ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ
Պէյրութէն մինչեւ Ֆանար` Սուրէն Խանամիրեան ազգային վարժարան մեկնումն ու վերադարձը ամէնօրեայ արկածախնդրութիւն էր: Մնայուն եւ շարժական անցարգելներ պէտք էր շրջանցէինք` հասնելու համար դպրոց: Իսկ նուազ վնասով եւ վտանգով այդ փորձութիւնները յաղթահարելու համար կար ներքին կանոնակարգ մը, որուն մասին տարբեր առիթներով բացատրած էր մեզի պարոն Ժիրայրը, եւ բոլորս լռելեայն ու ամենայն հնազանդութեամբ կը գործադրէինք` փոքր շեղումներով եւ փոփոխութիւններով: Մեծ դասարաններու տղաքը պատուհաններուն կողմը պէտք չէր նստէին, նաեւ` մեծահասակ աղջիկները, մանկապարտէզի աշակերտները պէտք էր ընդհանրապէս կեդրոնական մասին մէջ տեղաւորուէին` շրջապատուած մեծերով: Անցարգելներուն վրայ ընդհանրապէս պասէն իջնելու հրահանգ կը տրուէր երիտասարդ տղոց, որոնք` դպրոցին յանձնարարութեամբ, միշտ ածիլուած պէտք էր ըլլային, իսկ զինեալները անտեղի կատակներ կամ մատնանշումներ կրնային ընել իրենց երիտասարդութեան սեմին կանգնած աղջիկներուն հետ: Նստելու այդ ձեւաչափը բաւական կը նուազեցնէր այս երկու անհաճոյ կացութիւնները:
Կէս ժամ տեւող ճամբան երբեմն կը վերածուէր իսկական ճամբորդութեան` անցարգելներուն, հոն կուտակուած շարքերուն, երբեմն զինեալներուն միջեւ վէճերուն եւ անդամալուծուած կացութեան պատճառով: Հետաքրքրականը այն էր սակայն, որ աշակերտներս այս կացութեան պատճառով ոչ մէկ բացակայութիւն կ՛արձանագրէինք, այլ իրարու հետ գործակցելով կը փորձէինք անտանելի վիճակները տանելի դարձնել:
Դպրոցական սովորական օր մըն էր` անսովոր աւարտով: Հեռուէն սկսան լսուիլ ռմբակոծումի ձայներ, որոնք անտեսուեցան կարգ մը ուսուցիչներու կողմէ, սակայն այլ ուսուցիչներ աւելի յարմար նկատեցին քայլերու դիմել:
Սուրէն Խանամիրեան ազգային վարժարանի ընդհանուր պատասխանատու պարոն Գէորգ Միքայէլեանի տնօրինումով եւ ցուցմունքներով, աշակերտները` խումբ-խումբ, համախմբուեցան դպրոցին գետնայարկ սրահը: Վախն ու անորոշութիւնը տիրական էին, դպրոցէն արձակուելու ժամը չէր, ուստի` պասերն ու վարիչները հոն չէին այդ պահուն, նաեւ վտանգաւոր էր այդ կացութեան մէջ ճամբայ ելլելը: Կարճ ժամանակ մը ետք բոլորս հոն էինք` կիրակի օրերը իբրեւ եկեղեցի ծառայող եւ բեմին վրայ շարժական խորանով օժտուած այդ սրահին մէջ: Մթնոլորտէն ներշնչուած` բոլորով աղօթեցինք: Որոշ ժամանակ անց ռումբերուն ձայները դադրեցան, խաբուսիկ խաղաղութիւն տիրեց, պրկուած ջիղերը թուլցան պահ մը… Հազիւ տասը վայրկեան անցած` աւելի սաստիկ ռմբակոծում մը ծայր առաւ, կը դղրդային ամբողջ դպրոցն ու սրահը, իրարանցումը համատարած էր, լացն ու կոծը` տիրական: Հակառակ աշակերտները հանդարտեցնելու ուսուցիչներուն եւ պարոն Միքայէլեանին ճիգերուն, բոլորս կու լայինք` իրարու փաթթուած, կարծես իրարմէ ուժ կ՛առնէինք կամ` թերեւս վերջին հրաժեշտ կու տայինք:
Յանկարծ դուռը բացուեցաւ եւ արագ քայլերով մտաւ պարոն տնօրէնը… Պահ մը լռութիւն տիրեց, բոլորիս վրայ հանդարտութիւն իջաւ, բացի` ռումբերուն… «Մի՛ վախնաք, հոս ապահով է», ըսաւ այդ օրերու տնօրէն Յակոբ Բագրատունին, որ աւելի բարձր ձայնով կրկնեց. «Մի՛ վախնաք, ձեր ծնողները տեղեակ պահեցինք, երբ քիչ մը հանդարտի վիճակը, պիտի գան ձեզի տանելու, ապահով է հոս, մենք միասին ենք»: Ամէն անգամ, որ այս դէպքը, կը յիշեմ, ես ինծի հարց կու տամ, թէ մեր սիրելի տնօրէնը այդ պատերազմական ամէնէն վատ վիճակներուն մէջ որքանո՞վ կը հաւատար իր արտասանած խօսքերուն, թէ` ապահով էր մեր գտնուած վայրը, թէ` կարիք չկար վախնալու, բայց այդ օր Խանամիրեանի մեծ ընտանիքին հօր այդ վճռական խօսքերուն անկարելի էր չհաւատալ: Ապա պարոն տնօրէնը մօտեցաւ աշակերտներուն, նախ` փոքրերուն, շոյեց անոնց գլուխն ու այտերը, սրբեց արցունքները, ապա կատակով զրուցեց նախակրթարանի աշակերտներուն հետ, ուժ տուաւ միջնակարգիններուն, իսկ աւելի փոքրերուն տէր ու պահապան ըլլալ յանձնարարեց երկրորդականի տղոց ու աղջիկներուն:
Կարճ ատեն մը ետք հանդարտեցաւ կացութիւնը, մէկիկ մէկիկ ծնողները սկսան գալ ու առնել իրենց զաւակները: Ոչ շատ ուշ մեզի տուն տանելու համար եկաւ մեր սիրելի եւ մնայուն պահապանը հանդիսացող քեռիս, գրկեց երեքս, համբուրեց ու տարաւ տուն: Բարի եւ անվախ Կարօ քեռիս ո՛չ առաջին, ո՛չ ալ վերջին անգամն ըլլալով կը հասնէր մեզի, այլ ան հոն էր, երբ որ իր կարիքը կար: Իր քաջ նկարագիրով կ՛անտեսէր ռումբերն ու վտանգները, կը հասնէր բոլորին` միշտ իրեն յատուկ կացութիւնը թեթեւցնող կատակներով եւ մեղմ ժպիտով:
***
Պատերազմի օրերուն մեծերն ու փոքրերը հաւասարապէս պատասխանատուութիւն ունէին մասնակից դառնալու կենցաղային հարցերու լուծման, յատկապէս` ջուրի ու հացի ապահովման:
Թէ՛ Պէյրութի մեր բնակարանին մէջ, թէ՛ մեր տան ռմբակոծման պատճառով մօրենական մեծ մօրս Հայաշէնի տան մէջ կային այս հարցերը: Դոյլերը բազմաթիւ էին, կարիքը` շատ, կարողութիւնները` սակաւ: Փոքր էինք, ունէինք մեզի համապատասխան փոքր դոյլեր, որոնց մէջ երկար սպասումէ ետք լեցուած ջուրի կաթիլ մը իսկ չթափելու մնայուն ճիգի մէջ կ՛ըլլայինք. հակառակ հորերուն եւ տուներուն միջեւ եղած բաւական հեռաւորութեան, զգուշ քայլերով կը յառաջանայինք, իսկ եթէ դոյլը մէկնումէկուն ձեռքէն իյնար, արցունքները իսկոյն կը միանային երկար սպասումէ, երբեմն աղաչանքէ ետք ձեռք բերուած ու թափած ջուրին: Յաղթանակած եւ գոհունակ կը զգայինք, երբ այդ դոյլիկները առանց թափթփելու տուն հասցնէինք. ի՜նչ երանութիւն: Նոյն դոյլերը ձմրան հասակի կարգով կը շարուէին տանիքը` անձրեւին բարիքները ամբարելու, ապա մեր կենցաղային հարցերու լուծման ծառայելու:
Պատերազմ էր, ուտելիքի տեսականին գրեթէ անգոյ: Բայց հացն իսկ անհասանելի ու սահմանափակ էր: Փոքրերուս առաքելութիւնն էր ընկերանալ մեծերուն եւ երկար շարքերուն մէջ տեղ գրաւելու, որովհետեւ իւրաքանչիւր անձի կը տրուէր մէկ կապոց, իսկ շաբաթը հազիւ անգամ մը տան հօր կամ մօր տրուած այդ մէկ կապոցը անբաւարար պիտի ըլլար բնականաբար: Հայաշէնէն ոչ հեռու ալիւրի շտեմարանի ընդարձակ բակը լեցուն կ՛ըլլար հարիւրաւորներով, որոնք երկար շարք մը կը կազմէին: Այդ օրերուն, երբ մեր ծնողները գրեթէ անբաժան կ՛ըլլային մեզմէ, միայն այդ վայրին մէջ կը ստիպուէին հեռանալ, որովհետեւ փոքրերը ընդհանրապէս առջեւ կը հրաւիրէին, եւ մեզի կը վստահէին մեր կարգի իրաւունքի ու մեր փոքր ափին մէջ սեղմած դրամի պահպանումը: Ի՜նչ կարեւոր պարտականութիւն փոքրերուս համար, բայց այդ սպասումն ալ արժանի կը դառնար, որովհետեւ տուն վերադարձի ճամբուն վրայ մեզի լիիրաւ իրաւունք կը տրուէր այդ թարմ հացերէն համտեսելու, չէ՞ որ մեր ճակտի քրտինքով եւ ժամերով ոտքի կանգնելով վաստկած էինք զանոնք…
***
Պատերազմի դաժան երեսներէն մէկն է նաեւ գաղթականութիւնը: Նկատի ունենալով մեր տան շատ վտանգաւոր դիրքը, ինչպէս նաեւ երկու անգամ մեր բնակարանի ռմբակոծումը, մեր ընտանիքը մնայուն գաղթական էր: Մեր գաղթակայանները բազմաթիւ էին` քաղաքներու կամ գիւղերու տուներէն մինչեւ փուռ մը, որ իբրեւ բնակարան ծառայած է մեզի: Մեր մանկութեան եւ պատանեկութեան յուշերէն մեծամասնութիւնը տարտղնուած է տարբեր վայրերու մէջ, սակայն լաւագոյնը մեծ մօրս Հայաշէնի տունն էր, որ իսկական ապահով ու հարազատ բոյն մը եղաւ մեզի` հայկական տիրական միջավայրի մէջ, ուր ամէն մարդ ամէն մարդու ընկերն էր ու բարեկամը, օժանդակողն ու հասնողը: Էօժեն մեծ մօրս բնակարանը կը գտնուէր Հայաշէնի մուտքը հանդիսացող աստիճաններուն վրայ, ուրկէ անցնող իւրաքանչիւր անձ կը հիւրընկալուէր սուրճ մը խմելու եւ համտեսելու մեծ մօրս անուշեղէնները, որոնք կը պատրաստուէին տրամադրելի ամէնէն տարրական բաղադրամիջոցներէն իսկ, կարեւորը անոնք անպակաս ըլլային տունէն, հակառակ այդ վիճակին: Հիւրերուն, դրացիներուն, բարեկամներուն ներկայութիւնը կը թեթեւցնէր կացութիւնը, անոնք աւելի տանելի կը դարձնէին դժուարութիւնները, իւրաքանչիւրը բան մը կը պատմէր, խորհուրդ կու տար, կը պարզացնէր ամէնէն բարդն իսկ: Հոն` Հայաշէնի հայաբոյր մթնոլորտին մէջ, ուր օտարները սակաւաթիւ էին օրին, կարծէք մարդիկ հաւաքաբար կը պայքարէին պատերազմին դէմ, ի տարբերութիւն Պէյրութի մեր բնակարանին…
***
Ուժգին ցնցում մը կ՛անջատէ կապս յիշատակներուս հետ, մայրուղին տակաւին ամայի է ու առանձին, կարծես կը զրուցենք իրարու հետ` ես ու ինք, վաղեմի, լաւ ու վատ օրերու բարեկամներ, հին ընկերներ: Երկուքս ալ կը սիրենք հանդարտութիւնը, խաղաղութիւնը, ինքնաշարժներու աղմուկի չգոյութիւնը, բայց երկուքս ալ կառչած ենք կեանքին, եռանդին, եռուզեռին, թէկուզ երբեմն խլացնող աղմուկին, կ՛ուզենք կրկին ինքնաշարժները տողանցեն, պասերը սուրան, մոթորսիքլեթները օրէնքը խախտեն ու հակառակ ուղղութեամբ ընթանան, բեռնատարները կարգի սպասեն` մտնելու համար նաւահանգիստ: Երկուքս ալ կ՛ուզենք կեանք, խանդ, աղմուկ ու ծիծաղ: Չենք ուզեր պատերազմ, ամայութիւն, դատարկութիւն ու մահուան ծանր ստուեր:
Կը մտնեմ տուն, պատկերասփիւռի պաստառին մուխեր են, փլած տուներ, հիւանդատարներու ձայներ, լրագրողներու յուզումնալի հաղորդումներ: Իսրայէլ կրկին ռմբակոծած է այս անգամ Զոքաք Պլաթ, աւելի կանուխ` Պէյրութի հարաւային արուարձաններ եւ շարքը երկար է…
Պատերա՛զմ… Ո՞վ ստեղծեց քեզ եւ ինչո՞ւ, նոր թէ հին պատերա՛զմ, ի սրտէ կ՛ատեմ քեզ, կը վախնամ իւրաքանչիւր տառէդ ու ցնցումէդ, մի գար այլեւս, կարօտ չունիմ քեզի երբեք…