Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Ուշադրութիւնը Դէպի Հայ Դպրոց Ուղղենք, Որպէսզի Հայ Դպրոցով Կարենանք Դէպի Վեր Մղել Վայրէջք Ապրող Մեր Կեանքին Ընթացքը

Հոկտեմբեր 12, 2024
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այսօր Սրբոց Թարգմանչաց տօնն է: Աւանդաբար այս օրը հայ դպրոցին համար մեծ համախմբումի ու ոգեւորութեան առիթ է:

Արդարեւ, այսօր նուիրումի ուխտով քով քովի կը հաւաքուին դաստիարակ ու աշակերտ, որպէսզի հայ դպրոցի երդիքին տակ իրագործեն 5-րդ դարուն սկիզբ առած մեր ազգի լուսաւորութեան սրբազան այն աշխատանքը, որուն հեղինակները հանդիսացան Ս. Մեսրոպ Մաշտոց, Սահակ Պարթեւ հայրապետ ու իրենց աշակերտները:

Այս առթիւ գէթ մեր յիշողութեան մէջ պէտք է վերակենդանանան դարերու երկիւղածութեամբ նուիրականացած այդ մեծ դէմքերուն շքեղ կերպարները, որոնց նայուածքին տակ հայ դպրոցը կը շարունակէ իր նուիրական առաքելութիւնը: Անոնք ամէն ժամանակ ու ամէն տեղ պէտք է տիրականօրէն ներկայ ըլլան մեր հաւաքականութեան մտածումին ու կեցուածքին մէջ, որպէսզի ապահով մնայ մեր կեանքին հայադրոշմ ընթացքը:

Ներկայ վտանգալից կացութեան մէջ, երբ բոլորիս ալ համար հարց է, թէ ինչպէ՞ս եւ ինչո՞վ պիտի ոգեւորենք մեր կեանքը, պարտաւոր ենք նախ անդրադառնալու, թէ հայ դպրոցը կայ ոչ միայն անցեալը պատուելու համար, այլեւ` յուսադրելու համար մեր ժողովուրդը, որպէսզի գալիք փոթորիկներուն դիմաց կարենայ ինքնապաշտպանութեան պարիսպները ամրացնել:

Արդարեւ, Սրբոց Թարգմանչաց տօնին առիթով գէթ պէտք է զգանք, թէ հայ դպրոցը կայ, որպէսզի մեր դեռատի զաւակները մեր ցեղին արժէքներով աճին, արմատ եւ ծիլ արձակեն, զօրանան ու պտղաբերեն: Պէտք է լաւ ըմբռնենք, թէ առանց մեր լեզուին, առանց մեր պատմութեան, մեր անցեալի աւանդութիւններուն ու տոհմային ժառանգութիւններուն` ոչինչ կը մնայ զօրեղ ու կանգուն մեր կեանքէն ներս, եւ ոչինչ կը մնայ նուիրական ու յարգելի մեր իրականութեան մէջ:

Հայ դպրոցը, մեր ժողովուրդին տեսիլքովը իրագործուած կառոյց է. հետեւաբար նուիրական այս հաստատութեան աշխատանքով սերմանուածը պէտք է կանգուն պահէ մեր ժողովուրդին կեանքը:

Վերամուտ է: Ուստի, կրթական նոր տարեմուտի այս հանգրուանին, գէթ մեր ուշադրութիւնը դէպի հայ դպրոց ուղղենք, որպէսզի հայ դպրոցով նաեւ կարենանք դէպի վեր մղել վայրէջք ապրող մեր կեանքին ընթացքը:

Անկասկած, այս օրերու պայմաններուն մէջ, հայ դպրոցին դռները բանալը հաւատքի ճիգ է:

Մեր հաւաքականութիւնը պէտք է անդրադառնայ, թէ ամէն ժամանակէ աւելի, այսօր պէտք ունինք մեր ազգային յարատեւութիւնը երաշխաւորող այդ հաւատքին ու նաեւ զգալ, թէ նուիրական այս առիթը  բոլորիս կը թելադրէ խղճմտանքով ու պատասխանատուութեամբ տանիլ հայ դպրոցին հանդէպ մեզի վերաբերող պարտականութիւնները, որպէսզի մեր մասնակցութեամբ հայ կրթութեան սրբազան գործին շարունակութիւնը ապահովուի: Այլապէս, ի՞նչ արժէք կրնայ ունենալ հայ դպրոցը, եթէ մենք մասնակից չենք անոր պահպանութեան, զարգացման ու հզօրացման ճիգերուն:

Ուստի քաղաքականօրէն ու տնտեսապէս դժուարին այսօրուան պայմաններուն մէջ կոչ կ՛ուղղենք մեր ժողովուրդին, որ հայ դպրոցին ունեցած տագնապներն ու հարցերը դիմակալէ հաւատքով ու յանձնառութեամբ` ազնուօրէն պատասխանելով  մեր վարժարաններէն եկող օգնութեան կոչին ու կանչին:

Անկասկած վերամուտը կը խորհրդանշէ նաեւ համայնական մեր կեանքին վերազարթօնքը:

Արդարեւ, հակառակ մեր դիմագրաւած տեսակաւոր խնդիրներուն ու տագնապներուն, պէտք է անդրադառնանք, թէ վերամուտը դէպի հաւաքական աշխատանք եւ նոր կազմակերպչական վիճակ թելադրող առիթ է բոլորիս համար: Պէտք է արթուն եւ զգաստ ըլլանք, որպէսզի չփոքրանան մեր ժողովուրդին իտէալները, եւ չհրաժարինք այն մեծ պայքարէն, որ կը կոչուի հայութեան կեանք: Արդարեւ, այս պայմաններուն մէջ ալ պէտք է մեր ինքնութեան վերաբերող  իւրայատկութիւնները պաշտպանենք ու նոր տեսիլք գտնենք վաղուան մեր կեանքին համար:

Թող Աստուծոյ շնորհքը պահպանէ հայ դպրոցը:

Կ՛օրհնենք հայ դպրոցի ամրութեան, վերելքին ու յարատեւութեան համար  գործող մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները: Մեր գնահատանքը կը յայտնենք մեր աշակերտներուն, մեր վարժարաններէն ներս կրթութեան գործին մասնակից մեր բոլոր ուսուցիչներուն ու դաստիարակներուն եւ կ՛աղօթենք, որ բարձրեալն Աստուած անփորձանք պահէ Լիբանանն ու ծաղկուն պահէ մեր ժողովուրդին կեանքը:

Աղօթարար`

ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ

Նախորդը

Նոր Մարտահրաւէր, Նոր Կամք

Յաջորդը

Թենիս. Նատալ 38 Տարեկանին Կ՛աւարտէ Արհեստավարժ Ասպարէզը

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?