Յօդուածներ

Լիբանանի Պատերազմի 50-Ամեակ. Պատերազմը,  Որ Կեանք Շինեց

Լիբանանի Պատերազմի 50-Ամեակ. Պատերազմը, Որ Կեանք Շինեց

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ Պատերազմը ահաւոր ու սարսափելի բան է: Մէկ կողմէ կը պատճառէ մահ ու կոտորած, բայց նաեւ` վախ եւ ընկճուածութիւն: Շարժապատկերի վրայ պատերազմական ժապաւէններ դիտելը կրնայ դիւրին թուիլ, բայց պատերազմի մէջ ապրիլը ուրիշ բան է: Այս ուրիշ բանին մէջ պէտք է իսկապէս ապրիլ եւ տեսնել կեանքի ողբերգութիւնները: Սիրելիներու եւ ծանօթ-անծանօթներու մահը: Անշնչացած դիակներ` սփռուած  հոս ու հոն, տակաւին` անհետ...

Լիբանանի Պատերազմի 50-Ամեակ. Չյանգող Արձագանգները Լիբանանի Պատերազմին

Լիբանանի Պատերազմի 50-Ամեակ. Չյանգող Արձագանգները Լիբանանի Պատերազմին

ՍԻԼՎԱ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ-ԻՍԿԻԿԵԱՆ Լիբանանի նախապատերազմեան օրերը մեր սերունդին պարգեւեցին գերերջանիկ օրեր ու յիշատակներ: Ես հրճուանքով կը յիշեմ` մեր թռվռուն կեանքը, ամառնային պտոյտները, հովասուն ամարանոցները, դալարագեղ մայրիներու բոյրը, կապոյտ ծովափին փրփրոտ ալիքները ու ոսկեշող արեւին հմայքը: Նոյնպէս կարօտով կը վերյիշեմ` ձմեռնային արձակուրդները, լեռներուն բազմած անաղարտ ձիւնը, ձիւնագնդակի խաղերը, Տահր Պայտարի հանգստավայրին վառարանը եւ անոր վրայ ճարճատող շագանակն ու թէյնիկին անուշաբոյր գոլորշին: Պատանի...

Լիբանանի Պատերազմի 50-Ամեակ. Ահաւոր Պատերազմին Չմասնակցած Հայութիւնը Միասնականութեամբ Գոյատեւեց Ու Տոկաց (Բ.)

Լիբանանի Պատերազմի 50-Ամեակ. Ահաւոր Պատերազմին Չմասնակցած Հայութիւնը Միասնականութեամբ Գոյատեւեց Ու Տոկաց (Բ.)

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Պուրճ Համուտ, Հաճըն, Խալիլ Պատաուի, Հայաշէն ե Էշրեֆիէ հայահոծ թաղամասերը, 1978 հոկտեմբերի ծանր ռմբակոծումներէն ետք թեւակոխեցին համեմատական հանդարտութեան շրջան մը: Արաբական զսպիչ ուժերու դիրքերու նոր դասաւորումներ կատարուեցան: Սուրիական ուժեր կարգ մը դիրքերէ քաշուեցան, եւ որոշ դիրքեր ստանձնեցին սէուտական ուժերը: Համեմատական հանդարտութիւնը 1979 ապրիլ 22-էն սկսեալ խանգարուեցաւ: Այն Ռըմմանէի, Պատարոյի եւ Թայունէի ճակատները բռնկեցան, իսկ Թանգարանի շրջանին մէջ արձակազէններ...

«Դուք` Հայերդ, Ուրիշ Էք…»

«Դուք` Հայերդ, Ուրիշ Էք…»

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Հանգրուանային «Դաստիարակութիւն» Այսօրուան պատանիին եւ երիտասարդին համար թերեւս շատ բան չեն նշանակեր (կամ առաւելաբար լսովի բաներ են) քաղաքի բաժանումն ու ճակատներու կազմաւորումը, գիշեր-ցերեկ մէկ շրջանէն միւսը ռումբերու տարափը եւ այլն: Այդ բոլորը չծագեցան մէկ օրէն միւսը, այլ կտրեցին հանգրուաններ: Նախ մարդիկ ենթակայ եղան «զէնքի դաստիարակութեան»: Խօսքը չի վերաբերիր զինեալ խմբաւորումներու կազմութեան եւ փողոցին տիրապետութեան, այլ` ընդհանուրին «դաստիարակութեան»: Մարդիկ...

Լիբանանի Պատերազմի 50-Ամեակ. Յուշերու Կապոց.  Պատերազմ Ապրած, Բայց Խաղաղութիւն Չտեսած Սերունդի Մը Մասին  (Լիբանան 1975-2025)  Դ.

Լիբանանի Պատերազմի 50-Ամեակ. Յուշերու Կապոց. Պատերազմ Ապրած, Բայց Խաղաղութիւն Չտեսած Սերունդի Մը Մասին (Լիբանան 1975-2025) Դ.

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Երիտասարդական «խենթ» տարիներ եւ ապրումներու խայտանք: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի վերջին տարիները (1985-1990) այլ բացատրութիւն ունէին: Անցած տասը տարիները պատերազմող կողմերուն համար կարծես փորձառական ըլլային, այլ խօսքով` քանդումը, արիւնահեղութիւնը տակաւ նոր տեսք կը ստանային, ռմբակոծումներու բնոյթը կը փոխուէր, եղբայրասպանութիւնը առաւել կը խորանար, շատ անգամ նոյն համայնքի կամ յարանուանութեան միջեւ: Պառակտուած ժողովուրդ, կոտորակուած երկիր, կղզիացած միջավայրեր, հոս ու հոն զինեալ...

Կատարեալ Արդարադատութիւն Կա՞յ

Կատարեալ Արդարադատութիւն Կա՞յ

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Հաստատուած իրողութիւն է, որ մահապատիժը չէ յաջողած ոճրագործութիւններու արգելք ըլլալ: Սակայն կարգ մը երկիրներու մէջ տակաւին կախաղան կը բարձրացուին, ելեկտրական աթոռներու վրայ կը նստեցնեն եւ նոր արհեստագիտութեան ընձեռած միջոցներով կը խլեն ոճրագործներուն կեանքերը: Իսկ եթէ դատարանը սխալ վճիռ արձակած է եւ մեղաւոր ճանչնալով անմեղը` զայն մահուան դատապարտած... Ահաւասիկ հարց մը, որ ըստ երեւոյթին, մարդիկ չեն կարողացած լուծել: «Պի.Պի.Սի.»...

Ահաւոր Պատերազմին Չմասնակցած Հայութիւնը Միասնականութեամբ Գոյատեւեց Ու Տոկաց  (Ա.)

Ահաւոր Պատերազմին Չմասնակցած Հայութիւնը Միասնականութեամբ Գոյատեւեց Ու Տոկաց (Ա.)

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Յիսուն տարիներ առաջ` 13 ապրիլ 1975-ին սկիզբ առաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը: Տասնհինգ տարի տեւած եւ անհամար զոհեր ու վիրաւորներ խլած պատերազմին պատճառով երկիրը քաղաքական, տնտեսական, ընկերային ու մարդագրական մեծ հարուածներ կրեց եւ բազում վերիվայրումներու ենթարկուեցաւ: Լիբանանի հայութիւնը իր կարգին ճաշակեց իրեն  բաժին ինկած դառնութիւններն ու կորուստները: Պատերազմի առաջին օրէն իսկ հայութիւնը միասնական կեցուածքով մերժեց ներքաշուիլ եղբայրասպան կռիւներու թոհուբոհին...

Պատերազմէն Ետք Անտարբերութիւնն Ու Սուգը` Կողք Կողքի

Նոր Գիրքեր. «Զերօ» (2016/2021) . Մեր Ընկերութեան Մանրապատկերը Գծող Ճամբաներուն Վրայ Նորա Պարութճեան, «Լուսակն», Երեւան, 2022

ՍԻՒԶԱՆ ԽԱՐՏԱԼԵԱՆ Նորա Պարութճեանի «Զերօ»-ն կարդալով` կը մտաբերեմ Շէյքսփիրի «Measure for Measure» թատերախաղին հետեւեալ տողերը. «Դուն ո՛չ երիտասարդութիւն ունիս, ո՛չ տարիք: Բայց կարծես ընթրիքէն յետոյ քունի անցած` կ՛երազես երկուքին մասին»: «Զերօ»-ն տղմուտն է, վերջալոյսը, կեանքի եւ մահուան միջեւ բռնուած գոյութիւն մը, տեսակ մը բանտ, ո՛չ դրախտն է, ո՛չ դժոխքը. առկախուած` մինչեւ անխուսափելի մահը: Մէկ տարի առաջ մայրս հրաժեշտ տուաւ այս...

Լիբանանի Պատերազմի 50-Ամեակ. «Դուք` Հայերդ, Ուրիշ Էք…»

Լիբանանի Պատերազմի 50-Ամեակ. «Դուք` Հայերդ, Ուրիշ Էք…»

 Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Անոնք, որոնք ոճիրներ բացայայտող ոստիկաններու կամ գաղտնի ոստիկաններու ժապաւէններ կը դիտեն, գիտեն, որ հերոս-ոստիկանը երկար-բարակ պրպտումներ ու հետախուզութիւններ կը կատարէ, կը ցանկագրէ կասկածելիները եւ զանոնք հարցաքննելու պահուն ընդհանրական հարցում մը կ՛ուղղէ. այսինչ օրը, այսինչ ժամուն (ի մտի ունի ոճիրին պահը) ո՞ւր կը գտնուէիր, վկայ ունի՞ս, որ ոճիրին վայրէն հեռու էիր: Մօտաւորապէս այդ տեսակի հարցաքննուողի մը վիճակին մատնուեցայ, երբ...

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)

Լիբանանի Պատերազմի 50-Ամեակ. Յուշերու Կապոց. Պատերազմ Ապրած, Բայց Խաղաղութիւն Չտեսած Սերունդի Մը Մասին Գ.

 ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Պատերազմի արհաւիրք - ծննդավայրի ներշնչած ապահովութիւն: Նախքան պատերազմի բռնկումը, նշեալ սերունդի տղաքն ու աղջիկները կը յաճախէին շրջանի վարժարանները: Անոնց համար չկար խտիր, աւելի՛ն. չէին գիտեր այս կամ այն յարանուանական վարժարանի տարբերութիւնը: Ընդհակառակն, էականը հայկական վարժարան յաճախելու տրամադրութիւնն էր, խանդավառութեամբ լիացած առօրեայի մը գոյութիւնը: Համեստ, աշխատասէր, ազգային շունչով յագեցած, հազիւ նախակրթարան մը տեսած, արհեստաւոր եւ օրապահիկի տէր ծնողներու զաւակներ...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Սրբազան Հայրը Հիւրընկալեց Սուրիոյ Դեսպանը, ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսը Եւ Հիւպատոսութեան Խորհրդականը 22 մարտին Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեան Ազգային առաջնորդարանին մէջ հիւրընկալեց` Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Սուրիոյ դեսպան Ռուբէն Խարազեանը, Հայաստանի Հալէպի գլխաւոր հիւպատոս Արա Աւետիսեանը եւ հիւպատոսութեան խորհրդական Դաւիթ Թադեւոսեանը: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ` Մանուկ վրդ. Պարիխանեան, Արմէն աբղ. Գալաճեան, Ազգային Երեսփոխանական ժողովի անդամ...

Զաւարեան Ուսանողական Միութեան Տարբեր Ժամանակաշրջաններու Հրատարակութիւններ

Զաւարեան Ուսանողական Միութեան Տարբեր Ժամանակաշրջաններու Հրատարակութիւններ

Զաւարեան ուսանողական միութիւնը տարբեր ժամանակաշրջաններու ունեցած է զանազան բնոյթի  հրատարակութիւններ, զորս կը ներկայացնենք ստորեւ: 1.- «Պրակ» 1961 թուականին ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութիւնը սկսաւ հրատարակել «Պրակ»-ը, որ նախատեսուած էր ներքին անդամական գործածութեան համար: Կուսակցական, ազգային եւ քաղաքական բնոյթով «Պրակ»-ը ունեցաւ համապատասխան բովանդակութիւն: 2.- «Մեհեան» Մարտ 1969-ին, հովանաւորութեամբ ԶՈՄ-ի եւ նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ Զաւարեանական աշակերտական միութեան, հրատարակուեցաւ «Մեհեան» պարբերաթերթը: «Մեհեան»-ը ունեցաւ գրական, գաղափարական,...

«ՀՅԴ ԶՈՄ-ի Հրատարակութիւններն ու Նորարարութիւնը»

«ՀՅԴ ԶՈՄ-ի Հրատարակութիւններն ու Նորարարութիւնը»

ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան հրատարակչական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, կիրակի, 30 մարտ 2025-ին տեղի ունեցաւ «ՀՅԴ ԶՈՄ-ի հրատարակութիւններն ու նորարարութիւնը» խորագիրով սեմինար մը: Սեմինարի առաջին դասախօսութիւնն էր` «ԶՈՄ-ի հրատարակութիւններ»-ը, զոր ներկայացուց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Բագրատունին` լուսարձակի տակ առելով տարիներու ընթացքին լոյս տեսած ԶՈՄ-ի հրատարակութիւնները: Ան մատնանշեց սոյն հրատարակութիւններուն կարեւորութիւնը` գաղափարախօսութեան եւ յանդգնօրէն կարծիք յայտնելու մէջ, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ այն օրերու խոչընդոտներուն...

«Զաւարեան Նոթատետր»-ը` Հայկականութիւն Ներշնչող Աղբիւր

«Զաւարեան Նոթատետր»-ը` Հայկականութիւն Ներշնչող Աղբիւր

Դաշնակցութեան հիմնադրութենէն 14 տարիներ ետք, ՀՅԴ հիմնադիր երեքէն` Սիմոն Զաւարեանը` Դաշնակցութեան խիղճը, Լիբանանի մէջ հիմնեց Զաւարեան ուսանողական միութիւնը: Լիբանանահայութեան պատմութիւնը վկայ` իր հիմնադրութեան փուլին եւ յատկապէս 1921-էն սկսեալ իր զանազան նախաձեռնութիւններով` քարոզչական լսարաններով, Զաւարեան աշակերտական միութեամբ, գիշերային դպրոցով, համալսարաններու մէջ քարոզչական աշխատանքներով, Հայ դատի հետապնդումներով եւ «Դէպի Երկիր»-ի ճամբարներով, ԶՈՄ-ը հայրենիքէն ներս թէ դուրս եղաւ այն դարբնոցը, որ համախմբեց եւ...

14 Տարուան Դադարէ Ետք Վերահրատարակուեցաւ «Zavarian Review»-ն

14 Տարուան Դադարէ Ետք Վերահրատարակուեցաւ «Zavarian Review»-ն

1979-ին Զաւարեան ուսանողական միութիւնը պահանջը զգաց իր ձայնը լսելի դարձնելու եւ միտքերը տարածելու ոչ միայն հայ ուսանողութեան եւ հայ համայնքին, այլ Լիբանանի բոլոր ուսանողներուն: Այս նպատակով հրատարակեց «Zavarian Monthly»-ն, որ նախնական շրջանին անգլերէն եւ արաբերէն լեզուներով էր, իսկ հետագային նաեւ աւելցաւ ֆրանսերէն լեզուն եւ կոչուեցաւ «Zavarian Review»: Զաւարեան ուսանողական միութեան 120-ամեակին առիթով վերահաստատեցինք այս պահանջը, եւ այս տարի պարբերաթերթը կրկին...

Սթափելու Ժամանակը

Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ընդառաջ

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ 4-էն 25 մայիս, յաջորդական չորս կիրակիներուն տեղի պիտի ունենան Լիբանանի քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւնները: Այս ընտրութիւնները յետաձգուած էին տարի մը առաջ, գործող մարմիններու եւ թաղապետներու իրաւասութիւնները երկարաձգելով: Բազմաթիւ քաղաքապետութիւններ դադրած են գոյութիւն ունենալէ, որովհետեւ այլազան պատճառներով կորսնցուցած են իրենց մեծամասնութիւնը: Ընտրութեան ուշացումը աւելի պիտի բարդացնէր վիճակը, շատ վայրերու մէջ տեղական կառավարումը անկարելի դարձնելով: Գործող քաղաքապետութիւններու իրավիճակը շատ փոփոխական...

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)

Լիբանանի Պատերազմի 50-Ամեակ. Յուշերու Կապոց. Պատերազմ Ապրած, Բայց Խաղաղութիւն Չտեսած Սերունդի Մը Մասին (Լիբանան 1975-2025) Բ.

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Համեստ ընթերցողը կրնայ հարց տալ, թէ ինչո՞ւ որոշ տարիք ունեցող սերունդի մը մասին կը պատմուի, երբ նոյն տարիներուն տարբեր տարիքի սերունդներ իրենց կարգին կ՛ապրէին ու կը դիմագրաւէին նոյն դժոխային պայմանները: Միւս կողմէ, եթէ երբեք գոյութիւն չունենար չափահաս թէ երէց սերունդը, ինչպէ՞ս պիտի կարենային տուեալ տարիներու նորահաս տղաքն ու աղջիկները տոկալ, դիմակայել դառն օրերը, փորձառութիւն ձեռք ձգել, դաստիարակուիլ, պարզապէս...

Կեանքէն Հեռացաւ Վաստակաւոր Բժիշկ, Մամուլի Ժրաջան Աշխատակից Եւ Ազգային Գործիչ Տոքթ. Կարպիս Հարպոյեանը

Կեանքէն Հեռացաւ Վաստակաւոր Բժիշկ, Մամուլի Ժրաջան Աշխատակից Եւ Ազգային Գործիչ Տոքթ. Կարպիս Հարպոյեանը

Ապրիլ 4-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան, Մոնթրէալի մէջ կեանքին հրաժեշտ տուաւ վաստակաւոր բժիշկ, ազգային գործիչ եւ հայ մամուլին, «Ազդակ»-ի երկարամեայ ժրաջան եւ հետեւողական աշխատակից տոքթ. Կարպիս Հարպոյեանը: Յատկանշական է, որ ան իր մահէն նուազ քան ամիս մը առաջ նոր նիւթեր յղած էր մամուլին` վերապրող բժիշկներու մասին, ինչպէս նաեւ` Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակին յատուկ: Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան իր բժշկական ուսումը աւարտած է Պէյրութի...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Պռօշեանի Սպաննուած Դաշնակցական Նախկին Գիւղապետ Հրաչ Մուրատեանի Յիշատակին Արարողութիւն` Պռօշեանի Զօրաց Պանթէոնին Մէջ 2 ապրիլին Պռօշեանի Զօրաց պանթէոնին մէջ տեղի ունեցաւ արցախեան պայքարի նուիրեալ, դաշնակցական ազատամարտիկ, Պռօշեանի հրամանատար եւ նախկին գիւղապետ Հրաչ Մուրատեանի յիշատակին նուիրուած արարողութիւնը: Հրաչ Մուրատեանի սպանութեան օրուան տխուր առիթով անոր շիրիմը այցելեցին` ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամներ, Ազգային ժողովի պատգամաւորներ եւ կուսակցականներ` յարգանքի տուրք մատուցելով...

Լեգրանի Հետ Բանակցութիւններ Եւ Հայ-Ռուսական Համաձայնագիր

Լեգրանի Հետ Բանակցութիւններ Եւ Հայ-Ռուսական Համաձայնագիր

Եապոն` Արցախը Զանգեզուրի Կապող Ճակատի Հրամանատար ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Խորհրդային Ռուսաստան կ՛աշխատէր ամէն գնով խորհրդայնացնել Հայաստանն ու Վրաստանը եւ կապ հաստատել քեմալական Թուրքիոյ հետ: Բոլշեւիկեան կուսակցութեան Կովկասեան Բիւրոն 3 օգոստոս 1920-ին հեռագիր ուղարկեց Լենինի եւ Թրոցկիի: Հեռագիրին մէջ կ՛ըսուէր, որ նախ խորհրդային կարգեր պէտք է հաստատել Վրաստանի մէջ, որովհետեւ այդպէսով ծովային ճանապարհ կ՛ապահովուէր քեմալականներուն հետ: Բացի այդ, կարմիր բանակը Հայաստան մտնելու...

Page 116 of 1110 1 … 115 116 117 … 1,110

Արխիւներ