Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սլաք. Մի՜ Զարմանաք, Եթէ…

April 14, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Հայկական մամուլի մէկ անկիւնէն գողցուած լուր մը: Ազերիները Ստեփանակերտի մէկ փողոցը կնքած են (առանց միւռոնի) Ցեղասպանութեան հեղինակներէն` Էնվեր փաշայի անունով:

Արցախի դիմափոխութիւնը աննախընթաց չէ: Ստեփանակերտը արդէն կը կոչեն Խանկենտի, ատենին, Ալիեւի մէկ արձանն ալ զետեղեցին տեղ մը: Թուրքիոյ մէջ միւս ցեղասպանները շատո՜նց ի պատուի են…

Արցախի մէջ ազերիական նորագոյն «նուաճումներուն» շարքին է հայկական եկեղեցիներու, հերոսներու յուշարձաններու եւ ընդհանրապէս հայկական հետքերու փոշիացումը: Հիմա ո՜վ կը յիշէ Նախիջեւանը, որո՞ւ հոգը` Արեւմտեան Հայաստանի կոթողներուն փոշիացումը:

Երեւանի ՔՊ-ապետն ու իր գործակիցները հիմա ճակատաբաց կը յայտարարեն, որ Արցախի հարց, որեւէ՛ հարց չունին իրենց օրակարգին վրայ. ո՛չ հող, ո՛չ գերի-պատանդ, ո՛չ իսկ Հայաստան ապաստանած բռնագաղթեալներու հանդէպ հոգածութիւն, եղածն ալ կը կրճատուի մաս առ մաս:

Ինչո՞ւ ունենան: Չէ՞ որ «Արցախը Ազրպէյճանի մէկ մասն է»` յայտարարեցին: Մէկուն մտքէն կ՛անցնի՞ այս խմբակէն ակնկալել, որ հոգածութիւն ցոյց տայ «նոր Հայաստան»-ի սահմանէն դուրս գտնուող ոեւէ՛ հայու նկատմամբ: Անոնք հիմնական առաքելութեան վերածած են ամէն քայլափոխի գործադրել Ալիեւներու պահանջները` ի վնաս Հայաստանի ու հայութեան: Պարգեւավճարները ինչո՞ւ են` կը կարծէք (հոն ցանկ մը կայ):

… Մի՜ զարմանար, սիրելի՛ ընթերցող, եթէ վաղը-միւս օր, իբրեւ գնահատանք այս «ծառայութիւններուն» (չմտածե՜ս ստրկացում կամ դաւաճանութիւն բառերը գործածել), Ալիեւ որոշէ Էնվեր փաշայի անունով կոչուած փողոցին կողքի թաղերը կոչել Փաշինեանի, Սիմոնեանի, Աւինեանի եւ միւս «ականաւոր» ՔՊ-ականներուն անունով: Իսկ թող ՔՊ-ապաշտները ուրախանան եւ ցնծան, որովհետեւ «ազգընտիր»-ները պաշտօնի-վարկի բարձրացում պիտի վայելեն: Վերջին գոնէ հինգ տարիներու, այդքա՜ն ձեռք-ոտք համբուրելներէ ետք, նման «պատիւի» արժանի ըլլալը նուազագոյն պիտի ըլլայ:

7 ապրիլ 2025

Նախորդը

Կարպիսը

Յաջորդը

Թոթթի. «Մեսսի Ռոմայի Հետ Ոսկի Գնդակ Չէր Շահեր»

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.