10 տարեկան պատանի էի: «Ռոստոմ» պատանեկան միութեան անդամ: 1975-ին ԼԵՄ-ական ըլլալը բոլորին փափաքն էր: ԼԵՄ-ական ըլլալու գլխաւոր խանդավառութիւնն ալ պահակութիւն ընելու փուլն էր: Այդ օրերուն պատանեկան միութիւններէն տասնեակ մը երկսեռ խումբ էինք, ամէն օր պահակ տղոց սանտուիչներ հասցնելու աշխատանքը մեզի կը վստահուէր:
Թաղերուն անկիւնները տղոց մնայուն հիւրասիրութիւններ կ՛ըլլային` մէկը թէյ, միւսը կարկանդակ, ուրիշ մը անուշեղէն: Այլ խօսքով, ամբողջ Պուրճ Համուտը մեծ ընտանիքի մը նման կ՛ապրէր: Բոլորը բոլորին հասնելու աննման ճիգ մը կար մնայուն կերպով: Մեծերուն հանդէպ յարգանք, տարեցներուն` գուրգուրանք, փոքրերուն` ապահովութիւն:
«Սարդարապատ» ակումբի այսօրուան ԼՕԽ-ի Ձեռարուեստի կեդրոնը դարմանատուն էր: Յաճախ վիրաւորներ, հիւանդներ ու արկածներէ վնասուածներ հոն տեղւոյն վրայ կը բուժուէին:
Զինադադարին հաւատացող հաւաքականութեան մը վերածուած էինք: Ամէն անգամ որ զինադադար ըլլար, մեծ հայրս, որուն հետ կ՛ապրէինք, մեծ յոյսերով եւ երազներով գալիք օրերու վարդագոյն երազներ կը հիւսէր: Չէր գիտեր, որ 1977-ին իր մահանալէն ետք տասներեք տարի եւս մենք պատերազմը ապրեցանք: Մեծ թիւով արտագաղթ, մարդուժի նօսրացում, թաղերու դիմագիծի փոփոխութիւն, կորուստներ` բոլոր մակարդակներու վրայ:
Այսպէս, վաղը` 13 ապրիլին, 50-ամեակն է այդ չարաբաստիկ օրուան, որ ամբողջ կեանք մը փճացուց, գաղութ մը տկարացուց, երազներ փոշիացուց, իսկ ամէնէն ահաւորը` մարդկային ցաւալի կորուստներ եւ անհետ կորսուածներ ունեցանք:
Սակայն մեզի համար Լիբանանը կանգառ չէ ու պիտի չըլլայ երբեք: Լիբանանին հաւատացող, Լիբանանով ապրող համասփիւռք հայութիւն կայ: Լիբանանի կարօտով իրենց աչքերը բացող ու քուն մտնող, ապրող ու արարող հայեր կան: Լիբանանը մեր հայրենիքն է, եւ հզօր լիբանանահայութիւնը կարեւոր ու օգտակար է Հայաստանին, Արցախին եւ սփիւռքի ամէնէն հեռաւոր գաղութին:
Ճիշդ այդ պատճառով ալ լաւապէս գուրգուրանք Լիբանանին վրայ: Յուսահատութեան եւ յուսախաբութեան օրեր կ՛անցընենք ազգովին: Հայաստան-սփիւռք բաժանումի ալիքը կը մեծնայ օրէ օր: Սակայն հոս է, որ մենք միայն կրնանք մեր ճիգերով եւ կամքով յաղթահարել դժուարութիւնը եւ Հայաստան- Արցախ-սփիւռք եռամիասնութիւնը պահպանելով եւ անոր համար պայքարելով` վարդահեղեղ արշալոյսներու սպասել: