Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Պատերազմի 50-Ամեակ. Յուշերու Կապոց. Պատերազմ Ապրած, Բայց Խաղաղութիւն Չտեսած Սերունդի Մը Մասին (Լիբանան 1975-2025) Ե.

April 12, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Անդամալուծուած, ներքնապէս փճացած, աւերուած պետութեան մէջ ապրիլը, իսկապէս որ մարտահրաւէր մըն էր նորահաս սերունդին համար:

Տարիները սահած էին արդէն, մահուան ուրուականը թէեւ կը հալածէր իւրաքանչիւր անձ, իսկ աւերի հրէշութիւնը ոչ ոքի կը խնայէր, երբ սաստկանային ռմբակոծումները, այդուամենայնիւ, գոյութիւն ունէր ապրելաձեւ մը յատկապէս մեր սերունդին համար, որ այլազան փորձութենէ անցնելով` կրցած էր վաստկիլ կեանքի փորձառութիւն մը, ու անով փրկած էր ինքզինք, այլապէս ճիշդ կողմնորոշուելով եւ սայթաքումներէ ձերբազատելով:

Տեղին է ըսել, որ երիտասարդական տարիքի խանդն ու ժպիտը, համարձակ եւ քաջաբար գործելու տրամադրութիւնը, հարազատին ու շրջապատին օգտակար ըլլալու խանդավառութիւնը, նամանաւանդ արհաւիրքի տարիներուն, բաւարար ազդակներ հանդիսացած էին համոզումի տէր եւ գաղափարական շունչով սնած իւրաքանչիւր երիտասարդի մէջ կուտակելու ներուժ`անշահախնդրօրէն գործելու եւ  հաւատարմօրէն ծառայելու անխտիր բոլորին:

Փաստօրէն, միութենական, կուսակցական, մշակութային թէ եկեղեցական  միաւորներ եղան այն կռուանները, ուր գաղափարանուէր երիտասարդութիւնը մը ամբողջ գործեց յանուն ժողովուրդի բարօրութեան եւ անվտանգութեան:

Առանց վարանումի պէտք է արձանագրել ճշմարտութիւն մը անսեթեւեթ, որ հաւաքական կեանքի մէջ պատահած դիպաշարերը, ինչպէս` արտագաղթ, շփոթի եւ տարակուսանքի երեւոյթներ, ահ ու սարսափի մթնոլորտ, երկրի վիճակն ու բախտը անիծելու տրամադրութիւն, «գլուխ փրկելու» տեղի ու անտեղի պատգամներ, այս կամ այն պատճառով` կեանքի պարտադրանքին զիջելու յորդորներ, այսինքն`ըլլալու առաւել կրաւորական, եսաակեդրոն, հաւաքական պատասխանատուութենէ զերծ եւ մանաւանդ` հրաժարելու դրական եւ աշխուժ դերակատարութիւն ունենալէ եւ այլն, կարողութիւն չունեցան ընկճել եւ ընդարմացնել երիտասարդական փաղանգներ, որոնք ի գին մեծ զոհողութիւններու յանձն առին դիմակայել ամէն դժուարութիւն եւ ամրօրէն կանգնիլ սեփական ժողովուրդին կողքին:

Եթէ երբեք վերյիշենք քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն պատահած դէպքերը եւ մեր մտքի պաստառին վրայ վերարտադրենք հայ երիտասարդութեան ունեցած անգնահատելի ներդրումը` ընկերային կեանքի թէ տարբեր ոլորտներու մէջ, ատոնք միայն պատիւ կը բերեն լիբանանահայութեան, որ կրցաւ, իր կարգին, դէմ դնել տարբեր որոգայթներու եւ ճնշումներու:

Իրօք, լիբանանահայութիւնը շնորհիւ իր քաղաքական կեցուածքին` դրական չէզոքութեան, յաջողեցաւ մեծ ցնցումներէ զերծ պահել ինքզինք եւ վաստկիլ բոլոր կողմերու յարգանքն ու վստահութիւնը:

Սա չի նշանակեր երբեք, որ ամբողջ տասնհինգ տարուան ընթացքին տեղի չունեցան անախորժ ու դատապարտելի հարցեր ու երեւոյթներ:

Քաղաքացիական պատերազմի տարբեր փուլերուն միշտ ալ եղան կողմեր, որոնք ուզեցին լիբանանահայութիւնը ներքաշել բախումներու մէջ եւ օգտուիլ հայ համայնքին ունեցած քաղաքական ու տնտեսական ուժէն:

Փաստօրէն, Պուրճ Համուտի թէ այլ հայահոծ շրջաններու մէջ տեղի ունեցած տարբեր տարիներու ապահովական խախտումներն ու զինեալ ընդհարումները կը միտէին հարուածել լիբանանահայութեան միասնականութիւնն ու կամքը, կորովն ու դրական չէզոքութիւնը, որ ինքնութիւնն ու ֆիզիքական գոյութիւնը պահպանելու հզօր երաշխիք դարձած էր:

Պէտք է ընդունիլ, որ, հակառակ պատերազմական վիճակին, մեր սերունդը կրցաւ շրջանցել բարոյահոգեբանական հարցերը: Պատերազմի պատճառած սեւ ու տխուր կացութիւնը պատճառ եղաւ, որ հայ երիտասարդութիւն ինքզինք հոգեպէս եւ մտովին զինէ, անվախօրէն թիավարելու արտառոց հոսանքներու դէմ:

Ու մեծապէս յաջողեցաւ այս առաքելութեան մէջ, պարզապէս որովհետեւ իր թիկունքին ունեցաւ երէց փաղանգի մը տիպար սերունդ մը, որ դաստիարակեց ու վստահութիւն տածեց երիտասարդ տարրին, որ պատնէշի վրայ էր կանգնած, որոշ չափով ամոքելու հայրենակիցներու ցաւն ու թեթեւցնելու անոնց տառապանքը:

 

 

 

Նախորդը

Լիբանանի Պատերազմի 50-Ամեակ. Գոյատեւման Եւ Մահուան Պայքարէն Դէպի Կեանք Եւ Վերապրում

Յաջորդը

Լիբանանի Պատերազմի 50-Ամեակ. 50-Ամեակ

RelatedPosts

Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.