Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Պատերազմի 50-Ամեակ. Գոյատեւման Եւ Մահուան Պայքարէն Դէպի Կեանք Եւ Վերապրում

Ապրիլ 12, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ

«Լիբանանի հայութիւնը ներկայացնում է
պատկերը մի կենդանի, հայաշունչ,
հայախօս, հայաբոյր ու հայակամ հայութեան, ինչ որ մեր բոլորիս սրտերը,
հայաստանցիների բոլոր սրտերը ուրախացնում է,
լցնում հրճուանքով եւ նոյնիսկ` մի քիչ էլ հպարտութեամբ»

ՎԱԶԳԷՆ Ա. ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքէն ճողոպրած հայութեան կարեւոր մասնիկը կայք հաստատեց հիւրընկալ Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ: Հայորդիներ, ձեռներէց պատասխանատուներ լծուեցան` եկեղեցաշինութեան, դպրոցաշինութեան, ազգային եւ կրօնական կեանքի աշխուժացման:

Անշուշտ հայութեան բնատուր այս աշխատասիրութիւնը, համակեցութեան ճիգը, գոյատեւման պայքարը այնքան ալ հաշտ աչքով չդիտուեցան լիբանանեան այն ժամանակուան  ղեկավարութեանց եւ շարք մը կուսակցապետերու ու անոնց համակիրներուն կողմէ:

1975-ին ծայր առած Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը ձեւով մը անդամալուծեց տեղւոյն համայնական կեանքը: Մահուան ստուեր, ահաւոր ռմբակոծումներ, քանդում, աւեր, գաղթ, կողոպուտ, աներեւակայելի սպանութիւններ, սնունդի տագնապ, ապաստանարաններու մէջ երկար ժամանակ ապահով մնալու պարտաւորութիւն: Տակաւին, շարքը երկար է քաղաքացիական պատերազմին առթած ճգնաժամին  ողբերգական երեւոյթները թուարկելու: Այս առումով, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին հայ համայնքին որդեգրած դրական չէզոքութեան մասին պատմաբան եւ «Ազդակ» օրաթերթի նախկին տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Երուանդ Փամպուքեան  կուռ եւ յստակ բացատրութիւն մը կու տայ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ «դրական չէզոքութիւն»: Անոր լուսաբանութեամբ, ասիկա գործօն չէզոքութիւն մըն է, որովհետեւ կը նախատեսէր, որ հայութիւնը կրաւորական դիրքով առանձին չմնայ, այլ աշխատանք տանի կողմերը քով-քովի բերելու եւ համոզելու, որ հրաժարին բախումներէն եւ դիմեն երկխօսութեան: Ըստ «Լոս Անճելըս Թայմզ» թերթին, Լիբանանի քաղաքացիական աւերիչ պատերազմի ընթացքին հարիւր քառասուն չորս հազար մարդ զոհուեցաւ, իսկ վիրաւորներուն թիւը շրջանցեց երկու հարիւր հազարը:

Այսուհանդերձ, յօդուածիս նպատակը քաղաքական վերլուծում կատարել չէ` քաղաքացիական պատերազմի դրդապատճառներուն, այլ` լուսարձակի տակ առնել այդ օրերուն արիասիրտ նուիրեալ տղոց (իմա` մեծ մասը թաղային կռիւներու մասնակից) եւ բժշկական ցանցին (ԼՕԽ-ականներ, բժիշկներ, հիւանդապահներ), որոնք օրն ի բուն, անտեսելով մահուան վտանգը, յանձն առին հոգալ երեխաներուն, հիւանդներուն, վիրաւորներուն անմիջական պէտքերն ու կարիքները: Ասոր մէջ անուրանալի է  դերը հայկական ակումբներուն, որոնք  ամէնուրեք մեր ժողովուրդին ապահովութիւնը երաշխաւորելու նուիրական աշխատանքը կատարեցին` ի գին մեծ զոհողութիւններու, նոյնիսկ` անձնուրաց տղոց նահատակութեամբ:

3 մարտ 1978-ին Մարտիրոս եւ Աղաւնի Աղազարեան ընտանեկան բոյնին մէջ լոյս աշխարհ եկաւ մանչ զաւակ մը` Կարօ անունով, որուն կարծէք սահմանուած էր պատերազմական այս ահուդողին մէջ կեանքի ու վերապրելու համար պայքար մղել: Մեր բնակարանը կը գտնուէր «Սարդարապատ» ակումբի մուտքի թաղամասին ծայրամասի շէնքը` տոքթ. Իշխանեան անուանեալ, եւ «Սենթըր Մարաշ»-ի հանդիպակաց շէնքը: Պուրճ Համուտի ռմբակոծման ժամանակ ահաւոր վնասներ կրեցին նաեւ այս շէնքերը:

Կեանքին հազիւ աչքերը բացած, այս երեխան տիրող քաղաքական լարուած իրավիճակին մէջ, աջ ու ձախ ցանուող ռումբերու տարափին տակ (1978-ին), այլ ընտանիքներու նման, իր ընտանիքին հետ համարեա աւելի ապահով տեղ ապաստանելու միտումով ժամանակաւորապէս փոխադրուեցաւ «Սենթըր Մարաշ»-ի  գետնափոր փոքր լուսամուտով ապաստանարանը: Նշենք, որ, ըստ վկայութեանց, այդտեղ ապաստանած են մօտաւորապէս երեսուն հոգի:

Այնտեղ տիրող մթնոլորտը աննկարագրելի էր, յատկապէս` երեխայի մը համար: Մեծերու շունչը, ճաշի  եւ ծխախոտի հոտեր, մէկ խօսքով` ապականած սենեակ… Դեռատի Կարոն շնչահեղձ ու կապոյտցած է, մօր հեկեկագին արցունքներուն եւ հօր աղերսանքին ի տես, որ իրենց նորածին զաւակը լաւ չէ, արդէն վրայ կը հասնի «Սարդարապատ» ակումբէն երէց տղան` Սիմոնը` փրկութեան լաստը երեխային: Ան իր բազուկներուն մէջ կ՛առնէ վատառողջ եղբայրը հասցնելու համար «Սարդարապատ» ակումբ` բժիշկի մը դիմելու դոյզն յոյսով: «Սենթըր Մարաշ»-էն դէպի «Սարդարապատ» ժողովրդային տուն ճամբու միջոցը կարճ էր, բայց տեղացող ռումբերը ամէն մէկ քայլափոխը դարձուցած էին հարիւր քայլափոխի: Եւ ահա թաղի մուտքի անկիւնադարձին ռումբ մը կ’իյնար: Սիմոնը, որ թրծուած էր դաշնակցական խիզախութեան խորհրդանիշ Խաչիկ Արապեանի (լիբանանահայութեան ընկեր Խաչիկը) շունչին տակ, մեծ դժուարութեամբ շնչասպառ երեխան կը հասցնէ Սարդարապատ ակումբ: Մինչ ակումբ հասնիլը երէց եղբայրս եւ իր բազուկներուն մէջ պարուրուած երեխան ստոյգ մահէ փրկուած են: Ակումբին մէջ գտնուող բժիշկը ասեղ մը կը զարնէ եւ կը յանձնարարէ երեխան չտանիլ ապաստանարան, այլ պահել զայն ԼՕԽ-ականներու հսկողութեան  տակ, մինչեւ որ ինքզինք վերագտնէ: Բարեբախտաբար կարճ ժամանակ ետք կը կազդուրուի ան, անկէ ետք բժիշկին առաջարկով նորածինը կը փոխադրեն Այնճար հայաւան` աւելի մաքուր օդ շնչելու միտումով:

Այս յօդուածս ձեւով մը երախտիք է քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին իմ եւ այլ շարք մը երեխաներու, հիւանդներու եւ վիրաւորներու կեանքեր փրկելու մարդասիրական առաքելութեան նուիրուած  կամաւոր տղոց, բժիշկներուն, ԼՕԽ-ականներուն, հեղինակաւոր պատասխանատուներուն: Կ՛ուզեմ առանձնացնել այս ցանկին մէջ երէց եղբայրս, որ պատերազմի թէժ օրերուն յանձն առաւ ամէն վտանգ եւ զիս հասցուց  ակումբ, իսկ երկրորդ երախտագիտութիւնս` բժիշկին եւ խաչուհիներուն: Ինչ որ իմացայ, այդ կամաւոր խումբին մէջ կար նաեւ Մաքրուհի Պասմաճեանը (ճանչցուած` «Մաքրուհի քոյրիկ», լոյս իր հոգւոյն):

Այսպէս, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի 50-ամեակին առիթով այս յուշագրութիւնը երախտիքի արտայայտութենէն շատ աւելին է: Կեանքի եւ մահուան յորձանուտին մէջ Աստուած նախասահմանած էր ինծի եւ ինծի պէս շատերուն փշոտ եւ խորտուբորտ ճամբաներէ վերապրումի ճամբան բռնել` քաջ գիտնալով, որ այսպիսի նուիրեալ տղոց, բժշկական ցանցին եւ ԼՕԽ-ականներուն մեծ վաստակը անուրանալի է, իսկ հեռատես ու աչալուրջ ղեկավարութեան եւ նահատակ ու քաջասիրտ հայորդներու շնորհիւ` հայ ժողովուրդը, եւ ի մասնաւորի Պուրճ Համուտի հայութիւնը, յառնեց փիւնիկի նման, գոյատեւեց ի գին մեծ զոհողութեանց եւ պիտի գոյատեւէ ի խնդիր սփիւռքի յարաճուն վերելքին: Յօդուածիս սկիզբը մէջբերուած լուսահոգի եւ հոգեհարազատ Ամենայն Հայոց Վազգէն Ա. կաթողիկոսին նշանաւոր քարոզը թող մնայուն յուշարար դառնայ մեր կեանքի դժուար ու առանցքային օրերուն: Յարգանք` նաեւ բոլոր անոնց, ըլլան անոնք անհատներ թէ կազմակերպութիւններ, որոնք նիւթական, բարոյական աջակցութեամբ, դատապարտանքի նամակներով, դրական եւ զօրակցական արտայայտութիւններով պատերազմի ընթացքին եւ անկէ ետք ալ զօրավիգ կանգնեցան լիբանանահայութեան:

Բի՜ւր յարգանք` բոլորին: Լիբանանին ալ` յարատեւ խաղաղութիւն եւ բարօրութիւն:

 

 

Նախորդը

Լիբանանի Քաղաքացիական Պատերազմի Յիսնամեակին Առիթով. Պուրճ Համուտի Հայեցի Դիմագիծը Վերականգնելու Անյետաձգելի Մարտահրաւէրը

Յաջորդը

Լիբանանի Պատերազմի 50-Ամեակ. Յուշերու Կապոց. Պատերազմ Ապրած, Բայց Խաղաղութիւն Չտեսած Սերունդի Մը Մասին (Լիբանան 1975-2025) Ե.

RelatedPosts

Շուշիով Կրնա՛նք Վերապրիլ  (9 Մայիս)
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Խրոխտ Շուշիի Ազատագրման Յիշատակին

Մայիս 17, 2025
Մուսա Լերան Պատմական Յուշարձանը Դարձեալ Ծնունդ Կ՛առնէ Ֆրեզնոյի Մէջ
Անդրադարձ

Մուսա Լերան Պատմական Յուշարձանը Դարձեալ Ծնունդ Կ՛առնէ Ֆրեզնոյի Մէջ

Մայիս 17, 2025
Ազրպէյճան Մտադիր Է Գրաւել Հայաստանը Եւ Ստեղծել «Արեւմտեան Ազրպէյճան»
Անդրադարձ

Հայերը Կը Կարծեն, Թէ Միայն Իրենք Անմիաբան Են, Սակայն Իրականութիւնը Այդպէս Չէ

Մայիս 17, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?