սկիզբէն ի վեր անդադար կրկնելու սկսաւ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան Ապահովական խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի մասին հաստատումներ` իբրեւ լուծում ներկայ տագնապին: Սակայն լիբանանցիներէն շատերու համար թիւ 1701 բանաձեւի մասին նշումները կրնան անծանօթ կամ անհասկնալի ըլլալ:
«Ազդակ»-ի 8 հոկտեմբեր 2024-ի խմբագրականը անդրադարձաւ այն մասին, որ 1701 բանաձեւը ինքնին Լիբանանի համար որդեգրուած հիմնական բանաձեւերու շարքին 8-րդն է: ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Ռազմիկ» յանձնախումբը հակիրճ ձեւով պիտի անդրադառնայ Լիբանանի համար Ապահովութեան խորհուրդին որդեգրած այս ութ բանաձեւերու բովանդակութեան:
Թիւ 425-426 բանաձեւեր – 19 մարտ 1978
Այս բանաձեւերը որդեգրուեցան առաջին հերթին դատապարտելու Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ առկայ լարուածութիւնը, որ կը խաթարէ զոյգ երկիրներու հողային ամբողջականութիւնն ու կայունութիւնը: Բանաձեւերը նաեւ ճշդեցին, որ ՄԱԿ-ի անդամ երկիրներէ բաղկացած խաղաղապահ ուժեր ուղարկուին հարաւային Լիբանան: Այդ ուժերուն կառավարումը պիտի ստանձնէր լիբանանեան բանակը:
Թիւ 520 Բանաձեւ – 17 սեպտեմբեր 1982
Այս որոշումով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը դատապարտեց Լիբանանի նորընտիր նախագահ Պաշիր Ժեմայէլի սպանութիւնը եւ Լիբանանի հողային ամբողջականութեան ու գերիշխանութեան դէմ Իսրայէլի գործած ոտնձգութիւնները: Բանաձեւը կողմերուն կոչ ուղղեց` զսպուածութիւն ցուցաբերելու եւ յարգելու միջազգային օրէնքի հիման վրայ ճշդուած պատերազմի ժամանակ քաղաքացիներու իրաւունքները:
Թիւ 1559 Բանաձեւ – 2 սեպտեմբեր 2004
Թիւ 1701 բանաձեւի նման` նոյնքան նշանաւոր 1559 բանաձեւը եկաւ հաստատելու, որ Լիբանանի գերիշխանութեան վերականգնման համար հրամայական է օտար բոլոր ուժերու դուրսբերումը, այս պարագային խօսքը կը վերաբերէր Սուրիոյ զինեալ ուժերու ներկայութեան: Այլ հիմնական կէտ հանդիսացաւ յստակ կոչը` զինաթափ ընելու բոլոր խմբաւորումները եւ զէնքի ուժը կեդրոնացնելու միմիայն Լիբանանի Զինեալ Ուժերուն վրայ: Հըզպալլայի վերաբերող այս կէտը չգործադրուեցաւ, որովհետեւ Լիբանանի կառավարութիւնը նշեց, որ կազմակերպութիւնը դիմադրութիւն է Իսրայէլի դէմ եւ երբեք արգելք չի հանդիսանար Լիբանանի ներքին ապահովութեան: Օտար ուժերու հաստատումին մասին խօսելով` Լիբանանի կառավարութիւնը նշեց, որ օտար ուժեր չկան Լիբանանի մէջ, որովհետեւ Սուրիոյ բանակը Լիբանանի պետութեան հրաւէրով մուտք գործած բարեկամ երկրի մը բանակն է: Սուրիական բանակը կը լքէ Լիբանանը ապրիլ 2005-ին, նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան յաջորդած ներքին իրավիճակին լոյսին տակ:
Թիւ 1655 Բանաձեւ – 31 յունուար 2006
Այս բանաձեւը անդրադարձաւ հարաւային Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի եւ Իսրայէլի միջեւ լարուածութեան մակարդակին` հաստատելով, որ Լիբանանի կառավարութիւնը պարտի իր բանակը օգտագործելով` իր գերիշխանութիւնը պարտադրել երկրի ամբողջ տարածքին եւ չարտօնել այլ խումբերու, որ այդ աշխատանքը կատարեն: Երկու կողմերուն կոչ ուղղուեցաւ զսպուածութիւն ցուցաբերելու եւ երկարաձգուեցաւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժերու ներկայութիւնը:
Թիւ 1680 բանաձեւ – 17 մայիս 2006
Առաջին հերթին վերահաստատուեցաւ թիւ 1559 բանաձեւի գործադրութեան հրամայականը` նշելով, որ Սուրիոյ կառավարութիւնը, հիմնուելով Լիբանանի կառավարութեան ցուցաբերած պատրաստակամութեան վրայ, դիմէ սահմանազատման եւ սահմանագծման լուրջ աշխատանքներու: Այս իմաստով, Դամասկոսին կոչ ուղղուեցաւ` հետապնդելու իր երկրէն Լիբանան մուտք գործող զէնքի ու զինամթերքի երեւոյթին ու վերջ տալու այս հարցերուն: Վերահաստատուեցաւ նաեւ Լիբանանի զինեալ ուժերու պատասխանատուութիւնը` պահպանելու երկրի գերիշխանութիւնը եւ զինաթափ ընելու Լիբանանի մէջ ներկայ պաղեստինեան կամ այլ խմբաւորումներ, այլ խօսքով` Հըզպալլան:
Թիւ 1697 բանաձեւ – 31 յուլիս 2006
Իսրայէլ-Հըզպալլա պատերազմի լոյսին տակ, այս բանաձեւը եկաւ հաստատելու ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժերու անվտանգութիւնը` երկարաձգելով անոր ժամկէտը: Կողմերուն կոչ ուղղուեցաւ արգելք չհանդիսանալու եւ դիւրացնելու խաղաղապահ ուժերու առաքելութիւնը:
Թիւ 1701 բանաձեւ – 11 օգոստոս 2006
Իսրայէլ-Լիբանան լարուածութեան իբրեւ ամբողջական լուծում` ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը որդեգրեց թիւ 1701 բանաձեւը: Առաջին հերթին բանաձեւը գնահատեց երկու կողմերուն ցուցաբերած զսպուածութիւնը ու մտահոգութիւն յայտնեց Հըզպալլայի ընթացքին մասին: Բանաձեւը կոչ ուղղեց` վերջ տալու զինուորական բոլոր գործողութիւններուն, որմէ ետք Լիբանանի բանակը, ՄԱԿ-ի խաղաղապահ զօրքերուն կողքին, պէտք է տեղակայուի հարաւային Լիբանանի մէջ, իսկ Իսրայէլի ուժերը պէտք է դուրս քան Լիբանանի տարածքէն: Աւելի՛ն. բանաձեւը վերահաստատեց 1559 եւ 1680 բանաձեւերու գործադրութեան հրամայականը` անգամ մը եւս յստակօրէն նշելով, որ պետական ուժերէն զատ որեւէ այլ կողմ իրաւասութիւնը չունի զէնք կրելու: Սակայն, որոշ նրբութիւն մը յարգելով, բանաձեւը նշեց, որ խմբաւորում մը զէնք կրնայ ունենալ միմիայն Լիբանանի կառավարութեան ուղղակի հաւանութեամբ: Այս կէտը առաջին հերթին Հըզպալլային առիթ տուաւ, որ շարունակէ իր գոյութիւնը, սակայն` Լիբանանի կառավարութիւնը պատասխանատուութեան տակ դնելով միջազգային ընտանիքին դիմաց վերջինիս գործած կամ գործելիք աշխատանքներուն գծով: Այս իմաստով, միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղուեցաւ` նիւթապէս եւ բարոյապէս նեցուկ կանգնելու Լիբանանին: ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը նաեւ կարելիութիւն տուաւ բարձրացնելու խաղաղապահ ուժերուն թիւը` զայն հասցնելով մինչեւ 15.000: Աւարտին, ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղարին վստահուեցաւ հսկելու այս բանաձեւի որոշումներու գործադրութիւնը եւ մասնակցնելու երկու երկիրներուն միջեւ վերջնական լուծում գտնելու բանակցութիւններուն:
Հետեւաբար կարելի է ըսել, որ Լիբանան-Իսրայէլ հակամարտութեան գծով միջազգային ընտանիքը բազմիցս արտայայտուած է, սակայն երկու կողմերը այս կամ այն պատճառներով չեն ենթարկուած որոշումներուն եւ շարունակած են նոյն ընթացքով: Ներկայիս հետաքրքրական է Լիբանանի կառավարութեան պնդումը, որ ան կարելիութիւնը ունի գործադրելու թիւ 1701 բանաձեւը, որ ինքնին կը նշանակէ գործադրել վերոյիշեալ ութ բանաձեւերը: Այս մէկը հաւանական չէ: Սակայն այս անգամ լիբանանցիները պիտի սպասեն ամբողջական գործադրութեան, կամ` այս բոլորը բանաձեւերը փոխարինող նոր եւ թերեւս Լիբանանի վրայ աւելի ծանր պայմաններով նոր բանաձեւի մը ծնունդի:



