Թուրքերուն Ճնշող Մեծամասնութիւնը Օտար Երկիրները Թշնամի Կը Նկատէ
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ Նկատի առնելով Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի յաճախակի եւ հրահրող յարձակումները Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպայի եւ Իսրայէլի վրայ` զարմանալի չէ, որ թուրքերուն ճնշող մեծամասնութիւնը այդ երկիրները կը նկատէ իր մեծագոյն թշնամիները: Ասիկա լուրջ հարց է, քանի որ Թուրքիան` իբրեւ ՕԹԱՆ-ի անդամ, արեւմտեան ռազմական դաշինքին մաս կը կազմէ: Ցաւօք, ՕԹԱՆ-ը չունի այնպիսի գործիքակազմ, որով կրնայ վտարել սխալ վարքագիծ դրսեւորած անդամը,...



















