Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նորարար Եւ Աւանդապահ Հայ Երիտասարդը

April 15, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԱՂԻԿ Գ. Խ.

Ասպարէզիս բերումով կատարած մասնագիտական աշխատանքներս ընդհանրապէս ինծի համար գոհունակութեան աղբիւր են, որովհետեւ անոնց ընդմէջէն ներկայացուցած նիւթերս կ՛առնչուին արժեհամակարգիս ու հաւատալիքներուս եւ կը ներկայացնեն առաջնահերթութիւններու վերաբերեալ իմ պատկերացումներս ու հասկացողութիւններս: Սակայն գոհունակութիւնս կը քառապատկուի, երբ ներկայացում կամ դասախօսութիւն ունենամ հայկական միջավայրէ ներս` կրթական հաստատութեան մը, կառոյցի մը կամ միութեան մը յարկին տակ, որովհետեւ հոն թեւածող մտքի ու հոգիի հարազատութիւնը զիս կը տանի էութեանս քննութեան, եւ ես երախտագիտութեամբ կը լեցուիմ` վերյիշելով, թէ այդ միջավայրն է, որուն առաւելաբար կը պարտիմ ով ըլլալս:

Այս ծիրէն ներս կ՛ուզեմ առանձնացնել վերջին շրջանին տուած դասախօսութիւններուս նիւթերէն երեքը եւ, այս պարագային, կեդրոնանալ երեք երիտասարդական միաւորներու հետ դասախօսելու-զրուցելու երեք իւրայատուկ հանդիպումներու վրայ: Առաջին առիթը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ՀԵՀՈՄ-ի անդամներուն ներկայացուցած նիւթս էր` «Նպատակաուղղուած կեանք» վերնագիրով. երկրորդը` Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ երիտասարդական միաւորին հետ ունեցած զրոյց-հանդիպումը` «Տագնապներու յաղթահարում» թեմայով, իսկ երրորդը` ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի երէցներու եւ պարմանուհիներու փաղանգներուն հետ ներկայացում-քննարկումը` «Ներմղում եւ կեանքի յառաջընթաց» խորագիրով:

Երեք պարագաներուն ալ նիւթերը առաջարկուած էին երիտասարդներուն կողմէ. անոնք վերին մարմինէ մը թելադրուած կամ պարտաւորուածութենէ մը մղուած առաջարկներ չէին: Այդ կը վկայէին նիւթը առաջարկողին տուած հիմնաւորումներն ու բոլորին կողմէ արծարծուած մտահոգութիւնները: Աւելի՛ն. երիտասարդները հետաքրքրուած էին հոգե-ընկերային եւ մտային առողջութեան առնչուող նիւթերով եւ անոնց ներկայացումը կը պահանջէին բացարձակապէս գիտական մօտեցումով: Անոնք հարցադրումներ կ՛ընէին` մասնագիտական եւ փաստահեն պատասխաններու ակնկալութեամբ: Քննարկումի ընթացքին մէջբերումներ կ՛ընէին իրենց ուսման ծրագիրներէն ու ընթերցումներէն: Իրենց մտքերը բաց էին եւ ատակ` սովորական բացատրութիւններէ անդին անցնելու: Անոնք կը խուսափէին մակերեսային մօտեցումէ ու նոյնիսկ կը քննադատէին մտային առողջութեան հասկացողութեան լրջութիւնը պակսեցնող եւ երեւոյթները առօրեայ, չափազանցօրէն պարզացուած վերլուծումներով բացատրելու փորձերը: Մօտեցում մը, որ գօտեպնդիչ է եւ բարացուցական` քննական մտքի կազմաւորումի եւ զարգացած մտածողութեան ձեւաւորումի հրամայականներուն ընդառաջ:

Բայց ամէնէն յատկանշական ու խիստ յարգելի երեւոյթը կը վերաբերէր անոնց նախանձախնդրութեան` նիւթը անպայմանօրէն մեր հաւաքական կեանքին կապելու: Ազգային հիմնահարցերը, մեր դատը, համայնքը, քրիստոնէական հաւատքն ու եկեղեցին, հայրենիքն ու Արցախը բոլոր նիւթերուն մէջ ներառուած էին` թէ՛ նիւթի ծրագիր-առաջարկին մէջ եւ թէ՛ տեղի ունեցող քննարկումններուն ընդմէջէն: Եւ հոս հպարտօրէն պէտք է հաստատել, որ իրենց անհատական զարգացումով ու աճով հետաքրքրուած եւ երբեմն նոյնիսկ մտահոգ մեր այսօրուան երիտասարդները երբեք իրենք զիրենք չեն անջատած հաւաքականէն` ազգէն. փաստօրէն, իրենց ազատ Կամքին ձգուած նիւթերու ընտրութիւնը անպայմանօրէն տեղ տուած էր հաւաքական բարիքին, բարելաւումին եւ յառաջընթացին:

Որակաւոր չափանիշներու եւ արդարամիտ համակարգի արագընթաց գահավիժումի այս օրերուն, երբ բարոյական ուժեղութիւն մարմնաւորող տիպար-կերպարները հետզհետէ կը չքանան, եւ մեր հաւաքական արժեհամակարգը հմայաթափում կ՛ապրի, ժամանակակից նիւթերը եւ նորարարութիւնները ընդունող եւ դրական ձեւով օգտագործող, բայց նաեւ աւանդապահ մօտեցումով ինքնութիւնը եւ անոր բոլոր բաղադրիչ տարրերը պահպանող մեր երիտասարդները, տակաւին մեր հաւաքական յոյսի աղբիւրն են: Մանաւանդ ա՛յն երիտասարդները որոնք իրենց ներուժը կը համախմբեն հայկական միութեան մը յարկին տակ` կազմակերպ աշխատանքի եւ համագործակցութեան բարիքները քաղելով եւ զանոնք մեր հաւաքական կեանքին վրայ տարածելով: Մեզի կը մնայ քաջալերել զիրենք, սատար հանդիսանալ իրենց ծրագիրներուն, հունաւորել իրենց խանդը, նախանձախնդրութիւնը եւ ձգտումը` գնահատելով իրենց հետաքրքրականօրէն նորարար եւ հպարտօրէն աւանդապահ մօտեցումներն ու կեցուածքները:

 

 

Նախորդը

«Արաբական Գարուն»-ին Յաջորդող Միջին Արեւելքի Ծրագիրները

Յաջորդը

Ողիմպոսի Աստուածներու Վերադարձը

RelatedPosts

Սուրիա` Նոր Մարտահրաւէրներու Դէմ Յանդիման
Անդրադարձ

Տեսակէտ. Իրան` Կործանման Եզրի՞ն

January 20, 2026
Ա՛յս Է Միակ Լուծումը
Անդրադարձ

Ա՛յս Է Միակ Լուծումը

January 20, 2026
Պաշտօնական Կողոպուտը Որքա՞ն Կրնայ Շարունակուիլ
Անդրադարձ

Պաշտօնական Կողոպուտը Որքա՞ն Կրնայ Շարունակուիլ

January 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.