Կերլա, Սամոշույվար, Նէօյըշլոս … կամ Հայաքաղաք (Արմենոփոլիս)։
Միեւնոյն Կերլա քաղաքին անուններն են հոն ապրած տարբեր ժողովուրդներու լեզուներով։
Այս քաղաքն էր, որ վերջերս այցելեցի խումբ մը ընկերներով եւ գործընկերներով։ Անիկա կը գտնուի Ռումանիոյ տարածքին՝ պատմական Թրանսիլվանիոյ մէջ։ Հաւանաբար մեզմէ շատեր լսած են Թրանսիլվանիոյ տարածքին հայկական ներկայութեան մասին։ Հայկական աղբիւրներու մէջ շատ բան կարելի է գտնել այստեղի երբեմնի հայկական կեանքին մասին։ Բայց «երբեմնին» շատերուս մտայնութեան մէջ համազօր է անցեալի, անհետացածի, մոռցուածի, անվերականգնելիի, ինչ որ անգիտակցաբար կրնայ նաեւ յառաջացնել անհետաքրքրութիւն։
Խոստովանիմ, որ երկար ժամանակ ես ալ այս խումբին մաս կազմած էի։ Անտարբեր էի Թրանսիլվանիոյ մէջ հայկական պատմութեան եւ ժառանգութեան նկատմամբ։
Կացութիւնը որոշապէս փոխուեցաւ, երբ երեք-չորս տարի առաջ քանի մը տարիով դասաւանդեցի Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտափէշթի մէջ. այս մէկը առիթ եղաւ, որ նորոգուած հայեացք մը ուղղէի Թրանսիլվանիոյ հայոց պատմութեան վրայ։ Փաստօրէն, հունգարացի ուսանողներէս ոմանք ծագումով թրասիլվանիացի էին, դասապահարերուս ընթացքին անոնք խանդավառութեամբ զանազան դրուագներ կը ներկայացնէին այս տարածքի բազմամշակոյթ անցեալին մասին եւ չէին մոռնար նշելու այդտեղի հայկական ներկայութիւնը։ Բայց ամէնէն աւելի ազդուած եմ Պալինթ Քովաչի (պատմաբան եւ Պուտափէշթի Փեթեր Փազմանի համալսարանի հայկական բաժինի տնօրէն) հետ ընկերական զրոյցներէս, անոր դասախօսութիւններէն եւ յօդուածներէն, նկատի ունենալով որ Պալինթը մասնագէտն է Թրանսիլվանիոյ հայկական պատմութեան։
Այնպէս որ, քանի մը շաբաթ առաջ երբ Պալինթը տեղեկացուց, որ հնարաւորութիւնը կայ Թրանսիլվանիա այցելելու՝ ինքզինքս Երուսաղէմ ուխտի գացողի մը պէս զգացի, կարծես թէ տարիներով կը պատրաստուէի այս յատուկ պահին. անմիջապէս համաձայնութիւնս տուի մեկնելու։
Երկու գիշեր Գլուժ քաղաքը մնալէ ետք, ի վերջոյ մեր խումբը հասաւ … Հայաքաղաք։ Անձնապէս տրամադրութիւններս այնքան ալ բարձր չէին, պարզ այն պատճառով որ կեդրոնացումս Լիբանանի պատերազմին վրայ էր, տեւաբար կը հետեւէի լիբանանեան լրատու աղբիւրներու նորութիւններուն։ Քիչ մը տարօրինակ էր ստեղծուած կացութիւնը. ժամանած էի վայր մը՝ անցեալի հայկական ժառանգութեան մը հետքերը գտնելու, երբ նոյն ժամանակ Լիբանանի մէջ համայնքային ամբողջ կեանք մը եւ իր հետ նաեւ ամբողջ ժառանգութիւն մը ֆիզիքապէս անհետանալու վտանգին առջեւ կը գտնուէր։ Առաւել եւս, մեր հաւաքական յիշողութեան մէջ այնքան ծանր կը ճնշէր հազիւ տարի մը առաջ տեղի ունեցած Արցախի ամբողջական հայաթափումի յիշատակը։
Այսպիսի ծանր խոհերով ծայր առաւ մեր խումբին Կերլա այցելութիւնը։ Էլքը, Վիոլան, Քոնրատը, Կարէնը, Աթթիլան, ես, Անաթոլին՝ մեզմէ ոչ մէկը մասնագէտ էր Թրանսիլվանիոյ հայերու պատմութեան։ Բայց մեր հետն էին Պալինթը, ինչպէս նաեւ Փիթըր Քոուին, որուն անհուն եւ անսահման գիտելիքները կ՚ընդգրկեն նաեւ տեղւոյն հայութեան պատմութիւնը։ Շուտով մեր խումբին միացաւ նաեւ Քլուժէն Վիրճիլ Փոփը, որ Կերլա քաղաքի ճարտարապետութեան բուն մասնագէտն է. ժամանակին երբ նոր սկսած էր այս նիւթը հետազօտել՝ Պուքարէսթի իր գործընկերները սկսած էին կարծել որ ծագումով հայ մըն էր… Այդպէս չէր, պարզապէս նիւթը սրտին կը խօսէր։ Իսկ Կերլա քաղաքին ճարտարապետութիւնը իսկապէս շատ բան ունէր քաշողական ըլլալու։
Քաղաքին կեդրոնը հայ կաթողիկէ Սուրբ Երրորդութիւն հսկայական տաճարն է։ Անոր շուրջը կը գտնուին հայերու կողմէ կառուցուած տուներ, որոնցմէ շատեր ճարտարապետական գլուխ գործոցներ են, ոմանց վրայ ալ մինչեւ այսօր մնացած է տան կառուցման հայատառ թուականը, ինչպէս նաեւ տանտիրոջ հայատառ անունը։ Գոյութիւն ունի հայազգի Լասլոֆի տունը, որ քաղաքին գլխաւոր թանգարաններէն է։ Հոս կը ներկայացուի քաղաքին պատմութեան վերաբերող զանազան նիւթեր, բայց կը ցուցադրուին նաեւ այս հայ ընտանիքին առօրեայ գործածութեան մաս կազմած բազմազան առարկաներ. հայատառ գիրք, հայատառ տոմար, հայկական գորգ, եւայլն։ Կերլայի գերեզմանը նոյնպէս նշանակալի վայր մըն է հայկական անցեալը վերագտնելու համար։ Բազմաթիւ մականուններ բացայայտօրէն հայկական են, ուրիշներու հայկականութիւնը իմանալու համար կողքիդ պէտք է ունենալ Պալինթի նման Թրանսիլվանիոյ հայերու զանազան գաղտնիքներուն քաջածանօթ անձ մը։
Քաղաքին մէջ կողք-կողքի գտնուող այս բոլոր հետքերը մեզ կը տանին 17-րդ կամ 18-րդ դարերը, երբ Արմենոփոլիս/Հայաքաղաքին մէջ կը տիրէր հայկական կեանքը՝ իր լեզուով, հայատառ գրութիւններով, եկեղեցական կեանքով, արհեստներով, վաճառականութեամբ, ճաշերով։ Հոս գոյութիւն ունեցած է համայնքային ճոխ եւ աշխուժ կեանք մը, որ կարեւոր չափերով շարունակուած է մինչեւ 19-րդ դարու կէսերը։
Այժմու Կերլան ամէն առումով բաւական աղքատ քաղաք մըն է, անիկա կ՚ապրի կարծես իր անցեալի տնտեսական, առեւտրական եւ մշակութային փառքովը, որ հիմնականին մէջ հայակերտ էր։ Բայց ինչ որ անմիջապէս քաղաքին մէջ ուշադրութիւն կը գրաւէ՝ բազմաթիւ ցուցատախատակներն են, փողոցներու անուններն են, որոնք բոլորը վկաներն են հայկական ներկայութեան։ Փաստօրէն Կերլան քաղաք մըն է, ուր հայկական անցեալն ու ժառանգութիւնը յարգուած են, հայկական յիշողութիւնը չէ թաքնուած, չէ ջնջուած, չէ խեղաթիւրուած։ Այս մէկը արդէն սիրտ մխիթարող երեւոյթ է, երբ այլազան վայրերու մէջ սովորաբար ճիշդ հակառակը կը տեսնենք ու կ՚ապրինք։ Իբրեւ հայ վարժուած չենք մեր շուրջը Կերլաներ տեսնելու, Կերլան պարզապէս կը յիշեցնէ, որ հանդուրժողութեան վրայ հիմնուած ձեւեր ալ կան բազմամշակոյթ պատմական միջավայրի մը մէջ ազգային-համայնքային հաւաքականութիւններու յիշողութիւնը յարգելու եւ պահպանելու։
Յուսադրիչ այլ երեւոյթ մըն էր Կերլայի մէջ հայկական արխիւներու պահպանման ուղղութեամբ տարուող ճիգերը։ Տեղւոյն կաթողիկէ եկեղեցիին մէկ կեդրոնին մէջ պատշաճ պայմաններու մէջ հաւաքուած են Թրանսիլվանիոյ զանազան վայրերէ բերուած արխիւային նիւթեր։ Այս գեղեցիկ նախաձեռնութեան ետին կանգնողներէն է Ռիթա Պէրնատը, ան տեղւոյն հայ ընտանիքներու շառաւիղներէն է, վերջին տարիներուն հայերէն սորված է եւ դարձած է Թրանսիլվանիոյ հայերէն ձեռագիրներու պահապան հրեշտակը։ Պալինթին հետ գործակացաբար ան հրատարակած է այս ձեռագրիներուն ցուցակը։ Լուրջ աշխատանք կը տարուի նաեւ այս ձեռագիրները թուայնացնելու եւ հանրութեան մատչելի դարձնելու։ Հազարաւոր այս էջերուն ուսումնասիրութիւնը վստահաբար ինչ-ինչ պատմութիւններ եւ դրուագներ պիտի վերականգնէ Թրանսիլվանիոյ հայոց անցեալին վերաբերեալ։
Կայ նաեւ հազարաւոր հայերէն տպագիր գիրքերու պարագան։ Տեղւոյն հայկական եկեղեցիներուն կամ անոնց կից գտնուող հաստատութիւններու մէջ կան մեծ թիւով հայ տպագիր գիրքեր՝ անտեսուած, անհոգ վիճակի մէջ, երբեմն այն տպաւորութիւնը կ՚ունենաս որ ձեռքերուդ մէջ բռնած գիրքդ մէկ դարէ կամ աւելի ո՛չ մէկը մօտեցած է անոր, ո՛չ մէկը անոր էջերը թերթատած է։ Կերլայի մէջ իմացանք որ տեղւոյն կաթողիկէ եկեղեցին կը նախաձեռնէ այս գիրքերն ու պարբերականները մէկտեղել յատուկ կեդրոնի մը մէջ, ինչ որ պիտի ապահովէ անոնց գոյութիւնը, առաւել եւս զանոնք մատչելի պիտի դարձնէ հետաքրքրուողներու համար։
Վերջապէս, ճամբորդական այս տպաւորութիւններս պակասաւոր պիտի մնային եթէ առանձին չանդրադառնայի նաեւ ականջապուրին… Այս ապուրը մեզի հրամցուեցաւ երբ կէսօրին բոլորս խմբուեցանք կաթողիկէ առաջնորդարանին մէջ։ Անիկա – այլ համադամներու կողքին – պատրաստուած էր տեղւոյն հայերուն կողմէ։ Մածունով եւ ազատքեղով ապուր մըն է, որուն մէջ կան մանթըն յիշեցնող եւ ականջի նմանող խմորներ։ Չափազանց համով այս կերակուրը յայտնի է որ երբեմնի ճոխ կեանքի մը մնացորդներէն է։ Արխիւային բազմաթիւ նիւթերու եւ համայնքային կառոյցներու կողքին, ականջապուրը կը մնայ կենդանի վկայ մը, նիւթական մշակոյթէն կարեւոր հետք մը՝ Թրանսիլվանիոյ հայկական անցեալին հետ իրական կապ ստեղծող։ Անիկա օրհնուած նշխարն էր, որ մենք ճաշակեցինք Կերլա մեր կարճատեւ այցելութեան ընթացքին. վայր մը, ուր – որքան ալ տարօրինակ թուի – օտարներ չէինք զգար մենք մեզի, վայր մը, ուր հայկական հետքերը կը գտնուէին ամէնուրեք, անոնք պարծանք եւ գոհունակութիւն կը ներշնչէին մեզի։
Լուսանկարներ
Թրանսիլվանիոյ հայկական կեանքէն առնուած խմբնակար մը (աղբիւր՝ հայ կաթողիկէ եկեղեցիի արխիւ, Կերլա)։
Թրանսիլվանիոյ հայկական կեանքէն առնուած խմբնակար մը (աղբիւր՝ հայ կաթողիկէ եկեղեցիի արխիւ, Կերլա)։
20-րդ դարու կէսերուն հայկական եկեղեցական արարողութիւն մը Կերլայի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցիին առջեւ
(աղբիւր՝ հայ կաթողիկէ եկեղեցիի արխիւ, Կերլա)։
Կերլա, Ս. Երրորդութիւն տաճարի գետնափոր դամբաններուն առջեւ։
Կերլայի փողոցներուն մէջ։
Կերլայի փողոցներուն մէջ։