Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ժամանեց Պոսթըն

October 13, 2024
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Հայոց Թեմին շնորհած իր հովուապետական այցելութեան ծիրէն ներս, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ժամանեց Պոսթըն: Յայտնենք, որ Պոսթընը Ամերիկայի արեւելեան թեմի կարեւորագոյն շրջաններէն մէկն է՝ ըլլալով հայահոծ քաղաք մը։ Եկեղեցւոյ կողքին կը գործեն կրթական, մշակութային, կուսակցական եւ այլ կառոյցներ:

Ուայթընզվիլ այցելութենէն ետք, նոյն օրը, Նորին Սրբութիւնը եւ իր շքախումբը հասան Պոսթըն։ Վեհափառ Հայրապետը դիմաւորուեցաւ Պոսթընի Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեանի, հոգաբարձութեան, կազմակերպիչ յանձնախումբին եւ ազգային վարչութեան ներկայացուցիչներուն կողմէ:

Նոյն օրը երեկոյեան, Նորին Սրբութիւնը մեկնեցաւ Պոսթընի Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցի՝ իր հայրապետական պատգամը տալու, Պոսթընի հայ համայնքի զաւակներուն հանդիպելու եւ անոնց իր հայրական օրհնութիւնը փոխանցելու համար: Վեհափառ Հայրապետը եկեղեցւոյ մուտքին դիմաւորուեցաւ մեծաթիւ հաւատացեալներու, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին, հոգաբարձութեան եւ համայնքի պատասխանատուներուն կողմէ: Եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ «Հրաշափառ»ի արարողութիւն։ Հուսկ, Արեւելեան հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան խօսք առնելով՝ բարի գալուստ մաղթեց Հայրապետին եւ ընդգծեց Պոսթընի պատմական գաղութ ըլլալը եւ անոր ունեցած կարեւոր ներդրումը ու դերակատարութիւնը թեմի հայ կեանքին մէջ։

Ապա, Նորին Սուրբ Օծութիւնը ուղղեց իր հայրապետական ու հայրական պատգամը։ Ան նախ անդրադարձաւ այնտեղ ներկայ միաբան հայրերուն եւ շեշտեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը միշտ ներկայութիւն եղած է ինչպէս մեր ժողովուրդի կեանքին, այնպէս ալ Պոսթընի հայ գաղութին մէջ: Անթիլիասը սոսկ վայր մը չէ, այլ ծառայութիւն ու առաքելութիւն է, շեշտեց Հայրապետը: Ապա, ան բացատրեց «Հայր մեր» աղօթքին «եկեսցէ արքայութիւն քո» նախադասութիւնը: Նորին Սրբութիւնը կեդրոնանալով յաւիտենական արքայութեան գաղափարին վրայ՝ ըսաւ, որ Քրիստոս իր մարդեղութեամբ երկինքը մօտեցուց երկրին. ան երկիր գալով երկինքի արքայութիւնը բերաւ երկիր եւ մարդուն պարգեւեց Արքայութեան անդամ դառնալու շնորհքը: Վեհափառ Հայրապետը անդրադառնալով ներկայ աշխարհի դժուարութիւններուն ու տագնապներուն՝ բաղդատական մը կատարեց աշխարհիկ թագաւորութիւններուն եւ Աստուծոյ Արքայութեան միջեւ՝ ըսելով, որ աշխարհիկ թագաւորութիւններուն մէջ կան դժբախտութիւններ, անարդարութիւն եւ մեղք, մինչ Աստուծոյ թագաւորթեան մէջ կան սրբութիւն, երջանկութիւն, սէր եւ արդարութիւն:

Աւարտին, հաւատացեալները մօտենալով իրենց Հայրապետին՝ աջահամբոյրով ստացան անոր հայրական օրհնութիւնը։

Յայտնենք, որ Վեհափառ Հայրապետին պատուիրակութիւն մաս կազմեցին Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Անուշաւան Արք. Դանիէլեան, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան եւ Գանատայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան։

https://www.facebook.com/CiliciaTv/posts/pfbid02gVaSqcPmFDffk1nHzo36MyJQuK8Y95WHYzdbr141AUJCxZAdB6L7zVE3yGaBct56l

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Նորթ Էնտովր

Յաջորդը

Իսրայէլի Հարուածը Եւ Լիբանանի Դիմադրութիւնը

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

January 29, 2026
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

January 22, 2026
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

January 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.