Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Ինքնութեան Խորհրդանիշ Սրբոց Թարգմանչաց Տօնը

Հոկտեմբեր 12, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Սուրբ Թարգմանչաց կամ տօն Սրբոց Թարգմանչաց վարդապետացն մերոց, կը նշուի Խաչվերացի տօնի չորրորդ կիրակիին յաջորդող շաբաթ օրը:

Հայ ազգը 301-ին քրիստոնէութիւնը ընդունած էր իբրեւ պետական կրօն: Առաջին քայլերը առնուած էին զԱստուած լսելու, ճանչնալու եւ հասկնալու համար:

Անցած էր մօտաւորապէս մէկ դար: Վանքերուն եւ եկեղեցներուն մէջ կանոնաւոր արարողութիւններ կը կատարուէին եւ Սուրբ Գիրքը կ՛ընթերցուէր:

Սակայն արարողութիւնները կը կատարուէին եւ Աւետարանը կ՛ընթերցուէր ժողովուրդին համար անհասկնալի յունարէն լեզուներով: Հետեւաբար հայ մարդը չէր կրնար խորամուխ ըլլալ Արարչագործութեան եւ Փրկագործութեան խորհուրդներուն եւ գաղտնիքներուն: Աստուծոյ խօսքը չէր հասներ մարդոց սրտերուն:

Այս պայմաններուն տակ, Մեսրոպ Մաշտոց վարդապետ Սահակ Պարթեւ կաթողիկոսի օրհնութեամբ եւ Վռամշապուհ արքայի աջակցութեամբ ձեռնամուխ եղաւ հայերէն տառերու ստեղծման:

Երկար որոնումներէ, պրպտումներէ եւ այլ ազգերու տառերը հայերէն լեզուի համապատասխանեցնելու անյաջող փորձերէ ետք Մաշտոց վարդապետ կ՛աղօթէր, երբ լուսեղէն Աջ մը իջաւ երկինքէն եւ աստուածատուր զօրութեամբ ձախէն աջ արարեց հայերէն այբուբենի երեսունվեց տառերը` Ա-էն մինչեւ Ք:

Գիրերու գիւտէն ետք Սահակ Պարթեւ հայրապետ, Մեսրոպ Մաշտոց վարդապետ եւ անոնց աշակերտները` Մովսէս Խորենացի, Եղիշէ, Կորիւն, Եզնիկ Կողբացի, Դաւիթ Անյաղթ, Յովսէփ Պաղնացի, Ղեւոնդ Վանանդեցի, Յովհաննէս Եկեղեցացի, Մամբրէ Վերծանող եւ Ղազար Փարպեցի սկսան թարգմանական աշխատանքներու:

Հայերէն տառերով գրուած առաջին նախադասութիւնը եղաւ Սողոմոնի Առակաց գիրքէն թարգմանուած հատուածը. «Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ»: Ապա սկսաւ Աստուածաշունչ մատեանի ամբողջական թարգմանութիւնը, որ տեւեց շուրջ երեսուն տարի:

Աստուածաշունչի հայերէն թարգմանութիւնը բոլոր ազգերուն կողմէ ճանչցուեցաւ իբրեւ Թագուհի թարգմանութեանց:

Վաղարշապատի մէջ եւ այլուր դպրոցներ բացուեցան: Գրուեցան աղօթքներ, շարականներ, թարգմանուեցան ծիսական, հայրախօսական, վկայաբանական, վարքագրական, կանոնական եւ պատմական երկեր:

Աստուած հարազատ հայերէն կենդանի լեզուով խօսեցաւ: Սուրբ թարգմանիչներու բացած ճանապարհով Աստուած մօտեցաւ մեզի եւ մենք ալ մօտեցանք Աստուծոյ:

Դարեր անցան, շատ դէպքեր, փոթորիկներ, վերիվայրումներ եկան ու գացին: Շահ շէներ, բերդեր եւ պալատներ աւերուեցան: Հայ ազգը բազում հալածանքներու ենթարկուեցաւ, անասելի արհաւիրքներ տեսաւ եւ ցեղասպանութեան զոհ գնաց: Հայաստան աշխարհի մեծագոյն մասը բռնագրաւուեցաւ: Բայց ամենայաղթ մնաց երեսունվեց զինուորներէն բաղկացած մեր բանակը` հայոց այբուբենը: Ոչ մէկ ուժ կրցաւ մեր սրտէն ու հոգիէն խլել մեր լեզուն, մեր հաւատքը, մեր այբուբենը եւ մեր մշակոյթը:

 

 

Նախորդը

Աշխարհին Մէջ Ամէնէն Շատ Խօսուած Լեզուները

Յաջորդը

Մշակոյթի Շունչն Է Մեզ Ազգ Եւ Հայ Պահողը

RelatedPosts

ՀԲԸՄ-ը Զսպուածութեան եւ Միասնականութեան Կոչ Կ’ուղղէ Հայաստանին
Անդրադարձ

ՀԲԸՄ-ը Զսպուածութեան եւ Միասնականութեան Կոչ Կ’ուղղէ Հայաստանին

Հոկտեմբեր 22, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրողութիւնները Քողարկելու Արուեստը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

ՀՕՄ-ը` 115 Տարեկան

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?