Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կարպիսը

April 14, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

 ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Գնա՜ց: Կարպիսն ալ գնաց:

Հիմա, երբ կը փորձեմ երկու տող գրի առնել իր յիշատակը յարգելու համար, կ՛անդրադառնամ, թէ որքան դժուար է գրել մէկու մը մասին, որուն հետ յաճախակի կապի մէջ էիր, որուն հետ կը ծրագրէիր վերստին նախաճաշի մը երթալ, զրուցել յաջորդ գրելիքին, յաջորդ գիրքին մասին, որուն հետ դեռ ճամբայ կար կտրելիք այս անցաւոր կեանքին մէջ: Եւ ահա, մէկ օրէն միւսը ան ալ գնաց:

Գնա՜ց: Հարպոյեան Կարպիսն ալ գնաց:

Հիմա չեմ յիշեր, թէ միասին Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ ընտրուելէն առա՞ջ, թէ՞ անկէ ետք էր, որ մենք դարձանք մտերիմներ: Վարչական գործակիցներ ըլլալը, սակայն, անկասկած գօտեպնդեց մեր մտերմութիւնն ու աւելի ցայտուն դարձուց մեր հասարակաց գիծերը, մեր որոշ հետաքրքրութիւններու նոյնութիւնը:

Անոնց մասին խօսելէ առաջ կ՛ուզեմ բնութագրել դէմքը մէկու մը, որ ամբողջ կեանք մը ծառայեց իր ժողովուրդին: Ան «միշտ պատրաստ» պատասխանեց ամէն անգամ, որ հաւաքականութիւնը կարիքը ունեցաւ իր ներուժին` այդ ըլլայ բժշկական, ազգային-թեմական, թէ մշակութային մարզերէն ներս: Այդ բոլորը իրաւամբ պէտք է նշուին իր կենսագրականին մէջ: Կարեւոր է գիտնալ սակայն, որ այդ ամբողջ ծառայութեան ընթացքին ան աշխատած է հաճոյքով, մշտաժպիտ, անտրտունջ, ստանձնած է ամէնէն համեստ պաշտօններէն ամէնէն պատասխանատու պաշտօնները` առանց յոգնութեան որեւէ նշան ցոյց տալու, իր գործակիցներուն հետ կիրթ մօտեցումով, նոյնիսկ եթէ ինք մէկուն կամ միւսին համաձայն չըլլար: Հաճոյքով իրեն հետ ժողովի կը նստէիր:

Անվարան կրնամ ըսել, որ օրինակելի տիպար մըն էր` իբրեւ ժողովական եւ իբրեւ հասարակական գործիչ: Անշահախնդիր, սեփական նպատակներն ու հաճոյքները ստորադասող, գործին յաջողութեան ի խնդիր` ամէն ճիգ ընելու միշտ պատրաստ:

Գլխաւոր մակդիրը սակայն, որ կ՛ուզեմ դրոշմել իր ճակտին, հայերէնապաշտն է: Իր լեզուին սիրահարն էր, ինք, որ դէպքերու բերումով իր հայեցի կրթութիւնը միայն նախակրթարանի մակարդակին կրցած էր ստանալ, յատուկ ջանք կ՛ընէր` իր լեզուն պաշտպանելու, զարգացնելու, տարածելու: Ի զուր չէ, որ իր բժշկական յօդուածները ամփոփող («Բժիշկին խօսքը» խորագրուած) եօթը հատորներէն մէկուն մէջ նշած է, որ իր արծարծած նիւթերուն շատ դիւրաւ կարելի է տեղեկանալ այլ լեզուներով աղբիւրներէ, սակայն իր նպատակն էր հայերէնով խօսիլ անոնց մասին, ընթերցողին փոխանցել հայերէն համազօրները մեր առօրեային մէջ մեր յաճախ հանդիպած հիւանդութիւններուն, մարմնի մասերուն, դարմաններուն եւ այլն: Եւ ճիշդ այս գիծով է, որ մենք աւելի սերտ ու մնայուն գործակիցներ դարձանք` վարչական մեր գործակցութենէն շատ անդին: Իր պնդումները, իր հետապնդումները զիս ներգրաւեցին իր աշխատանքին մէջ, որ իր բնոյթով տարբեր էր իմ հետաքրքրութիւններէս, ու ես ալ կարծես բժիշկ դարձայ` իրեն հետ մշակելով իր յաւելեալ նորարարութիւնները, երբեմն իմ ալ համեստ բաժինս բերելով` մտնելով բառերու արմատները պեղելու եւ յարմար, բարեհունչ նոր բառեր յօրինելու աշխատանքին մէջ: Ժամանակը կրնայ ցոյց տալ, թէ որքա՛ն յաջողեցանք:

Բայց պէտք է ընդունիլ նաեւ, որ Կարպիս Հարպոյեանի գրական վաստակը բժշկական մարզով չսահմանափակուեցաւ: Ան տեւաբար պրպտող միտք մըն էր, եւ հետազօտութիւնները, գաղտնի ոստիկանի մը հետազօտութիւններուն նման, նոյնիսկ մեկնելով բժշկականէն, Հայոց գողգոթայի տարբեր արահետներէն զինք առաջնորդեցին դէպի յարակից դաշտեր` բացայայտելով հայ որբերու եւ որբանոցներու, Մեծ եղեռնի զոհ կամ անկէ մազապուրծ ազատած հայ բժիշկներու, բժշկուհիներու, ատամնաբուժներու, դեղագործներու, բուժքոյրերու մեզի անծանօթ ոդիսականները, բժշկական մամուլին եւ յարակից նիւթերու մանրամասնութիւնները: Այս բոլորը միասին առնուած` համայնագիտական արժէք մը կը ներկայացնեն, ինչ որ տարբեր որակ մը կու տայ իր աշխատանքին:

Հաճոյքը ունեցայ խմբագրելու Հարպոյեանի գրական վաստակը ամփոփող 18 հատորներէն (ներառեալ` վերոյիշեալ բժշկական 7 հատորները) վեցը, մէկը` մասնակի: Անվարան կը գործածեմ այստեղ «հաճոյք» բառը, քանի որ խմբագիր-հեղինակ յարաբերութիւնները միշտ չէ, որ այդպէս հեզասահ կ՛ընթանան: Այս պարագային, առանց ընդդիմութեան, ընկալուեցան միջամտութիւններս, անշուշտ` միշտ խորհրդակցութեամբ հեղինակին հետ:

Եւ հիմա…

Հիմա Կարպիս պիտի ապրի մեր յուշերուն մէջ, ու իր կորուստին ցաւէն անդին` մենք պիտի պահենք գոհունակութիւնը զինք ճանչցած ու իր ընկերութիւնը վայելած ըլլալու:

 

 

Նախորդը

Լիբանանի Պատերազմի 50-Ամեակ. Քեզ Իրապէ՛ս Չէի Կարօտցած – Բ.

Յաջորդը

Սլաք. Մի՜ Զարմանաք, Եթէ…

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.