Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Պատերազմի 50-Ամեակ. Յուշերու Կապոց. Պատերազմ Ապրած, Բայց Խաղաղութիւն Չտեսած Սերունդի Մը Մասին (Լիբանան 1975-2025) Զ.

Ապրիլ 14, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Թէեւ տխուր պարունակով, սակայն հետաքրքրական բնոյթ ունեցող վիճակի մը արտայայտութիւն է յօդուածաշարին խորագիրը, որ ուղեկից էր մեր մտորումներուն եւ ձեւով մը մղիչ ուժ կը հանդիսանար, երբ սպիտակ թուղթին կը յանձնուէր յուշերու եւ յիշատակներու կապոցը:

Ճիշդ է, որ այս կապոցի ընդերքին տակաւին գոյութիւն ունին հարիւրաւոր էջեր լեցնող պատումներ, անոնք ըլլան անձնական թէ հաւաքական կեանքին առնչուող, այդուամենայնիւ, ներկայացուածը կը միտէր որոշակի լոյս սփռել եւ գէթ նորահաս սերունդին փոխանցել մօտիկ անցեալէն ապրումներու փունջ մը, կենսափորձ մը` իբրեւ իրական կեանքի ու ապրելակերպի յիշատակումներ:

Փաստօրէն, այդքան ալ դիւրին չէր վերադառնալ հինգ տասնամեակ առաջ եւ մտքի պաստառին վրայ վերարտադրել պատանեկանի թէ երիտասարդականի օրերուն արձանագրուած դիպաշարերը, որովհետեւ պատերազմը իր անջնջելի եւ ցաւցնող մատնահետքերը թողած էր իւրաքանչիւրիս մտքին ու հոգիին մէջ, մանաւանդ որ այդ ահաւոր տարիներուն մենք ունեցած էինք, քանդումի եւ աւերումի կողքին, նաեւ սիրելի հարազատներու թէ թանկագին ընկերներու կորուստ:

Այդուհանդերձ, ծիծաղելին եւ անըմբռնելին պիտի մնայ այն, յատկապէս մեր սերունդի պարագային, որ երբեմնի պատանին (8-10 տարեկան), այսօր կը գտնուի վաթսուն տարեկանի սեմին ու տակաւին կը ցանկայ իր սեփական աչքերով տեսնել  Լիբանանի խաղաղ, բարօր ու անվտանգ օրերը:

Այո՛, մեր սերունդը որքան երազեց այս երկրի խաղաղութիւնը, այնքան ինկաւ յուսահատութեան եւ հիասթափութեան գիրկը: Սակայն այս սերունդը չյանձնուեցաւ պարտադրուած պատերազմի անդոհանքին, սահմռկեցուցիչ կեանքին, այլապէս  ապաւինելով իր սեփական բազուկին շարունակեց ապրիլ, իր գոյութիւնը պահել ու պահպանել, որովհետեւ կը հաւատար վաղուան:

Միւս կողմէ, պատեհ է յայտնել, որ այս սերունդին պատկանող ոչ արհամարհելի տոկոս մը քաղաքացիական պատերազմի աւարտին (1990), արդէն լքած էր երկիրը եւ հեռացած անվերադարձ: Անոնք իրենց ճակատագիրը յանձնած էին օտարութեան, գիտնալով հանդերձ զիրենք սպասող տարբեր տեսակի տառապանքը:

Ահա՛ այս սերունդի ներքին ցաւին ու մտահոգութեան երկրորդ երեսը:

Յիսնամեակ մը առաջ սկսած պատերազմին մասին գրուեցան յուշեր, լոյսին եկան գիրքեր` հայերէն թէ այլ լեզուներով, այդուհանդերձ, մեծագոյն բացական մնաց ու տակաւին կը շարունակէ մտատանջել ու խռովել լիբանանցին, այդ ալ անցեալէն դասեր չքաղելու խաղքութիւնն է, աւելի՛ն. քաղաքական մտքի բոպիկութիւնը:

Մեծն Լիբանանի ստեղծումէն ի վեր (1920), այս երկրի պատուհասը եղաւ համայնքայնութիւնը, որ պատճառ դարձաւ փոխադարձ ատելութեան, իրերամերժ կեցուածքներու եւ եղբայրասպանութեան:

Ինչո՛ւ, որովհետեւ իւրաքանչիւր համայնքի զաւակ իր անվտանգութիւնը ուզեց տեսնել ներհամայնքային պարունակի մէջ, իրմէ վանեց տիպար քաղաքացի ըլլալու գիտակցութիւնը եւ յանձնուեցաւ ինքնասպան գործընթացներու:

Հակառակ այն իրողութեան որ Լիբանան երկիրը օժտուած է եղած վաստակ ունեցող մտաւորականներու, ներհուն բանաստեղծներու, արուեստագէտներու,  նաեւ քաղաքական մշակոյթ կերտած տիտաններու հսկայ փաղանգով, որոնք ներդրում ունեցած են պետականութեան կերտումին մէջ, այդուհանդերձ, հասարակութեան ճնշող մեծամասնութիւնը գերի է դարձեր եսակեդրոն ու կաշառակերի վարքագիծին:

Դժբախտաբար, կը յամենան երկու ահաւոր երեւոյթներ` աւատապետութիւնն ու փտածութիւնը, որոնք հեռաւոր անցեալէն ժառանգուած անդարմանելի ախտեր մնացին ու կը շարունակեն իրենց աւերները գործել անընդմիջաբար:

Իր եզակի բնութեամբ որքա՜ն հրապուրած է այս երկիրը, նոյնքան զզուանք պատճառած է իր սեփական ժողովուրդին, որովհետեւ լիբանանցին ու պետութիւնը հակոտնեայ վիճակի մէջ գտնուելով` արժեզրկած են իրենք զիրենք եւ յանձնուած քանդիչ որոգայթներու:

Լիբանանահայութիւնը, որ իր անգնահատելի ներդրումը ունեցած է Լիբանան երկրի կառուցումին, իր կարգին, կը դիմագրաւէ բազում մարտահրաւէրներ, թիւի, որակի, ինքնութեան, դիմագիծի, ազգային պարունակի, քաղաքական ուժի, ազդեցիկ ներկայութեան պահպանման եւ գալիքի հաշուոյն ծրագիրներու որդեգրումին:

Ի դէպ, քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն լիբանանահայութիւնը շնորհիւ իր կազմակերպուած կառոյցներուն եւ անդուլ կամքին, յաջողեցաւ պատուով դուրս գալ տասնհինգամեայ արհաւիրքէն, այսօր, իր կարգին, պարտաւոր է դասեր քաղել իր անցեալի կենսափորձէն եւ նետուիլ տարբեր ոլորտներու կազմակերպման աշխատանքին յանուն հետագայ սերունդներու պաշտպանուածութեան:

 

 

Նախորդը

Տեսակէտ. Յիսնամեակի Խոհեր (Լիբանանի Քաղաքացիական Պատերազմի Ոգեկոչման Առթիւ)

Յաջորդը

Լիբանանի Պատերազմի 50-Ամեակ. Քեզ Իրապէ՛ս Չէի Կարօտցած – Բ.

RelatedPosts

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Դպրոցական Օրերէն Լաւ Յիշատակ Մը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն «Թռչէի Մտքով Տուն»

Մայիս 10, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Գիտակից Մայրը (Մայրերու Օրուան Առթիւ)

Մայիս 10, 2025
Բնակա՞նը,  Թէ՞  Բնութիւնը
Անդրադարձ

Հերոսածին Մայրեր

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?