Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վաղուան Լիբանանի Կերտումը

Ապրիլ 12, 2025
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

Ոչ ոք կրնայ ուրանալ, որ 13 ապրիլ 1975-ին, Այն Ռըմմանէի մէջ փոխադրակառքի մը վրայ զինեալ յարձակումին հետեւանքով ծայր տուած լիբանանեան պատերազմէն 50 տարի ետք, երկրի քաղաքական կողմերը կրցած են դասեր քաղել:

Ապրիլ 13-ի բռնկումը ունէր իր արմատները, սկսելով զուտ լիբանանեան ենթահողէն, որ պարարտ էր թէ՛ շրջանային եւ թէ՛ միջազգային միջամտութիւններ եւ շահագործումներ հրաւիրելու:

Այլ խօսքով, Լիբանանի անկախութենէն ի վեր երկիրը չէր կրցած երկարատեւ անդորրութիւն վայելել, ամուր պետականութիւն, լիբանանեան պատկանելիութիւն եւ ներքին համերաշխութիւն ստեղծել: Երկրի համայնքային, դասակարգային եւ ընկերային բաժանումները բաց դաշտ կը ստեղծէին եւ կը ստեղծեն տակաւին, որպէսզի արտաքին միջամտութիւնները լաւագոյնս «արդիւնաւորուին»:

Իսկ այս բոլորին մէջ միակ վնասողը եղած է լիբանանցի ժողովուրդը:

Այսօր, երբ կը յիշենք պատերազմի սկզբնաւորութիւնը, շարունակութիւնը ամբողջ 15 տարի, աւարտը` Թաէֆի համաձայնագիրով եւ այնուհետեւ եղած այլ պատերազմներ եւ հսկայական ցնցումներ, թէ՛ տեղական մակարդակի թէ՛ շրջանային մակարդակի վրայ, պարտաւոր ենք իբրեւ լիբանանցի քաղաքացի կատարելու յստակ հաստատումներ:

1975-ին ծայր տուած պատերազմը ներքին քաղաքացիական պատերազմ չէր, ո՛չ ալ միջհամայնքային բախումներ:

Պատերազմը այլոց պատերազմն էր Լիբանանի մէջ, լիբանանեան գործիքներով, բայց միշտ արտաքին ուժերու լարումով:

Դերակատարները տարբեր էին, տարբեր ժամանակներու ընթացքին: 15 տարուան ընթացքին, դերակատարները կրնան փոխուած ըլլալ, դաշնակիցները կրնան հակադրուած ըլլալ եւ ապա դարձեալ դաշնակցիլ:

Լիբանանը զէնքի վաճառքի, անոր փորձարկման, տնտեսական շահերու լաւագոյն միջավայրն էր, ուր պետութիւններ, օգտուելով լիբանանեան ներքին պառակտումներէն, յաջողեցան հեռակայ կարգով իրենց հարցերը լուծել մեր երկրին մէջ:

Թաէֆով «աւարտած» պատերազմը ոչինչ կրցաւ լուծել երկրին մէջ: Համաձայնագիրը, որ պատրաստուեցաւ արաբական եւ արեւմտեան ուժերու օրհնութեամբ, ժամանակաւոր կերպով դադրեցուց պատերազմը, բայց ո՛չ կարելի եղաւ զայն ամբողջութեամբ կիրարկել ո՛չ ալ լուծել երկրին տագնապները: Ժամանակաւոր հանդարտութիւնն ու զարգացումը խաբուսիկ էին, եւ 1990-էն այսօր կրկնուող տագնապները փաստեցին, որ ոչ մէկ հարց կրցած է իր վերջնական լուծումին հասնիլ:

Պատերազմող կողմերը իրենց ղեկավարներով ստանձնեցին երկրին ղեկն ու համայնքային, կուսակցական եւ իրենց ներկայացուցած շրջաններու նեղ շահերով բաժնուեցան իշխանութիւնը, օրէ օր Լիբանանը դնելով գահավէժ ընթացքի մէջ:

Փաստ է, որ զէնքը չլուծեց լիբանանեան հարցը:

Փաստ է, որ անպատժելիութեան եւ ամենաթողութեան քաղաքականութիւնը ոչ միայն չնպաստեցին ազգային միասնականութեան ստեղծումին ու պահպանումին, այլեւ աւելի խորացուցին ներքին պառակտումը:

Հիմնական բացակաները մնացին հայրենիքի գաղափարը, մէկ ու միակ լիբանանեան պետութեան տեսլականը, լիբանանցի քաղաքացիի տիպարը, երկրի գերիշխանութեան գերազանցութիւնը եւ պատկանելիութեան խնդիրը:

ՀՅ Դաշնակցութիւնը իր ամբողջ քաղաքական կենսափորձով Լիբանանի մէջ, առաջին իսկ օրէն մերժեց զէնքի լեզուն եւ հետամուտ եղաւ հարցերը զգօնութեամբ դիմագրաւելու ու երկխօսութեամբ լուծելու քաղաքականութեան, միշտ պայքարելով համոզել երկրին մէջ գործող կողմերը, որ զէնքի գործածութիւնն ու արտաքին ուժերու միջամտութեան հրաւէրը տեւարար պիտի առաջնորդէ երկրի քանդումին, արտագաղթի, տնտեսական քայքայումի:

Եւ դեռ, սպանութեան ու անոր հետեւանք ոխի, վրէժի եւ իրերամերժութեան խորացման:

Յիսուն տարի ետք, կրցա՞նք սորվիլ մեր պատմութենէն:

Այսօր, նոր վարչակազմի իշխանութեան հասնելէն ետք պիտի կարենանք գէթ յոյսը ներշնչել, որ Լիբանանն ու լիբանանցին պարտին յիշել արհաւիրքը, դասեր քաղել հինգ տասնամեակներու դառն փորձառութենէն ու չկրկնել անցեալի սխալները:

Շրջանային եւ միջազգային առօրեայ փոփոխութեանց մէջ, մենք պարտաւոր ենք մտածել Լիբանանի գերիշխանութեան, ներքին միասնականութեան, պետականութեան ապաւէնի, անկախութեան եւ ազատութեան ու Լիբանանի քաղաքացիութեան գերադաս սկզբունքներուն մասին:

Մեր Լիբանանը պէտք չէ վերադառնայ անցեալին:

Յիշելով անցեալը, օգտուելով դասերէն, պարտաւոր ենք կերտել վաղուան Լիբանանը:

 

 

Նախորդը

Լիբանանի Պատերազմի 50-Ամեակ. «Դուք` Հայերդ, Ուրիշ Էք…»

Յաջորդը

Խմբագրական. Լիբանանահայ Քաղաքական Գործօնի Անկախ Էութիւնը (Լիբանանի Քաղաքացիական Պատերազմի 50-Ամեակին Առիթով)

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?