Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Պատերազմի 50-Ամեակ. Յուշի Պատառիկներ` Այդ Խենթ Օրերէն

Ապրիլ 12, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Մենք պատերազմի սերունդն ենք: Հազիւ ծնած, քանի մը ամիս ետք արձակուեցան առաջին փամփուշտները: Դժբախտաբար լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի արհաւիրքները չսահմանափակուեցան քրիստոնեայ-իսլամ կռիւներով, այլ յաճախ նաեւ վերածուեցան ներիսլամական եւ ներքրիստոնէական բախումներու: Այդ բախումները տեղի ունեցած են իւրաքանչիւր շրջանի իւրաքանչիւր թաղին մէջ: Եւ ոչ ոք զերծ մնաց քաղաքացիական այդ կռիւներուն հետեւանքներէն:

Այդ հետեւանքները իրենց որոշիչ ազդեցութիւնը ունեցան նաեւ մեր սերունդին վրայ: Պատերազմի սերունդին վրայ: Պատերազմի առաջին փամփուշտներուն արձակումով ամբողջութեամբ հրկիզուած եւ քանդուած էր հօրս դերձակութեան խանութը, որ կը գտնուէր Պէյրութի կեդրոնը: Եւ հայրս` ճարահատ, իր բազմանդամ ընտանիքը ապրեցնելու համար ստիպուեցաւ արտակարգ կարգադրութիւն ընել, ձեռք բերել կարի մեքենայ ու գործիքներ եւ տունը դարձնել տեսակ մը կարի աշխատանոց: Ի՛նչ խօսք, վարպետ դերձակ մըն էր հայրս: Հեռաւոր շրջաններէ մարդիկ տաբատներու եւ բաճկոններու պատուէրներ կը ներկայացնէին, եւ հայրս մեծ վարպետութեամբ կը պատրաստէր այդ պատուէրները…

Բայց եղաւ նաեւ ժամանակ, երբ պատերազմական գործողութիւնները տեղի կ՛ունենային մեր տունէն ոչ շատ հեռու: Հօրս գործերը կանգ առին, եւ ան ստիպուեցաւ դիմել երկրորդ գործի: Գիշերային պահակ դարձաւ Տորայի կազի շտեմարաններուն մէջ: Լիբանանեան պատերազմի ամէնէն դժնդակ տարիներն էին, 1970-ականներու վերջեր եւ 1980-ականներու սկիզբներ: Նաեւ այդ ժամանակաշրջանը զուգադիպեցաւ Պէյրութի արեւելեան արուարձաններուն մէջ քրիստոնէական աջակողմեան ուժերու կողմէ պաղեստինեան ներկայութեան չէզոքացման գործողութիւններուն, այս ծիրին մէջ յայտնի են Թել Զաաթարի, Քարանթինայի եւ Նապաայի կռիւները:

Մեր տան շրջանն ալ բազմիցս կռիւներու թատերաբեմ դարձաւ: Յաճախ կ՛ապաստանէինք մեր տան դիմացի առաջին յարկը, ուր ՀՅԴ-ի պահակութեան կեդրոն մը կար: Երեք տարեկան կայի, եւ տակաւին կը յիշեմ այդ կեդրոնին շատ մօտիկ տեղի ունեցած կռիւներու խենթ օրերէն մէկը: Կը յիշեմ հրթիռներու պայթումներէն յառաջացած կարմիր գոյնը, որ կը գծուէր այդ կեդրոնի սեւ պատերուն վրայ, կը յիշեմ ահաւոր ձայնը պայթումներուն…

Պատերազմական գործողութիւններէն ապահով մնալու համար կար նաեւ ուրիշ ապաստանարան մը, ուր ընտանեօք կ՛ապաստանէինք: Մեր տունէն մէկ փողոց անդին էր: Լաւ բանը, որ այդտեղէն կը յիշեմ, համեղ թէյի անուշ բուրմունքն էր, որուն հետ համով կ՛իջնէին ծոթրինով հացը եւ ձիթապտուղով հացը: Բայց այդտեղէն կը յիշեմ նաեւ բաւական յուզիչ պահ մը, երբ հայրս իր ընտանիքէն օրերով, եթէ չըսեմ` շաբաթներով հեռու մնալէ ետք, յանկարծ երեւցաւ ապաստարանին դրան առջեւ: Պուրճ Համուտի նշանաւոր կռիւներուն ժամանակաշրջանն էր` 1978-ին, եւ այդ կռիւներուն պատճառով Տորայի կազի շտեմարանները ամբողջութեամբ հրկիզուեցան: Հայրս օրեր շարունակ այդտեղ մնաց եւ չկրցաւ հոնկէ քանի մը քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող իր տունը գալ: Հիմակուան պէս բջիջային հեռաձայն չկար անմիջապէս հեռաձայնելու եւ մտահոգութիւնները փարատելու համար: Բայց անբացատրելի ուրախութիւն մըն էր, որ տիրեց, երբ օրերու բացակայութենէ  եւ անյայտ ճակատագիրէ ետք յանկարծ հօրս կերպարանքը երեւցաւ ապաստարանի դրան առջեւ: Ես` երեխայ, փարուեցայ անոր հաստ բազուկներուն, բայց այլեւս չկային անոր ձեռքերուն թաւ մազերը, որովհետեւ այրած էին, երբ կ՛օգնէր մարել կազի շտեմարաններուն հրդեհները: Կը յիշեմ նաեւ այդ ապաստանարանէն դուրս գալու պահը, երբ մերինները կ՛անցնէին փողոցը, որ ողողուած էր մինչեւ ծունկերը հասնող ցեխոտ ջուրով: Կ՛ըսուէր, որ անոր պատճառը Պէյրութ գետին յորդիլն էր…

Իմ երեխայութեանս յիշողութիւններուն մէջ տակաւին լաւապէս դրոշմուած են պատերազմի այդ խենթ օրերուն վերաբերեալ ծնողներուս խօսակցութիւնները: Մանաւանդ կը յիշեմ յաճախ կրկնուած խօսակցութիւնը, երբեմն շշուկով, մեր տան դիմացի ՀՅԴ-ի պահակութեան կեդրոնի պատանի տղոցմէն Մանօ անունով տղու մը սպանութեան մասին: Թէեւ Մանոն կարծեմ տակաւին երիտասարդութեան տարիքը չէր մտած, բայց,  ըստ ծնողներուս, սրտոտ տղայ մըն էր, կը հասնէր բոլորին օգնութեան, զոհաբերութեան կենդանի տիպար մըն էր ան: «Մեղք եղաւ այդ տղուն», կը շշնջար մայրս` աւելցնելով. «Այդ երեք եղբայրներէն մէկը զարկաւ իրեն», ակնարկելով այդ տարիներուն քրիստոնէական Տամուր շրջանէն տեղահան եղած երեք եղբայրներու, որոնք ընդգրկուած էին Փաղանգաւոր կուսակցութեան զինեալ խմբաւորումներուն մէջ:

Մանոն եւ իրեն պէս շատ երիտասարդներ ինկան պատնէշի վրայ, ինկան պարտականութեան ճամբուն վրայ, ինկան մեր պաշտպանութեան համար: Վաղը` 13 ապրիլը, յարգանքի օր է նաեւ այդ դեռատի տղուն` Մանոյին, որ ոչ մէկ ջանք խնայեց պաշտպանելու Տորայի Սեմիրամիսի շրջանը…

 

 

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Քրիստոնէութիւնը Ազրպէյճանի Մէջ» Թեմայով Գումարուող Միջազգային Համագումարը Վատիկանի Կրեկորեան Համալսարանին Մէջ, Խոր Ցաւ Ու Ընդվզում Յառաջացուց Մեր Ժողովուրդին Մօտ»

Յաջորդը

Լիբանանի Պատերազմի 50-Ամեակ. Քեզ Իրապէ՛ս Չէի Կարօտցած – Ա.

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?