Խմբագրական «Գանձասար»-ի` Յունուար Ա.. Տագնապի Ծանր Լուծը Մեզ Չէ Ընկրկած Պահանջատէ՛ր Ենք
Զ. Պ. 2015-ը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակն է ու թէեւ շրջադարձային տարի է, սակայն շարունակութիւնն է հայ ժողովուրդի 99 տարիներու աննահանջ պայքարին: Հարիւրամեակը առիթ մըն է համահայկական մեր ուժերը գերլարելու եւ աշխարհաքաղաքական նոր տուեալներու, քարոզչական ժամանակակից միջոցներու, քաղաքական նոր լծակներու օգտագործմամբ ու մանաւանդ արդի մտածողութեամբ, համախմբուած ճիգերով նոր հնչեղութիւն տալու պահանջատիրական մեր պայքարին: Որպէս սուրիահայեր` առաւել մեծ աշխատանք ունինք տանելու այս...
















