Ցեղասպանութեան 110-Ամեակի Նախօրեակին. Պատգամներ Գիւմրիէն Եւ… Փաշինեանէն
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ «Այսօր յարեաւ ի մեռելոց փեսայն անմահ... » Ս. Յարութեան Տօնի Շարական Մայր հայրենիքի եւ սփիւռքի տարածքին ապրող հայուն համար Աւագ չորեքշաբթին` 16 ապրիլը, երկու ցնցիչ փաստ արձանագրեց մեր քաղաքական կեանքին մէջ: Առաջինը Գիւմրիի քաղաքապետական ընտրութիւններուն արդիւնքին ամրագրումն էր, իսկ երկրորդը` ՔՊ-ապետին այն յայտարարութիւնները, թէ Հայաստանի նոր սահմանադրութեան մէջ Անկախութեան հռչակագիրը տեղ պիտի չունենայ: Անշուշտ կան ուշագրաւ այլ իրադարձութիւններ,...



















