Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանը` Իսրայէլեան Ծաւալապաշտութեան Թիրախ

October 14, 2024
| ԼԵՄ-ի ԷՋ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԵՐՍԷՍ ԱՊՐԻԼԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Ա. Շիրակեան» մասնաճիւղ

Լիբանան այսօր կ’ապրի աննախընթաց եւ ճգնաժամային պայմաններու մէջ: 10.452 քառ. քմ տարածքի վրայ ապրող լիբանանցիներ տարբեր տեսակի մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կը գտնուին: Անոնք ազդուելով երկրին այս վատ իրադարձութիւններէն` կ’ապրին անորոշութեան,  ոմանք յուսալքումի մէջ` չգիտնալով, թէ ի՛նչ նորութիւն մը կը սպասէ իրենց ապագային: Սեպտեմբեր ամսուան յայտարարուած այս պատերազմը կարծես թէ գագաթն էր 2019-էն ի վեր սկիզբ առած Լիբանանի տագնապներով, տանջանքներով եւ ծանր մարտահրաւէրներով կուտակուած հսկայական լերան:

Իսրայէլի ոճրագործ քաղաքականութիւնը յարձակումներ եւ աւերներ գործելով` կը թիրախաւորէ Լիբանանի բոլոր խաւերը: Մանուկներ զրկուած են խաղաղ մանկութիւն մը ապրելէ, երիտասարդները անգործ` զրկուած են վայելելու իրենց կեանքը, իսկ տարեցներ տակաւին կը չարչարուին Լիբանանի այս թէժ կացութեան եւ սեւ երկարամեայ պատմութեան ներքեւ: Լիբանանի տնտեսական տագնապին վրայ աւելցած այս պատերազմը եւս պատճառ դարձաւ, որ ուսանողները զրկուին իրենց ուսում ստանալու իրաւունքէն եւ դիմագրաւեն անգործութիւնը: Այսօրուան երիտասարդը, որ պէտք է ստանձնէ երկրին ղէկը եւ բարելաւէ ու զարգացնէ երկիրը, կ’ապրի անտարբերութեան մէջ: Այս ընթացքով երկիրը յետքայլ մը կ’ընէ ու կը մնայ սառած վիճակի մը մէջ:

Ներկայիս պատահածները կ’արտացոլացնեն այն, որ աշխարհը քայլ առ քայլ կը մօտենայ համաշխարհային նոր պատերազմի: Ռուսիա-Ուքրանիա պատերազմ, Ազրպէյճան Արցախ գրաւելէն եւ Արցախը հայաթափելէն ետք կը սպառնայ նաեւ Հայաստանին, Իսրայէլ կը  հարուածէ Լիբանանի հարաւն ու հարաւի շրջակայքը, կը շարունակէ Կազայի վրայ յարձակումները, Իրան յարձակումներ կը գործէ Իսրայէլի վրայ, իսկ միւս կողմէ` Միացեալ Նահանգներ կը հովանաւորեն եւ նեցուկ կը կանգնին Իսրայէլին: Դժբախտաբար Միջազգային ազգերու կազմակերպութիւնը բաւարար ձեւով չի միջամտեր այս հարցերուն եւ կը թերանայ իր պարտականութիւնը լիովին կատարելու մէջ, եւ այլ հարցեր եւս կը շարունակուին աշխարհի ողջ տարածքին: Այս բոլոր դէպքերը մեծ հարցման նշան մը կը դնեն աշխարհի ապագայ զարգացումներուն շուրջ:

Վերադառնալով Լիբանանի ներկայ կացութեան, հազարաւոր ընտանիքներ, ստիպուած, տեղահանուած են Լիբանանի հարաւային շրջաններու իրենց տուներէն եւ տեղափոխուած ու հաստատուած են տարբեր վայրեր, ոմանք ճամբաներու մայթերու վրայ մնացած են փրկուելու համար ռմբակոծումներէն: ՄԱԿ-ի տուեալներուն համաձայն, առայժմ Լիբանանի տարբեր շրջաններու մէջ գաղթականներու համար շուրջ 900 պետական ապաստարաններ լեցուած են: Ցաւալին այն է, որ ձմրան սեմին ենք, իսկ ժողովուրդը տակաւին անօթեւան է: Այս մեզի կը յիշեցնէ Արցախի պատերազմը, թէ որքա՛ն հայեր ստիպուած տեղահանուեցան եւ գաղթեցին իրենց տուներէն…

27 սեպտեմբերը անմոռանալի եւ սարսափելի օր մը եղաւ Լիբանանի համար: Հարաւային արուարձաններուն վրայ իսրայէլեան ծանր հրթիռային յարձակումները, որոնք մօտաւորապէս 60 թոն կշռող ռումբերով կատարուեցան, պատճառ դարձան Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի ահաբեկման: Արդարութեան համար անմահացածներու հսկայական շարքին միացաւ կուսակցութեան ղեկավար մը, որ տասնամեակներ շարունակ իր կեանքը զոհաբերեց յանուն իր ժողովուրդին եւ նպատակին: Ան տարիներ շարունակ անջատուեցաւ ժողովուրդէն` իրենցմէ հեռու ապրելով, սակայն միշտ եղաւ իր ժողովուրդի խոնարհ ծառան: Սէյիտ Հասան Նասրալլայի արտասանած վերջին խօսքին մէջ յատկանշական էր այդ վերջին նախադասութիւններէն մէկը. «Ճիշդ լուրը այն չէ, որ կը լսէք: Ճիշդ լուրը այն է, զոր կը տեսնէք»: Այս խօսքը ինքնին շատ մեծ եւ ծածուկ պատգամ մը ունի ժողովուրդին` աւելի ոգեւորուելու եւ պայքարի ոգին ա՛լ աւելի բարձրացնելու: Իր պատգամներով ան ժողովուրդին կոչ ուղղեց` չվրիպելու, չյանձնուելու եւ չընկրկելու: Որքան ալ դժուար ըլլան մարտահրաւէրներն ու պայմանները, ամբողջ ուժով, սրտով եւ ոգիով աշխատիլ նպատակներու իրականացման համար: Բայց ո՞վ կ’ըսէր այսպիսի ղեկավար մը այսպէս կը կնքէ իր մահկանացուն: Ոմանք տակաւին չեն հաշտուած Հասան Նասրալլայի մահուան լուրին հետ: Անոնք  չեն ուզեր համոզուիլ, որ սէյիտը այլեւս իրեն հաւատարիմ ժողովուրդին հետ պիտի չըլլայ: Անոնք յոյս ունին, որ Նասրալլան պիտի վերադառնայ եւ այս անգամ` աւե՛լի ուժգին եւ աւե՛լի վճռական…

Իսկական ղեկավարը միայն առիթներով բեմ բարձրացող եւ ճառախօսութիւն կարդացող անհատ մը չէ: Իսկական ղեկավարը այն ընտրեալն է, որ գիշերը ցերեկին խառնելով` կ’աշխատի իր ազգին եւ ժողովուրդին նպատակները իրագործելու համար, սերմանելով յատուկ հաւատարմութիւն եւ սէր`  ազգին հանդէպ: Սէյիտ Հասան Նասրալլա եղաւ իսկական ղեկավարի օրինակներէն մէկը: Ան եղաւ յառաջապահ մարտիկը Դիմադրութեան շարժումին, իր գործերով հաստատեց ժողովուրդին, որ Դիմադրութեան շարժումը լոկ յամառութեան շարժում մը չէ, այլ ազգին իրաւունքը պահպանելու քայլ մըն է: Կոչ մըն է` ինքնորոշման իրաւունքի եւ զարթօնք մը ապրելու, յաղթելու եւ գոյատեւելու համար:

Իսրայէլեան ոճրագործ այս մօտեցումը կը նպատակադրէ ոչ միայն չէզոքացնել Հըզպալլայի ռազմական եւ զինուորական կառոյցը, այլ նաեւ ճեղքելով սահմանը` ներխուժել լիբանանեան տարածքներ եւ թիրախաւորել Լիբանանի բնակիչները: 4 հոկտեմբերին իսրայէլեան բուռն յարձակումը, որուն թիրախն էր Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարին մահէն ետք զայն փոխարինող Հըզպալլայի Գործադիր խորհուրդի նախագահ  սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտինը, փաստեց, որ Իսրայէլ պատրաստ է ամէն գնով աշխատելու ձախողեցնելու համար Հըզպալլայի ամէն տեսակի նուաճումները: Սակայն հակառակ այս բոլորին` Հըզպալլա չի յանձնուիր եւ կը շարունակէ պայքարիլ թշնամիին դէմ:

Լիբանանահայութիւնը հանդիսանալով Լիբանանի մէջ  երկրի գլխաւոր համայնքներէն մէկը` անմասն չի մնար Լիբանանի այս կացութենէն: Բազմացող մարտահրաւէրները համակարգուած ձեւով դիմակայելու համար հայահոծ շրջաններուն մէջ կանխազգուշացման եւ նախապատրաստական աշխատանքներ կը տարուին, ինչպէս նաեւ լիբանանցի գաղթականներու օժանդակութիւն ցուցաբերելու ծրագիր կը մշակուի` ապացուցելու համար, թէ հայ համայնքը անմասն մէկ բաժինն է Լիբանանին եւ միշտ պատրաստ է կարելի եղած բոլոր միջոցներով նեցուկ կանգնելու անոր:

Չխօսիլ Լիբանանի մասին եւ չգործել անոր համար, մանաւանդ այս ժամանակաշրջանին, կը նշանակէ ուրանալ մեր ինքնութիւնը: Մենք` իբրեւ պահանջատէր եւ Դատին հաւատարիմ երիտասարդներ, պէտք է հիմա մեր ամբողջ ներդրումով զօրավիգ կանգնինք Լիբանանին: Մե՛նք ենք երկրին ապագան եւ մե՛նք ենք այս երկիրին ապագան ճշդողը: Պա՛հն է համախմբուելու եւ միասնական բռունցքով պայքարելու վաղուան Լիբանանի համար:

Մենք խաղաղութեան մէջ չենք ապրիր, մենք խաղաղութեան համար կ’ապրինք: Երանելի են անոնք, որոնք իրենց ազգին նպատակներուն հասնելու համար ոչինչ կը խնայեն, նոյնիսկ իրենձ անձը կը զոհեն հաւաքական շահին համար…

 

 

Նախորդը

Իսրայէլի Հարուածը Եւ Լիբանանի Դիմադրութիւնը

Յաջորդը

Լիբանանի Մասին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդին Որդեգրած Ութ Բանաձեւերը

RelatedPosts

ԼԵՄ-ի Էջը. «Արցախը Նոր Տարուան Սեմին»`   Աշակերտներուն Գրիչով
ԼԵՄ-ի ԷՋ

ԼԵՄ-ի Էջը. «Արցախը Նոր Տարուան Սեմին»` Աշակերտներուն Գրիչով

December 29, 2025
26 ԼԵՄ-ականներ Տուին  Դաշնակցականի Իրենց Երդումը
ԼԵՄ-ի ԷՋ

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

December 22, 2025
Ինչպէ՞ս Դիմաւորել 2026-ը
ԼԵՄ-ի ԷՋ

Ինչպէ՞ս Դիմաւորել 2026-ը

December 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.