Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Հայութեան Դիրքն Ու Դերը
«Քաղաքացիական պատերազմ»-ը իր աղէտալի հետեւանքները ունեցաւ նաեւ մեր` հայութեան վրայ: Քանի՜ քանի՛ փորձեր կատարուեցան հայութիւնը ներգրաւելու ռազմական ոլորապտոյտին մէջ` հարկադրելով, որ ձեռք առնուին ինքնապաշտպանութեան, սեփական դիրքորոշումը պահպանելու միջոցներ:
Սկզբնական փուլին իսկ հայկական ազգային կուսակցութիւնները որդեգրեցին իմաստուն եւ հեռատես, շրջահայեաց դիրքորոշում, որ բոլորին ծանօթ եղաւ «դրական չէզոքութիւն» բանաձեւումով: Սա կրաւորականութիւն կամ անտարբերութիւն չէր նշանակեր, այլ պատրաստակամութիւն` գործակցելու բոլոր անոնց հետ, որոնք անկախ համայնքային կամ այլ տարբերութիւններէ` պատրաստ էին գործելու ի նպաստ Լիբանանի ու անոր ժողովուրդին, ԱՄԲՈՂՋ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ: Յաճախ սուղ վճարեցինք այս ընթացքը պահպանելու համար:
Հայութեան կրած «բեռներ»-ուն շարքին էր որոշ թաղամասերու մէջ հայութեան թիւի նահանջը (Համրայէն Քլեմանսօ ու Զոքաք Պլաթ, որոնք «պատերազմ»-էն առաջ կենսունակ սիրտեր էին մշակութային եւ տնտեսական-արտադրողական իմաստով): Կեդրոնական հրապարակներուն շուրջ ծաղկած շուկաներն ու արհեստից թաղերը (օրինակ` ոսկերիչներու եւ կօշկակարներու թաղամասերը, պատմական ճաշարաններ…) քանդուեցան ու տարտղնուեցան: Հոն հարուածը միայն հայութեան չհասաւ, բնականաբար: «Պատերազ»-ին վճարուած սուղ գիներէն մէկն ալ, հաւանաբար` ամէնէն սուղը, գաղութին թիւի անկումն էր, իսկ ներքին տեղափոխութիւնները ունեցան այլ արդիւնք. Պուրճ Համուտը, նաեւ Զալքա ու Ժալ էլ Տիպ շրջանները դարձան առեւտրական փնտռուած շուկաներ, ուր հայութիւնը ունեցաւ գերակշիռ ներկայութիւն:
Կ՛արժէ քանի մը տողով կանգ առնել նաեւ պետական սպասարկութեանց փլուզման պատճառով մեր ակումբներուն եւ կազմակերպութեանց բարերար ծառայութիւններուն առջեւ` սկսելով ջուրի-հացի մատակարարումէն մինչեւ առողջապահական եւ այլ սպասարկութիւններ: Այս բոլորը ունին իրենց քիչ գրուած հերոսապատումները:
Երկու Դրուագ
«Պատերազմ»-ի տարիներուն մասին շատ բան գրուած է ու պատմուած, սակայն բազմապատիկ բան կը մնայ անգիր: Վերը արձանագրածս անկատար ուրուագիծ մըն էր եղածին:
Բազմատեսակ ու անհամար վերլուծումներ ու մեկնաբանութիւններ կատարուած են, թէ ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ սկսաւ պատերազմը, մինչեւ ո՞ւր կ՛երկարին անոր յայտնի ու թաքուն արմատները (օր մը որոշ արխիւներ պիտի գան լոյս սփռելու մինչեւ այսօր ալ անորոշ թուացող իրականութիւններու վրայ):
Հպանցիկ յիշատակներու այս սիւնակը աւարտեմ` պատմելով երկու դրուագ, որոնք որոշ ցոլացում մը կու տան, թէ շինծու կողմնակալութեան ներարկումը` ժողովուրդի այս կամ այն դասուն ու խմբաւորումին, ի՛նչ բաժին (ո՛չ միակը, բնականաբար) ունեցած է տագնապին արարման եւ լուծման ուշացումին մէջ:
Ա.- «Պատերազմ»-ի առաջին տարիներուն մեր մէկ դրացիին (ոչ հայ) քանի մը օրով այցելութեան եկած էր իր մէկ հարազատը` համալսարանի երկրորդ կամ երրորդ տարուան ուսանող մը: Ինչպէս ամէն տեղ, մեր թաղին մէջ ալ դրացիներու միջեւ ստեղծուած էր նոր տեսակի մտերմութիւն մը, սրտակցութիւն մը: Կային քրիստոնէական տարբեր համայնքներէ ընտանիքներ: Սովորութիւն էր երեկոները կամ պարտադիր արձակուդի օրերուն խմբուիլ շէնքին առջեւ կամ ապաստարանին մէջ, լուրերը լսել, վերլուծումներ կատարել, կողմնորոշուիլ եւ այլն: Նորեկ երիտասարդը համալսարանական ըլլալով` անմիջապէս ունկնդիրներ շահեցաւ եւ սկսաւ խորիմաստ քննարկումներ, վերլուծումներ կատարել հակադրութիւններուն եւ իրերամերժ ուժերուն մասին: Շատ լաւ կը յիշեմ իր մէկ հաստատումը: Ըսաւ, որ եղածը «աջակողմեաններու եւ ձախակողմեաններու միջեւ հակադրութիւն է, պայքար է» (Էօ՛ֆ, մտածեցի, որոշ իրականութիւն տեսնող մը կ՛երեւի այս երիտասարդը): Երբ վերլուծումները շարունակեց, զգալի եղաւ, որ տեղ մը սխալ, ծուռ բան մը կայ իր դատումներուն մէջ: «Դասախօսութիւնը» ընդհատեցի եւ հարց տուի. «Ի՞նչ կը հասկնաս աջակողմեան եւ ձախակողմեան ըսելով»: Ժպիտով մը (որ թարգմանէր` այդ ալ չգիտցուած բա՞ն է) բացատրեց կարճ-կտրուկ. «Աջակողմեան` այսինքն քրիստոնեաները, ձախակողմեան` այսինքն իսլամները»: Բնականաբար փորձեցի բացատրել, որ իր «ձախակողմեան» ճանչցած ուժերուն մէջ կան քրիստոնեաներ, թէ` աջի-ձախի գաղափարները կրօնական-յարանուանական պատկանելիութեամբ չեն պայմանաւորուած, անցեալին ալ իշխանութեան հակադրուողներուն մէջ եղած են ականաւոր քրիստոնեաներ… (չերկարեմ): Զարմացած մտիկ ըրաւ, եւ ունեցայ այն տպաւորութիւնը, որ իրեն բացատրութիւն կը տրուէր… պանանի մասին, իսկ ինք կեանքին մէջ պանան չէր տեսած: (Ծանօ՞թ էք այն անեկդոտին, ուր կը պատմուի, թէ առաջին անգամ պանան ուտողը ըսեր է` կուտը շատ մեծ էր…):
Բ.- «Պատերազմ»-ի նախավերջին տարին էր (տագնապին պայթումէն տարի մը ետք միացած էի «Ազդակ»-ի խմբագրական կազմին): Ցերեկները ծանրացած էին սուրիական ուժերուն դէմ Աունի շղթայազերծած պատերազմին մահասփիւռ ու քանդիչ ալիքներով, որոնք յաճախ կը շարունակուէին մինչեւ ուշ գիշեր, նաեւ` կէս գիշերէն ետք: (Այդ օրերու յիշատակելի աղէտներէն մէկը, եւ` Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն մօտաւորապէս 25 տարի առաջ, Տորայի վառելանիւթի կեդրոնին ռմբակոծումն ու անոր պատճառով, կազի ընդունարանի մը պայթումն էր. «Ազդակ»-ի շէնքն ալ մօտաւորապէս 35 թոննոց պատառ մը ստացած էր եւ վերին յարկերը` մասամբ փուլ եկած): Երբ ռմբակոծումները դադրէին, ու թերթը մամուլին յանձնէինք, չյայտարարուած զինադուլէն օգտուելով` կը շտապէի տուն, քանի մը ժամ քնանալու համար, մինչեւ որ ռումբերու «զարթուցիչ»-ը վերսկսէր բանիլ: Տուն հասնելու համար կ՛անցնէի Պուրճ Համուտի գետեզերքի ճամբէն` հասնելու համար Նապաա եւ անկէ` բնակավայրս` Սին էլ-Ֆիլ: Պէտք կա՞յ ըսելու, որ այդ ժամուն ճամբաները ամայի կ՛ըլլային, երբեմն ալ «զարդարուած»` ռումբերուն ցանցնած քարերով կամ ծառերու ճիւղերով: Միակ «անցարգելը» կը գտնուէր «Գարակէօզեան» հաստատութեան փողոցէն քիչ անդին, գետի պատին կողքին տարածուող պազարին առջեւը. ճամբուն ճիշդ մէջտեղը բազմած կ՛ըլլար սպիտակաստեւ հսկայ գամբռ մը: Երբ ինքնաշարժս մօտենար իրեն, տեղէն երերալու նշան իսկ չէր ցուցաբերեր, հպարտ-հպարտ ինծի նայելով` կարծես թէ կ՛ըսէր. «Եթէ քեզի պէտք է, քիչ մը անդիէն անցիր, հանգիստս մի՛ խանգարեր»: Բնականաբար կը յարգէի այդ խիզախ արարածը:
Օր մը, երբ աչքս մութին մէջէն «շունս» կ՛որոնէր, քիչ մը առջեւ, ճամբուն եզրին տեսայ մէկը, որ ձեռքով նշան կ՛ընէր, որպէսզի կանգ առնեմ եւ զինք տեղ հասցնեմ: Երբ կողքէն անցայ, տեսայ, որ զինուորական զգեստ կը կրէր: Բանակայի՞ն էր, զինեա՞լ մը… ո՜վ գիտէ: Խելքի բան չէր կանգ առնել եւ բարեսրտութիւն խաղալ: Հապա՞ եթէ աւազակ մըն էր ու զէնքը քաշելով` ինքնաշարժս առնէր-փախուստ տար, զիս ձգելով շան ընկեր…
Միւս մտածումը յաղթեց: Մտածեցի, որ այս ժամուն ամայի ճամբու մը վրայ աւազակ մը ի՞նչ գործ ունի: Շունս հեռու էր: Ինքնաշարժս դէպի ետ շարժեցի, նկատեցի, որ կանգ առնելս տեսնելով` վազելով կը մօտենար: Աջ կողմի պատուհանս կէս մը բացի, նկատեցի, որ բազուկին վերի մասին ունէր երկու ժապաւէնով նշանակ: Ուրեմն բանակային զինուորական մը ըլլալու էր, աստիճանաւոր մը: «Ո՞ւր կ՛երթաս», հարցուց: Բացատրեցի, որ տունս Սին էլ-Ֆիլ է: «Կրնա՞ս զիս Հայէք բոլորակը հասցնել», հարցուց: Դրան կղպանքը բացի, ձեռքի փոքր պայուսակը գիրկը առնելով` նստաւ կողքիս: քառասունին բարեւող մէկն էր, քիչ մը աղոտած մազերով: Առաջին գանգատը այն էր, որ մօտաւորապէս մէկ ժամէ ի վեր հոն կանգնած էր, հազիւ մէկ-երկու ինքնաշարժ… ոչ մէկը կանգ առած է: Շնորհակալութիւն յայտնեց, որ կանգ առեր եմ: Մտածեցի, որ երթալիք տեղը բաւական հեռու ըլլալու է, որ այդքան երկար սպասեր է փոխադրողի մը: «Ո՞ւր պիտի հասիս» հարցումիս` բացատրեց, որ պաշտօնատեղին Հազմիէի մէջ, Տար Էլ-Սայեատէն քիչ անդին, շիի համայնքի մէկ կեդրոնատեղին է: Ու յանկարծ սկսաւ իսլամներուն եւ շիիներուն հասցէին վատաբանութիւններ դուրս տալ. «Կը տեսնե՞ս` մենք իրենց կեդրոնը կը պաշտպանենք, իսկ իրենք մեզ կը ռմբակոծեն…»: Գանգատներու շղթան երկարեցաւ մինչեւ… Նապաա ու անկէ անդին` մինչեւ Հայէք հրապարակ: Չփորձեցի միջամտել` մտածելով, որ թող «փորին մէջ եղածը դուրս տայ, յետոյ կը նայինք»:
Երբ հասայ տանս ճամբուն վերելքին սկզբնաւորութեան, ակնթարթային մտածում մը ծնաւ: Այս ժամուն, եթէ զինք հոն ձգէի, հաւանաբար ժամեր պիտի սպասէր, որպէսզի մէկը անցնէր ու յանդգնէր կանգ առնել, զինք Հազմիէ հասցնել: Ըսի. «Եղբա՛յր (խա՛յի), այս ժամուն անցորդ պիտի չգտնես: Քեզ Հազմիէ պիտի հասցնեմ»: Մութին մէջ աչքերը կարծէք թէ լուսաւորեցին ինքնաշարժիս ներքնախցիկը: Հազար շնորհակալութիւն եւ… Ճամբան շարունակեցինք: Մօտաւորապէս 10 վայրկեան ճամբայ ունէինք կտրելիք` անցելով Թել Զաաթարի բոլորակէն ու Ժըսըր Պաշայէն: Հիմա խօսելու կարգը իմս էր: Հարցուցի. «Ուրկէ՞ ես»: Բացատրեց, որ ծնած է ու հասակ առած` Ապլահ (Զահլէի մօտերը): Հարցուցի. «Մանկութեանդ եւ պատանութեանդ իսլամ ընկերներ ունեցա՞ծ ես», պատասխանեց, որ այո՛, բազմաթիւ իսլամ ընկերներ ունեցած է իրենց եւ մօտակայ գիւղերուն մէջ: «Ե՞րբ սկսար բանակին ծառայել, ո՞ր զօրանոցն էիր» հարցումիս` պատասխանեց, որ մօտաւորապէս 18 տարի առաջ մտած է բանակ, առաջին վայրը եղած է նոյնինքն Ապլահի զօրանոցը: «Հոն ալ իսլամ զինուորներ կայի՞ն քեզի եւ այլ քրիստոնեաներու հետ», հարցուցի անմեղ ձայնով մը: «Շա՜տ», եղաւ կտրուկ պատասխանը: «Այդ օրերուն, մտքէդ անցա՞ծ էր, որ այս կամ այն զինակից ընկերդ իսլամ է, քրիստոնեայ է, եւ անոնց հանդէպ դրական կամ ժխտական վերաբերմունք ունէիր ըստ այնմ», հարցուցի նոյն անմեղութեամբ: «Ի՜նչ կ՛ըսես, եղբա՜յր: Բոլորս իրարու նման էինք: Մենք իրենց տունը կ՛երթայինք, միասին կ՛ուտէինք, կը խմէինք, իրենց ընտանիքները մեզ կը հիւրասիրէին այնպէս` ինչպէս մեր ընտանիքները կը հիւրընկալէին զիրենք», ըսաւ` հին-լաւ օրերու կարօտաբաղձութիւնը մատնող ձայնով մը: Պահ մը լռեցի եւ «հարուածս» հասցուցի. «Լա՛ւ, ըսէ՛ ուրեմն: Ի՞նչ եղաւ, որ հիմա քովս նստեր ես եւ իսլամներու հասցէին` տո՛ւր որ կու տաս: Կը հայհոյես, կ՛անիծես: Այդ ընկերներդ ի՞նչ եղան…»: Շշմած` լռեց, պահ մը մտածեց եւ սկսաւ ողբալու պէս խորհրդածել. «Իրաւունք ունիս, եղբա՛յր, իրաւունք ունի՜ս: Մենք ընկերներ էինք, եղբայրներու, մէկ ընտանիքի պէս… Մեր միջեւ տարբերութիւն չկար, տարբերութիւն չէինք տեսներ, չէինք զգար»: Ու քանի մը ակնթարթ ետք` «Ի՜նչ ըսեմ ղարիպներուն (օտարականներ), որոնք մեզ թշնամացուցին իրարու: Այսպէս պէտք չէր ըլլար, ասանկ պէտք չէր ընէինք…»:
… Հասեր էինք Հազմիէ, առաջարկեցի զինք հասցնել մինչեւ իր պաշտօատեղին, որ քանի մը հարիւր մեթր անդին էր: Շնորհակալութիւն յայտնեց`առարկելով, որ ճամբուն սկիզբը բանակային անցարգել մը կար, պիտի արգիլէին անցքս: Դուռը բացաւ, ու երբ վար պիտի իջնէր, յանկարծ բան մը յիշելու պէս վերադարձաւ նստարան եւ ձեռքը երկարելով` «Չըսիր, թէ անունդ ի՞նչ է», հարցուց: Երբ տուի անունս-մականունս, զարմացած` աչքերը լայն բացաւ ու հարցուց. «Հա՞յ ես…» (մեր խօսակցութիւնը ընթացած էր արաբերէնով, յայտնապէս առոգանութենէս տպաւորուած էր, որ իրեն պէս արաբ մըն եմ): Հաստատական պատասխանիս` գլուխը շարժեց եւ մեր քիչ առաջուան խօսակցութեան էութիւնը վերապրելով` սիրալիր արտայայտութեամբ մը ըսաւ. «Ընթու-լ-արման ղէ՜յր շի…» (Դուք` հայերդ, տարբե՜ր էք): Վերջին` ուրիշ ոճով շնորհակալութիւն մը յայտնելով, կուրծքի գրպանէն պատառիկ մը թուղթ հանեց, վրան գրեց անունն ու հեռաձայնի թիւ մը եւ ինծի երկարելով` ըսաւ. «Եթէ որեւէ բանի պէտք ունենաս, կրնաս ինծի դիմել: Ես երկար ատենէ հոս կը պաշտօնավարեմ: Ալլա մաաք… Ալլա եըխալլի՜քոն…» (Աստուած հետդ, Աստուած պահպանէ ձեզ):
Մարտ 2025
(Շար. 3 եւ վերջ)