Յիսուն տարիներ առաջ, 13 ապրիլ 1975-ին սկսաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը, որուն հետեւանքներէն անման չմնաց նաեւ Լիբանանի հայութիւնը, որ 15 տարի ֆիզիքապէս պաշտպանեց հայկական թաղամասերը եւ ի մասնաւորի` հայահոծ Պուրճ Համուտը, որ իր աշխարհագրական դիրքին պատճառով վերածուած էր կռուախնձորի:
15 տարիներ ու հարիւրաւոր նահատակներ, որպէսզի Պուրճ Համուտը պահպանէ իր հայեցի դիմագիծը, եւ որպէսզի շրջանը չպարպուի հայկականութենէն: Դաշնակցութեան հովանիին տակ գործող կամաւորները գիշեր-ցերեկ հսկեցին, ջուր ու ճաշ բաժնեցին, շտապ օգնութիւն տրամադրեցին, փոխադրեցին, կռուեցան, վիրաւորուեցան եւ զոհուեցան` չյանձնելու համար հայահոծ շրջանը, չփոխելու միջավայրը, որովհետեւ բոլորը լաւապէս գիտէին, որ Պուրճ Համուտը համայն հայութեան միջնաբերդն էր, որուն զիջումը կամ կերպարանափոխումը ոչ միայն կ՛ազդէ Լիբանանի հայութեան, այլեւ իր ժխտական ու կործանարար ազդեցութիւնը կը ձգէ համայն հայութեան վրայ:
Այո՛, տխուր պատկերներուն մէջ հայութիւնը միակամ էր, մէկ էր: Ներքին ամրութիւնը երաշխիքն էր յաջողութեան, եւ 15 տարիներ Պուրճ Համուտը պահպանուեցաւ, մնաց կանգուն ու ամուր` թոյլ չտալով, որ զինեալներ մուտք գործեն շրջան, գրաւեն մեր թաղամասերը եւ նեղութիւններ պատճառեն մեր հայորդիներուն:
Սակայն այն, ինչ պատերազմը չկարողացաւ ընել, պատերազմէն ետք մենք մեր ձեռքերով ըրինք, ընդունինք կամ ոչ, եւ անցնող 35 տարիներուն մերթ ընդ մերթ շրջան մուտք գործեցին տարբեր համայնքներու եւ տարբեր ազգութիւններու հաւաքականութիւններ, երբեմն ծրագրուած եւ երբեմն ալ` պատահականութեան ձգուած:
Պատերազմին դիմագիծի պահպանումը զէնքով իրագործուեցաւ, բայց յետպատերազմեան հանգրուանին կամայ կամ ակամայ թոյլ տրուեցաւ, որ ներս մտնեն դիմագիծի խաթարման բոլոր ազդակները, եւ այսօր ժամանակն է ամրագրելու, որ օրին արտաքին միջամտութիւններուն չափ ու սահման չդրուեցաւ, առաջքը չառնուեցաւ:
Այս կացութեան դիմաց ու զուգահեռ, հայութիւնը հետզհետէ դիմեց արտագաղթի եւ լաւագոյն պարագային ներգաղթի` տեղափոխուելով հիմնականին մէջ Լեռնալիբանանի տարբեր ու յարաբերաբար աւելի հանգստաւէտ եւ լաւ պայմաններ ունեցող շրջաններ: Մէկ կողմէ օտարներու մուտքը, եւ միւս կողմէ` հայաթափումը այսօր արդէն իսկ վտանգած են Պուրճ Համուտի երբեմնի հայեցի ու իւրայատուկ դիմագիծը:
Ժամանակն է, որ հաւաքաբար արժեւորենք յետ-պատերազմեան 35 տարիները, քննենք իրագործումներն ու բացթողումները, առարկայական ու մասնագիտական մօտեցումներով մշակենք օրուան պայմաններուն համահունչ ծրագիրներ եւ, ամէնէն կարեւորը, ստեղծենք հետեւողականութեան պահպանման գործընթաց, որպէսզի անհատներու կամեցողութենէն եւ կարողականութիւններէն կախեալ չըլլան աշխատանքները:
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին յիսնամեակը առիթ է հաւաքաբար մտածելու մեր նուիրեալ տղոց քաջագործութիւններուն մասին` տոգորուելու հերոսներու կամքով եւ կիսատ չձգելու զինեալներու սկսած գործը: Ժամանակն է, որ հաւաքաբար մտածենք, թէ վերստին ինչպէ՛ս կարելի է Պուրճ Համուտը վերստին դարձնել համայն հայութեան սիրտը, եւ թէ` ինչպէ՛ս կարելի է վերակենդանացնել շրջանի հայկական ոգին:
Վերջապէս, յարգա՛նք` բոլոր նուիրեալներուն, որոնք պատերազմի դաշտին վրայ թէ խաղաղ պայմաններուն մէջ իրենց կարելին կատարեցին պաշտպանելու մեր թաղամասերը` համայն հայութեան յատուկ արժէք ու կարեւորութիւն ունեցող Պուրճ Համուտը, հայրենիքէն հեռու մեր հայաշունչ օրրանը…