Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Պատերազմի 50-Ամեակ. Քեզ Իրապէ՛ս Չէի Կարօտցած – Ա.

Ապրիլ 12, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ

Հոկտեմբեր 2024:

Մեր տան պատշգամը կանգնած կը դիտեմ չորս դիս` պատկերասփիւռէն, բջիջային հեռաձայններէն եւ անխտիր ամէն կողմէ տեղացող, Պէյրութի տարբեր շրջանները հարուածելու իսրայէլեան սպառնալիքներու լուրերու տարափէն հեռանալու, վախի ու անձկութեան մթնոլորտի ծանրութեան տակ տան նեղցող պատերէն դուրս գալու եւ մաքուր օդ շնչելու յոյսով:

Լիբանանեան բազմաթիւ շրջաններ Պէյրութի սրտին կապող դիմացս փռուած մայրուղին մանկութենէս մինչեւ այսօր մնայուն կերպով տեսադաշտիս հիմնական կիզակէտը հանդիսացած է, եղած է երկրին մէջ տիրող պայմանները արտացոլացնողը, լաւ ու վատ բազում իրադարձութիւններու թատերաբեմը, ինծի ժպիտ, արցունք եւ ցաւ պատճառողը, կեանքիս ընկերներէն անբաժանելին…

Մայրուղիս նոյն դերակատարութեան մէջ էր նաեւ այդ օրը, օրուան գրեթէ բոլոր ժամերուն ինքնաշարժներու, բեռնակառքերու, պասերու, մոթոսիքլեթներու սրընթաց կամ դանդաղ, խիտ կամ ցանցառ երթեւեկութեամբ եռացող այդ մայրուղին կատարեալ դատարկ է, ամբողջովին ամայի: Ոչ մէկ ինքնաշարժ, ճչակի ոչ մէկ ճիչ, սուրացող ինքնաշարժներու ոչ մէկ ցնցիչ ու նեղացուցիչ աղմուկ, կատարեալ լռութիւն, հանդարտութիւն, դատարկութիւն, մեռելային ամայութիւն…

Անբացատրելի ու ինքնաբուխ մղում մը զիս կը նետէ ներս` փնտռելու հայրս, որ ննջասենեակի վերածուած հիւրասենեակին մէկ անկիւնը ունէր իր մնայուն նստավայրն ու բազկաթոռը: Կը մտնեմ ներս` փնտռելու հօրս նշանաւոր ձայնասփիւռը, որուն կը հակէր իսկոյն, երբ «Սաութ Լուպնան» կայանէն պատերազմ բուրող ու անոր մթնոլորտը սփռող երաժշտութիւնը կ՛ընդհատուէր կայանի հռչակաւոր ու սրտի տրոփում պատճառող «Մաքթապ ուլ թահրիր ֆի խապարին ժատիտ» նախադասութեամբ, որուն պիտի յաջորդէր այս կամ այդ շրջանի ռմբակոծման մասին մուլհաքը, որպէսզի աւելի լաւ լսէր, թէ ռմբակոծումներու թէժ կէտը այդ պահուն ո՛ւր էր, իսկ մենք որքա՛ն վատ վիճակի մէջ էինք: Իրաւունք ունէր խեղճ հայրս մնայուն կերպով այդքան լարուած ու մտահոգ ըլլալու, ան պատասխանատու էր ոչ միայն իր ընտանիքին` կինն ու երեք մանկահասակ զաւակները, այլ նաեւ դրացիներուն` երկու կիներ ու երեք աղջնակներ: Աւելի՛ն, ինքն էր տէրն ու տիրականը ամայութեան գիրկը ինկած այդ օրերուն ամէնէն բարձրայարկներէն նկատուող մեր շէնքին, որ ո՛չ ապաստանարան ունէր, ո՛չ ալ որեւէ կողմէ յիշող: Ինք էր միակ տղամարդը, որուն կողմը կ՛ուղղուէին բոլորին աղերսագին նայուածքները, երբ կրակոցի կամ ռմբակոծումի ձայները սկսէին, թէկուզ հեռուէն: Ինք պէտք էր վճռէր` ի՞նչ ընել, ո՞ւր ապաստանիլ, ենթադրեալ տրամաբանութեամբ որոշել, թէ տան մէ՞ջ աւելի ապահով էր, թէ՞ աստիճաններուն վրայ կամ միջանցքին յատակին: Ի՜նչ դժուար որոշում, որուն տուչութեան մէջ ո՛չ տրամաբանութիւնը տեղ կրնար ունենալ, ո՛չ ալ մասնագիտացումը, մանաւանդ որ ապահով թուացող եւ մեծաթիւ փոքրերու ու չափահասներու «ննջարանը» հանդիսացող շէնքին հինգ աստիճաններուն վրայ աւելի ուշ մեզ ողջունեցին փամփուշտներ, որոնք կրնային մեզմէ ոեւէ մէկուն բաժին ինկած ըլլալ գիշեր մը առաջ, երբ հոն կծկուած էինք բոլորս: Այս ծանր բեռը դրուած էր հօրս ուսերուն, բեռ մը, որ առաւել եւս տաժանելի կը դառնար` մեկնելով այն իրողութենէն, որ մեր տունը կը գտնուէր Քարանթինայի մայրուղիին վրայ, աւելի ներսի կողմերը` մեր շրջակայքը, Լիբանանեան ուժերու խիտ ներկայութիւն կար, մեզի շատ մօտիկ կը գտնուէր անոնց կեդրոնատեղին` Մաժլըս հարպին, իսկ այս բոլոր հանգամանքները կու գային յուշելու, որ մեր շրջանէն ռումբեր կ՛արձակուէին ու մեր շրջանը պատասխան ռումբեր «կը հիւրընկալէր»: Ի զուր չէ, որ մեր շէնքը քանիցս ռմբակոծուած ու այրած է: Կացութիւնը տասնեակ անգամներ կը վատթարացնէր նաեւ այն իրականութիւնը, որ մենք «կ՛ապրէինք» այդ օրերուն բաժնուած արեւելեան եւ արեւմտեան Պէյրութներուն միջեւ` յարակից վերոյիշեալ այն մայրուղիին, ուր մնայուն ու ճշգրիտ հասանելիութեամբ դիպուկահարներ կը գործէին: Ո՛չ արեւելեան եւ ո՛չ ալ արեւմտեան Պէյրութ ըլլալով, անտեսուած էինք նաեւ երկուքէն, ոչ մէկը կը թակէր մեր դուռը` թէկուզ մեր որպիսութեան մասին հարցնելու, քանի մը շիշ ըմպելի ջուր հայթայթելու կամ հացի կապոց մը երկարելու: Ամբողջովին ձգուած էինք մեր ճակատագիրին, որուն տնօրինումը վստահուած էր ձայնասփիւռին կպած,  հանդարտօրէն ծխախոտին ծուխերուն նայող եւ խոր մտածումներու գիրկը ինկած սիրելի հօրս:

***

Կը վերադառնամ 2024:

Հոն չէր երկար տարիներ առաջ մեզմէ առյաւէտ բաժնուած հայրս, սակայն հոն էր լուռ ձայնասփիւռը, որ իր աւանդական տեղը կը շարունակէր գրաւել, սակայն այլեւս զարդեղէնի կարգ անցած էր, աւելի ճիշդ` լուրերուն տեղ յիշատակներ կը սփռէր այլեւս:

Կրկին վազեցի դուրս` գտնելու մայրուղին, ստուգելու, եթէ երազի մէջ էի կամ` մանկութեան յիշատակներուն գիրկը ինկած, բայց ոչ` միեւնոյն ամայի մայրուղին էր դիմացս, դատարկ ու միապաղաղ… Բայց անիկա նման վիճակի մէջ կ՛ըլլայ միայն ու միայն պատերազմի պարագային, այդքան ամայի կ՛ըլլայ, երբ մարդիկ կը սարսափին հոնկէ անցնելէ, կը վախնան փամփուշտի որս դառնալէ, իրենց վերջին շունչը այդ լայն տարածքին մէջ փչելէ:

Ուրեմն պատերազմ է, իսկական պատերազմի մէջ ենք անգամ մը եւս, կրկին վտանգաւոր վայր է մեր ապրած շրջանը, փաստը` լուռ մայրուղին: Կը նայիմ հեռուները, եւ մտապատկերիս դիմաց կը տողանցեն յիշատակները Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին, յիշատակներ, որոնք խրած են էութեանս մէջ, բաժին են կազմաւորմանս, փոքր տարիքիս ապրած մեծ փորձառութիւններուս վկան են:

***

Դէպի Սուրէն Խանամիրեան ազգային վարժարան (Ֆանար) մեր ամէնօրեայ ճամբուն վրայ գտնուող Ժտէյտիի մօտիկ անցարգելը հազիւ կտրած, ռումբերու տարափ մը սկսաւ մեր շուրջ:

– Շատ արագ ծռեցէ՛ք, աթոռներուն տակ մտէ՛ք որքան որ կրնաք, ձեր ձեռքերով ծածկեցէ՛ք ձեր գլուխները, պայուսակները դրէք ձեր կռնակներուն, ոչ ոք նստած կամ ոտքի թող մնայ… Շո՛ւտ:

Բարկութեան ու սարսափի միաձուլումէն ժայթքող հրահանգներն էին մեր պասի վարիչին` մեր սիրելի պարոն Ժիրայրին (Մելեքեան), որ հօր մը թաքուն գուրգուրանքը ունէր բոլորիս նկատմամբ: Բոլորս իսկոյն ենթարկուեցանք հրահանգին: Վախի մէջ էինք նաեւ մենք, որովհետեւ ռումբերու եւ կրակոցներու ձայները բաւական մօտիկ էին մեզի: Փոքրերը սկսան լալ, աւելի մեծերը կը փորձէին իրենց կողքին պահել զանոնք, թէեւ բոլորս անզօր էինք եւ միեւնոյն ճակատագիրին ենթակայ: Քոյրս` մեր երեքին երիցագոյնը, իր թեւերուն տակ առած էր փոքր եղբայրս, ձեռքին մէկն ալ երկարած էր ինծի` սեղմելով ափս:

– Չբարձրացնէ՛ք ձեր գլուխները, հիմա ամէն ինչ կ՛աւարտի…

Մերթ ետեւ` աշակերտներուս, մերթ դիմացը` ճամբուն, մերթ աջ ու ձախ` տեղացող ռումբերուն եւ փայլատակող փամփուշտներուն հետեւող պարոն Ժիրայրը այս անգամ նուազ խիստ ոճով կը դիմէր մեզի` թերեւս զգալով, որ յոյսի պէտք ունէինք այդ վայրկեանին, իսկ ճիշդ այդ պահուն, այդ դաժան պայմաններուն մէջ ի՛նք կրնար ըլլալ միակ պահապանն ու յուսատուն:

Զգուշաւոր արագութեամբ կ՛ընթանայինք, մեր կողքին կ՛ընթանար նաեւ մահուան ստուերը` սպառնալով ոեւէ մէկս թիրախ դարձնել, բայց պարոն Ժիրայրին խօսքը կը հեռացնէր այդ ծանր շուքը, ինք վստահ էր, որ շուտով ամէն ինչ պիտի աւարտէր:

Եւ աւարտեցաւ, այդ օրուան ճակատամարտը արդարօրէն ու խիզախութեամբ յաղթանակեց պարոն Ժիրայրը` իւրաքանչիւր աշակերտ ողջ-առողջ իր տունը հասցնելով:

(Շար. 1)

 

Նախորդը

Լիբանանի Պատերազմի 50-Ամեակ. Յուշի Պատառիկներ` Այդ Խենթ Օրերէն

Յաջորդը

Լիբանանի Պատերազմի 50-Ամեակ. «Դուք` Հայերդ, Ուրիշ Էք…»

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?