիւնը Նորթ Էնտովըրի մէջ եւ ըսաւ, որ 27 տարի ետք ահաւասիկ ան դարձեալ եկած է հոգեւոր վերանորոգութեան նոր էջ բանալու՝ այս եկեղեցւոյ շուրջ բոլորուած հայորդիներու կեանքին մէջ: Ապա հրաւիրեց Նորին Սրբութիւնը իր օրհնութեան խօսքը ուղղելու ներկաներուն։

Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամի սկզբնաւորութեան ողջունեց հոգեւորականաց դասը, մասնաւորաբար օտար եկեղեցիներու ներկայացուցիչները եւ շեշտեց եկեղեցին Քրիստոստի խորհրդանշական մարմինը ըլլալու իրողութիւնը, եւ, հետեւաբար, իր էութեամբ եկեղեցին մէկ ամբողջութիւն կը կազմէ: Հայրապետը մէջբերելով Քրիստոսի խօսքը՝ «ուր որ երկու կամ երեք հոգի հաւաքուին իմ անունովս, ես հոն եմ» (Մտ 18.20), ընդգծեց, թէ եկեղեցին հաւատքով միատեղուած ժողովուրդն է: Ան իր պատգամի աւարտին ըսաւ, թէ եկեղեցին Քրիստոսի առաքելութիւնը կը շարունակէ, ինչպէս կ՚ատարած է Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մեծ հայրապետը։

Հայրապետին պատգամին յաջորդեց աջահամբոյր, որուն ընթացքին Նորին Սրբութիւնը առիթ ունեցաւ մօտէն ծանօթանալու Նորթ Էնտովրի հայորդիներուն:

Ապա, ի պատիւ Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ։ Խօսք առին եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետը, թեմի ազգային վարչութեան համա-ատենապետը, հոգեւոր հովիւը եւ առաջնորդ սրբազան հայրը: Ճաշկերոյթի ընթացքին եկեղեցւոյ կիրակնօրեայի աշակերտները երգով ու պարով ամփոփ յայտագիր մը ներկայացուցին Հայրապետին ու ներկաներուն։ Նշենք, որ յանուն Նորթ Էնտովըրի եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին, Վեհափառ Կաթողիկոսին նուիրուեցաւ յուշակոթող-խաչքարին մանրապատճէնը։

Իր օրհնութեան փակման խօսքին մէջ Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ հայ եկեղեցւոյ իւրայատկութեան: ԱՆ ըսաւ, որ երկար տարիներու միջ-եկեղեցական իր գործունէութեան ընթացքին, այցելած է զանազան եկեղեցիներ եւ մօտէն ճանչցած անոնց մտածելակերպը, աստուածաբանական մօտեցումները ու աւանդութիւնները եւ, հետեւաբար, առիթ եղած է աւելիով ծանօթանալու մեր եկեղեցւոյ իւրայատկութեան: Հայ եկեղեցին իր աւանդութիւններով, աստուածաբանական մտածելակերպով, հայ ժողովուրդի կեանքին թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ հոգեւոր բնագաւառներէն ներս ունեցած եզակի դերկատարութեամբ կը պահէ իր ինքնուրոյն դիմագիծը, ընդգծեց Նորին Սրբութիւնը: Իր խօսքի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը ընդհանուր գիծերով ներկայացուց հայ եկեղեցւոյ իւրայատկութիւնը կազմող երեւոյթները։ Վերջապէս, Նորին Սուրբ Օծութիւնը գնահատեց համայնքի կեանքին մասնակիցները եւ կարեւորեց քրիստոնէական ու հայեցի դաստիարակութեան անհրաժեշտութիւնը ամերիկեան այս ափերուն վրայ յատկապէս։

Ճաշկերոյթը վերջ գտաւ «Կիլիկիա» օրհներգով ու «Ի վեհ բարձանց» մաղթերգով։

 

https://www.facebook.com/CiliciaTv/posts/pfbid0darBsiE8M8U2nafaLyUw31aAcGZmyhTkTeoUkcaNWHXw3bGa7xMJ5TDhDbdz4euBl

 

Նախորդը

Հիւսիսային Ամերիկայի Երեք Առաջնորդները Հանդիպում Ունեցան Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հետ

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ժամանեց Պոսթըն

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

January 29, 2026
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

January 22, 2026
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

January 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.