Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Մէջ Օտարներու Պատերազմին 50-րդ Տարելիցը

Ապրիլ 13, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

Կա՞յ արդեօք լիբանանահայ ընտանիք մը, որ մորթին վրայ կրած չըլլայ քաղաքացիական պատերազմին արհաւիրքը` սարսափ, առեւանգում, մահ, սպանդ, տնտեսական տագնապ, գոյժ… արտագաղթ:

Լիբանանցիները ի՞նչ դասեր քաղեցին արդեօք իրենց հայրենիքին մէջ օտարներու պատերազմէն: Դժբախտաբար` ոչ մէկ դաս: Այսօր նոյնպէս պատերազմի ուրուականը կը շրջի լիբանանեան երկնակամարին վրայ: Պատերազմի հռետորաբանութիւնը մնայուն ներկան է Լիբանանի քաղաքական բեմին: Մենք` լիբանանահայերս, նախանձախնդիր պարտինք մնալ` պահպանելու քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին մեր նուաճած հեղինակութիւնը:

Այսօր, երբ լիբանանցիները կ՛ոգեկոչեն չարայուշ պատերազմին տարելիցը, միտքս անմիջապէս կու գայ երկու անուն: Պարտք կը զգամ գրել իրարու անծանօթ երկու երիտասարդներու մասին: Պատանեկութենէ երիտասարդութիւն իրենց անդրանիկ քայլերը առած տղաք: Անոնց նուիրումը, զոհաբերութեան ոգին յաւերժ դրոշմուած են յիշողութեանս մէջ:

Նախքան խորասուզուիլս յիշողութիւններու անվերջ աշխարհին մէջ` ընթերցողներուս ներողամտութեան կը դիմեմ: Պարտաւոր էի վաղուց կատարել խղճի պարտքս:

Առաջինը ՍԴՀԿ «Տխրունի» ուսանողական միութեան խոստմնալից տարրերէն Սեդրակ Ընքապապեանի անունն է: Սեդրակը անմոռանալի տպաւորութիւն ձգած է վրաս իր ազնիւ, բարեհաճոյ նկարագիրով: Համեստ ընտանիքի զաւակ, պատանեկութեան նոր հրաժեշտ տուած Սեդրակը հեծանիւով «Արարատ» պաշտօնաթերթի ցրւումը կը կատարէր Հաճըն, Խալիլ Պատաուի, Մար Մխայէլի շրջաններուն մէջ: Սեդրակը ինձմէ քանի մը տարի մեծ պիտի ըլլար:

Պատերազմի երկրորդ ամիսն էր, Նոր Հաճնոյ վերին թաղամասին մէջ, «Այնթեպցիներու փուռ»-ին առջեւ, Էշրեֆիէի կողմէն արձակազէնի մը փամփուշտներուն թիրախը դարձաւ ան: Կուսակցական ընկերներ զինք փոխադրեցին հիւանդանոց, բայց արդէն ուշ էր… Սեդրակը յանձնուեցաւ հողին, բայց ոչ ոք կրցաւ իմանալ անոր «մեղք»-ը: Թերթ ցրուե՞լն էր արդեօք պատճառը, հեծանիւ վարե՞լը, մեր կուսակցութեան դէմ ատելութի՞ւնը, չհասկցանք…

Տարաբախտ Սեդրակ Ընքապապեան դարձաւ քաղաքացիական պատերազմի հայ մամուլի առաջին նահատակը:

Երկրորդը ՀԲԸՄ-ի Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանի անմոռանալի դասընկերս` Երուանդ Խզարճեանը: Տակաւին պատանի, աւանդական կուսակցականէ մը աւելի ջերմ շարքային մը: Երուանդը «մեծցած-փոքրացած» հաւատարիմ դաշնակցական մըն էր: Կողք-կողքի կը նստէինք դասարանին մէջ: Մեր միջեւ վէճերը անպակաս էին, սակայն անբաժան ընկերներ էինք: Վէճերը, հիմա կը զգամ, մեր գլուխէն շատ աւելի վեր հարցեր էին, սակայն «օրակարգ»-երը անսպառ էին: «Դո՞ւք ճիշդ էք, թէ՞ մենք», ՀՄՄ-ը աւելի զօրաւո՞ր է, թէ՞ ՀՄԸՄ-ը: Մեր վէճերը այնքան «սկզբունքային» էին, որ մնացեալ դասընկերներէն ոչ ոք կը համարձակէր մօտենալ: Հաւանաբար գլուխ չէին հաներ, թէ ի՛նչ բանի շուրջ կը վիճէինք առաւօտէն իրիկուն: Այսուհանդերձ, անքակտելի եւ անըմբռնելի ջերմութիւն մը շաղախած էր մեր ընկերութիւնը: Երուանդը շատ յաճախ մեր տան հիւրը կ՛ըլլար, միասին ֆութպոլ կը խաղայինք, դաս կը սորվէինք, սակայն ՀՄՄ-ՀՄԸՄ ֆութպոլի մրցումներուն նախօրէին «զինադադար»-ը կը խախտէր: Ոչ ոք կը հարցնէր, թէ ո՛ր կողմը խախտած էր զայն…: Հարցերը աւելի «խոր» եւ «սկզբունքային» ըլլալու էին… Այսպէս, քէնը, ծուռ նայուածքները կը շարունակուէին քանի մը օր: Երուանդը ինծի ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն անունով արգիլած էր ՀՄՄ-ՀՄԸՄ մրցումներուն օրը «Նարնջագոյն սատանաներ»-ուն «թրիւպին»-ին մօտենալ: Փոխադարձաբար` տողերս գրողը, կ՛արգիլէի «Կարմիրներ»-ուն գօտիին նայիլ… Պատանեկան անմեղ արտայայտութիւններ: Երնէ՜կ այդ օրերուն: Հերթական մրցումէն ետք արդիւնքն ալ կը մոռցուէր, կամուրջները կը վերականգնէին:

Պատերազմը ակամայ հեռացուց մեզ: Լսեցի, որ Երուանդը սկսած է զէնք բռնել, պահակութիւն կ՛ընէ Նապաայի սահմանագիծին վրայ: Ինքս` ՍԴՀ կուսակցութեան «Էլճանեան» ուսանողական միութեան անդամ, ծնողքիս պատրուակելով, թէ հօրաքրոջս այցելութեան կ՛երթամ, դասընկերոջս` Թորոս Էթարեանի (այժմ` բժիշկ) հետ պահակութեան պարտականութիւն կը կատարէինք Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ (Խալիլ Պատաուի) բոլորտիքը: Այս միջոցին յաճախ կ՛այցելէի Երուանդին: Երուանդը իր տարերքին մէջ էր: Զինուած, ձեռքը արագահարուած մը, մէջքին քանի մը ձեռնառումբ…

Պատերազմը վերջանալիք չունէր: Ծնողքս որոշեցին մեզ` երկու եղբայր, Կիպրոսի Մելգոնեան հաստատութիւն ղրկել:

Մեկնելէս քանի մը օր առաջ այցելեցի Երուանդին: Յայտնեցի, թէ Կիպրոս պիտի մեկնիմ: Ո՞վ կ՛ըսէր, թէ վերջին անգամ կը տեսնէի այդ անմեղ տղան:

Քանի մը օր եղած էր Կիպրոսի մէջ: Ուսանողներէն մէկը ձայնասփիւռ մը ունէր: Երեկոյեան ընթրիքէն ետք անոր շուրջ կը բոլորուէինք: Չես գիտեր` արհեստագիտական ո՛ր հրաշքին շնորհիւ իւրաքանչիւր երեկոյեան ժամը ուղիղ եօթնին Լիբանանէն հայկական ձայնասփիւռի կայան մը օրուան լուրերը կը հաղորդէր: Մեծամասնութեամբ լիբանանահայեր ըլլալով` բոլորս ուշադիր կը հետեւէինք այդ հաղորդումին: Երեկոյ մըն էր, խօսնակը հաղորդեց, որ Նապաայի «ճակատ»-ին վրայ բախումներ պատահած են: ՀՅԴ տղաքը կասեցուցած են Պուրճ Համուտ թափանցելու օտար զինեալներու փորձ մը: Թշնամին զոհեր տալով` հեռացած է: Հայկական կողմն ալ ունի զոհեր: Զոհերուն մէջ յիշատակուեցաւ Երուանդ Խզարճեանը… Անհաւատալի է. հաւատա՞լ, թէ՞ չհաւատալ: Ինչպէ՞ս ստուգել: Պատահած էր անխուսափելին…

Նոր տարուան արձակուրդի առիթով Պէյրութ վերադառնալէ ետք, առաջին պարտականութիւնս եղաւ այցելել Երուանդի ընտանիքին: Մայրը ընդունեց զիս: Ընտանիքին մէկ հատ մանչն էր…

Այդ չարայուշ օրէն ետք քանի՜ քանի՛ անգամներ փորձած եմ գրել: Քաջութիւնս չէ բաւած շարունակել:

Վերջերս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ հոգեհանգստեան պաշտօնի մը ներկայ կը գտնուէի: Ննջեցեալներուն մէջ յանկարծ հնչեց Երուանդին անունը: Հոգեհանգստեան պաշտօնի աւարտին մայրավանքի շրջափակին մէջ ցաւակցութիւն ընդունող սգակիրներուն մէկ առ մէկ հարցուցի` ո՞վ կրնար ըլլալ Երուանդը յիշողը… Յուսախաբութեամբ աւարտեցաւ փնտռտուքս: Զարմանալի էր: Անծանօթ մնաց:

Իւրաքանչիւր տարի, երբ կ՛ոգեկոչենք Լիբանանի հողին վրայ օտարներու պատերազմին յիշատակը, միախառն յուզում եւ հպարտութիւն մը կը պատէ զիս: Հայորդիներ, որոնք իրենց արեամբ բարձր պահեցին լիբանանահայութեան արժանապատուութիւնը եւ վարկը: Բազմաթիւ հայորդիներ, գաղափարի ընկերներ, հարազատներ, ծանօթներ եւ անծանօթներ նահատակուեցան հայկական թաղամասերու անվտանգութիւնը պահպանելու ճանապարհին: Սերունդ մը ամբողջ զրկուեցաւ մարդկային նուազագոյն իրաւունքէն: Չեմ կրնար մոռնալ լիբանանեան մամուլի նահատակ, հայ մամուլի բարեկամ, հանրածանօթ լուսանկարիչ Ճորճ Սեմերճեանը (կը խոստանամ առանձին անդրադառնալ): Ոչ ոք մոռցուած է, ոչինչ կը մոռցուի: Անթիւ եւ տխուր յիշատակներ…

Սեդրակ Ընքապապեանը եւ սիրելի դասընկերս` Երուանդ Խըզարճեանը, տակաւին մատղաշ, իրենց կեանքի երկրորդ տասնամեակը չթեւակոխած, հեռացան երկրային կեանքէն: Անոնց յիշատակը յաւերժ կ՛ապրի մէջս:

ՅԳ.- Այս նկարը միակ յիշատակն է, որ ունիմ Երուանդէն: 1973` հայոց պատմութեան դասապահին, ձախէն առաջինը Երուանդն է, կողքին` Վաչէ Պեթմեզեանը եւ Յակոբ Կոստանեանը: Նկարը վերցուցած եմ գրասեղանիս դարակին մէջէն, եթէ կը նկատէք շեղակի, ուսուցիչէն գաղտնի: Ձեռքը, որ կը տեսնէք հայոց պատմութեան ուսուցիչ, երջանկայիշատակ Գէորգ ծայրագոյն վարդապետ Կարպիսեանի ձեռքն է:

Նախորդը

Ի Խնդիր Հայրենիքի Եւ Ազգի Ազատագրութեան՝ Եւրոպայի Հայ Ուսանողական Միութիւնը Եւ Խաչատուր Մալումեան՝ Էտկար Ակնունի

Յաջորդը

Յաղթական Թագաւորը (Ծաղկազարդի Առթիւ)

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?